105 Տարի Ետք, Վերջապէս, Սուրիա Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Posted on February. 27. 2020

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Սուրիոյ ժողովուրդը առաջինը եղած է, որ իմացած է Հայոց Ցեղա-սպանութեան մասին, որովհետեւ 20րդ դարու սկիզբը Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ տասնեակ հա-զարաւոր հայեր արտաքսուած են սուրիական անապատի մահուան դաշտերը։ Տեղւոյն արաբները մեծ թիւով հայ որբեր որդեգրած են՝ զանոնք մեծցնելով իբրեւ իրենց զաւակները: Հալէպի, Ռաքքայի, Տէր Զօրի, Դամասկոսի եւ այլ վայրերու տեղւոյն բնակիչները սրտբաց ընդունեցին ողջ մնացած հայերու բեկորները։ Վերապրող հայերը բնակութիւն հաստատեցին իրենց նոր հայրենիքին մէջ, վերա-կառուցեցին իրենց կեանքը, վեր-ստեղծեցին իրենց մշակութային կառոյցները, ներառեալ եկեղե-ցիները, դպրոցները, կազմակեր-պութիւնները եւ հետզհետէ բարգաւաճեցան։
Ես ծնած եմ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը, որովհետեւ գերդաստանիս մէկ մասը վերապրած էր Ցեղասպանութենէն։ Հակառակ կրօնական տարբերութիւններուն՝ ես երջանիկ մանկութիւն ունեցած եմ եւ չեմ զգացած որեւէ նախապաշարում կամ խտրականութիւն։ Սուրիան իր սեփական վէճը ունէր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ, ինչպէս՝ Իսկենտերունի (Ալեքսանտրեթ) բռնակցումը Թուրքիոյ՝ 1939ին, անօրինական հանրաքուէէն ետք: Այսուամենայնիւ, Սուրիոյ կառավարութիւնը դրսեւորելով իսլամական համերաշխութիւն Թուրքիոյ հետ եւ չուզելով թշնամացնել հիւսիսային իր աւելի հզօր դրացին, հրաժարեցաւ բարձրացնել Հայոց Ցեղա-սպանութեան հարցը:
Կը յիշեմ, որ 1985ին ՄԱԿի Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրա-մասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբի քննարկումներու ընթացքին Սուրիոյ իրաւապաշտպանը ինծի ըսաւ, որ թէեւ ինք տեղեակ էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, սակայն չէր կրնար քուէարկել յօգուտ զայն ճանչցող զեկոյցի ընդունման, քանի որ զինք գործէ կ՛արձակէին: Ստեղծուած այս կացութեան մէջ ես իրմէ խնդրեցի, որ քուէարկութեան ժամանակ բացակայի դահլիճէն։ Այդպէս ալ ըրաւ, եւ ՄԱԿի զեկոյցը ընդունուեցաւ ճնշող մեծամասնութեան կողմէ:
2011ին, քաղաքացիական պատերազմի նախորդող տարիներուն, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները այն աստիճան բարելաւուած էին, որ երկու երկիրներու նախագահները յաճախ կը հանդիպէին իրարու եւ միասին արձակուրդի կ՛երթային։ Սուրիոյ կառավարութիւնը նոյնիսկ արգիլեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիրքերու վաճառքը Սուրիոյ գրախանութներու մէջ: Այդ մեղրալուսնի տարիներուն ես տեղեկացայ, որ Արամ Ա. կաթողիկոսի Դամասկոս կատարած այցելութեան ընթացքին, նախագահ Պաշշար Ասատ ըսած էր անոր, որ հայերը պէտք է մոռնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բանան սահմանը եւ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատեն Թուրքիոյ հետ:
Երբ 2009ին այցելեցի Դամասկոս, նախագահական պալատ մուտք ունեցող իմ հայ ընկերը փորձեց ինծի համար տեսակցութիւն կազմակերպել նախագահ Ասատի հետ։ Ես կ՛ուզէի Ասատը զգուշացնել, որ իր մեղրալուսինը թուրք նախագահին հետ կրնար յանկարծական աւարտ ունենալ, եւ Էրտողան իբրեւ անվստահելի դաշնակից, կրնար դաւաճանել իրեն: Ի հարկէ, ես գաղափար չունէի, որ Սուրիա կատարած իմ այցելութենէն երկու տարի ետք, զանգուածային ներխուժում պիտի ըլլայ Սուրիա, արմատական իսլամական ահաբեկիչներու կողմէ, որոնց կը զինէր Թուրքիա եւ կ՛աջակցէր անոնց։ Ցաւօք, ես հնարաւորութիւն չունեցայ տեսակցիլ Ասատի հետ։ Անոր աշխատակազմի ղեկավարը հրաժարեցաւ կազմակերպելէ այդ հանդիպումը՝ իմ հայ ընկերոջ ըսելով, որ չի կրնար թոյլ տալ, որ նման հանդիպում կայանայ՝ հաշուի առնելով քննադատական իմ բազմաթիւ յօդուածները Թուրքիոյ մասին։ Ան ըսաւ, որ Թուրքիա կը խզէ իր բարեկամական յարաբերութիւնները Սուրիոյ հետ, եթէ Էրտողան պարզէ, որ Ասատ տեսակցած էր ինծի հետ…
Անցեալ շաբաթ, Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, «Լուսաւոր Հայաստան» ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան լրագրողներուն ըսաւ, որ 2014ին, Սուրիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին երբ Դամասկոսի մէջ տեսակցած է նախագահ Ասատի հետ, վերջինս ըսած է. «Հայաստանի մէջ ինծի ըսած էին, որ պէտք չէ այդքան վստահիմ Էրտողանի, բայց ես ձեզ չլսեցի»։ Յիշեցնեմ, որ Յունիս 2009ին Ասատ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Հայաստան։ Սակայն, խախտելով հայկական արարողակարգը, ան հրաժարեցաւ Երեւանի մէջ այցելել Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին՝ զգուշանալով թրքական քննադատութենէն։
Յունուար 2014ին, նախագահ Ասատ «Ֆրանս-Փրես» գործակալութեան ըսաւ, որ Սուրիոյ նկատմամբ դաժան յարձակումները իրեն յիշեցուցած են «Օսմանցիներու կողմէ հայերու դէմ իրականացուած ջարդերու մասին, երբ թուրքերը սպաննած են մէկուկէս միլիոն հայեր, եւ կէս միլիոն ուղղափառ սուրիանիներ, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ տարածքին»:
Սուրիական խորհրդարանին կողմէ 13 Փետրուար 2020ին միաձայն ընդունուած որոշումը Սուրիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին պաշտօնական ճանաչումն է: Խորհրդարանի բանաձեւի գրութեան մէջ կը յիշատակուին նաեւ ասորիները եւ սուրիանիները։ Ոմանք իրենց դժգոհութիւնը յայտնած էին այն մասին, թէ Սուրիոյ կառավարութիւնը վերջապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը միայն այն ատեն, երբ ատիկա համապատասխանեց իր քաղաքական սեփական շահերուն։ Թէեւ ասիկա ճիշդ է, սակայն հայերը պէտք է իրատես ըլլան: Ոչ մէկ երկիր կը պատրաստուի ընդունիլ այնպիսի որոշում մը, որ կը հակասէ իր ազգային շահերուն: Ճիշդ է, որ Սուրիոյ խորհրդարանի որոշումը հիմնականին մէջ պայմանաւորուած է վերջերս Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններ Թուրքիոյ ներխուժումով: Սակայն, որոշումը սխալ չէ, ճիշդ է։ Երբեք սխալ ժամանակ չկայ ճիշդ գործեր ընելու համար։ Սխալը այդ տարիներու ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալն էր: Այսպիսով Սուրիա Լիբանանէն ետք դարձաւ երկրորդ արաբական երկիրը, որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յոյսով ենք, որ արաբական միւս երկիրները, ինչպէս՝ Եգիպտոս, Իրաք եւ Յորդանան, կը հետեւին Սուրիոյ օրինակին։
Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման երկու անմիջական օգուտները հետեւեալներն են.
1) Լրատուական միջոցները մէկ անգամ եւս յիշեցուցին միջազգային հանրութեան՝ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղա-սպանութեան ստոր արարքին մասին՝ գամ մը եւս գամելով թրքական ժխտողա-կանութեան դագաղին:
2) Թրքական կառավարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտելով Սուրիոյ կառավարութիւնը, բան մը, որ աւելի ընդհանրացուց հայերու դէմ Թուրքիոյ գործած ցեղասպանութիւնը:
Ամբողջ աշխարհի հայերը ողջունեցին Սուրիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ աւելի սեղմած է օղակը թրքական ժխտողականութեան շուրջ։ Ինչպէս կ՛ըսենգ «Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք»…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *