Posted on June. 7. 2019
Վերջին Նորութիւն՝ Երկուշաբթի 3 Յունիս, 2019
Համայնքի մտահոգ անդամներ իրավացիօրէն կը հարցնեն. «Դեռ եւս որքան ժամանակ եւ որքան հեռուն պիտի երթայ
Արք. Յովնան Տէրտէրեանի եւ Մանուկ Մարգարյանի Արեւմտեան Թեմը Տաղլեանի դատական գործի խարդախութեան մէջ առաւել վնասելով եւ ամօթանքի ենթարկելով եկեղեցիին եւ համայնքին: Եւ ինչու՞ անոնք հրաժարական չեն տուած»:
Երկուշաբթի Յունիս 3, 2019-ին տեղի ունե-ցաւ դատավարութիւն քննարկելու համար, «ՆՈՐ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅՑ»Ը, որ ներկայացուեցաւ Արեւմտեան Թեմի կողմէ‘ իրենց նկատմամբ աւելի վաղ՝ Ապրիլ 2-ի դատավճիռը վերացնելու համար:
2018-ի վերջերուն, հայցվոր Արեւմտեան Թեմ / St. Յովհաննու Կարապետ հոլիուտի եկեղեցին դատական գործ բացած էին Հայ Եկեղեցւոյ մեծ բարերար պարոն Պետրոս Տաղլեանին դէմ միլիոնաւոր տոլարի կողոպուտի ենթարկելու միտումով:
Որպէս հետաքննող լրագրող, բացայայտեցի Քալիֆոռնիոյ նահանգի Լոս Անճելոսի շրջանի Գերագոյն դատարանի դատական փաստաթղթերուն մէջ, կարեւոր փաստաթուղթ մը (Տես՝ էջ 3) որ յստակօրէն ցոյց կուտայ Յունիսի 3-ի դատավարութեան բնոյթը‘ «Դիմող կողմի գործի քննութիւն. նոր դատավարութեան այլ միջնորդութիւն»: Փաստաթուղթին մէջ նշուած է. «փաստերու գրանցումներու հիման վրայ, հայցւորը՝ Սուրբ Յովհան-նու հայ եկեղեցիի եւ Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Նոր Դատավարութեան Հայցը մերժուած է»:
«Անօրինական ապստամբող» գործը (թիւ 18STCV02144) նախնականօրէն լսուած էր 2019-ի Յունուարի սկիզբին, Գերագոյն Դատարանի դատաւոր Ռանդոլֆ Մ. Հեմոկի կողմէ: Երկու կողմերուն ուշադիր լսելէ յետոյ Դատաւոր Հեմոկ դատարանի մէջ Արք. Տէրտէրեանի գլխաւոր ներկայացուցիչ՝ հովիւ Մանւկ Մարգարյանին, Մարգայանին հռչակած է որպես խաբեբայ ստախօս եւ բոլորովին «ոչ-վստահելի» անձ մը: Դատաւոր Հեմոկ դատավճիռ կայացուցած է Արեւմտեան Թեմի դէմ եւ պատուիրած՝ Արք. Տէրտէրեանին, հովիւ Մարգարյանին եւ Թեմական Խորհուրդին պր. Տաղլեանին վճարելու բոլոր դատական ծախսերը որոնք կատարուած էին պր. Տաղլեանի կողմէ:
Հիմա՝ որ Թեմական Առաջնորդարանը կրկին կորսնցուց, փոխանակ յարգելու պր. Տաղլեանի հետ կնքած իր հիմնական համաձայնութիւնը, անոր թոյլ տալով որ ան շարունակէ վճարել բազմամիլիոնանոց բանկային վարկը իր կողմէ ստեղծուած եկամուտի հոսքով, Տէրտէրեան եւ իր կողմնակիցները պարզապէս յայտարարեցին, որ Թեմը մտադիր է «դատավճիռը բողոքարկելու միջնորդութիւն ներկայացնել»: Անցեալ շաբաթ անոնք հանդէս եկած էին «նոր դատավարութեան» համար միջնորդութիւն ներկայացնելու համար‘ պնդելով, որ իբրեւ թէ Դատաւոր Հեմոկ, իր առաջին որոշումով, «կողմնակալ եղած է ի նպաստ պր. Տաղլեանին»: Ըստ երեւոյթին Տէրտէրեան եւ ընկերները խելակորոյս զգալով, համառօրէն կը ձգտին մէկ իրաւական խայտառակութենէ մէկ այլ իրաւական խայտառակութիւն» վերջերս ըսաւ դատական անկախ դիտորդ մը:
Ագահութիւնն ու ապերախտաութիւնը, կարծես, դարձած են Արք. Տէրտէրեանի եւ հովիւ Մարգարյանի վնասակար ընթացքին հիմնական շարժիչ ուժը: Արք. Յովնան Տէրտէրեանի եւ հովիւ Մանուկ Մարգարյանի խեղաթիւրման գործողութիւնները եւ օրինական հետապնդումները պր. Տաղլեանի դէմ կը շարունակուին հակառակ այն փաստին որ պր. Տաղլեան կը փորձէ միայն օգնել եկեղեցիին՝ տէր դառնալու շքեղ համալիրի եւ եկամուտի հիմնական աղբիւրի մը բազմամիլիոնանոց վարկի վճարումէ յետոյ։
Արեւմտեան Թեմի եւ Սուրբ Յովհաննու Կարապետի կողմէ հաշուեքննութեան ենթարկուած ֆինանսական հաշուետւութեան բացակայութեան պատճառով դրամատունը մերժած էր վարկերը: Այնուհետեւ Տէրտէրեան եւ Մարգարյան դարձեալ չին կրցած նուիրատւութեան գումարներ հաւաքել: Որպէս հետեւանք՝ 2000-ի սկիզբին, Արք. Տէրտէրեան մի քանի անգամ աղաչեց պր. Տաղլեանին, որ պատասխանատւութիւն ստանձնէ եկեղեցիի համար եւ ապահովէ բազմամիլիոնանոց տոլարային վարկ‘ հին եկեղեցիի շէնքի կողքին ապագայ համալիրի շինարարութեան եւ շահագործման համար: Այդ ժամանակ եկեղեցին կը գտնուէր ծանր ֆինանսական վիճակի մէջ եւ հազիւ կը գոյատեւէր: (Այժմ հին եկեղեցիի կառոյցը քանդուած է նոր եկեղեցիի կառուցման համար, սակայն շինարարութիւնը կեցած է, քանի որ շարք մը հաւանական նուիրատուներ հեռու կը մնան, եկեղեցիէն եւ թեմէն ներս թափանցիկութեան եւ հաշուատւութեան բացակայութեան հետեւանքով:
Պր. Տաղլեան, որ արդեն 1,5 միլիոն դոլարի նուիրատւութիւններ կատարած է Արեւմտեան Թեմի տարբեր ծրագիրներու համար, խոստացած էր եւս 2 միլիոն տոլարի նուիրատւութիւն կատարել նոր եկեղեցիի շինարարութեան համար: Այժմ, առ ի հետեւանք Տէրտէրեան-Մարգարյան զոյգի ձեռամբ կատարուած վատ վերաբերմունքի պատճառով պր. Տաղլեան ջնջած է նոր եկեղեցական շինարարական նուիրատվութեան իր բոլոր խոստումները:
Ֆիլմաշխարհի մայրաքաղաք՝ Հոլիուտի սրտին մէջ գտնուող Սբ. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիին կողքին գտնուող բազմահարկ գեղատեսիլ ու ժամանակակից Տաղլեան համալիրը դարձած է հպարտութեան աղբիւր‘ Հարաւային Քալիֆոռնիոյ ամերիկահայ համայնքին համար: Շնորհիւ իր գեղեցիկ եւ ժամանակակից տեսքին եւ յաջողակ գործունէութեան եւ կառավարման, Տաղլեան համալիրը այժմ աղիւսակի թիւ 1 տեղը կը գրաւէ Հարաւային Քալիֆոռնիոյ եւ 5րդ տեղը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, որպէս «ամուսնութիւն-ներու եւ զուարճանքի ձեռնարկներու ամենասիրուած վայրը»: Պր. Տաղլեանի կարողութիւններուն շնորհիւ համալիրը դարձած է նաեւ ֆինանսապէս յաջող ձեռնարկութիւն մը, որ կը նպաստէ դրամատան վարկի մարման:
«Ան կրնար դառնալ ֆինանսական եկամուտի մեծ աղբիւր Սբ. Յովհաննու Կարապետի եւ Արեւմտեան Թեմի համար եթէ Յովնան Տէրտէրեան չի բացայայտուէր որպէս ապերախտ ստախօս, կեղծիքի եւ խաբեբայութեան հակամետ անձ մը», վերջերս «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթին ըսաւ եկեղեցիի եւ թեմի երկարամեայ անդամ մը:
Թեմական ներքին գործիչ մը որ ուժեղ կերպով կը քննադատէ թեմի վնասակար գործելաձեւը, յայտարարեց. «Թէ Թեմի իրաւաբանը պէտք է շատ անգրագետ մէկը ելլայ կամ պարզապէս կþուզէ իր գումարները ստանայ եւ վերջ: Ու՞ր են Թեմական Խորհուրդի նախագահ փաս-տաբան Ժոզէֆ Կանիման եւ նոր Թեմա-կան Խորհուրդի ղեկավար Ատրիէն Գրիգորեան: Անոնք պէտք է ուշադ-րութիւն դարձնեն թեմին»: Կամ արդեոք անոնք այս բոլոր կեղծիքներու ու շոր-թումներու ետի՞ն են:
Ի՞նչ է Սբ. Յովհաննու Կարապետի Ծխական Խորհուրդի մտածածը կամ ի՞նչ կþընէ դադրեցնելու համար եկեղեց-ւոյ իրաւական արիւնահոսութիւնը: Ծխական խորհրդի հիմնական խորհըր-դական փաստաբան Արմէն Թաշճեան արդեոք համաձա՞յն է բոլոր պատա-հածին հետ որ կը կատարուի հ. Մար-գարյանի եւ Արք. Տէրտէրեանի կողմէ:
Բոլորս պէտք է սորուինք մեր սեփա-կան կեանքի փորձառութենէն եւ հաս-նինք Իմաստութեան: Բոլորս սխալներ անշուշտ կը գործենք, սակայն կը սոր-ւինք մեր եւ այլ մարդկոց սխալներէն եւ յառաջ կը շարժուինք: Բայց կը թուի, որ Արք. Տէրտէրեանի եւ հովիւ Մարգար-յանի նման մարդիկ կան, որոնք սուտե-րու եւ սխալներու շերտերուն վրայ, նոր շերտեր կþաւելցնեն ապարդիւն կերպով փորձելով ապացուցել թէ իրենք «ճիշտ են»:
Թեմի բարձրաստիճան աջակից մը վերջերս յայտարարեց. «Շատ անհաւա-նական է, որ Տէրտէրեան եւ Մարգարյան շուտով գիտակցութեան գան: Օրըստօրէ անոնք խելակորոյս կը դառնան»։
Անխոհեմը, որ կը մերժէ սորուիլ իր սխալներէն եւ աւելի խորը կը փորէ իր փոսը չի կրնար ինքն իրեն փրկել իր սեփական անձէն: Միւսները պէտք է քայլ առնեն փրկելու համար զինք իր անձէն եւ ի վերջոյ փրկեն Արեւմտեան Թեմը յետագայ նորանոր վնասներէ եւ վերջնական փլուզումէ:
Ներկայ օրուան հարցը. Արդեոք Արեւմտեան Թեմը կրնա՞յ ինքզինք փրկել բռնապետական Տէրտէրեանի չարաշահող եւ վնասակար գործելաձեւէն որ թեմական առօրեայ գործունէութիւնը առաջ կը տանի անընդհատ խախտելով իր իրաւասութեան եւ լիազօրութիւններուն սահմանները‘ որպէս հոգեւոր առաջնորդ:
Տէրտէրեանի կողմէ, կառավող մարմին՝ Թեմական Խորհուրդի լիազօրութեան շարունակ առեւանգումը զուգորդուած է պր. Տաղլեանի դէմ սուտ, անհիմն եւ կեղծ քարոզչութեան շղթայազերծումով: Անոր առաջնահերթ նպատակը կը թուի ըլլալ հասարակական կարծիքը շեղել իր օգտին: Ան եւ իր զինակիցները կը փորձեն իրենք իրենց ներկայացնել որպես «զոհեր» եւ «Տաղլեանի նախաձեռնած դատական հայցերու խեղճ թիրախներ», երբ իրականութեան մէջ դատարանի փաստաթուղթերը ցոյց կուտան, որ Արեւմտեան Թեմն է, որ դատական գործ բացողը եղած է (Տես, էջ E2):
Մեր աչքերը հարելով դէպի ապագայ, բոլորիս արդար ակնկալութիւնն է որ Թեմական Խորհուրդի նոր ղեկավար մարմինը, Թեմական Խորհուրդի նախագահուհի՝ Ատրիէն Գրիգորեանի գլխավորութեամբ, լիովին պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ որպէս Թեմի իրական կառավարիչներ եւ հաւատարիմ կþըլլան կարգ ու կանոն բերելու սահմանադրական իրենց պարտականութեան տեւապէս ուժի մէջ պահելով Հայ Եկեղեցւոյ Սահմանադրութիւնը:
Եթէ անոնք մտադիր են «ծառայել» որպես մէնատիրական Տէրտէրեանի խամաճիկներ եւ շարունակեն ըլլալ Թեմի կողմէ ընտրուած սակայն տեւապէս ձախող ղեկավարներ, ապա ինչու՞ անկեղծօրէն չեն հրաժարիր եւ դադրին Արեւմտեան Թեմի ծխականներուն սուտ ծառայութեան խաբկանք պատճառելէ։
Ի վերջոյ, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիի Արեւմտեան Թեմը կրօնապետութիւն մը չէ։ Ան ժողովրդավար հաստատութիւն մըն է։ Ան արժանի է ժողովրդավար կառավարման։