Posted on March. 17. 2019
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի
Տէրտէրեանի արարքները աւելի բարձր կը խօսին, քան որեւէ յայտարարութիւն:
Ոմանց համար կարող էր լինել չափազանցութիւն, կրկնել Վիկտոր Հյուգոյի յայտնի խօսքը. «Թուրքերը այստեղէն անցած են: Ամեն ինչ աւերակներու եւ ապականության մեջ է», համեմատելու թուրքերի կործանող էութիւնը Տէրտէրեանի վնասակար գործունէութեան հետ, անմեղ եւ բարոյապես առողջ հոգեւորականների եւ աշխարհականների դէմ։ Սակայն բոլորս պարտաւոր ենք գիտակցիլ որ Տէրտէրեանի եկեղեցակործան եւ ազգակործան արարքները իսկապէս ազգային խայտառակութիւն է: Աստուած գիտէ, թե որքան լաւ բարեսիրտ քահանաներ անարդարօրէն պաշտօնազրկած կամ փիլոնազրկած եւ զանոնք փոխարինած է «կոռումպացված-նեխած» եւ կեղծ քահանաներով:
Կարելի է միայն պատկերացնել, թէ այդ բացասական արարաքները ինչքանով կարողացած ըլլան ազդել հերթական զոհերուն եւ անոնց ընտանիքի անդամներուն վրայ անոնց պատճառելով հոգեբանական մեծ վնասներ: Հարցուցէք որեւէ զոհ դարձած հոգեւորականի կամ անոր ընտանիքի անդամներին (2016ի Ապրիլի դրութեամբ՝ զոհերուն թիւնը՝ 15), նրանց կ՛ամ ապօրինի կերպով արգիլուեց կամ հարկադրաբար հանգստեան կոչուեցին աննախատեսելի աւերներ յառաջացնելով նրանց կեանքից ներս: Երբ ճիշտ ժամանակը գայ ամերիկահայ եւ ամբողջ հայրենի եւ սփիւռքի հայութիւնը պիտի իրազեկուի համաշխարհային բողոքի եւ բարեփոխման շարժումի անդամներու կողմէ թե Տէրտէրեան որքա՜ն անարդար եւ վատ վերաբերուած է այս զոհերին նկատմամբ:
Առայժմ, ԱՄՆ «Հայկական Կեանք»ի եւ USA Armenian Life շաբաթաթերթի խմբագրական կազմերը ձեռնպահ կը մնան եւ այդ զոհ դարձած հոգեւորականների ինքնությունը եւ պատմութիւնները չեն բացահայտեր իրենց խոստումը պահելով՝ մինչեւ որ զոհերը պատրաստ ըլլան իրենց անհատական դժբախտութեան մասին հրապարակաւ պատմելու:
Միեւնոյն ժամանակ դժբախտաբար, Հայ Եկեղեցւոյ հանդեպ վնասը եւ հայորդիներու օտարումը կը շարունակւի: Երիտասարդներու կարեւոր հատուած մը արդեն լքած են հայ եկեղեցին մեծ մտահոգութիւն պատճառող թուաքանակներով նախքան «Հայ Կեանք»ի կողմէ այդ հոդվածներու մէջ տպագրութիւնը։ «Հայ Կեանք» ընդամենը պատգամաբեր մըն է այս տագնապի մասին: Փոխանակ խռովելու եւ քարկոծելու հայ անկախ լրատուներուն այս մասին իրազեկելու առթիւ մտածենք եւ առաջքը առնենք հայկական եկեղեցիէն ընթացիկ արտահոսքին:
Ոմանք խորհուրդ կուտան ըսելով, «Ամօթանքի մի ենթարկէք մեր եկեղեցին եւ համայնքը, բացահայտելով Տէրտէրեանի արարքները եւ սխալները»: «Ամօթ է, հրապարակօրէն մի խօսիք, եւ մեր կեղտոտ լաթերը արար աշխարհին առջեւ մի լուաք»-ի հայկական մտայնութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ մեր խնդիրները գորգի տակ հրել եւ անտեղեակ ձեւանալ։
Այսպիսի մտայնութեան մարդիկ իրականութեան մէջ կամայ-ակամայ կը քաջալերեն Տէրտէրեանի նմաններուն վնասակար արարքներուն եւ սխալներուն շարունակութիւնը։ Ամօթը թող Տէրտէրեանի նմանները զգան եթէ ամօթխածութիւն եւ խիղճ ունին եւ շատ արագ կասեցնեն իրենց կործանարար արարքները:
Այս «խորհրդատուները» չպետք է ուրիշներու խօսելուն արգելք կենան: Նոր սերունդը այսպիսի գրաքննութիւն չընդունիր եւ ընդհակառակը կը պոռթկայ բարձրաձայ աղաղակելով՝ «Ալ կը բաւէ»։ Այս է իրենց նոր դպրոցը։ Հին դպրոցին պատճառով չէ՞ որ մեր նորանկախ հայկական պետութիւնը այդքան վնասներու ենթարկուեցաւ։ Նոր սերունդին ճանապարհը ամենաճիշտն է։
ՈՉ-ականները, մերժողականները պետք է բացուին իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն բարի քննադատութեան ոգիին եւ անոնց հետ իրենց ուժերը միացնեն մեր եկեղեցին եւ ազգը վերակազմակերպելու, բարեփոխելու, մաքրելու եւ վերստին ուժեղացնելու համար: Սխալ եւ վնասակար վարքագիծը երբեք չպետք է հանդուրժուի: Ինչպէ՞ս կրնանք թոյլ տալ, որ կոռումպացված համայնքային կարգ մը սակայն կարեւոր կազմակերպութիւններու ղեկավարներ շարունակեն իրենց կեղտոտ գործերը: Արդեոք ամօ՞թ է նրանց զսպելը եւ վրանասազերծել յօգուտ մեր ժողովուրդին:
Արդյոք հայ ժողովուրդը դեռեւս Միջնադարեան ժամանակաշրջանի մէջ կþապրի ֆեոդալիզմի համակարգի ներքեւ:
Ի հակառակ ներկայիս տիրող «Օսմանահայական» մտածելակերպին եւ սովետական կոռուպցուածութեան, նոր սերունդը ի վիճակի է որպէս թարմ ոյժ վերամիաւորել մեր ցրուած համայնքները: Այս սերունդին պետք է տրուի ամեն տեսակ աջակցութիւն եւ զօրակցութիւն, որպեսզի կարողանայ զարգացնել մեր ժողովուրդին շարքերէն ներս պատասխանատւութեան գիտակցութիւն եւ թափանցիկութիւն յօգուտ առողջ եկեղեցւոյ եւ ազգի եւ մեր հայրենի ու սփռուած բազմաչարչար ժողովուրդին գերագոյն շահերուն:
Արդեն մեզմէ շատեր ոտնաձայնները կþառնեն գալիք վարդահեղեղ արշալոյսին։ Անհամբեր կը սպասեն մեր ժողովրդի համար նոր փառաւոր դարաշրջանի:
Այն փաստը, որ Տէրտէրեանը դեռեւս կը շարունակէ անարժանաբար պատարագ «մատուցել եկեղեցւոյ խորանին մէջ, արդեն այդ հայ եկեղեցւոյ սրբապղծում է: