Posted on May. 25. 2019
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Վաւերա-գրական ֆիլմեր արտա-դրող Փիթըր Մսըրլեանի գործերը Լոս Անճելըսի Լրագրողներու ակումբի երեք մրցանակներու թեկնածութիւն ապա-հոված են։
Արդարեւ, Մսըրլեանի «Holocaust Soliloquy» («Ողջակիզման Մենախօ-սութիւն», 52 վայրկեան) վաւերագրական ֆիլմը թեկ-նածու է լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմի եւ լաւագոյն նկարահանման բաժանմունքներուն մէջ։ Միացեալ Նահանգներու, Հունգարիոյ եւ Լեհաստանի մէջ Մսըրլեանի նկարահանած ֆիլմը պատմութիւնն է Հրէական Ողջակիզումէն վերապրած Թիփըր Ֆիշըլի։
Անոր «Armenian-Americans in Politics» («Հայ-Ամերիկացիներ Քաղաքականութեան Մէջ») վաւերագրական ֆիլմը եւս մրցանակի թեկնածու ընտրուած է փոքրամասնութեան մասին տեղեկատուական մարզին մէջ։ Այս ֆիլմը արտադրուած էր Ռուբէն Պէրպէրեանի եւ Մեկի Կոշինի հետ համագործակցութեամբ։
Լոս Անճելըսի Լրագրողներու ակումբի մրցանակներու տուուչութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 30 Յունիսին, Լոս Անճելըսի «Միլենիում Պիլթմոր» պանդոկին մէջ։
2002էն ի վեր, Փիթըր Մսըրլեան շահած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ ձայնասփիւռային եւ պատկերասփիւռային լուրերու միութեան 24 «Կոլտըն Մայք» մրցանակներ, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս շրջանի տեղական 2 «Էմմի» մրցանակներ։