Հայրենադարձութեան համահայկական ներդրումային ընկերութեան անհրաժեշտութիւնը

Posted on September. 5. 2020

Դոկտ. Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 31 Օգոստոս 2020
Keghart.org

Պէյրութի 4 Օգոստոսի աւերիչ պայթումները եւ Հալէպի մէջ պսակաձեւ ժահրի մահաբեր աղէտը նորէն օրակարգի նիւթ դարձուցին հայրենադարձութեան հարցը: Մեր համումով, այդ հարցը պէտք չէ ընդհանրապէս դուրս ըլլար հայկական օրակարգէն՝ գոնէ վերջին երեսուն տարիներուն: Հայաստան-Սփիւռք համահայկական համագումարները եւ զանազան հանդիպումները այնքան անարդիւնաւէտ եղան, որ հայրենադարձութեան ուղղութեամբ ոչ մէկ լուրջ քայլ առնուեցաւ, յաճախ նոյնիսկ չխօսուեցաւ այդ մասին: Ընդհակառակը, ՀՀ-ի իրարայաջորդ ապի-կար իշխանութիւնները այնպիսի պայմաններ ստեղ-ծեցին, որ ըստ պետական պաշտօնական տուեալներու՝ շուրջ մէկ միլիոն հայութիւն Հայրենիքը լքեց:

Պէտք է այլեւս վերջ տալ կատարուած իրողութիւններէ ետք (post factum) քայլերու դիմելու մեր ազգային մտածելակերպին ու գործելակերպին, այլ՝ սկիզբէն պատրաստ ըլլալ մեր հայրենական պետութեան եւ սփիւռքահայ գաղութներու հնարաւորինս ամենէն աննպաստ զարգացումներուն, եւ անոնց հակազդել անմիջապէս՝ առանց յապաղման:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումներուն աղէտէն առաջ իսկ անձնական միջոցներով կատարուած երկու տարբեր անպաշտօն հարցախոյզներու արդիւնքները ցոյց կու տային, որ լիբանանահայ գաղութին մեծամասնութիւնը որոշած էր դուրս գալ երկրէն: Աղէտէն ետք հաւանաբար ա՛լ աւելի մեծ դարձաւ այդ միտումը: Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան՝ Պէյրութ այցէն վերադարձին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ գաղութին երեք քառորդը որոշած է դուրս գալ քաոսային վիճակի մէջ յայտնուած այդ երկրէն: Հայութիւնը հոն այսօր կը դիմագրաւէ չորս սպառնալիք ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ՝ պսակաձեւ ժահրը, երկրի ֆինանսական համակարգի փլուզումը, թրքական բացայայտ, լկտի եւ օրէ օր աւելցող միջամտութիւնը, եւ պայթումներուն պատճառած վնասները:

Մեր համոզումով, նոյնիսկ համահայկական – ներառեալ Հ. Հ.ի պետութիւնը – ուժերու մէկտեղումով չենք կրնար այս մարտահրաւէրները դիմագրաւել Լիբանանի սահմաններուն մէջ: Խելամտութիւնն ու ազգային գերակայ շահը կը պահանջեն, որ Լիբանանին ու Սուրիոյ կառչած մնալու անհեռանկար կոչեր արձակելու փոխարէն, հայրենադարձութիւններու ալիքները յաջող կատարելու եւ իրենց արդիւնաւէտ աւարտին հասցնելու քայլերու ձեռնարկուի անմիջապէս: Յիշեցնենք՝ 1946-1948-ին, Կիլիկիոյ Աթոռի գահակալ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսը, ՇԱՏ ԼԱՒ ԳԻՏՆԱԼՈՎ, թէ Խորհրդային Հայաստանի մէջ կը տիրեն Սթալինի սարսափն ու համաշխարհային կործանարար պատերազմի հետեւանքով յառաջացած ծանրագոյն կենսապայմաններ, Պէյրութի նաւահանգիստ անձամբ երթալով կ’օրհնէր հայրենա-դարձներու կարաւանները: Այսօր հայրենական պետութեան մէջ պայմաններն անհամեմատ բարւօք են:
Կը գիտակցինք, որ հայրենադարձութիւնը չի կատարուիր միայն նշանախօսքերով: Ան կարիքն ունի բազմաթիւ պայմաններու բաւարարման, որոնց մէջ առաջնային է հայրենադարձներու ապահովումը բնակարաններով: Եթէ հայրենադարձներուն ՉԽԱՆԳԱՐԵՆ, մարդիկ քարէն իսկ կրնան իրենց հացը ճարել:

Տասնեակ հազարներու հայրենադարձութեան բնա-կարանաշինութեան համար հարկաւոր է ոչ թէ քանի մը տասնեակ միլիոն տոլար, այլ՝ քանի մը հարիւր միլիոն: Հասկնալի է, որ Հ. Հ.ի պիւտճէն չի կրնար այդպիսի գումարներ տրամադրել: Զանազան ուրիշ պատճառներով ալ, կը նախընտրենք, որ պետական գումարային ուղղակի ներդրում չկատարուի հայրենադարձներու բնակարանաշինութեան մէջ:
Մեր համոզումով, հարկաւոր է համահայկական ներ-դրումային ընկերութիւն հիմնել՝ սկզբնական շրջանին առնուազն 100 միլիոն տոլար դրամագլուխով: Կարելի է օգտուիլ լիբանանահայ ներդրողներու՝ շուրջ 15 տարի առաջ հիմնած ու ՇԱՏ ՅԱՋՈՂ գործող ԱՌԻ (Artsakh Roots Investment) ներդրումային ընկերութիւն-ծրագիրի օրինակէն: Այդ ընկերութիւնը ներդրումներ կը կատարէ Արցախի ազատագրուած տարածքներու բնակարանաշինութեան ոլորտին մէջ՝ տարեկան ապահովելով 9 տոկոսի շահոյթ, որուն 6 տոկոսը կը տրուի ներդրողներուն, իսկ 3-ը կը պահուի ընկերութեան զանազան ծախսերը հոգալու համար: Ներդրումներուն երաշխաւորը Արցախի Հանրապետութիւնն է: Ընկերութեան դրամագլուխն ու ներդրողներուն թիւը, շնորհիւ անոր նուաճած ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ, արդէն բազմապատկուած է:

Նոյնը կ’առաջարկենք կատարել ՀՀ-ի մէջ՝ հայրենա-դարձներուն համար բնակարաններ կառուցելով եւ զանոնք 20-25 տարի մասնավճարներու դիմաց սեփականութեան իրաւունքով տրամադրելով: Երաշխաւորը թող ըլլայ Հ. Հ.ը: Այդ կը նշանակէ՝ 1. ընկերութիւնը զերծ պահել սաշիկ-մաշիկներու 50-50 փայ մտնելու հաւանական բռնարարք-ներէն եւ զոռպաճիներու խանգարիչ ուրիշ քայլերէն, 2. ենթակառուցուածքները ապահովել եւ 3. հարկային արտօնութիւններ շնորհել այդ ընկերութեան:

Նման ընկերութեան կրնան մասնակցիլ նաեւ մեր մեծահարուստ հայրենակիցները: Երկու տարի առաջ, զուիցերիահայ գործարար Վարդան Սրմաքէշը յայտարարած էր հայրենադարձութեան ծրագիրներու համար 100 միլիոն տոլար տրամադրելու մասին: Շատ ճիշդ պիտի ըլլար, որ պարոն Սրմաքէշը ի՛նք ըլլար նախաձեռնողը այդ համահայկական ներդրումային ընկերութեան, որով յաւելեալ վստահութիւն կը ներշնչուէր ներդրողներուն:

Ժամանակն է անցում կատարելու բարեգործութենէն դէպի շահութաբեր ներդրում, մանաւանդ որ վերջինիս արդիւնա-ւէտութիւնը անհամեմատ մեծ է, աւելի կայուն եւ մնայուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *