Posted on August. 31. 2020
ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
Մինչ մարդկութիւնը «Քoրօնավիրուս» թագաժահր համաճարակը յաղթահարելու իր պայքարը կը շարունակէ, աշխարհի հայութիւնն ալ իր ներքին մարդակերպ «Քoրօնավիրուս»ները կը պատրաստուի «տուն» ղրկելու զանոնք հեռու պահելով հայոց զոյգ պետութիւններէն, ազգային կարոյցներէ եւ որոնց կարգին Հայաստանեայց Առաքելական Եկե-ղեցին եւ համասփիւռքեան զանազան կարոյցները։
Բայց ուրտեղէն յայտնուեցան այս մարդակերպ «Քoրօնավիրուս»ները։
Եթէ ներկան ապագայի հայելին է, ապա ուրեմն մօտ անցեալն ալ հիմակուան հայելին էր։
Թէկուզ 1950,1960,1970-ականները ոգեւորող զարգացումներ բերին հայ ժողովուրդին բայց նաեւ ժխտական երեւոյթներ ալ յայտնուեցան հայոց հորիզոնին վրայ։
Այդ ժամանակներուն էր, որ Հայ Եկեղեցւոյ ոխերիմ թշնամի՝ բոլշեւիկեան ռեժիմը ծածուկ քաղաքականութիւն կը վարէր ներսէն քանդելու համար։ Եւ իրեն համար ամենայարմար տարրերը եղան այդ կերպարները որոնք բարոյապէս սնանկացած եղած։ Նաեւ՝ ապազգային։ Իրենց համար՝ ազգային գաղափա-րախօսութիւնը՝ «սուտ կատեկորիա»։
Այս տողերը կարդացած ժամանակ արդէօ՞ք ովքեր կը տողանցեն ընթերցողին մտքին մէջ։ Վստահաբար շօշափելի թիւ կը կազմեն այդ կերպարները։
Լաւ բան է որ մեր ժողովուրդը արթնցած է եւ սկսած է տեսենլ այն տարրերը որոնք դարձած են մեր «վանքերուն հաւերը ուտողները»։
Երանի՜ թէ միայն «հաւերը ուտելով» հարցը փակուէր։
Հիմա այս մարդիկը ստամոքսի խնդիրները լուծելէ շատ անդին գացած են։ Հիմա ախորժակները այնքան սրած են, որ ոչ միայն իրենց մօտակայ վանքերը կþուզեն կուլ տալ այլ ամբողջ Հայաստանի եւ Հայկական Սփիւռքի։
Ի հակապատկեր իսկական կոչում ունեցող հոգեւորական-ներու, այս մակաբոյծները «գործուղղուած» եղած են հակահայ եւ հակաքրիստոնեայ բոլշեւիկներու կողմէ։ Գրեթէ բոլորն ալ KGB-ի գործակալներ եղած են եւ իրենց «հաւատարմութիւնը» «նուիրաբերած» բոլշեւիկեան ռեժիմին։
Հաւանաբար ձեզմէ շատերը արդեն կռահեցին թէ ովքեր են օրուան «հեռոսները»։
Ճիշտ կռահեցիք։ Ինչու՞։ Որովհետեւ ձեզմէ շատեր «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»ի խմբագրութեան հետ կապի մէջ կը մտնեն եւ կարեւոր տեղեկութիւններ կը փախանցեն։ Շաբաթ չանցնիր առանց հեռախաօսային, ենամակային եւ փոստա-նամակագրային կապերու։ Հարկաւոր է միայն զմայլանք ապրիլ այսքա՛ն զարթնած հայութեան համար ե՛ւ Հայաստան ե՛ւ ի սփիւռս աշխարհի։
Ովքե՞ր են օրուան «հեռոսները»։
Գարեգին Բն նոյնիսկ Արեւմտեան Գերմանիայէն վտարուած է ԿԳԲ-ի գործակալ ըլլալու յանցանքի վրայ բռնուելով: Մէկ կողմէ Հայաստանեայց Առաք. Եկեղեցին թիրախ դարձած է Սովետ իշխանութեան կողմէ ներթափանցումովը ԿԳԲ-ի հայախօս գործա-կալներուն, միւս կողմէն ալ նաեւ թիրախ դարձած է Սփիւռքէն ներհոսքի այն վտարուած հոգեւորականներու, որոնք որպես persօna non grata՝ չընդունուած անձնավորութիւններ, ինչպէս Կիլիկեան Միաբանութենէն վտարուածներ են եւ քանի որ այդ ժամանակ Էջմիածնի Աթոռը բաւական դժուարութիւն ունէր հոգեւոր ծառաներ պատրաստելու Սովետական իշխանութեան լուծին տակ, ստիպուած կþընդունէր այդ նկարագիրը խաթարուած հոգեւորականներուն:
Անշուշտ Սփիւռքէն վտարուածներու այդ ցանկին մէջը առանց տատամսումի կարելի դնել արք. Յովնան Տէրտէրեանը, որ հանցանքի վրայ բռնուելով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքէն կտրականապէս վտարուած է: Տէրտէրեան վտարուած է ապօրինի սեռային կապ ունենալու համար եւ խախտելով իր կուսակրօնութեան խոստումը:
Տէրտէրեան նաեւ վտարուած է Գանատայի թեմէն տասնեակ հազարներ տոլարներու գողութեան պատճառով կողոպտելով Հայաստանի եւ Արցածի զոհուած զինւորներու որբերու եւ այրիներու ֆոնտը։
Մանուկ քհն. Մարգարեան որ 1990-ականներուն փիլոնազուրկ եւ կարգազուրկ եղած էր Վազգէն Ա երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրահանգով։ Ինչ որ մի կերպ ետ մտաւ եկեղեցի որպէս կարգը վերականգնուած անձ։ Սակայն փոխանակ դարձի գալու աւելի վատ ընթացք ունեցաւ։ Ամերիկեան դատարանի մէջ իր եւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ստախօսութիւն բռնուեցաւ։ Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի բազմաթիւ անբարոյական ակտերու։
Այստեղ ճիշտ տեղին է մէջբերուm կատարել հայազգի բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի « Մարդ էլ կաj, մարդ էլ» ստեղծագործութենէն.
«Դու, որ սխալuել, սակայն չես ստել,
Կորցրել ես jաճախ, բայց նորից գտել.
Դու, որ սայթաքել ու վայր ես ընկել,
Ընկել ես, սակայն երբեք չես ծնկել,
Այլ մագլցել ես կատարից-կատար,
Ելել ես անվերջ, բարձրացել ես վեր`
Քո ահեղ դարից առնելով թեւեր…
…
Դու, որ հարազատ ծնունդն ես դարի,
Քայլում ես անդուլ, առաջ ընթանում,
Քայլում ես այպէս ծանր ու վիթխարի,
Ասես աշխարհն ես շալակած տանում…
Մարդ կա՝ աշխարհն է շալակած տանում,
Մարդ կա՝ ելել է շալակն աշխարհի…
…
Նա, ով ելել է շալակն աշխարհի,
Աշխարհում երբեք թաց տեղ չի քնում,
Գիտի, թե ու՜մ հետ եւ ու՜ր է գնում,
Ու՜մ մեռելին է անարցունք լալիս,
Ու՜մ խօսքի վրայ ստից ծիծաղում,
Ու՜մ հետ դինջ նստած նարդի է խաղում,
Հարկ եղած դէպքում եւ տանուլ տալիս…
Վերից է նայում ցածրում կանգնածին,
Չի նայում երբեք ներքեւ ընկածին.
Այո, մարդ կայ որ ազգը կը շենցնէ, կը զօրացնէ եւ մարդ ալ կայ, որ ազգին տունը կը քանդէ։
Բայց բարեբախտաբար, մեր ժողովուրդը ամենուրեք ե՛ւ ներքին ե՛ւ արտաքին ճակատներու վրայ պայքարը կը սաստկացնէ։
Ներքին ճակատի վրայ, գիտակից ամերիկահայեր կը պնդեն թէ «բոլոր մակաբոյծներուն ժամանակը հասած է իր աւարտին։ Վաղ թէ ուշ, անոնք տուն պիտի երթան»։