Հայաստանը Հանրապետութիւ՞ն է, թէ՝ «Անիծուած Ստրկապետութիւն»

Posted on January. 16. 2021

Թիւ 1764, Յունուար 15 – 21, 2021


ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի


Երեւոյթները շատ յաճախ խափուսիկ կրնան ըլլալ:

Իբրեւ թէ 1991ին անկախացաւ Հայաստանը:

Իբրեւ թէ հայրենասէր, ազգասէր եւ պետականասէր իրերայաջորդ ռեժիմներ նախագահութեան պաշտօնի տիրացան սկսած 1991ին Լեւոն Տէր-Պետրոսեանէն, յաջորդուած՝ Ռոբերտ Քոչարեանով, Սերժ Սարգսեանով եւ վերջապէս Նիկոլ Փաշինեանով:

Սակայն իրականութեան մէջ, Հայաստանը եւ Հայութիւնը ինկան անէծքի Եւ ատրկութեան մէջ:

1991-ին հազիւ թէ Հայաստան անկախացաւ, ան անցաւ ստուերային կլանային համակարգի վերահսկողութեան տակ: Մաֆիաներ, քրէական խմբակցութիւններ եւ մասամբ նորին:

Լայնամասշտապ ապօրինի իւրացում պետական քոյքերու, գործարաններու եւ տնտեսական փլուզում: Մասսայական աշխատատեղերու անհետացում: Թշուառութիւն ու հայաթափում:

Իբրեւ թէ պատշաճ հայրապետական ընտրութիւններ կայացան 1999ին, Ամենայն Հայոց նոր կաթողիկոս ընտրելու համար:

Սակայն իրականութեան մէջ, Գարեգին Բըըը-ն 20 միլիոն տոլար կաշառքով «գնեց» Սուրբ աթոռը օրուան Վարչապետ Վազգէն Սարգսեանէն: Այդ` 20 միլիոն տոլարի կաշառքի փողը « տրամադրուած» էր Գարեգին Բըը-ի սիրուհի՝ ՀԲԸՄ-ի մէնատէրեր Լուիզ Մանուկեան Սիմոնի եւ Պերճ Սեդրակեանի կողմէ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՉԱՐԻՔ ՈՒ ԱՆԷԾՔ Ա. ՌՈԲԵՐՏ ՔՈՉԱՐԵԱՆ-ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԱ-ՂԱՌԱԲԱՂԵԱՆ ՄԱՖԻԱՆ
Կարծես թէ հայրենի եւ Սփիւռքի ժողովուրդի գլխին պատուհաս դարձած «հայաստանեան մաֆիան» չեր բաւեր, 1997-1998-ին «հայաստանեան» մաֆիային եկաւ միանալու այսպէս կոչուած «ղարաբաղեան կլանը — մաֆիան» գլխաւորութեամբ՝ Ռոբերտ Քոչարեանին եւ Սերժ Սարգսեանին:

Ստրկապետութիւնը որ սկսած էր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ռեժիմով, անխափան տարածուեցաւ Քոչարեանի եւ Սարգսեանի ներքոյ:

Կարծես թէ այս բոլորը չէին բաւեր, 1999ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնն ալ ինկաւ գողապետականներու ճիրաններուն մէջ Գարեգին Բ-ի բռնազաւթումովը Մայր Աթոռին:

Մօտ 23 տարի առաջ, «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»Շաբաթաթերթի մէջ յստակ նշուած էր թէ «Հայաստան կը գտնուի ներքին շրջափակման մէջ է»: Պատճառը որ այդպէս գրած էր այս յօդուածագիրը որովհետեւ ան խորապէս համոզուած էի որ Հայաստանն ու հայութիւնը ինկած էին անէծքի Եւ ստրկութեան վիհը: Նոյն ժամանակներուն նաեւ գրած էի թէ «Հայաստան Աշխարհը 1%-ին մէնաշնորհը չէ>։

Յետ-44 օրեայ պատերազեան այս ժամանակներուն, առաջին հայեացքէն այնպէս կրնայ թուիլ որ հայ ժողովուրդը ներկայ իրավիճակէն կրնայ դուրս գալ միասնականութեամբ եւ համերաշխութեամբ եւ յետոյ ամեն ինչ լաւ կþըլլալ:
Չի բաւեր։ Հարկաւոր է կազմակերպուած եւ հարուածային միասնականութիւն եւ համերաշխութիւն։ Հարկաւոր վճռականօրէն եւ կտրականօրէն արմատախիլ ընել ազգային չարիքն ու անէծքը.

ԱԶԳԱՅԻՆ ՉԱՐԻՔ ՈՒ ԱՆԷԾՔ Բ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ-ի, ՅՈՎՆԱՆ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵԶՐԱՍԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՖԻԱՆ

Ներկայիս ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Սուրբ աթոռը սրբապղծուած է որովհետեւ այնտեղ ապօրինի բազմած է քրէագործ-յանձագործ Գարեգին բըըը-ն: (Կարդալ՝ Անթօ Սահակի յօդուածը՝ էջ 3)

Համայն հայութեան պարտականութիւնն է մաքրազարդել Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւ անոր սրբակեաց նստավայր Մայ Աթոռը ի Սուրբ Էջմիածին:
Գարեգին Բ-ի եւ իր համագիւղացի «սովխոզ»ցիներու մասսայական պաշտօնազրկում, սկսած՝ Գարեգին Բըըըը-էն մինչեւ Մոսկուայի մանկապիղծ Եզրասը որ Գարեգին Բըըը-ի եղբայրն է, մինչեւ Արեւմտեան Թեմի Յովնան արք. Տէրտէրեանը, մինչեւ միւս համագիւղացիները յանձինս՝ Մանուկ Մարգարեանի որ անէծք կարդալով, գողութեամբ, ստախօսութեամբ, զեղծարարութեամբ եւ այլ անբարոյական եւ քրէական արարքներով զբաղուած է անմեղ հայ հաւատացեալներու դէմ, մինչեւ Մանուկի որդին Յարութ Մարգարեանը որ բազմած է Արեւմտեան Թեմի ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին եւ անբաժան մէկ մասնիկն է Գարեգին Բ-Յովնան-Եզրաս միջազգային մաֆիային:
Եւ այս պատկերը կը կրկրնուի աշխարհի շուրջ տարբեր թեմական առաջնորդութիւններէ ներս: Որտեղ որ փողով հարուստ թեմ կայ, այնտեղ Գարեգին Բըըը-ն բռնի «տեղաւորած» է իր զինակիցները ստեղծելով միջազգային քրէական «քարթել»ը:

Բարեբախտաբար, Սփիւռքը կը դիմադրէ։ Որովհետեւ հայ եկեղեցական օրէնսդրութիւնը-սահմանդրութիւնը կը գործէ եւ կը պաշտպանէ հայ հաւատացեալին։ Որպէս հետեւանք՝ Սփիւռքի մէջ Գարեգին Բ-ի, Յովնան Տէտէրեանի եւ Մոսկուայի Եզրասի մաֆիան խայտառակուեցաւ:

Մի քանի տարի առաջ Գարեգին Բ փորձեց չարափոխել եկեղեցւոյ սահմանադրութիւնը մի քանի թեմական առաջնորդութիւններէ ներս ներառեալ Ամերիկայի արեւելեան թեմի: Գարեգին Բ-ն փորձեց ջնջել հայ աշխարհականներու ժողովրդավարական իրաւունքները հայ եկեղեցիէն ներս։ «Սակայն ան ուժեղ դիմադրութիւն գտաւ իր դէմ երբ ամերիկահ մեր եղբայրները որոնք քաջածանօթ են իրենց սահմանադրական իրաւունքներուն թոյլ չի տուին որ Գարեգին Բ իրաւազրկէ զիրենք: Ամերիկահայերը իրենց թեմի եկեղեցական օրէնսդրութիւնը իրենց ատամներով պաշտպանեցին», վերջերս նշեց յայտնի հրապարակագիր եւ հրապարակախօս Ոսկան Մխիթարեան USA ARMENIAN LIFE TV-էն ի ելոյթի ընթացքին:

Հայ Եկեղեցին Սփիւռքի եւ ազատ աշխարհի մէջ. Քայլ դէպի առաջ:
Սակայն Հայ Եկեղեցին Հայաստանի եւ նախկին Սովետի տարածքին մէջ. Քայլ դէպի ետ: Քայլ դէպի միջնադար: Որովհետեւ այնտեղ գոյութիւնը չունի հայ եկեղեցական օրէնսդրութիւն-սահմանդրութիւն։ Հարկաւոր է ժամ առաջ հաստատել եւ պաշտպանել հայրենի հաւատացեալներու իրաւունքները Հայ եկեղեցիէն ներս։

Այլապէս՝ Գարեգին Բ-ի մաֆիայի նախաձեռնած ստրկատիրութիւնը Հայաստանի եւ նախկին Սովետի տարածքին մէջ Հայ Եկեղեցիէն ներս եկեղեցին պիտի շարունակէ աւերներ գործել հայ հաւատացեալներուն դէպի ետ տանելով հազարաւոր տարիներ:

Ինչպէ՞ս ձեռբազատուիլ ազգային չարիք «գարեգինական» անէծքէն եւ «ռոբասերժական» ստրկապետութենէն:

Ամեն ինչ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն ակնկալելը իրատեսական չէ: Եթէ սպասենք որ Փաշինեանի վարչակազմը պիտի առանձինը հրաշքներ պիտի գործէ ապա չարաչար կը սխալինք: Եթէ մենք կ?ուզենք գերիշխան Հայաստան, ապա ուրեմն իւրաքանչիւրս պէտք է դառնանք գերիշխան քաղաքացի:

Հոս տեղին է նշել թէ իսկապէս քաջալերական է այն երեւոյթը որ հայրենի եւ սփիւռքահայ ականւոր դէմքեր ինչպիսիք են յայտնի հրապարակախօս Ալիս Սողոմոնեան, քաղաքագէտ պրոֆ. Լեւոն Շիրինեան եւ հետազօտող լրագրող, Հայաստանի Բանակի նախկին ռազմական ոստիկան Վարդան Ղուկասեան եւ բազմաթիւ անձնաւորութիւններ անվախօրէն կը բարձրաձայնեն Գարեգին Բըըը-ի եւ ռոբա-սերժական նախկին գողապետական ռեժիմներու քրէական մասսայայակն արարքներու մասին։

Ի վերջոյ, հայոց պետականութիւնը ոչ մէկ խմբաւորումի մէնաշնորհը չէ։ Այլ կը պատկանի իւրաքանչիւր ԳԻՏԱԿԻՑ քաղաքացիի:

Եթէ դուք պետական համակարգէն ներս տեղեկութիւն կամ փաստեր ունիք ապօրինի արարքներու մասին կամ թալանչիներու եւ քրէագործներու կատարածներուն մասին յանձնեցէք վարչապետին եւ պահանջեցէք որ իշխանութիւնները իրենց պարտականութիւնները լիուլի կատարեն ի ծառայութիւն հայոց պետականութեան:

Նոյնը կը վերաբերի եկեղեցիին: Ներքին տեղեկութիւնները եւ փաստերը որոնք կը բացայայտեն Գարեգին բ-ի «քարթելի» յանցա-գործութիւնները հարկաւոր է ժամ առաջ ժողովուրդի սեփականութիւնը դարձնել որպէսզի հայ հաւատացեալները որոնք իսկական տէրերն են Հայց. Առաքելական Եղեկեցւոյ պէտք եղած քայլերու դիմեն եւ վերջնականապէս ձեռբազատուին հայ ազգին գկխին պատուհաս եւ անէծք դարձած Գարեգին Բ-էն եւ իր կլանակիցներէն:

Մի սպասեցէք որ ուրիշը ընէ ձեր պարտականութիւը: Իւրաքանչիւրս ի՛ր պարտականութիւնը պէտք է ընէ:

Ամեն ինչ ընել է հարկաւոր որ ոչ մէկ կերպ նախկին գողապետականները չի վերադառնան իշխանութեան եւ Գարեգին Բ ու իր մաֆիան շարունակեն բռնազաւթել Մայր Աթոռը:

Ամէն ինչ պէտք է ընել, հզօր հաւատքի կեդրոն՝ Սուրբ Էջմիածինը փրկելու համար ներքին անէծքէն որ կը շարունակէ աւերներ գործել Գարեգին Բ-ի ձեռամբ:

Գարեգին Բըըըն, Ռոբերտ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան, «Սերժի փեսան Միշիկը»՝ Միքայէլ Մինասեան, Արեւմտեան Թեմի Յովնան Տէրտէրեան, Մոսկուայի Եզրասը եւ իրենց զինակիցները պէտք է ժամ առաջ ենթարկուին Հայաստանի «Բռնագանձում՝ ապօրինի իւրացուած հարստութիւններու» օրէնքին:

Գարեգին Բըըը-ն եւ իր մաֆիան պարտական են վերադարձնել բոլոր ապօրինի իւրացումները եւ ինչպէս որ ձեռունայն եկած էին իրենց «Սովխոզ-4» գիւղէն այնպէս ալ պէտք է վերադառնան — ձեռնունայն:

Այդ բոլոր փողերը եւ հարստութիւնները զոր թալանած են, հարկաւոր բռնագանձել քանի որ եկեղեցւոյ: Այդ հարիւրաւոր միլիոնաւոր տոլարները կը պատկանին Հայ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցին ալ կը պատկանի ժողովուրդին: Անոնք կը պատկանին Արցախի պատերազմերուն զոհուած զինւորներու եւ կամաւորներու ընտանիքներուն, վիրաւոր-ւած զինւորներուն, եկրաշարժի աղէտի գօտիի մէջ անտուն մնացած եւ ծայր աստիճան աղքատութեան մատնուած հայ ահաւատացեալներուն:
Ինչպէ՞ս կարելի է լռել երբ հայ մարդը սեփական երթիկի տակ դարձած է տնտեսական փախստական եւ թշուառական ձեռամբ՝ Գարեգին Բ-ի եւ Ռոբերտ Քոչարեան-Սերժ Սարգսեան «մաֆիայ»ի:

Բռնագանձումէ ետք Գարեգին Բըը-ին եւ իր կողմէ ապօրինի կերպով նշանակուած մեղսակից բոլոր եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն եւ աշխարհականներուն փիլոնազրկել եւ ցմահ բանտարկել կամ որպէս այլընտրանք՝ արտաքսել «դեպորտացիա» ընել դէպի Պաքու:

Նոյն ճակատագրին ենթարկել Քոչարեան-Սարգսեան մաֆիային: Բռնագանձում՝ բոլոր ապօրինի իրւրացումներուն ներառեալ սուտ լուրեր տարածող զանգուածային լրատուամիջոցները ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Սփիւռքի մէջ, որոնք կը չարաշահուին Քոչարեանի, Սարգսեանի, փեսայ Միշիկ-Միքայէլ Մինասեանի, Գարեգին Բ եւ Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ:

Գարեգին Բըը-ի մաֆիայի կողմէ այն ազգականները եւ կամակատարները որոնք պետական, եկեղեցական կամ մասնաւոր պաշտօններու «տեղաւորուած» են կաշառքի միջոցով ներառեալ իր եղրօրորդին որ Արմաւիրի շրջանի դատախազի պաշտօնը իւրացուցած է — բոլորն ալ պէտք է պատօնազրկել: Նոյնը՝ այն բոլորին համար որոնք ապօրինի պետական կամ մասնաւոր պաշտօններու տիրացած են Քոչարեան-Սարգսեան մաֆիայի միջոցով, բոլորին ալ հարկաւոր է պաշտօնազրկել:
Նախկին գողապետականները յանձինս Քոչարեանին, Սարգսեանին, «Սերժի փեսայ Միշիկին» եւ իրենց անմինջական զինակիցներուն հարկաւոր է ժամ առաջ զրկել իրենց թալանէն, բռնագանձելով բոլոր իրենց ապօրինի իւրացումները եւ ապա զանոնք հրաւիրել բանտ կամ ալ թող երթան իրենց զարմիկ Ալիեւին մօտ՝ Պաքու:
Նոյնը՝ Գարեգին բըըը-ի հետ:

Հայ հաւատացեալները իրաւասու են եկեղեցին ամենուրեք իրենց վերահսկողութեան տակ վերցնելու, պաշտօնազրկելու եւ փիլոնազուրկ ընելու Գարեգին Բ-ն, Յովնան Տէրտէրեանին, Մոսկուայի Եզրասին, Արարատեան Թեմի Քջոյանին եւ բազմաթիւ այլ մեղսակիցներու եւ իրենց ետ ուղղարկելու Գարեգին Բ-ի հետ իրենց գիւղը՝ «Սովխոզ-4» կամ այլուր: Անշուշտ իրենց ազատ չթողել մինչեւ որ բռնագանձուին բոլոր ապօրինի իւրացումները եւ գողցուած փողերն ու հարստութիւնները որոնք թալանած են Հայ եկեղեցիէն եւ հայ ժողովուրդէն:

Եթէ անէծքի եւ ստրկութեան պատճառները չի վերացուին, անէծքն ու ստրկութիւնը պիտի շարունակեն ներսէն քանդել Մայր Հայաստանն իր Արցախով եւ աշխարհասփիւռ հայութեամբ:

Եթէ այս մաքրագործումը չըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի վրայէն համազգային անէծքն ու ստրկատիրութիւնը պիտի չի վերանան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *