«Մեր Հաշուարկներով՝ Մինչեւ 400 Հեկտար Է». Լեւոն Մնացականեան՝ Ապրիլեան պատերազմին Տարածքային Կորուստին Մասին

Posted on May. 1. 2020

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 27 Ապրիլին, Ապրիլեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի նիստին իր վկայութիւնը տուաւ Արցախի Հանրապետութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն Լեւոն Մնացականեան, որ 2016ի քառօրեայ պատերազմին Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարն էր:
«Ցանկացած հարց ստացել է իր պատասխանը: Եղել ենք անկեղծ ու անմիջական: Ներկայացրել ենք այն իրականութիւնը, որ եղել է ապրիլեան գորոծողութիւնների ժամանակ», ըսաւ ան՝ հերքելով այն ենթադրութիւնները, որ այդ ժամանակուան բացթողումները կրնային ազդել պատերազմի ընթացքին վրայ:
«Միանշանակ պաշտպանութեան բանակը կատարել է իր առջեւ դրուած խնդիրը, յաղթանակել է: Այն թերութիւնները, որ եղել են… ցանկացած տեղ էլ անելիքներ կան: Որքան շատ անենք, այնքան անելիքներն աւելի շատ են», ըսաւ Մնացականեան: Ան չպատասխանեց այն հարցումին, որ արդեօք Ապրիլեան պատերազմին ընթացքին եղած են առարկայական տուեալներու պակաս։ «Այդ հարցին դեռ չպատասխանենք, քանի որ յանձնաժողովը կ՛որոշի… կարիք կը լինի ներկայացնելու՝ կը ներկայացնեն, եթէ ոչ, ապա յանձնաժողովն իր աշխատանքի վերջում կը ներկայացնի», ըսաւ ան՝ նկատել տալով, որ 2էն 5 Ապրիլ 2016ին, հայկական կողմը տուած է 75 զոհեր, որոնց 35ը ժամկէտային զինուոր եղած են:
Ըստ անոր՝ պատերազմին օրերուն տեղ գտած թերացումներուն եւ բացթողումներուն «անդրադարձ եղել է ժամանակին, սակայն դա չի հանրայնացուել»:
«Կայ պաշտպանութեան բանակի ու Գլխաւոր շտաբի կազմած վերլուծականը, որը պարզապէս չի հանրայնացուել: Այդ վերլուծականի հիման վրայ որոշումներ կան, որոնք ընթացքի մէջ են հիմա», յայտարարեց Լեւոն Մնացականեան՝ աւելցնելով, որ հայկական կողմը ռազմական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք 400 հեկտար տարածք կորսնցուցած է:
«Մեր հաշուարկներով՝ 400 հեկտար է», ըսաւ Մնացականեան՝ չպատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ ինչու Ապրիլեան պատերազմէն օրեր ետք Սերժ Սարգսեան յայտարարեց 800 հեկտար տարածք կորսնցնելու մասին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *