Սուրիոյ Մէջ Մարդասիրական Առաքելութիւն Կատարող Խումբը Բժշկական Պարագաներ Յանձնեց Հալէպի Հիւանդանոցին

Posted on January. 24. 2020

Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող Հայաստանի խումբին մասնագէտները 16 յունուարին Հալէպի հիւանդանոցին յանձնեցին դեղորայք եւ բժշկական պարագաներ: Այս մասին յայտնեց Մարդասիրական առաքելութեան ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլբակեան:
Սուրիական կողմը անգամ մը եւս անդրադարձած է հայկական մարդասիրական առաքելութիւն կատարող խումբի գործունէութեան կարեւորութեան եւ երախտագիտութիւն յայտնած: Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի բժիշկները 2019 թուականի 8 փետրուարէն մինչեւ 6 յունուար 2020 հետազօտած եւ բուժած են 13 հազար 680 հիւանդ: Սակրաւորները ականազերծած են 126 հազար քառակուսի մեթր տարածք:
Մարդասիրական առաքելութիւնը կը շարունակուի:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *