Posted on August. 16. 2019
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Lifeի
Բարերարներ ու ծխականներ Արք. Տէրտէրեանի Արեւմտեան Թեմէն հաշուետւութիւն կը պահանջեն 2010-ին Քալիֆոռնիոյ Պըրպանք քաղաքի մէջ գտնուող Սբ. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճառի կառուցման վերջնական ծախսերու մասին:
Շինութիւններու նախնական գնահատումը, ներառեալ կապալառուներու վճարումները, կազմած էին $12էն $14 միլիոն տոլար: Սակայն ծախսերը անհասկնալի պատճառներով հասած են մօտ 24 միլիոն տոլարի: 2019 թուականին, ըստ շինարարութեան ինքնար-ժեքի փորձագէտի վերլուծաբանի գնահա-տականի, արժեքները, տաճարի կառուցումը, գմբեթը եւ կայանատեղին կþարժեն այսօրուայ տոլարային արժեքով ոչ աւելի, քան 15 միլիոն տոլար: Որտե՞ղ անհետացան աւելցած 9էն-11 միլիոն տոլարի հսկայական գումարները: Յատկանպէս որ՝ գլխաւոր կապալառուն բազմիցս պնդած է, թէ ինքը փող չէ վաստակած, ուրեմն այդ 24 միլիոն տոլարով կարելի էր կառուցել երկու տաճար: Մասնա-գէտներ ա՛յդ կը պնդեն։
Շինարարութեան մեկնարկէն մի քանի տարի առաջ, տարեկան Թեմական Ժողովի ընթացքին նոր առաջարկուող պիւտճեն հանկարծ նախատեսուեցաւ 18 միլիոն տոլար: Անակնկալի եկած Պատգամաւոր մը ոտքի կանգնեցաւ եւ հարցուց. «Ինչու՞ պիւտճէն այդքան մէկ անգամէն բարձրացած է»: Թեմական Ժողովի նախագահը զինք լռեցուցած է ըսելով որ «այս թեման քննարկումի ենթակայ չէ»։
Պատգամաւորը «Հայ Կեանք»ին եւ USA Armenian Life- ին յայտնեց. «Իմ կողքին նստած ուրիշ պատգամաւոր մը, ականջիս շշնջաց. «Սպասէ՜ եւ կը տեսնե՜ս… գումարը պիտի բարձրանայ մինչեւ 22 միլիոն տոլար»։
Յօգուտ թեմական գործունէութեան ընթացքի բնակա-նոնացման, թափանցիկութեան եւ հաշուետւողականութեան հարկաւոր է որ իրականացուի անկախ հաշուեքննութիւն, որպէսզի բարերարները եւ համայնքի անդամները կրնան ճշգրիտ տեղեկութիւններ ստանալ Արք. Յովնան Տէրտէրեանի Արեւմտեան թեմէն, թէ՝ ուր գացած են միլիոնաւոր տոլարները: Կրնա՞նք առաջարկել հաշուեքննութեան մասնագէտ եւ վկայեալ ընկերութիւն մը ինչպիսին է KPMG-ն: Այս համայնքը անոր արժանի է:
Այժմ Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարը գումար կþուզէ շատ անհրաժեշտ վերանորոգումներու համար:
Այժմ նուիրահաւաք կը փորձեն ծաւալել. Արք. Տէրտէրեան եւ Գարեգին Բ-ըըըն ոչ սկիզբ եւ ոչ ալ վերջ ունեցող դրամահաւաքի կոչ կþուղեն ամբողջ աշխարհին «Սուրբ Էջմիածնի տաճարի վերանորոգումները ֆինանսաւորելու համար: Մեզ կþըեն, որ «Մենք, որպէս հայեր, մեր պարտաւորութիւնն է պարզապէս տալ»: Տալ առանց իմանալու, թէ այդ գումարները ինչպէ՞ս պիտի օգտագործուին: Այս գրողը կը փափաքի առաջարկել «Սուրբ Էջմիածնի Պահպանման Համաշ-խարհային Հայկական Յանձնաժողով» մը որ կախեալ չըլլայ ոչ Արք. Տէրտէրեանէն ոչ ալ կապուած ըլլայ Գարեգին Բ-ի Սուրբ Աթոռի ներկայ վարչակազմի հետ‘ կատարելու Սուրբ Էջմիածնի տաճարի վերանորոգման կարիքներու համա-պարփակ ուսումնասիրութիւն եւ գործադրում ամբողջական թափանցիկութեամբ:
Նման անկախ մեխանիզմը կրնայ ապահովել, որ ոչ մէկ գումար Արք. Տէրտէրեանի ու անոր հիմնական համագործակից Գարեգին Բ-ին ու անոնցմ մանկլաւիկ «հոգեւորականներ»ու եւ աշխարհականներու ձեռքը չիյնար: Յանձնա-ժողովը պէտք չէ ներառնէ սփիւռքի կրօնական կամ համայնքային կազմակերպչական այն առաջնորդները, որոնք նեխուած («կոռումպացուած») են:
Հիմա է Ժամանակն է ներկայանալու համաշխարհային բեմ՝ պահպանելու մեր պատմական Սուրբ Էջմիածնի հարս-տութիւնը որ նաեւ համամարդկային հաւաքական ժառանգութեան անբաժան մէկ մասնիկն է: Անհրաժեշտ է լիազօրել առաջակուած անկախ յանձնաժողովին`– ԻՒՆԵՍԿՕ-ի հետ ներգրաւելու համար Էջմիածնի Սուրբ Աթոռի շատ անհրաժեշտ վերանորոգման ծրագիրները:
Հայաստանը կրնայ աջակցութիւն ցուցաբերել յանձնաժողովի կազմումի աշխատանքներուն որ բաղկացած ըլլայ հայրենիքի եւ սփյուռքի մէջ բարձր վարկ ունեցող հայերէ որոնք կը վայելեն ժողո-վրդական լայն խաւերու վստահութիւնը: (Եթէ Սփիւռքը կազմակերպուած ըլլար եւ արդեն ժողովրդա-վարօրէն ընտրած ըլլար իր ներկայացուցիչները ապա իտէա-լական կþըլլար որ այդ ազգընտիր սփիւռքահայ ներկայացու-ցիչները լրացնէին յանձնաժողովին սփիւռքեան հատուածը)։
Ի վերջոյ, որպէս ՄԱԿ-ի անդամակացող պետութիւն, Հայաստան նաեւ մասնակից եղած է ՄԱԿ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Պայամանագրին 1993-ի Մայիսի 9-էն ի վեր: Հետեւաբար, Հայաստան «համաձայն է ինքնութիւնը ճշտել ու առաջադրել իր ազգային տարածքին մէջ գտնուող ունեցուածքներ, որոնք կրնան համարուիլ մասնիկը Համաշխարհային ժառանգութեան Ցանկին»: Երբ Մասնակից պետութիւն մը գոյք կþառաջադրէ, «մանրամասն տեղեկութիւն կուտայ թէ ինչպէս կը պաշտպանուի եւ կը պահպանուի տւեալ գոյքը եւ կը ներկայացնէ ծրագիր անոր ապահով կառավարման եւ պահպանման համար»: Որպէս մասնակից պետութիւն-անդամ, Հայաստանէն նաեւ կþակնկալուի պաշտպանել Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ գրանցուած արժեքները: 2017-ի Յունուարի 31-ի դրութեամբ ՄԱԿ-ի Պայմանգրին մաս կը կազմէին 193 անդամ պետութիւններ:
Սահմանումը, թէ ինչ կþընէ ԻՒՆԵՍԿՕ-ն («Վիքիփիտիա»յէն հանուած). Համաշխարհային ժառանգութեան Վայր կը դասուի այն վայրը կամ տարածքը, որ կþընտրուի ՄԱԿ-ի «Կրթական, Գիտական եւ Մշակութային Կազմակերպութեան» (ԻՒՆԵՍԿՕ) կողմէ‘ որպէս մշակութային, պատմական, գիտական կամ տարբեր փեւի նշանակութեան ունեցող եւ իրա-ւաբանօրէն պաշտպանուած է միջազգային պայմանագրերով: Կայքերը կարեւոր կը գնահատուին մարդկութեան հաւաքական հետաքրքրութիւններու համար:
Ընտրուելու համար Համաշխարհային Ժառանգութեան Վայր մը պետք է ըլլայ արդեն դասակարգուած տեսարժան վայր, ինչ-որ առումով եզակի, որպէս աշ-խարհագրական եւ պատմականօրէն նոյնականացուող տեղ, որ ունի յատուկ մշակութային կամ ֆիզիկական նշանա-կութիւն (օրինակ]– հին աւերակ կամ պատմական կառոյց, շէնք, քաղաք, ամբողջութիւն, անապատ, անտառ, կղզի, լիճ, յուշարձան, լեռնային կամ վայրի բնութեան տարածք): Այս կրնայ նշանակել մարդկութեան նշանակալի նուաճում եւ ապացոյց մոլորակի վրայ մեր մտաւոր պատմութեան մասին:
Կայքերը նախատեսուած են յետագայ սերունդներու համար գործնական պահպանման նպա-տակով, որ հակառակ պարա-գային վտանգի կþենթարկուի մարդու կամ կենդանիներու ներխուժման պատճառով, կամ չկառավարուելու/չվերահսկուե-լու/սանարձակ ելումուտքով կամ տեղական վարչական անփութութեան սպառնալիքով: Կայքերը ԻՒՆԵՍԿՕ-ի կողմէ կը սահմանուին որպէս պաշտ-պանուած գօտիներ: Ցուցակը կը պահպանուի Համաշխարհային Ժառանգութեան Միջազգային Յանձնախումբի կողմէ, զոր կը կառավարէ ԻՒՆԵՍԿՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Կոմիտէն, եւ որ բաղկացած է 21 «Մասնակից Պետութիւններէ», որոնք կþընտրուին իրենց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Համագումարի կողմէ:
Ծրագիրը կը ցանկագրէ, կþանուանէ եւ կը պահպանէ մշակութային եւ բնապահպանական նշանակութիւն ունեցող բացառիկ վայրեր մարդկութեան հաւաքական մշակույթին եւ ժառանգութեան համար: Որոշակի պայմաններու մէջ, նշուած վայրերը կրնան միջոցներ ստանալ Համաշխարհային Ժառանգութեան ֆոնտէն: Ծրագիրը սկսսեցաւ Համաշխարհային Մշակութային եւ Բնական Ժառանգութեան Պահպանութեան Վերաբերող Համագումարով, զոր որդեգրած է ԻՒՆԵՍԿՕ-ի Գլխաւոր Համագումարի կողմէ 1972 թուականի Նոյեմբերի 16-ին: Այդ ժամանակուընէ ի վեր 193 պետութիւններ վաւերացուցած են Պայմանագիրը]– զայն դարձնելով աւելի լայն ճանաչում ունեցող միջազգային համաձայնագրերէն մէկը եւ աշխարհի ամենատարածուած մշակութային ծրագիրը:
Յուլիս 2019էն սկսեալ, 167 երկիրներու մէջ գոյութիւն ունին ընդհանուր առմամբ 1,121 համաշխարհային ժառանգութեան վայրեր (869 մշակութային, 213 բնական եւ 39 այլեւայլ վայրեր): Չինաստանը եւ Իտալիան, երկուքն ալ 55 կայքերով, բոլոր երկրէն ամենաշատն ունին, որոնց կը յաջորդեն Սպանիան (48), Գերմանիան (46), Ֆրանսան (45), Հնդկաստանը (38) եւ Մեքսիքօ (35):
Այս ուսումնասիրութիւնը կþարտացոլայ դրամական կարիքներու ծաւալը, որոնք անհրաժեշտ են հին քարերը վերականգնելու, պահպանելու եւ ցանկագրելու համար: Գիտնականներու կողմէ ուսումնասիրուած քարեր‘ Հայոց Պատմութեան ամբողջակա-նութիւնը ապահովելու համար: Երբ ծախսերը կը յստականան, դրամահաւաքը կրնայ սկսիլ եւ անհատները, կազմակերպութիւն-ները կամ գործընկերութիւնները կրնան սկսիլ նպաստել որպէս քաջատեղեակ հայեր: Հայաստան կրնայ նոյնիսկ որակաւորուիլ ստանալու UNISCO-էն ֆինանսական աջակցութիւն:
Մօտ անցեալին, բազմաթիւ սփյուռքահայեր նուիրատւութիւն-ներ կատարած են Էջմիածինին‘ Հայաստանի մէջ հին եկեղեցիներ վերանորոգելու նպատակով, սակայն ցաւ ի սիրտ յետագային բացայայտած են, թէ իրենց նոււիրած գումարները անհետացած են, եւ անկատար աշխատանքները իրագործելու համար յաւելեալ գումարներ պահանջուած են: Եկէք արթննանք եւ սորուինք մօտ անցեալի մեր փորձառութենէն: