Posted on March. 11. 2021
ԳՐԵՑ՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Յարգարժան պարոնայք,
Երեքդ ալ կը ճանչնամ անձնապէս. առաջինդ՝ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Պէյրութի ՅովակիմեանՄանուկեան երկրորդական վարժարանին մէջ 1970-ականներու առաջին կէսին աշակերտութեանս օրերէն, վերջին երկուքդ՝ Հայրենիքին մէջ Ձեր եւ իմ պատմագիտական եւ հասարակական գործունէութեան շնորհիւ: Հետեւաբար, թոյլ տուէք, որ անկեղծօրէն դիմեմ երեքիդ:
Վերջերս աւարտեցիք Մայր Աթոռի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի հերթական նստաշրջանը: Անոր աւարտին լոյս ընծայուած հաղորդագրութենէն, ի շարս այլոց, կը տեղեկանանք, որ նստաշրջանին «լսուեցին զեկոյցներ եւ քննարկումներ ծաւալուեցին … Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգութեան ընթացքի մասին»:
Նախորդ տարիներուն քանի մը անգամ Մայր Տաճարի հիմնանորոգման (?!) վերջնաժամկէտ տրուած էր հանրութեան, սակայն այդ ժամկէտները երբեք չյարգուեցան: Հիմնական արդարացումը այն էր, թէ նորոգութեան ընթացքին ծագած են անկանխատեսելի խոչընդոտներ, մասնաւորապէս՝ ստորերկրեայ ջուրի հոսքեր, որոնք դժուարացուցած են նորոգութիւնը: Տարակուսանք կը յարուցէ այն փաստը, որ այս անգամ նոր վերջնաժամկէտ, նոյնիսկ մօտաւոր, չի նշուիր: Արդեօք «մոռացութեա՞ն» հետեւանք է այս փաստը, թէ՞ կան մեզի անյայտ պարագաներ…
Այս առթիւ Ձեզի կ’ուղղեմ քանի մը ուրիշ հարցումներ՝ անկեղծ պատասխանի ակնկալիքով.