Posted on August. 3. 2020
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Անցեալ շաբաթ ես գրի առած էի ծաւալուն զրոիցի մը տեսերիզի մը առաջին մասը, ուր երկու թուրք մտաւորականներ հանդէս կու գան յօգուտ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման: Քննարկումը տեղի ունեցած էր 2015ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ: Տեսանիւթին մէջ Էրտողան Այտինի եւ Այտին Չուպուքճուի միջեւ զրոյցը թրքերէն է՝ անգլերէն ենթագիրներով։ Մէկ ժամ 37 վայրկեան տեւողութեամբ ծրագիրի խորագիրն է՝ «Բաբելոնեան Աշտարակ»: Ծրագիրին վերնագիրն է՝ «Դէմ յանդիման գալով Ցեղասպանութեան հետ»։ Թրքական քննարկումը թարգմա-նած եւ ենթագիրներով ապահոված է դոկտոր Օհաննէս Քիլիճտաղի։
Այտին Չուպուքճու.- «Անշուշտ, այդ (Ցեղասպանութիւնը) չէ սկսած 1915ին: Նախ եւ առաջ, օսմանցիները ունէին անարդար կարգ ու կանոն՝ ազգերու եւ հաւատքներու վրայ հիմնուած։ Կար գերիշխող ազգ եւ քանի մը ուրիշներ, որոնց վրայ կը գերիշխէին: Գերիշխող ժողովուրդը (միլլեթ), որ աւելի հինէն կը մատնանշէր կրօնական խումբերը, քան ցեղային պատկանելութիւնը, մահմետականներն էին: Այսպիսով, գերիշխող ժողովուրդը սիւննի մահմետականներն էին: Մնացած բոլորը, առաջին հերթին հայ եւ յոյն ժողովուրդները, անոնք էին, որոնց վրայ կը գերիշխէին։ Այս էր պետութեան լեզուն։ Ասիկա բան մը չէ, որ այսօր կը հնարենք՝ օսմանցիները ամբաստանելու համար։ Ասիկա այն նկարագրութիւնն է, զոր օգտագործուած է ժամանակին՝ պաշտօնական գրականութեան մէջ: Աւելին, գոյութիւն ունէր յստակ եզրոյթ, զոր կ՛օգտագործուէր միայն հայերու համար՝ հաւատարիմ ազգ (միլլեթի սատըքա): Այսպիսով, հայերը, որոնք արտօնութիւն ունէին գերիշխուող այլ ժողովուրդներու շրջանակին մէջ, շատ հաւատարիմ էին ինքնիշխան համակարգին: Անոնք անզէն էին, կ՛ապահովէին պետութեան համար բոլոր ծառայութիւնները եւ այլն: Անոնք նման համբաւ ունէին: Փաստօրէն, ասիկա տհաճ իրավիճակ մըն է ազգի համար: Ոչ մէկ ժողովուրդ պէտք է հաւատարիմ ըլլայ. ենթակայ կամ գերիշխող մէկ ուրիշի մը նկատմամբ: Մեզի համար արդարութիւնը պէտք է հիմնուի հաւասարութեան վրայ, այդ ըլլայ երէկ, թէ այսօր: Հաւասար քաղաքացիութիւն, հաւասար ազգեր, մարդոց միջեւ եղբայրութիւն…: Կար ուրիշ չափանիշ մըգ օսմանեան չափանիշը: Օսմանեանի նման պետութիւնները ունին այսպիսի յատկանիշներ: Անոնք կը բռնագրաւեն այլոց երկիրը, երբ ուժեղ են։ Երբ բռնագրաւուած ժողովուրդը արթնցաւ, իսկ օսմանեան պետութիւնը թուլցաւ՝ արթնցող ժողովուրդը սկսաւ անկախութիւն պահանջել: Իսկապէս, Թուրքիոյ մէջ իւրաքանչիւր թուրք պէտք է գնահատէ այս: Թուրքիան հիմնուած է անկախութեան համար մղուող պայքարի վրայ: Այնպէս որ, անկախութիւն պահանջելը օրինական իրաւունք է ամէն ազգի համար՝ յոյն, պուլկարացի, արաբ եւ հայ…: Ասոնք ինքնիշխանութեան հաստատման համար անկախութեան պատերազմներ էին…»:
Հաղորդավարգ- «Եկէ՛ք հետեւինք այդ շարքինգ 1853-1856՝ Ղրիմի պատերազմը, 1839ին՝ Թանզիմաթի հրամանագիրը, 1856ին՝ Բարեփոխումներու հրամանագիրը, 1876ին՝ Սահմանադրութիւնը՝ բարեփոխումներու գագաթնակէտը։ Ո՞ւր էին հայերը այս ժամանակներուն»։
Այտին Չուպուքճու.- «Այդ տարեթիւերը օսմանցիներուն համար անկարելի կը դարձնէին պահպանել հին կարգը՝ հիմնուելով գերիշխող-ենթակայ ազգերու վրայ: Անոնք ստիպուած էին արձակելու Թանզիմաթի եւ Բարեփոխումներու հրամանագրերը, որպէսզի կարենային վարկեր ստանալ դուրսէն: Այս էր վճռական կէտըգ այս հրամանագրերէն ետք, անոնք՝ կեաւուրները (անհաւատները), պիտի չկոչուէին կեաւուրներ։ Կեաւուրն ու մահմետականը պիտի դատուէին միեւնոյն դատարանին մէջ։ Անշուշտ, կեաւուրը վատ խօսք է, մենք պէտք չէ օգտագործենք այդ, սակայն զանոնք այսպէս անուանեցին, եւ ասիկա այն լեզուն է, որ սովորական մարդը կը հասկնայ: Այսպէս կոչուած՝ կեաւուրներու ունեցուածքը պիտի չբռնագրաւուէին։ Ասոր հիմամբ հանգստութիւն եկաւ։ Բայց այս հանգստութիւնը, հայերուն խաղաղութիւն բերելու փոխարէն, ցաւօք, սրեց լարուածութիւնը: Ինչո՞ւ։ Քանի որ հին, գերիշխող ազգի տեղական իշխանութիւնները սկսան հրահրել մահմետական ժողովուրդը, ըսելով՝ «ի՞նչ կը կատարուի։ Մենք կը կորսնցնենք «շարիաթ»ը: Արդեօք կեաւուրը մեզի հաւասա՞ր պիտի ըլլայ»։
Իսկապէս, պետութիւնը նոյնպէս խրախուսեց այս սադրանքները։ Որոշ ժամանակ անց յարձակումներ սկսան հայերու վրայ, յատկապէս քիւրտ, իսլամիստական եւ չերքեզական կազմակերպութիւններու կողմէ: Այնուհետեւ, 1878ին, Պերլինի պայմանագրի 61րդ յօդուածին մէջ նշուեցաւ, որ հայերը ենթարկուած են յարձակման, եւ որ Օսմանեան կայսրութիւնը պատասխանատու է անոնց պաշտպանութեան համար։ Օսմանցիները ատիկա ստորագրեցին: Ասկէ բացի, յիշենք ազգայնականութեան դէմ եւ իսլամիստական նախապաշարումներու մասին։ Պերլինի պայմանագիրը նախապատրաստուած էր օսմանցիները պաշտպանելու համար։ Հակառակ պարագային, ռուսերը, որոնք հասած էին մինչեւ Սթամպուլի կեդրոնէն 20 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող Եշիլ Քէօյ (Այա Ստեֆանոս), պիտի գրաւէին զայն։
Օսմանցիները այս ստորագրեցին, բայց մէկ կողմ ձգելով (մեծ տէրութիւնները) տեղեկացնելը, անոնք շարունակեցին թոյլ տալ յարձակումները՝ վերը նշուած խումբերու կողմէ: Անոնք նաեւ չիրականացուցին բարեփոխումները։ Եկէք պահ մը մենք զմեզ պատկերացնենք որպէս Պուլկարիոյ թուրքեր, ույղուրներ կամ Պոսնիոյ մահմետականներ։ Ի՞նչ կ՛ուզէինք, եթէ մենք հոն ըլլայինք: Կեանքի եւ ունեցուածքի ապահովութիւն։ Ոչ ոք պէտք է յարձակի մեր վրայ, կամ ոտնձգութեան ենթարկէ մեզ։ Այսպիսով, պետութիւնը այդ ժամանակ նոյնը հաւաստիացուց հայերուն, ինչ որ մենք կ՛ուզէինք Պոսնիոյ մէջ, բայց չկատարեց իր խոստումը: Օսմանեան տիրակալները, առաջին հերթին Ապտուլ Համիտը, չէին ուզեր ճանչնալ քաղաքացիներու իրաւունքները որպէս այդպիսին: Աւելին, անոնք չէին ուզեր որեւէ բան տալ ոչ մահմետականներուն: Այս է խնդրին էութիւնը։ Իրականութեան մէջ, արդար միտքը պէտք է պաշտպանէ ժողովուրդին դիմադրութիւնը, երբ քաղաքացիներուն իրաւունքները կ՛ոտնահարուին։ Քանի որ մենք համակուած ենք ստրկութեան մտածելակերպով եւ գաղափարախօսութեամբ, որ շարունակաբար կը մեծարէ պետութիւնը, մենք կ՛ակնկալենք, որ մարդիկ ոչինչ չեն կրնար ըսել, երբ պետութիւնը կ՛ընէ իր ուզածը: Բայց մենք նոյն տրամաբանութեամբ չենք առաջնորդուիր Պուլկարիոյ համար: Երբ զոհերը թուրքեր են, իսկ ճնշողները պուլկարացի կամ յոյն, ապա մենք այդ չենք ընդունիր եւ կը պաշտպանենք դիմադրութիւնը: Մենք, անշուշտ, կը պաշտպանենք պոսնիացիները սերպերու դէմ: Սակայն, նմանապէս, երբ հայերն ու յոյները կը պահանջեն իրենց իրաւունքները պետութենէն, մենք կ՛ըսենք՝ «դուք ապստամբ էք…: Դուք կ՛ըմբոստանաք պետութեան դէմ»: Թէեւ ասիկա բժշկական եզրոյթ է եւ թերեւս քաղաքականութեան մէջ պէտք չէ օգտագործուի, բայց ասիկա ցոյց կու տայ «շիզոֆրենիա», անձի երկատուութիւն: Արդարութիւնը կը պահանջէ, որ մենք տարբեր հաւատքի եւ մայրենի լեզուով մարդոց տանք այն, ինչ որ մենք կ՛ուզենք տալ մեզի հետ կապուած մարդոց՝ Պուլկարիոյ եւ Պոսնիոյ, Ույղուրի եւ Կիպրոսի մէջ: Արդարութիւնը այս կը պահանջէ: Քիւրտերը օգտագործուած են: Բայց եկէք քիւրտերը բաժնենք երկու մասի։ Մէկ մասը սովորական քիւրտերն են, միւսները՝ տէրերը՝ իշխանաւոր քիւրտերը, որոնք նպատակ ունէին հարստանալ՝ թալանելով հայկական ունեցուածքը։ Օգտագործուեցան նաեւ չերքեզները: Զանոնք ցեղասպանութեամբ վռնտեցին Ռուսիայէն։ Անոնք զոհի ծանր հոգեբանութիւն ունեցած են։ Օսմանեան պետութիւնը Թուրքիոյ մէջ հրահրեց չերքեզները հայերուն դէմ։ Այս իրողութիւնը մղեց զանոնք՝ իրենց վրէժը հայերէն առնելու քայլին։ Փաստօրէն, մենք ունինք բազմաթիւ փաստաթուղթեր, որոնք ցոյց կու տան, որ կարգ մը չերքեզներ օգտագործուած են այս եղանակով: Մենք պէտք չէ գովենք կամ անիծենք ժողովուրդ մը ամբողջութեամբ։ Ասիկա կը կոչուի «էականութիւն» (Essentialism): Բոլոր ժողովուրդները ունին իրենց լաւն ու վատ կողմերը, զոհերն ու ճնշողները։ Գործակիցներ, խայտառակ էակներ, կան բոլոր ժողովուրդներու մէջ։ Մենք պէտք է զգայուն ըլլանք տարբերակելու զանոնք քիւրտերու, հայերու, չերքեզներու շրջանակին մէջ։ Յատկապէս, մենք, որ ունինք ձախակողմեան աշխարհահայեացք, այս տարբերակումը պէտք է ընել աւելի ուշադիր»:
(Երրորդ մասը՝ յաջորդ շաբաթ)
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ