Իրականութեան մէջ ի՞նչ պատահեցաւ 2019-ի «Ս. Յովհ. Կարապետ Եկեղեցի/Արեւմտեան Թեմ Ընդդէմ Պետրոս Տաղլեան» Դատին Ընթացքին

Posted on April. 20. 2019

Գրեց՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

2003 թ.-ին, Արք. Տէրտէրեանի զինակից եւ Հոլիուտի Սբ. Յովհաննես Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հովիւ Մանուկ Մարգարեան դիմեց Պր. Պետրոս Տաղլեանին օգնելու եկեղեցիին յարակից դահլիճ կառուցելու համար:Բարիկամեցողութիւն ցուցաբերելով, Պր. Տաղլեանը գնեց յարակից տարածքը եւ նուիրեց եկեղեցիին, որպէսզի անոնք կարողանան սկսիլ շինարարութիւնը: Պարոն Տաղլեանի մեծ նուիրատւութեան շնորհիւ եկեղեցիի ղեկավարները որոշեցին նոր կերտուելիք սրահը անուանել «Տաղլեան Համալիր»:Յետագային պարզուեցաւ, որ Տէրտէրեան-Մարգարեան զոյգը չի կարողացաւ հաւաքել անհրաժեշտ գումարները, որպէսզի կառուցուի դահլիճը։ Հետեւաբար, մէկ անգամ եւս անոնք թակեցին Պր. Տաղլեանի դուռը` խնդրելով 15 մլն դոլարի շինարարական վարկ: Այս ակնկալիքը պարոն Տաղլեանէն եկեղեցիին կողմէ, կþանցնէր նորմալ պարտականութեան բոլոր սահմանները: Անցած տասնամեակներու ընթացքիմ Պր. Տաղլեան արդեն 1,5 միլիոն դոլար նուիրաբերած էր Արեւմտեան թեմի տարբեր ծրագիրներու համար: Պր. Տաղլեան համաձայնեցաւ վարկ տրամադրել միայն այն պահին երբ եկեղեցւոյ ղեկավարները իրեն առաջարկեցին հետեւեալ պայմանները որոնք կþապահովէին ու կը հաւաստիացնէին Պր. Տաղլեանի կողմէ համալիրի պատշաճ կառավարումը հետեւեալ տրամադրութիւններով.1) Համալիրը եկեղեցին կը դառնար երկարաժամկետ եկամուտի առողջ աղբիւր որ ըստ կարգի պիտի թոյլատրէր որ2) Տաղլեանի շինարարական վարկը դանդաղ կերպով ետ կը վճարուի դահլիճի յաջող գործունէութենէն ստացուած եկամուտներներէն, եւ3) Վարկը մարելէ յետոյ Պր Տաղլեան ետ եկեղեցիին պիտի վերադարձնէր համալիրը որով եկեղեցին շարունակաբար եկամուտներ պիտի ստանար:Ըստ համաձայնագրին, Պր. Տաղլեանի ղեկավարութեան ներքոյ՝ կը նախատեսուէր վարկի դիմաց վճարուող եկամուտներու կայուն հոսք: Հանկարծ Արք. Հովնան Տէրտէրեանի հաւանութեամբ միակողմանի կարգով որոշեցին Պր. Տաղլեանին ամբողջությամբ հեռացնել, որպեսզի եկամուտները միայն իրենք ստանան առանց ապահովելու վարկի մարումը եւ խախտելով վարկը վերադարձնելու հիմնական համաձայնութիւնը:Անոնք գացին դատարան: 2019 թ. սկզբին Լոս ԱնՃելոսի գերագոյն ատեանի դատաւոր Ռանդոլֆ Մ. Հեմոկը լսեց գործը:Դատական վարոյթի ընթացքին դատաւոր Հեմոկը ուղղակիօրէն հարցուց Արեւմտեան թեմի գործադիր տնօրէն Յարութ Մարգարեանին. «Եկեղեցին ի՞նչ կþընէ, եթէ մի քահանայ սուտախօսութեան համար կը բացայայտուի»:Յարութ Մարգարեան պատասխանեց. «Ան անմիջապէս կը զրկուի պաշտօնէն եւ փիլոնազուրկ կþըլլայ»:Մինչ Յարութ Մարգարեանը նման յայտարարութիւն կþընէր, ան պէտք է լաւ տեղեակ ըլլար այն բանի մասին, որ իր հայրը, Մանուկ Քահ. Մարգարեան կը պատրաս-տուէր դատարանի կողմէ հանցագործութեան վրայ բռնուիլ երբ ան դեռ եւս երդվումի տակ էր դատարանի մէջ:Մանուկ Քահ. Մարգարեան դատաւորի կողմէ ենթարկուեցաւ ստուգման ու փորձաքննութեան: Մի քանի հարցերու պատասխանելէ ետք Դատաւոր Հեմոկը յայտարարեց, որ չի գտներ որ Մանուկ Քահ. Մարգարեանի վկայութիւնը ճշմարտացի է, եւ թէ՝ ան «անկեղծօրէն չի հաւատար Մանուկ Քահ. Մարգարեանի որեւէ ըսածներուն» եւ թէ պարզապէս ան ինքն «իր կաշին կը փրկէր եւ իր յետոյքը կը պաշտպանէր»:Դատական փաստաթուղթերու համա-ձայն, Դատավոր Հեմոկը Պր. Պետրոս Տաղ-լեանի ի նպաստ վճիռ արձակեց եւ հրա-հանգեց Արեւմտեան թեմին ու Սուրբ Հովհաննու եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին վճարել երկու կողմերու կատարած իրաւաբանական ծախսերը:Որպէս հետաքննող լրագրող, ես անմիջապէս կապ հաստատեցի Արեւմտեան թեմի հետ, կարդալէ ետք Մարտի 11-ի Սուրբ Հովհաննու եկեղեցիի / Արեւմտեան թեմի ընդդէմ Պետրոս Տաղլեան (թիվ 18STCV02144 գործի) դատարանի արդիւնքներու մասին աններդաշնակ մամլոյ հաղորդագրութիւնը: Մինչեւ օրս անոնցմէ չեմ լսած: Պարզ էր, որ Արք. Հովնան Տէրտէրեան անուղղակիօրէն նախաձեռնած էր բարերարի մը բողերը ապօրինի կերպով իւրացնելու սեւ ծրագրին:Պարզ է որ Մանուկ քահանան ու իր որդին, ծխական խորհրդի անդամ Յարութ Մարգարեանը «Տէրտէրեանի երրեակ»-ին մաս կը կազմեն:Կը թուի որ Մանուկ քահանային եւ անոր որդիներու միջեւ գոյություն ունի իրական շահերու բախում եւ «նեպոտիզմ»: Մանուկը Հոլիվուդի մէջ ներկայիս քանդուած Սուրբ Հովհաննէս եկեղեցիի հովիւն է եւ ծխական խորհուրդի անդամն է եւ միաժամանակ թեմական խորհուրդի անդամ է: Անոր որդին` Յարութ Մարգարեան, Արեւմտեան թեմի գործադիր տնօրէնն է, եւ միաժամանակ Ս. Հովհաննէս եկեղեցիի ծխական խորհուրդի վերահսկող անդամ է: Անոր աւագ եղբայրը՝ Գեւորգ Մարգարեան Սուրբ Հովհաննէս եկեղեցիի ծխական խորհրդի անդամ է: Ծխականները կը կասկածին, որ Սբ. Հովհաննէս եկեղեցին կþօգտագործեն որպէս իրենց ընտանիքի բիզնեսը:Իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան, թեմական խորհուրդի նախագահը ըլլալով հաւատարմագրային պարտականութիւն ունի ապահովելու թեմական գործերու պատշաճ կառավարումը:Ինչու՞ է ան թոյլ կուտայ այդպիսի շահերու բախման եւ «նեպոտիզմ»ի դէպքերու: Ինչու՞ է ան թոյլ կուտայ Մանուկ քահանային որ ան ըլլայ Արք. Տէրտէրեանի «աջ ձեռքը» եւ դառնայ թեմի պաշտոնական բանբերը:Բացի այդ, ինչու՞ անա թոյլ տուաւ որ իրավիճակը սահմանէն դուրս գայ Հոլիվուտի Սուրբ Հովհաննէս եկեղեցիէն ներս:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *