Ի՞նչ կը կատարուի Ամերիկայի մէջ. Փախստականները կրնան նպաստներէ զրկուիլ, կամ…

Posted on August. 16. 2019

14 տարի առաջ ապօրինի ձեւով Ամերիկա ժամանած Արթուրօ Փալփինո անունով փախստա-կանը կրնայ զրկուիլ իր կե-ցութեան քարտէն։ Այս մասին կը հաղորդէ amerikayidzayn-ը նշելով, որ անցեալ մարտին անոր կեցութեան (green card) դիմումը մերժուած է, այն պատ-ճառով որ ընտանիքը օգտա-գործած է սննդամթերքի կըտ-րոններ եւ նուազ եկամուտ ունեցողներու բժշկական ապա-հովագրութիւն:
Ըստ Ամերիկեան բանբերի մը նմանօրինակ օրինական կեցութեան դիմումներ եւս պիտի մերժուին, որովհետեւ բեռ կը համարուին ամերիկացիներու համար:
ԱՄՆ-ի Քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի ծառայութիւններու տնօրէնի պաշտօնակատար՝ Քէն Քուչինելլին բացատրած է, որ Միացեալ Նահանգները չուզէր որ օտարներն այստեղ պետութենէն ֆինանսապէս կախեալ ըլլան այլ «ներգաղթեալները աշխատին իրենք, իրենց ընտանիքներու հոգերը հոգալու համար:»
Նշուած օրէնքը գործել պիտի սկսի առաջիկայ հոկտեմբերի կէսերուն։
Կան տեղեկութիւններ, որ Ամերիկա յայտնուած փախստականներէն շատեր սկսած են հրաժարիլ պետական նպաստներէն ու ծառայութիւններէն, խուսափելու համար ներգաղթի ծառայութիւններու ուշադրութենէն։ Ըստ կարգ մը վերլուծաբաններու ամերիկեան վարչակազմը նման օրէնքներ կիրարելով նպատակ ունի յաւելեալ քուէներ ապահովել գործող նախագահ Տանըլտ Թրամբի օգտին։
Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւնները պիտի կայացուին առաջիկայ տարի՝ 2020-ին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *