Posted on April. 9. 2021
Գրեց՝ ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
Ինձ համար, որպէս մարդ արարած, ստրկամտութիւնը համապատասխան է մահուան։
Ես չեմ ծնած ստրուկ ապրելու։ Ես ծնած եմ ազատ ու անկախ ապրելու։ Ես եղած եմ իմ որոշումներու տէրն ու պատասխանատուն։ Այո՛, թերեւս իմ ողջ կեանքի ընթացքին գտնուած են մարդիկ, որոնք խրատած, թելադրած ու յորդորած են, սակայն վերջին խօսքը իմս եղած է։ Որովհետեւ միշտ ալ այն նոյն համոզումը ունեցած եմ, որ մարդու մը ազատութիւնը կը սկսի ու կ՛աւարտի այնտեղ, ուր ուրիշի մը ազատութիւնը սկիզբ կ՛առնէ։
Ազատութիւնը Աստուածատուր պարգեւ մըն է տրուած մարդուն ու ոչ ոք իրաւունքը ունի խլելու զայն մարդ էակէն։ Ստրկամտութիւնը ի վերջոյ հոգեկան անկումի կ՛առաջնորդէ։
Դժբախտաբար, ժողովուրդներու պատմութեան ընթացքին, եղած են ժամանակներ, ուր իշխող խաւը ժողովուրդը առաջնորդած է դէպի ետ, դէպի ենթակայութիւն, դէպի ստրկամտութիւն։ Մարդիկ ստրկամիտ դարձած են առանց իրենց կամքին։
«Չկայ առաւել անյոյս ստրկութիւն, քան կապանքներէն իրենց ազատ կարծող մարդոց ստրկութիւնը»: Վ. Գիոթէ
Անցնող աւելի քան հարիւր տարիներու ընթացքին, իւրաքանչիւր պետական համակարգ քաղաքական առումով սեղմումներու ենթարկած է իր լուծին ենթարկուած ժողովուրդները, ոչ թէ ինքզինք պաշտպանելու արտաքին ներ-թափանցումներէն ապա ներքին ցնցումներէ խուսափելու համար։ Ժամանակը եկաւ ըսելու, որ սխալած էին։
Թօթափելու համար տարիներու ստրկամտութիւնը, վերջ տալու համար արաբական աշխարհի միահեծան վարչակարգերուն, ժողովուրդներ, բոլոր խաւի մարդիկ փողոց իջան ու իրենց ձայնի ամբողջ զօրութեամբը ազատութիւն ու արժանապատւութիւն պահանջեցին։ Սա եղաւ անկումին յաջորդող վերելքը։
Արաբական աշխարհի կարգ մը երկիրներու մէջ ապրող հայերս անմասն չի մնացինք այդ խմորումներէն։ Դարձանք ստրուկ ու պարտադրաբար սկսանք գովքը հիւսել այն միահեծանին, որ երկիրը վերածեց իր ընտանիքին սեփականութիւնը եղող ագարակի։ Ու ինչպէս արաբ յայտնի վերլուծող մը պիտի ըսէր.- Երկրի քաղաքացիին արտօնուած է բերանը բանալ միայն ատամնաբոյժի մօտ։
Պահ մը մէկդի դնելով Սովետական Միութեան ժամանակաշրջանը, եկէք տեսնենք, թէ ի՞նչ վիճակ ստացան մեր երբեմնի բարգաւաճ գաղութները, սկսեալ Եգիպտոսէն, անցնելով Պարս-կաստանէն ու Իրաքէն, հասնելու համար Սուրիա։
Բառին ամբողջական առումով, քայքայուեցան ու դժբախտաբար հերթը հասնելու է Լիբանանին, հակառակ այն իրողութեան, որ շրջանի միակ ժողո-վրդավար երկիրն է։
Ու այս բոլորէ ետք, տակաւին կարգ մը ազգակիցներ, կը շարունակեն փառաբանել դահիճը։ Ներսը ապրողի պարագային հասկնալի է, ուրիշ ելք չունի։ Իսկ ինչ կը վերաբերի երկրէն խոյս տուողներուն, Եւրոպա, Քանատա, Ամերիկա կամ Աւստրալիա հաստա-տուողներուն, անհասկնալի է։ Կարծէք ուղեղի լուացումը արդարացած է։
Իսկ ինչ կը վերաբերի սփիւքահայ իրականութեան, շատ մը պարագա-ներուն տարբեր չեն միահեծան վար-չակարգերէն։ Եթէ «շարքային»ի մը քննադատես, կարծես իր պատկանած կուսակցութեան կը հայհոյես։ Ասիկա պատճառ կը դառնայ թիրախաւորման ու մեր մտքի պաստառին վրայ կ՛ուրուագծուի Ամենայն Հայոց բանաստեղծ՝ Հովհաննես Թումանեանի «Շուն ու Կատուն» հեքիաթը.-
Էլ անպատիվ, անկարգ խոսքեր,
Էլ հին ու նո՜ր, էլ հերն ու մե՜ր,
Էլ գող Փիսո՜, էլ քաչալ Շո՜ւն…
Որովհետեւ, կարգ մը ստրկամիտ կուսակցական «շարքային»ներու համար, որեւէ (առանձնաշնորհեալ) կուսակցական, Պապէն աւելի անսխալական է, հետեւաբար անքննադատելի։
Ո՞ւր մնաց արդարութիւնը։ Ո՞ւր մնաց ժողովրդավարութիւնը։ Ո՞ւր մնաց ազգի ընդհանրական շահերը։
Ի տես այս հիւանդագին երեւոյթին, մեզի կը մնայ ապաւինիլ Հայ Եկեղեցւոյ Մաշտոցէն բխած ու առ Աստուած բարձրացած Բժշկութեան Աղօթքին, որու բառերը կրկնելով կ՛եզրափակենք։
«Քու ժողովուրդէդ փարատէ՛ ցաւերը եւ բժշկէ՛ հիւանդութիւնները, ո՜վ Տէր, մեր Աստուածը…
Գրեց՝ ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ