Posted on June. 4. 2020
Բոլոր անոնք, որոնք բարի սովորութիւնը ունին օրական դրութեամբ այցելելու Մայր Աթոռի կայքէջը, անպայման պիտի հանդիպին տարօրինակ երեւոյթներու, անիմաստ յայտարարութիւններու, աւելորդապաշտութիւններու եւ մասամբք նորին։
«Վեհափառը, Հայրապետը, Կաթողիկոսը» կը ներկայացուի որպէս «սրբութիւն սրբոց», մեղա՜յ Աստուծոյ։ Իսկ մեր Փրկիչին Յիսուսի Քրիստոսի ներկայութիւնը Մայր Աթոռի սահմաններէն ներս թէ դուրս, երկրորդական կը նկատուի, բացի Տաղաւար չորս տօներէն՝ Ս. Ծնունդ, Ս. Յարութիւն, Այլակերպութիւն եւ Խաչվերաց։
Առաքեալները մեր Տիրոջ տուին «Վարդապետ» կոչումը, որ թարգմանի՝ ուսուցիչ։ Ան մերժեց բարձրաստիճան անձանց տրուած «վեհ» մակդիրը, հակառակ այն իրողութեան, որ Ան մեծահոգութեամբ տոգորուած, վեհանձն, մեծասիրտ առաքինութիւններով օժտուած Աստուածորդին էր, մարդացեալն Աստուած։
Մեր Տէրը խոնարհեցաւ, իսկ այսօրուայ Մայր Աթոռը զաւթած Գարեգին Բըըը՝ հպարտացաւ։
Մեր Տէրը համեստացաւ, իսկ Գարեգին Բըըը ընչաքաղց դարձաւ։
Մեր Տէրը քարոզեց, խրատեց ու յորդորեց, իսկ Գարեգին Բըըը լոլոզեց ու սպառնաց։
Մեր Տէրը աղքատութեան մէջ ապրեցաւ, իսկ Գարեգին Բըըը մարդիկը շորթեց ու միլիոններ դիզեց:
Մեր Տէրը քնանալու համար գլուխը դնելու տեղ չունեցաւ, իսկ Գարեգին Բըըը 30 միլիոն տոլար վատնեց՝ վեհարան կոչուած իր պղծարանին համար:
Մեր Տէրը Պետրոս առաքեալին ըսաւ՝ «սուրդ վա՛ր դիր», իսկ Գարեգին Բըըը հրահանգեց իր միաբաններուն՝ «զարկէ՛ք անխնայ»։
Մեր Տէրը՝ Հայր Աստուած պատուիրեց՝ «Մի՛ շնար», իսկ Գարեգին Բըըը գերմանիաներէն ու ռուսիաներէն սկսեալ՝ շնաց հա շնաց, խաթուններ աշխարհ բերաւ:
Կարելի է երկարել շարքը, սակայն բաւարարուինք այսքանով։ Փափաքողները՝ թող շարունակեն լրացնել:
Յարգանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ