Արդեոք Նիկոլ Պապան Պիտի Կարենա՞յ Բերել 2020-ի Այնքան Ակնկալուած Սակայն Կենսական Ազգային «Նուէրները»

Posted on January. 3. 2020

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

Ամեն տարեվերջին ամբողջ աշխարհի երեխաները անձկութեամբ կը սպասեն Կաղանդ Պապային որ իրենց նուէրներ բերէ։ Բազմաթիւ երեխաներ Կաղանդ Պապային նամակ կը գրեն իրենց նուէրի տեսակի մասին «պատուէրներ» տալով։
Կաղանդ Պապան շատ մը երկիրներու մէջ նաեւ ծանօթ է «Սէնթ Նիքլըս» անունով։ Հայերէնով՝ ան կը կոչուի Սուրբ Նիկողայոս/Նիկողոս (Nikoghayos/Nigoghօs) կամ Նիկոլ որ Հայաստանի վարչապետին անունն է։
Բազմաթիւ հայեր, Վարչապետ Նիկոլին կþընդունին ոչ թէ որպէս Կաղանդ Պապա այլ որպէս նուէր՝ որ մեզի հասաւ 2018-ին։ Բազմաթիւ ուրիշներ այդքան ալ վստահ չեն որ մեր ստացածը իսկական նուէր մըն է։
Բայց եւ այնպէս կասկած չի կայ որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը կարիքն ունի այնպիտի Կաղանդ Պապայի մը որ մեր բոլոր հրատապ խնդիրները միանուագ կերպով լուծէ՜։
Արդեոք ո՞վ կրնայ դառնալ այդ ազգային Կաղանդ Պապան։ Վարչապետ Նիկո՞լը։
Ի հարկէ անիրատեսութիւն պիտի ըլլար ակնկալել մէկ անձէ՝ Վարչապետ Նիկոլէն որ դառնայ բոլոր ազգային խնդիրները մէկ հարուածով լուծող Կաղանդ Պապա մը։
Հայրենի եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը պէտք է իրատես եւ գործնական ըլլան։
Գործնական եւ իրապաշտ ըլլալով անոնք առանցին նուէրներ չեն սպասեր բայց կա՛ն հրատապօրէն ակնկալուած «նուէրներ».
1) Հայաստանի հասարակութեան տնտեսա-քաղաքական առաւել եւ արագ-ընթաց բարգաւաճում։
2) Զինուորական հզօրացում
3) Ամենուրեք Ազգային գիտակցութեան առաւել ուժեղացում
եւ վեջինը սակայն ամենակարեւորը՝
4) Հաւատքի զօրասիւն՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վերականգնում ոչ միայն հայրենիքէն ներս այլ նաեւ ամբողջ սփիւռքի տարածքին։ Ի՜նչ Հայաստան ու հայութիւն առանց ոգեպէս եւ հոգեպէս հզօր հայուն։ Ի՜նչ ոգեպէս եւ հոգեպէս հզօր հայ, առանց ազգային-կրօնական հաւատքի տաճառներու ուժեղացման՝ մաքրութեան, թափանցիկութեան, հաշուտւողա-կանութեան եւ ժողովրդավարութեան մթնոլորտի մէջ։
Հզօր Հայաստանի եւ Սփիւռքի հիմնաքարը, հզօր հաւատքն է զուգորդուած՝ առողջ բարոյականութեամբ, ոգեղէնութեամբ ու հոգեւոր արժեքային զօրաւոր համակարգով։
Սփիւռքի տարածքին հաւատքի տաճառներու վիճակը յարաբերաբար աւելի յուսադրիչ է քան Հայաստանինը։ Սփիւռքեան եկեղեցական կարոյցներէն ներս, շնորհիւ Սփիւռքի մէջ գործող Հայ Եկեղեցւոյ կանոնադրութեան, ժողովրդավա-րութիւնը առկայ է ու հայ աշխարհականները ջախ-ջախիչ մեծամասնութիւն կազմելով, կը տնօրինեն Հայ Եկեղեցւոյ ընթացքը ուր հայ կղերականները սկսած՝ քահանայէն, աբեղայէն, սարկաւագէն եւ վարդապետէն մինչեւ թեմական առաջնորդներն ու նոյնիսկ օրուան կաթողիկոսը լոկ հոգեւոր սպասաւորներ են եւ իրենց պաշտօնավարութիւնը ենթակայ է աշխարհականներու քուէներու տրամադրութեան։
Ազատ աշխարհի մէջ գործող Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական համակարգը պատիւ կը բերէ Հայ Եկեղեցիին որ քրիստոնեայ աշխարհի միակ եկեղեցական կարոյցն է որ մեծաւ մասամբ կը կառավարուի աշխարհա-կաններու միջոցով եւ անոնց քուէներով։ Անշուշտ հոգեւոր առաքելութիւնը վստահելով հոգեւորականներու։


Իսկ Հայաստանէն ներս Հայ Եկեղեցւոյ անդամ աշխարհա-կաններու իրաւունքները գոյութիւն չունին որովհետեւ Հայաստանէն ներս եւ ամբողջ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին Հայց. Առաքելական Եկեղեցին դեռեւս կը գործէ Ռուսիոյ ցարական շրջանին պարտադրուած «պոլոժենիայի» քմահաճոյքին ներքոյ, հայ աշխարհականներուն զլանանալով ընտրութեան ճամբով՝ եկեղեցւոյ ընթացքը ճշտելու իրաւունքը։
Եւ ճիշտ այդ պաճառով, հայ կղերականը սկսած՝ կաթողիկոսէն մինչեւ վարդապետը, աբեղան, քահանան եւ սարկաւագը մեծաւմասամբ իրենք իրենց հռչակած են մէյ-մէկ «թագաւոր»ներ ժողովուրդի վրայ եւ կ’ուզեն «թագաւորի» պէս ապրիլ։ Իսկ վերջին մի քանի տարիներուն ինչք՜ան յղփացած են այդ կղերականները։ «Բենթլի» սուղնոց ինքնաշարժներով ման կուգան 30 առ հարիւր աղքատութենէ տառապող երկրի մը մէջ եւ իրենց գօտիներուն տակն ալ կրելով՝ ատրճանակներ։ Ուրեմն «թագաւորի» պէս ապրիլ ուզող կեղծ հոգեւորականները նաեւ դարձած են մէյ-մէկ «մաֆիոզներ»։
Անցեալ տարի Դեկտեմբեր 15-ին Էջմիածնի մէջ, երբ խումբ մը հոգեւորականներ եւ հաւատացեալ աշխարհականներ բողոքի ցոյց կազմակերպած էին Արեւմտեան Թեմի արք. Յովնան Տէրտէրեանի եւ Մոսկուայի Եզրասի գործ-ընկեր՝ Գարեգին Բ-ի դէմ, վերջինիս կեղծ հոգեւորական զինակիցները սարսափելի վայրագութեամբ յարձակեցան խաղաղ ցուցարարներու վրայ, անոնց կէսին ֆիզիքապէս վիրաւորելով եւ միւս կէսին պատանդ վերցնելով։ Գարեգին Բ-ի «մաֆիոզները» նաեւ կոյուղիի մասնիկներ նետեցին ցուցարարներու վրայ։ Մոսկուայի մէջ ալ Եզրասի դրածոներ Տէր Սահակին վրայ յարձակած են եւ ծանրօրէն վիրաւորած։
Անցեալ տարի գրեթէ նոյն ժամանակներուն, դուրսէն «քահանայ» ներսէն՝ սատանայ «մաֆիոզները» գլխաւորութեամբ Գարեգին Բ-ի, Արեւմտեան Թեմի արք. Յովնան Տէրտէրեանի եւ Մսկուայի Եզրասի, այնքան ինքնավստահ դարձած էին որ իրենց «մաֆիոզ» վարուելակերպը արտահանած էին դէպի Սփիւռք եւ յատկապէս Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա – աշխարհի ամենահարուստ թեմերէն։ Անոնց ամենակարեւոր թիրախը եղաւ Լոս Անճելոսը՝ Դեկտեմբեր 23-ին։ Օր ցերեկով երեք հայախօս երիտասարդներ մահուան սպառնալիք տուին անզէն-անպաշտպան եւ խաղաղ հետազօտող ամերիկահայ լրագը-րողի մը դէմ ի միտի ունենալով այն նպատակը որ զինք լռեցնէին եւ իրեն միջոցով ստրկացնէին ամբողջ սփիւռքահայութեան։ Բարեբախտաբար ան չլռեց եւ չենթար-կւեցաւ արք. Յովնան Տէրտէրեանի, Գարեգին Բ-ի եւ Եզրասի վախեցման մարտավա-րութեան։
Մինչ Ամերիկա ուղղարկուած այդ երեք անհատները հետապնդման տակ են Միացեալ Նահանգներու դաշնային եւ տեղական կառավարութեան կողմէ, Հայաստանի մէջ վայրագութիւն գործած Յովնան արքեպիսկոպոսի եի Գարեգին Բ-ի չարագործները կը մնան անպատիժ։


Մինչ ԱՄՆ-ի սահմանադրութիւնը եւ յաջորդող կառավարութիւններ տեւապէս աջալուրջ են իրենց քաղա-քացիներու անվտնագութեան համար, աշխարհի հայութիւնը իր ուշադրութիւնը սեւեռած է Հայաստան, իմանալու համար արդեոք Հայաստանն ալ պիտի կարենա՞յ պաշտպանել իր քաղաքացիներուն ազատ խօսքի եւ ազատ մամուլի իրաւունքը։
Արդեոք Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը ի՞նչ պատժամիջոցներու պիտի դիմէ պաշտպանելու համար իր քաղաքացիները օրինախախտ արք. Յովնան Տէրտէրեանի, Մոսկուայի Եզրասի եւ Գարեգին Բ-ի վայրագ զինակիցներուն դէմ։


Արդեոք թաւշեայ յեղափոխութիւնը իր ուղղութիւնը պահպանա՞ծ է եւ պիտի կարենա՞յ աջակցիլ Վարչապետ Փաշինեանին որ ան կատարէ իր պարտականութիւնը իր հետ բերելով 2020-ի այնքան ակնկալուած սակայն կեսնական ազգային «նուէրները»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *