ՆՈՐ ԽԱՐԴԱՒԱՆՔՆԵՐ ՄԱՍԻՍՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ

Posted on April. 9. 2021

Ո՞վ որուն խրատ կու տայ.
Keghart.org Խմբագրական, 31 Մարտ 2021

Ազգովին կը դիմագրաւենք անորոշ իրավիճակներ՝ 2020-ի Սեպտեմբերին սկսած պատերազմէն եւ հայկական ուժերու պարտութենէն ետք: Մեր երկրին մէջ ստեղծուած է ջղագրգռութեան, անհանդուրժողութեան, փոխադարձ խիստ մեղադրանքներու մթնոլորտ մը, ուր կողմերը իրարու կը վերագրեն պատերազմի խայտառակ ելքին պատճառները: Մտահոգիչ է նաեւ ռուսամէտ երեւալու մէջ նկատուած մրցակցութիւնը, կարծես այդ ըլլար միայն մեր գլխաւոր արժէչափը, որովհետեւ «ռուսամէտ-հակառուս» եզրերը պայմա-նական են եւ անպայման քաղաքական արեւելումի (օրիանտացիա) հետ յաճախ չեն առնչուիր:
Թուենք լոկ քանի մը հատը մեզ յուզող եւ տառապեցնող խնդիրներէն:
1.- Գերիներու վերադարձը եւ զանոնք քաղաքական զիջումներ կորզելու որպէս ճնշամիջոց օգտագործելը:
2.- Հայաստանի Խորհրդային սահմաններու վերանայումի փորձ ի վնաս ՀՀ-ի:
3.- Արցախի գրաւեալ տարածքներու ապագան եւ Արցախի կարգավիճակը:
4.- ՀՀ-էն ներս տիրող ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական քաոսը, որուն հետ կ’առնչուի ՀՀ խորհրդարանական ընտրութիւններու թնճուկը եւ «Իմ քայլականներու» յամառ կեցուածքը:
5.- Ընդդիմադիր ուժերէն ինքնակոչ «Ազգային փրկութիւն»ի ցուցադրած անհանդուրժողականութիւնը:
6.- Դատական, իրաւական եւ ընտրական համակարգերու եւ հիմնարկներու (ինստիտուտ) կողմնակալ գործունէութիւնն ու աչառութիւնը:
7.- Արտագաղթի սպառնալիքը:
8.- Ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան սպառնացող խորթ տեսութիւններ կիրարկելու միտումները:
9.- ՀՀ-սփիւռք տարօրինակ, ոչ-յստակ եւ որեւէ ծրագրաւորումէ զուրկ յարաբերութիւնները:
10.- ՌԴ-Թուրքիա/Ատրպեյճան եւ թրքալեզու ազգութիւններու միջեւ խմորուող համադաշնութեան մը ուրուագծումը:
11.- Ըստ էութեան ՀՀ-ի ենթակայութիւնը ՌԴ-էն:
ՀՀ-ի եւ Արցախի մէջ կատարուած զարգացումները պէտք է դիտել տարածաշրջանային պարունակին մէջ: Մէկ կողմէն Արեւմուտք-ՆԱԹՕ ընդ ՌԴ հակասութիւններու եւ մրցակցութիւններու սրումը, միւս կողմէ ազդեցութեան գօտիներու եւ սահմաններու վերաբաշխման միտումները՝ Կովկասը դրած են կիզակէտի տակ: Յստակօրէն կ’երեւայ տնտեսա-քաղաքական նոր համաձայնութիւններու կամ դաշինքներու ուրուագիծը շրջանին մէջ: Այս ծիրին մէջ արդէն կարելի է ձեւաւորուած նկատել Ռուսաստան-Թուրքիա մերձեցման լուրջ փորձերը, ուր Թուրքիա քայլ մը եւս յառաջխաղացում արձանագրեց շնորհիւ Փութինեան ՌԴ-ի որդեգրած քաղաքականութեան:
Վաղուց Թուրքիայի սանձերը ազատ ձգուած են ԱՄՆ-ի կողմէ՝ այնքան ատեն որ հակա-ԱՄՆ ուժի մը չի վերածուիր անիկա: Ասոր լաւագոյն ապացոյցը եկաւ ՆԱԹՕ-ի Գլխ. Քարտուղար Ճենզ Սթալթէնպըրկէն (Jens Staltenberg), որ բացէ ի բաց յայտարարեց. «Քաղաքականութիւնը բարոյականութենէ զուրկ է, իսկ Թուրքիան կը կռուի ահաբեկչութեան դէմ»: Ուրիշ տեղ մըն ալ ըսած է. «Կը կարծեմ թէ մենք պէտք է հասկնանք Թուրքիոյ կարեւոր դաշնակից պետութիւն մը ըլլալու պարագան: Նայեցէք քարտէսին եւ դուք կը տեսնէք թէ Թուրքիան ծայրայեղօրէն կարեւոր է»: Այսինքն, Արեւմուտքի կողմէ ահաբեկիչ նկատուած ուժերու դէմ սանձազերծուած պայքարին մէջ իրենք դաշնակիցներ են: Այստեղ ի հարկէ դիտաւորեալ կերպով ակնարկութիւն չ’ըլլար թէ ո՞ր ահաբեկիչներու մասին է խօսքը. խօսքը կը վերաբերի միայն Իրանի՞ն, Հըզպոլլայի՞ն, Պաշշար Ասատի Սուրիայի՞ն, հապա ո՞ւր մնացին Իզրայէլն ու Թուրքիան… Սա մեզի քաջ յայտնի «երկու չափ եւ երկու կշիռք» (double standard) արեւմտեան մօտեցումի դասական օրինակ մըն է:
Հետեւաբար հարց կը ծագի՝ ի՞նչ կարելի է սպասել Արեւմուտքէն (իմա՝ ԱՄՆ-էն, Միացեալ Թագաւորութենէն-UK-, Եւրոպական Միութենէն եւ առհասարակ ՆԱԹՕ-էն), որ թոյլ ու հաշուենկատ դիտողութիւններէն բացի ոչինչ ձեռնարկեց Թուրքիա-Ատրպեյճան նախայարձակման օրերուն, մանաւանդ երբ շուրջ 1200 մահմետական ահաբեկիչներ կը մասնակցէին նաեւ Արցախի վրայ սանձազերծուած յարձակումներուն ու տակաւին Իզրայէլեան հսկայական զինուորական գերարդիական էլեկտրոնային սարքեր կու գային համալրելու նախայարձակներու ոհմակները: Հարց կը ծագի՝ որքանո՞վ վստահելի կամ հնարաւոր դաշնակից կարելի է նկատել Արեւմուտքը ընդարձակ առումով եւ որքա՞ն անկեղծութիւն կարելի է ակնկալել անկէ:
Գալով ՌԴ-ին, գոնէ վերջին հինգ տարիներուն, յատկապէս 2016-ին Արցախի վրայ յարձակման օրերուն, ՌԴ պարզապէս իր դէմքը թաքցուց Քրեմլինի պարիսպներուն ետին եւ բաւարարուեցաւ ոչինչ ըսող կոչեր ուղղելով կողմերուն եւ խաղալով «չէզոքութեան խաղաքարթը», որ ըստ էութեան ազրպեյճանամէտ էր, որովհետեւ նախայարձակը Հայաստանի կամ Արցախի ուժերը չէին: Վերջին կեցուածքը նորութիւն չէր հայերուս համար, որովհետեւ անոր նախօրինակը տեսանք Սումգայիթի եւ Պաքուի կոտորածներու օրերուն…
Այսօր պատկերը փոխուած է ի վնաս հայութեան եւ հաւանաբար նաեւ ոչ հեռու ապագային՝ Ռուս ժողովուրդի համար: Մեկուսացուած եւ օլիկարխացուած Ռուսաստանը նախագահ Փութինի իշխանութեան գալով գրեթէ ոչինչ ըրաւ իր ժողովուրդին մէջ ամրապնդելու ժողովրդավարական
սկզբունքները, որոնք դեռեւս 19-րդ դարուն եղած էին ռուս յառաջդիմական պուրժուազիայի գաղափարախօսութեան հիմքերը: «Նոր Ռուսաստանը» կամ Փութինեան Ռուսաստանը փոխանակ զգալիօրէն բարելաւելու ռուս աշխատաւոր ժողովուրդի ու մտաւորականութեան կենսամակարդակը, զգալիօրէն կաղաց, վկայ՝ ռուս ժողովուրդի անձն գլուխ եկամուտը (GDP): Ու՞ր է այն (Խ.) Ռուսաստանը, որ արուեստներու եւ մշակոյթի աշխարհին մէջ չափանիշեր ստեղծած էր, ո՞ւր է այն Ռուսաստանը, որ քիչ թէ շատ միջին մակարդակին համապատասխանող տնային սարքեր եւ ինքնաշարժներ կ’արտադրէր: Ցաւօք սրտի, Հարաւային Քորէայի KIA մակնիշի ինքնաշարժի համազօր մը չկրցաւ շուկայ իջեցնել ցարդ:
Ցաւոք կը նշենք որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կ’արտածէ իր ընդերքի հարստութիւնը եւ ընտրողաբար զինուորական սարքեր ու ռազմամթերք ծախելով կը փորձէ ծփալ: Ահաւասիկ այս պատկերին մէջ կը յայտնուի Թուրքիան, որ կը կատարէ միլիառաւոր տոլարի ներդրումներ եւ կու տայ առանձնաշնորհումներ ՌԴ-ին: Փութինեան Ռուսաստանը շուկայ չունի համաշխարհային ծաւալով, հետեւաբար պէտք ունի Թուրքիոյ եւ այսպէս կոչուած որոշ ատենէ մը ի վեր «Ալթայան» ծրագրի մը ձեւաւորման, որպէսզի թրքալեզու ժողովուրդներու հետ համագործակցելով փորձէ ծփալ եւ զանոնք հեռացնել Արեւմուտքէն:
Հիմա հասկնալի կը դառնայ թէ ինչո՞ւ համար ՌԴ-Թուրքիա-Ազրպեյճան սիրաբանութեան զոհ կ’երթայ Հայաստանն ու Արցախը, ահա թէ ինչո՞ւ համար ՀՀ-էն ներս կը լսուին ազատ ճանապարհային եւ բարեկամական երթեւեկութիւններու մասին արտայայտութիւններ, զորս կ’ուզեն «ծախել» հայ ժողովուրդին: Այս օրերուն պատահական չենք գտներ, երբ փորձ կը կատարուի Թուրքիան թշնամի պետութիւն չներկայացնել, շատ չարծարծել ցեղասպանութեան թեման, կոծկել կամ սառեցնել այս նիւթը…
Հիմա հասկնալի կը դառնայ թէ ինչո՞ւ կը հնչեն ՀՀ-ը եւ Հայ ժողովուրդը «հակառուս» ներկայացնելու տարազումները, որոնք սկսան երեւնալ ռուս մամուլին մէջ՝ Գարեգին Նժդեհի արձանի բարձրացումէն ետք, ահա թէ ինչո՞ւ նոյն այդ մամուլին եւ ընկերային կաշառուած ցանցերէն ներս կը հնչեն հակահայ արտայայտութիւններ, որոնցմէ կու գայ ազրպեյճանական քարիւղի հոտ, եւ ահա թէ ինչո՞ւ սա միամիտ ու ծիծաղելի պատրուակը կը հրամցուի թէ՝ Նախ. Փութին ուզեր է դաս մը տալ Ն. Փաշինեանին, որ փորձեր է Արեւմուտքի հետ որոշ մօտեցումներու մասին մտքերու փոխանակութիւն ունենալ…:
Ո՞ւր կ’երթայ Կրիպոյետովներու, Թոլսթոյներու, Չեխովներու, Չայքովսքիներու, Լերմոտովներու եւ Մայաքովսքիներու Ռուսաստանը…: Պատասխանը թողունք ռուս իրաւ ժողովրդավարներուն, իսկ հայերս մտածենք այս կացութեան մէջէն դուրս գալ նուազագոյն վնասով:
Վիճակը աննախադէպօրէն բարդ է եւ կ’ապրինք հակասութիւններու թնճուկի մը մէջ: Ի հարկէ այս կացութենէն դուրս գալու հիմնական պարտաւորութիւնը կ’իյնայ օրուայ իշխանութիւններուն վրայ, որոնք դրական նշաններ ցոյց չեն տար թէ ունին այդ պատրաստուածութիւնը եւ ունակութիւնը, որովհետեւ փաստօրէն ներկայիս իշխանութիւնը կը գտնուի «Իմ քայլական» միջակութիւններու ձեռքին մէջ: Կը կարծենք թէ մեր հայրենիքը ունի գոյութենական լուրջ խնդիր մը, որ միայն ՀՀ-էն ներս ապրող հայութեան ուսին պէտք չէ ծանրանայ:
Եօթ-ութ միլիոն սփիւռքն ալ պէտք է մասնակից դարձնել որպէսզի համայն հայութեան միասնական ուժերով կարենանք ստեղծել մարմին մը, գերատեսչութիւն մը կամ մտքերու փոխանակութեան յանձնախումբ մը, որ կարենայ իր վրայ վերցնել գոյութենական այս լուրջ մարտահրաւէրը եւ համախոհաբար որդեգրէ ռազմավարութիւն մը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *