Posted on September. 19. 2020
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի (ՄԻԵԴ) նախագահ Ռոպերթ Սփանօ անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախա-րարին հրաւէրով այցելեց Թուրքիա: Սփանօ հանդիպեցաւ նաեւ նախագահ Էրտողանի հետ եւ դասախօսեց Թուրքիոյ արդարադատութեան ակադեմիոյ մէջ:
Թէեւ ՄԻԵԴի նախագահը իրաւունք ունի այցելելու որեւէ երկիր, սակայն խիստ անտեղի է անոր՝ Պոլսոյ համալսարանի իրաւագիտութեան պատուաւոր դոկտորի կոչումը ընդունիլը:
Քանի մը յայտնի թուրք իրաւապաշտպաններ գրեցին ծաւալուն յօդուածներ, որոնցմով քննադատեցին Սպանօն՝ իր այցելութեան եւ պատուաւոր դոկտորի կոչումը ստանալուն համար:
Թուրք նախկին դիւանագէտ Այտին Սելչըն յայտարարեց, որ Սփանօ «պիտանի չէ ՄԻԵԴը նախագահելու»: Քաղաքագէտ, ակադեմիկոս Ճենկիզ Աքթար Սփանոյի այցը համարեց «գայթակղեցուցիչ» եւ յորդորեց զայն հրաժարական տալու: Արտաքսուած թուրք լրագրող Ճան Տունտար գրեց, որ Սփանօ «երեք օրուան մէջ ոչնչացուց ՄԻԵԴի 30ամեայ հեղինակութիւնը»: «Ահուալ Նիւզ»ը մէջբերեց յայտնի թուրքերու քանի մը այլ քննադատական մեկնաբանութիւններ` Թուրքիա կատարած Սփանոյի անյաջող այցելութեան մասին:
Այս քննադատներէն մէկը՝ Մեհմեթ Ալթան, կարգին է Պոլսոյ համալսարանի այն 192 դասախօսներուն, որոնք աշխատանքէ հեռացուեցան Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի դրդումով:
Կիւլենի արգիլուած կրօնական խումբին գոյութիւն չունեցող իր անդամութեան համար բանտարկուած Ալթան դատական հայց ներկայացուց ընդդէմ Պոլսոյ համալսարանին՝ աշխատանքէն իր հեռացումը չեղեալ յայտարարելու համար։ Էրտողան նաեւ աշխատանքէ հեռացուց առաւել քան 150 հազար պետական ծառայողներ եւ քննութիւն բացաւ Թուրքիոյ շուրջ 600 հազար քաղաքացիներու դէմ, որոնցմէ 100 հազարը ձերբակալուեցաւ իսլամիստական կիւլենական շարժման պատկանելու շինծու պատրուակով: Խումբը կը մեղադրուէր՝ 2016ին Էրտողանի դէմ յեղաշրջման փորձ կազմակերպելու յանցանքով:
Թրքական «Ահուալ Նիւզ» կայքը 31 Օգոստոս 2020ին տեղադրեց «ՄԻԵԴի Ղեկավարը Պոլսոյ Համալսարանէն ԿրնայՍտանալ Վիճայարոյց Պատուաւոր Դոկտորի Կոչում» վերնագիրով յօդուածը։
«Ահուալ» յայտնեց, որ Ալթան Սփանոյի ուղղուած եւ թրքական լրագրողական P24 հարթակի կայքին վրայ հրապարակուած բաց նամակին մէջ յորդորած է զայն չընդունելու թրքական հրաւէրը: «Ես չեմ գիտեր, թէ որքան հպարտութիւն կայ համալսարանի մը պատուաւոր անդամ ըլլալուն մէջ. համալսարան մը, որ կը դատապարտէ հարիւրաւոր դասախօսներ գործազրկութեան եւ աղքատութեան՝ զանոնք անարդարօրէն հեռացնելով դպրոցէն», գրած է Ալթան:
«Համալսարանը, ուրկէ դուք դոկտորի կոչում կը ստանաք՝ ներառուած է իբրեւ «պատասխանող հաստատութիւն» ինծի պէս դասախօսներու դատավարութեան մէջ. անոնք հեռացուած են հրամանագիրովգգգ: Այս գործերը դեռ ընթացքի մեջ են, եւ հաւանական է, որ անոնք կը հասնին ՄԻԵԴին, զոր դուք կը նախագահէք», ըսաւ Ալթան Սփանոյին՝ շարունակելով. «Մարտ 2018ին, ՄԻԵԴի երկրորդ բաժինը, ձեր նախագահութեամբ՝ ստեղծեց նախադէպ մը համընդհանուր օրէնքին մէջ եւ որոշեց, որ խախտուած է իմ անձնական ազատութեան եւ անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ ազատ արտայայտուելու իրաւունքը: Թուրքիան մեղաւոր ճանչցուեցաւգգգ: Էրկին Էրկուլ, որ Թուրքիոյ կողմէ նշանակուած էր այդ գործով, միակ դատաւորն էր, որ անհամաձայնութիւն յայտնեց եւ յառաջ տարաւ այնպիսի փաստարկներ, զորս դուք գրեցիք «դէմ քուէարկութիւն» ընդդէմ դէմ քուէարկութեան, եթէ չեմ սխալիր, առաջին անգամ ՄԻԵԴի պատմութեան մէջ, եւ միւս անդամները հետեւեցան ձեզի»:
«Ահուալ» յայտնեց, որ ՄԻԵԴի մէջ եղած են առաւել քան 60 հազար անհատական բողոքներ, որոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ մէջ իրաւունքներու եւ ազատութիւններու խախտումներու:
Եաւուզ Այտին, որ նոյնպէս 4500 դատաւորներու եւ դատախազներու հետ հեռացուած էր աշխատանքէ, գրեց յօդուած մը՝ «ՄԻԵԴի Նախագահին Պատուոյ Փորձութիւն Կը Սպասուի Թուրքիոյ Մէջ» վերնագիրով, որ 2 Սեպտեմբեր 2020ին հրապարակուեցաւ «Ահուալ»ի մէջ:
«Նախագահ Սփանօ անկասկած տեղեակ է Թուրքիոյ մէջ օրէնքի գերակայութեան վատթարացման մասին։ Իբրեւ պատուաւոր մարդ, որ տարիներ շարունակ որոշումներ տուած է Թուրքիոյ վերաբերեալ գործերով, անոր այցելութեան նպատակը չի կրնար դիտուիլ այլ կերպ, քան բացէ ի բաց ու համարձակօրէն գոռալ փաստերու մասին՝ պետական մարմիններու դէմքին», կը գրէ Այտին ՝ աւելցնելով. «ՄԻԵԴի նախագահը շատ լաւ գիտէ, որ 2017ի սահմանադրական փոփոխութենէն ի վեր նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ մէջ կառավարութիւնը վերածած է մէկ մարդու կառավարութիւն: Ինչպէս Վենետիկի յանձնախումբը բացայայտ քննադատութեան ենթարկած է՝ Սփանօ գիտէ, որ Թուրքիոյ մէջ այլեւս իշխանութիւններու եւ անկախ դատական համակարգի տարանջատում գոյութիւն չունի։ Աւելին, ան չի կրնար տեղեակ չըլլալ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի թիւ 2156 (2017) բանաձեւին մասին, որմով Եւրոպայի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիա մտած է հսկողութեան տակ գտնուող երկիրներու խումբին մէջ։ Այս որոշումը կը նշանակէ, որ Թուրքիա այլեւս չի համապատասխաներ Քոփենհեկընի յայտնի չափանիշներուն, եւ, հետեւաբար, չի կրնար իրաւասու համարուիլ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար տարուող բանակցութիւններուն մէջ»:
Այնուհետեւ Այտին շարք մը առաջարկներ կ՛ընէ՝ յուսալով, որ Սփանօ կը հետեւի անոնց՝ Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին.
– Կոչ ընել Էրտողանին՝ վերադառնալու դէպի ժողովրդավարութիւն եւ վերականգնելու օրէնքի գերակայութիւնը երկրին մէջ:
– Թուրք ղեկավարներուն յիշեցնել Եւրոպական դատական խորհուրդներու ցանցին մէջ Թուրքիոյ դատաւորներու եւ դատա-խազներու խորհուրդը դիտորդի կարգավիճակէն զրկելու որոշման մասին: Ան նաեւ պէտք է յիշեցնէ Թուրքիոյ Դատական ակադեմիոյ (ԹԴԱ) թեկնածու դատաւորներուն, թէ ինչո՛ւ Եւրոպական դատական ուսուցման ցանցը 2016ին ԹԴԱն հեռացուցած է դիտորդի անդամութեան կարգավիճակէն:
– Ըսել անոնց, որ գործող դատաւորները եւ յեղաշրջման փորձէն ետք նշանակուած 10 հազար նոր դատաւորները յաճախ քաղաքական կողմնակալ վերաբերում ունին օրէնքը կիրարկելու մէջ եւ կոչ ընել՝ անտեսելու Պալատի, Սահմանադրական դատարանի եւ այլ բարձր ատեանի դատարաններու քաղաքական ճնշումը:
– Յիշեցնել անոնց, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով վճռուած է, որ Թուրքիա խախտած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական համաձայնութեան 18րդ յօդուածը:
– Ըսել Թուրքիոյ ղեկավարներուն, որ անոնք պէտք է անյապաղ ազատ արձակեն մեկուսարան գտնուող հարիւրաւոր դատաւորները եւ վերականգնեն անոնց եւ բոլոր գործէ արձակուած՝ անոնց 4000 գործընկերներուն պաշտօնները։
Այտին կը յորդորէ Սփանօն՝ «հրաժարելու պատուաւոր դոկտորի կոչումէն նոյնիսկ նախքան թրքական հող ոտք դնելը՝ հզօր ուղերձ փոխանցելով բոլոր կողմերուն՝ նախքան անոնց հետ անձամբ հանդիպիլը: Հակառակ պարագային, Սփանոյի այցելութեան միջոցով դրսեւորուած բարի կամքը ոչ միայն պիտի վատնուի, այլեւ պիտի ծառայէ իբրեւ յաղթաթուղթ կառավարութեան եւ Էրտողանի համար, որ այդ շարժելաձեւը կ՛օգտագործէ՝ իբրեւ իր տիրապետութեան տակ գտնուող երկրին մէջ տեղի ունեցող ապօրինութիւններու գնահատման եւ օրինականացման նշան»։
Դժբախտաբար, Սփանօ անտեսեց թուրք իրաւապաշտպաններու տուած բոլոր բարի խորհուրդները եւ այդպիսով խաթարեց թէ՛ իր, թէ՛ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի հեղինակութիւնը:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ