Հայոց պատրիարքը կ՛առաջարկէ յունական եկեղեցին բանալ քրիստոնէական եւ մահմետական պաշտամունքի համար

Posted on June. 27. 2020

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Վերջերս ընտրուած Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեան կը շարունակէ իր խնդրայարոյց հրապարակային յայտարարութիւնները՝ անոնցմով իսկ հակադրուելով Սթամպուլի հայ համայնքին եւ աշխարհասփիւռ հայութեան: Քանի մը ամիս առաջ ան քննադատական մեկնաբանութիւններ ըրաւ ԱՄՆ Քոնկրեսի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին մասին:
Պատրիարքին յայտարարութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ ան կը փափաքի հաճոյանալ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, յատկապէս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին: Մեր յաճախակի խորհուրդները անոր՝ չխառնուիլ իր պատասխանատւութենէն դուրս գտնուող գործերուն, կը մնան ձայն բարբառոյ անապատի։ Ան կարծես թէ չի հասկնար, որ պէտք է լուռ մնայ:
Ամբողջ աշխարհը տեղեակ է յունական Սուրբ Սոֆիայի պատմական տաճարը մզկիթի վերածելու Էրտողանի բազմիցս կատարած վիճայարոյց յայտարարութիւններուն մասին։ Նշեալ տաճարին մզկիթի կարգավիճակը Աթաթուրք 1935ին փոխած էր թանգարանի։
Էրտողանի յայտարարութիւնները համաշխարհային բանավէճի պատճառ դարձած էին, յատկապէս Յունաստանի եւ աշխարհի յոյներու շրջանակին մէջ: Սուրբ Սոֆիայի տաճարը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ։ Տաճարը մզկիթի վերածելը, անշուշտ, առաջ պիտի բերէ ամբողջ աշխարհի մարդոց զայրոյթը։
Ասիկա այն հակասութիւնն է, որուն մէջ անխոհեմաբար յայտնուած է Հայոց պատրիարքը՝ պարզապէս Էրտողանին հաճոյանալու համար։ Վերջին շրջանին Հայոց պատրիարքի խնդրայարոյց առաջարկին մասին խիստ քննադատութիւններ հնչած են:
Եթէ Հայոց պատրիարքը քիչ մը իմաստութիւն ունենար, ան նախ կը խորհրդակցէր Սթամպուլի հայ համայնքի գլխաւոր անդամներուն հետ՝ անոնց կարծիքը գիտնալու համար։ Աւելի կարեւոր՝ ան պէտք է խորհուրդ հարցնէր Կոստանդնուպոլսոյ յունական տիեզերական եկեղեցւոյ պատրիարք Բարդուղիմէոսէն։ Աւելին, Հայոց պատրիարքը մտածա՞ծ է Սթամպուլի մէջ իսլամական առաջնորդներէ խորհուրդ հարցնելու մասին, արդեօք անոնց համար ընդունելի կ՛ըլլա՞յ դաւանիլ իրենց իսլամական կրօնը նոյն կառոյցին մէջ, ինչպէս քրիստոնեաները: Ըստ մեր տեղեկութիւններուն՝ աշխարհի մէջ չկայ նման վայր, եւ պատճառը այն է, որ նման բան մը անընդունելի է մահմետականներու համար։
Հայոց պատրիարքի հերետիկոսական առաջարկը կրնայ նաեւ հակադրուիլ Թուրքիոյ մահմետականներուն եւ նախագահ Էրտողանին: Ահա այսպիսի անյաջող աւարտ պատրիարքի համար, որ կը փորձէր հաճոյանալ թրքական իշխանութիւններուն…
Պատրիարք Մաշալեան ակամայ կը պաշտպանէ Սուրբ Սոֆիայի տաճարի կարգավիճակի փոփոխութիւնը թանգարանէն մզկիթի՝ քրիստոնեայ հաւատացեալներու համար մասնաւոր տարածքով։ Միակ բանը, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ՛եզրակացնեն պատրիարքի առաջարկէն այն է, որ վերջինս կողմ է եկեղեցին մզկիթի վերածելուն՝ անտեսելով անոր առաջարկը, որ մզկիթի մէջ անկիւն մը յատկացուի քրիստոնէական կրօնական արարողութիւններու համար: Ինչպէ՞ս կ՛արձագանգէր Հայոց պատրիարքը, եթէ օր մը Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշէր Վանայ լիճի մերձակայքը գտնուող հայկական Աղթամար եկեղեցին (այժմ պաշտօնապէս դասակարգուած իբրեւ զբօսաշրջային տարածք) վերածել մզկիթի՝ փոքր սենեակ մը յատկացնելով քրիստոնէական պաշտամունքի համար:
Իրավիճակը աւելի բարդացնելով՝ պատրիարք Մաշալեան իր յայտարարութիւնը ըրաւ թուիթըրեան շարք մը գրառումներու միջոցով: Կը զարմանամ, թէ ի՞նչը զայն դրդած է օգտագործելու Թուիթըրը, որպէսզի այսպիսի յայտարարութիւն ընէ՝ յղի լուրջ հետեւանքներով։ «Սուրբ Սոֆիայի տաճարը պիտի բացուի պաշտամունքի համար», ըսաւ ան՝ նշելով, որ անիկա բաւական մեծ է այդ նպատակին համար՝ մէկ մասը առաջարկելով քրիստոնեաներուն։ «Թո՛ղ աշխարհը ծափահարէ մեր կրօնական խաղաղութիւնն ու հասունութիւնը: Թո՛ղ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը դառնայ մեր դարաշրջանի մարդկութեան խաղաղութեան խորհրդանիշ»։
Այնուհետեւ պատրիարքը նշեց, որ մարդկութիւնը աղօթած է այդպիսի միասնութեան համար եւ առաջարկեց այդ մէկը ընել միասնաբար՝ Սուրբ Սոֆիայի տաճարի գմբէթին տակ. «Թէեւ մեր դաւանանքները տարբեր են, բայց մի՞թէ մէկ Աստուած չենք պաշտեր»։ Ըստ անոր՝ հազար տարի ըլլալով պաշտամունքի վայր քրիստոնեաներու եւ եւս 500 տարի՝ մահմետականներու համար, Սուրբ Սոֆիայի տաճարը դէմ չէ ատոր։ «Սուրբ Սոֆիայի տաճարը կառուցուած է տասը հազար բանուորներու աշխատանքով՝ աստղաբաշխական ծախսերով», ըսաւ ան՝ մատնանշելով, որ աւելի քան 500 տարի շարունակ պաշտամունքի այս շինութեան վրայ բազմաթիւ վերանորոգումներ իրականացուած են Ֆաթիհ Սուլթանի հիմնադրամին կողմէ: Ան շեշտեց, որ անոնց նպատակն էր տաճարը պահպանել իբրեւ պաշտամունքի վայր, եւ «ոչ թէ միայն թանգարան»: Ան ըսաւ, որ աւելի յարմար կ՛ըլլայ իբրեւ պաշտամունքի վայր, ուր հաւատացեալները կրնային ծնրադիր աղօթել, քան իբրեւ զբօսաշրջային վայր՝ լեցուն շտապող այցելուներով»։ Թրքական լրատուական միջոցները անմիջապէս հրապարակեցին պատրիարքի յայտարարութիւնը:
Պատրիարքի միամիտ առաջարկին առաջին կոշտ արձագանգողը եղաւ «Ազգայնական Շարժում» կուսակցութեան առաջնորդ Տեւլեթ Պահչելի՝ ծաղրելով այն միտքը, թէ «Սուրբ Սոֆիայի տաճարը Ուրբաթ օրը մզկիթ է, իսկ Կիրակի՝ եկեղեցի»։
Սուրբ Սոֆիայի տաճարը աւելի կարեւոր կրօնական վայրերէն մէկն է, յատկապէս յոյներու համար։ Տաճարը կառուցուած է 537 թուականին, Բիւզանդական կայսրութեան կողմէ։ Անիկա աշխարհի ամէնէն մեծ շինութիւնն էր եւ իր ժամանակի ճարտարագիտական միտքի հրաշալիք։ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը 1453 թուականին վերածուած է կայսերական մզկիթի՝ օսմանցիներու կողմէ Կոստանդնուպոլսոյ (այժմ՝ Սթամպուլ) գրաւումէն ետք։ Այնուհետեւ մզկիթը Աթաթուրքի հրամանով 1935 թուականին վերափոխուած է թանգարանի:
Պատմականօրէն հայկական հետաքրքրական դրուագ մը կայ՝ կապուած Սուրբ Սոֆիայի տաճարին։ Ըստ Ուիքիփետիայի՝ «25 Հոկտեմբեր 989ի մեծ երկրաշարժէն ետք, որուն իբրեւ արդիւնք փլուզուած է արեւմտեան գմբէթի կամարը, կայսր Վասիլ Բ. խնդրած է հայ ճարտարապետ Տրդատէն, որ Անիի եւ Արկինայի տաճարները ստեղծած է, ղեկավարել վերանորոգման աշխատանքները…: Հասցուած վնասը այնքան մեծ էր, որ պահանջուեցաւ վեց տարի վերանորոգման եւ վերակառուցման համար. եկեղեցին վերաբացուեցաւ 13 Մայիս 994ին»:
Կ՛ուզենք եզրափակել՝ մեր յոյն բարեկամներուն վստահեցնելով, որ Հայոց պատրիարքի տհաճ յայտարարութիւնը չի ներկայացներ հայ ժողովուրդին կամքը:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *