Հովնան Տէրտէրեանի Արեւմտեայ Թեմի Առաջնորդարանի Ստաբանութիւնները՝ Ընդդէմ՝ Ճշմարտութեան

Posted on April. 20. 2019


ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

… Ի պատասխան հետաքրքրասէր հասարակութեան` Անդամական Ժողովը կատարեց հետեւեալ հաստատումները.: (Տեսնել Առաջնորդարանի մամլոյ հաղորեդագրութիւնը էջ A2)

Արեւմտեայ Առաջնորդարանի Պնդում 1: Հիւրասիրութիւններ իրականացնող ընկերութիւնը, որին թոյլ էր տրւել օգտագործել սրահը, չի՛ եւ երբեք չի՛ եղել դրա սեփականատէրը: Հետեւաբար, վերոնշեալ ընկերութիւնը չունի սեփականութեան որեւէ իրաւունք խնդրոյ առարկայ շէնքի նկատմամբ:

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ 1. Համաձայնեցուած էր, որ Պր. Պետրոս Տաղլեան 15 միլիոն դոլարի հսկայագումար փոխառնութիւն պիտի տրամադրէ Սուրբ Հովհաննու Կարապետ եկեղեցիին, որպեսզի կարողանան առաջ շարժուիլ Տաղլեան համալիրի շինարարութեամբ: Պարոն Տաղլեան համաձայնեցաւ վարկի պայմաններուն, ըստ որի ան կրնար ստեղծել «բիզնես» ծրագիր եւ կառավարել այն` երաշխաւորելով փոխառութիւններու ետ վճարման գումարները: Հիւրասիրութիւններ իրականացնող ընկերութիւնը որ ըստ երկկողմ համաձայնագրին մաս կը կազմէ «բիզնես» ծրագիր մէկ մասն էր:

Արեւմտեայ Առաջնորդարանի Պնդում 2: Այսուհանդերձ, նեղ անձնական եւ առեւտրական շահերից մղւած, դատական հայց է ներկայացւել ընդդէմ եկեղեցու` հաստատութեան անկողոպտելի իրաւունքների դէմ ոտնձգութեան փորձ կատարելով: Սրան ի պատասխան, հակընդէմ հայցով եկեղեցին դիմել է դատարան՝ տարածքն ազատելու պահանջով:

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ 2. Եկեղեցին միակողմանիօրէն խախտեց համաձայնութիւնը Պր. Տաղլեանին դուրս դնել փորձելով: Իրականութեան մէջ Պր. Տաղլեան առաջարկած է անոնց յանձնել անշարժ կալուածը, պայմանաւ որ անոնք 15 մլն դոլարի վարկը մարելու գրաւոր խոստում տային: Եկեղեցիի Ծխական Ժողովը եւ թեմը հրաժարուեցան նման երաշխիք առաջարկելէ, մտադրելով բեռցելով Պր. Տաղլեանին նման հսկայական ֆինանսական պարտավորութիւնը: Այսպիսով, անոնք դիմեցին դատարան՝ հայց ներկայացնելով Պր. Տաղլեանին դէմ, իրմէ հիւրասիրութիւններ իրականացնող ընկերութիւնը խլելու համար, առանց 15 միլիոն դոլարի պատասխանատուութեան տէր կանգնելու: Եկեղեցիի անարդար, յետին նպատակը՝ սկզբնական համաձայնագրի դէմ էր: Ահա՝ ռումբը: Դատարանը վճիռ կþարձակէ, որով Սուրբ Հովհաննու Կարապետ եկեղեցին / Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանը պարտուած կողմ կը հռչակէ Պր. Տաղլեանի օրինական իրաւունքներու ոտնահարման փորձ կատարելու առթիւ:

Արեւմտեայ Առաջնորդարանի Պնդում 3. Անդամական Ժողովը եւ ներգրաւուած փաստաբանական խորհուրդը համաձայն չեն դատարանի վերջին որոշման հետ եւ պիտի շարունակեն հետամուտ լինել եկեղեցու արդար իրաւունքներին օրինական բոլոր միջոցներով:

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ 3. Ի՞նչ իրաւունք-ներու մասին կրնայ խօսիլ Եկեղեցին: Յարգարժան Դատաւոր Հեմոկը վճիռ արձակած է անոնց դէմ, ի պաշտպանու-թիւն Պր. Տաղլեանին: Դատավարութեան ընթացքին դատաւորը շատ ուշադիր լսեց վկայութիւնները` փորձելով պարզել, թէ ով է ասում ճշմարտութիւնը: Դատարանի մէջ Դատաւորին մեկնաբանութիւնն այն էր, որ ինքը չընդունիր Մանուկ քահանային որպէս «վստահելի վկայ եւ, անկեղծ ասած, չեմ հաւատար Մանուկ քահանա-յին, որ ան պարզապէս կը փորձէ պաշտպանել ինք իրեն եւ իր հետոյքը»: Դրանք ճշգրիտ բառեր են օգտա-գործուած՝ Դատաւորին կողմէ: Դատաւորը նաեւ յստակեցուց թէ Արեւմտեան Թեմը միտովի անճիշտ ներկայացումներ կատարած է եւ այս բոլորը՝ դատարանի մէջ, երդման տակ:

Արեւմտեայ Առաջնորդարանի
Պնդում 4. Անդամական ժողովը խստիւ դատապարտեց ապատեղե-կատուական վայրի արշաւը սանձա-զերծուած մի քանի վարձկան «լրագրողների» եւ «լրատուամիջոց-ների» կողմից:

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ 4. Հետազօ-տական լրագրութիւնը որակել որպէս «զրպարտութեան եւ վար-կազրկման մարտավարութիւն» դէմ է եւ խախտում է Միացեալ Նահանգ-ներու Սահմանադրութեան ապահո-ված խօսքի ազատութեան եւ մամուլի ազատութեան իմ ան-կորնչելի իրավունքներուն որպէս Ամերիկացի քաղաքացի եւ հետա-զօտական լրագրող։

Արեւմտեայ Առաջնորդարանի
Պնդում 5. Անդամական Ժողովն իր ամբողջական զօրակցութիւնն յայտ-նեց Ծխական Խորհրդին եւ Հոգեւոր Հովիւին:

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ 5. Ինչպէ՞ս կրնայ Հոլիվուդի Ս. Հովհաննու Կարապետ եկեղեցիի Անդամական Ժողովը «լիակատար աջակցու-թիւն ցուցաբերել» այդ սուտերուն: Չէ՞ն գիտեր, թէ ինչ է տեղի կþունե-նայ, եւ թէ՝ շահերու հակասութիւն կամ բախու՞մ կայ եւ «նեպոտի՞զմ» («ԽԾԲ-ութիւ՞ն») գոյութիւն ունի, ինչպէս հաւանաբար նկատեց դատաւորը:

Արեւմտեայ Առաջնորդարանի
Պնդում 6. Ի պատասխան շրջանա-ռւող ոչ փաստական տեղեկութիւների եւ բացայայտ երեւակայական ստերի, խոստացուեց հեռուստատեսութեամբ եւ հանրային այլ լրատուամիջոցներով ծաւալուն եւ մանրամասն անդրադարձ կատարել եկեղեցու շինարարութեան եւ սրահի շուրջ ծաւալւած խնդիրներին՝ դատական գործընթացներից յետոյ, կոնկրետ փաստերով եւ քննութեան արդիւնքում ձեռք բերւած ապացոյցներով: Վերջում, Անդամական Ժողովն հորդորեց ժողովրդին չտրւել ապատեղեկատուական մեքենայի տարածած ստահոդ լուրերին, տուրք չտալ կենցաղային մակարդակի բամբասանքներին եւ ստոր զրպարտութիւններին:

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ 6. Արեւմտեան Թեմը շրջանառութեան մէջ կը դնէ սովորական մամլոյ հաղորդագրութիւն մը սակայն իսկութեան մէջ սուտերու շարան մը, ճշմարտութիւնը խեղաթիւրելու եւ միաժամանակ ծխականներունպարտադրելով՝ չկիրարել խօսքի ազատութեան եւ մամուլի ազատութեան իրավունքները: Մեր հայ հայրենակիցները եկած են Ամերիկայ ազատութեան համար, խոյս տալով այլերկիրներու մէջ ճնշող իրավիճակներէն: Իրենց յայտարարութեան մեջ անոնք շփոթութիւն կը յառաջացնեն ընթերցողին միտքին մէջ եկեղեցիի կառոյցին վերաբերող հարցերու առթիւ, երբ փաստօրէն իրականութեան մէջ խնդիրը կը վերաբերի Տաղլեան համալիրին: Թող իրենց խոստում յարգեն ու թող խօսին ճշմարտութիւնը։ Հանրութիւնը դեռեւս կը սպասէ ճշմարտութեան համապատասխանող փաստացի տեղեկութիւններու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդական Խորհուրդի Նախագահէն կամ լիազօրուած բանբերէ:
Արեւմտեայ Առաջնորդարանի Պնդում 7. Ս. Հովհաննու Կարապետ Եկեղեցին մշտապես հաշվետու է եղել իր անդամներին եւ շարունակում է իր առաքելությունը նույն թափանցիկ ոճով՝ Թեմական Կանոնադրության եւ երկրի օրենքներին համահունչ:

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ 7. ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԵԱՆ սիրոյն, ես կոչ կþընեմ ընթերցողին դատել Արեւմտեան Թեմի թափանցիկութեան պակասին մասին:

Արեւմտեայ Առաջնորդարանի Պնդում 8:Մենք մշտապէս բաց ենք եղել եւ շարունակում ենք բաց մնալ մեր համայնքի առաջ: Եթե որեւէ մեկը՝ անհատ կամ կազմակերպութիւն, կը փափագի ճշտումներ կատարել կամ ստոյգ տեղեկութիւններ ստանալ խնդրի մասին, առանց յապաղելու կարող է դիմել Ս. Հովհաննու Կարապետ Եկեղեցու Ծխական Խորհրդին:

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ 8. Նշում. Այս գրողին կողմէ հասցէագրուած էլեկտրոնային նամակը որ նաեւ գրանցուած փոստային ճամբով ղրկուած է Արեւմտեան Թեմին, մինչեւ օրս պատասխան չէ ստացած: (Այս էջին վրայ տեղադրուած են պատճենները)

Արեւմտեայ Առաջնորդարանի Պնդում 9: Եկեղեցին, ինչպէս որ միշտ եղել է իր հոգեւոր վեհ բարձունքին, այդպէս ալ պիտի շարունակի իր սրբազան առաքելութիւնը՝ տուրք չտալով մանրախնդիր եւ մոլորեալ որոշ անհատների դաւերին: ԴԻՎԱՆ՝ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ, Մարտի 11, 2019, Հոլիւուտ, Կալիֆոռնիա

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ 9. Հավատացեալներու ծառաթիւն մատուցելու ի՞նչ առաքելութեան մասին է խօսքը: ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԱՊԱԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Է ԿԱՏԱՐՈՒԱԾԸ Հովհաննու Կարապետ եկեղեցիի Անդամական Ժողովին կողմէ։ Հարկաւոր է, որ Անդամական Ժողովը իրենց տեղեկութիւններու փաստացիութիւնը նախ ճշտեն եւ ապա ներկայացնեն հասարակութեան: Միայն այն ժամանակ է, որ անոնք կրնան սկսիլ մեր հավատացեալներուն ճշգրտօրէն ծառայել:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *