Posted on July. 27. 2021
ԳՐԵՑ՝ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Այս նամակը հասցէագրուած է յատկապէս Երուանդ Կոտալազեան (Ազատեան) մակաբոյծ պիղծին, որ տարիներ շարունակ սնանեցաւ Մանուկեաններու եւ ազգային հաստատութիւններու հաշւոյն եւ տակաւին կը շարունակէ, որպէս Թէքէեան Մշակութային Միութեան գերագոյն մարմնի ատենապետ, ապրիլ իր տրամադրութեան տակ գտնուող նիւթական հաշիւներէն-եկամուտներէն, առաւել եւս պարարտանալով:
Ահաւասիկ այս գաճաճ փերեզակը անգամ մը եւս կը փորձէ առատաւորել իմ երկա՜ր տարիներու վաստակս ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս: Լաւ իմացիր ո՛վ անմիտ Երուանդ Ազատեան, ԱՅՍ ԳԼՈՒԽԸ շատ բան տեսած է՝ ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ Ամերիկայի մէջ իմ անցուցած 50 տարիներու կեանքիս ընթացքին, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին անկախ եկեղեցւոյ օրերէն մինչեւ այսօր: Շատեր փորձեցին զիս մրոտել եւ լռեցնել, բայց ո՛չ ոք կրցաւ եւ կրնայ զիս լռեցնել: Դուն, քու ամբողջ կարողականութեամբ եւ աճպարարութեամբդ, միայն ինքզինքդ կրնաս խայտառակել: Այո՛, ո՛չ մէկ դադար իմ նմաններուն, որոնք լրջօրէն մտահոգ են Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայ անփառունակ վիճակով: Չկարծես որ զիս արատաւորելով, կեղծիքներով եւ սուտերով, արեւի լոյսի նման ճառագայթող ճշմարտութիւնները կրնաս ծածկել, որովհետեւ դուն եւ քու նմաններդ մեղսակից էք այս տխուր իրավիճակին, ըլլայ հայրենիքէն ներս եւ կամ սփիւռքի տարածքին:
Տակաւին չենք մոռցած քու եւ քու նմաններուդ ապազգային տխուր դերը որ ունեցաք մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ 1956 թուականէն սկսեալ, ամբողջ սփիւռքը պառակտեալ պահելով ի շահ ձեր անձնական եւ կուսակցական շահերուն. եւ այս բոլորը գործակցութեամբ ու մեղսակցութեամբը համայնավար վարչակարգին որուն հաւատարիմ ծառայողը եղած ես տարիներու ընթացքին: Չհանգչեցաք՝ մինչեւ որ ցուրտ հողին յանձնեցիք երիտասարդ անբասիր եկեղեցականը, յանձինս Երանաշնորհ Զարեհ Հայրապետին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, որուն հնամաշ կօշիկին նոյնիսկ արժանի չէիք:
Անգամ մը եւս կը շեշտենք այս գրութեամբ՝ թէ Թաւշեայ յեղափոխութեան հետ կապ չունին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին դէմ եղած քննադատութիւնները: Ինքզինքնդ մի՛ խաբէր ո՜վ անպատկառ, ո՜չ ալ փորձէ ժողովուրդը խաբել: Տակաւին շաբաթներ առաջ Մայր Աթոռ այցելեցիր քու զօրակցութիւնդ յայտնելու անձի մը որ միայն արհամարհանքը կը վայելէ է իր ժողովուրդին, անձ մը որ կը վախնայ իր ժողովուրդին հետ ըլլալու եւ սպառազինուած ապահովութիւն կը պահանջէ հայրենի իշխանութենէն, ա՛յն իշխանութենէն որուն հրաժարականը պահանջեց հաճոյացնելու համար իր աւազակախումբի անդամներն ու հետեւորդները:
Վերջին 20 տարիներու Գարեգին Բ. կաթողիկոսի մենատիրական եւ կղերապետական աշխատաոճին մօտէն ծանօթ է համայն հայութիւնը: Ժողովուրդը արթնցած է եւ կը պահանջէ իր իրաւունքը ու կը փորձէ իր ձայնը լսելի դարձնել յանուն ճշմարտութեան: Եթէ ըսուածները բացայայտ ճշմարտութիւններ չեն, թող Մայր Աթոռի դիւանը քաջութիւնը ունենայ հերքելու բացայայտումները: Զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ… տակաւին մի քանի շաբաթ առաջ էր երբ Գարեգին Բ Կաթողիկոս փորձեց միջամտել պետութեան մօտ որպէսզի Իզմիրլեան հիւանդանոցի բժշկապետը ազատ արձակուի իր կատարած հակաօրինական խատումներուն համար: Նոյն միջամտութիւնը կատարած էր նաեւ այլ օրինազանցներու պարագային՝ որոնք երեխաներ կը ծախէին յանուն մամոնայի:
Երուանդ Ազատեան, ա՛լ կը բաւէ այս արթնութիւնը կոչես աղանդաւորական շարժում ինչպէս որ ըրիր, երբ Կորիւն վարդապետ իր համախոհներով հրապարակ իջաւ («Նոր Հայաստան Նոր Հայրապետ»ի) կազմակերպութեամբ եկեղեցին մաքրելու լումայափոխներէն. Այլ խօսքով (պիզինէս ) հոգեբանութեամբ եկեղեցականներէն, ինչպէս պիտի ուզէր ըսել Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան:
Աղանդաւորները առաւել քան 30 տարիներէ ի վեր մեծ աշխատանք կը տանին մեր ժողովուրդը սիրաշահելու զանազան ձեւերով, երբ Մայր Աթոռի «ղեկավարութիւնը» այս բոլորը կը դիտէ անտարբերութեամբ, որովհետեւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հացի աւելցուքէն կշտացողները՝ բոլորն ալ զբաղած են անձնական հարստութիւն դիզելու տենչով: Օրինակները՝ շա՜տ: Բացէ՛ք հայաստանեան մամուլը եւ կարդացէ՛ք իմանալու համար կաթողիկոսի անձնական երկյարկանի տուներուն, ջերմանոցներուն, կազատուներուն, անասնապահական կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ առեւտրական այլ հաստատութիւններուն մասին, որոնք այսօր գործող իշխանութեան օրակարգի նիւթ են դարձած ի շարս այլոց, եւ որոնք դիզուած են նախկին ռեժիմի աւատապետներուն հետ ընկերակցութեամբ կեղեքելով հայ ժողովուրդը, ի վնաս անոր բարօրութեան:
Երուանդ Ազատեան՝ կրնա՞ս հակառակը փաստել: Կրնա՞ս արդարացնել բաձրաստիճան եկեղեցականներուն՝ կաթողիկոսէն սկսեալ, ունեցած հարստութիւնն ու անոնց յշփացած կենցաղի տարփանքը: Անշու՛շտ ո՚չ, որուհետեւ այդ սկուտեղէն դուն ալ կ՚օգտուիս ամէն անգամ որ հայրենիք եւ Մայր Աթոռ կþայցելես, ակնկալութեամբ նոր շքանշաններու: Մոռցա՞ր «խնամակալի» պաշտօնդ երբ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ամէն անգամ Նիւ Եորք կուգար ծածուկ հանդիպելու առ որ անկ է: Այսքա՞ն շուտ փթացաւ յիշողութիւնդ…Զարթի՚ր որդեակ, պատերազմի փողն հնչեց:
Երուանդ Ազատեան մի՚ փորձեր զիս վարկաբեկել, կը զղջաս, ակնարկելով որ ես նախկին հոգեւորական մըն եմ եւ չես գիտեր որպէս թէ ես ինչո՞ւ թողած եմ իմ սքեմը եւ հեռացած: Կարճ պարբերութեամբ մը բացատրեմ անգամ մը եւս որպէսզի չգիտցողներն ալ իմանան: Եղած եմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան հպարտ անդամ եւ 12 տարիներ ծառայելէ ետք որպէս վարդապետ՝ հեռացած եմ եկեղեցական ասպարէզէն որովհետեւ չեմ փափաքած ստրկանալ օրուան քեզ նմանող ամիրաներուն եւ կուսակցականներուն, եւ ո՛չ ալ ուզած եմ արժանապատուութիւնս ծախել յանուն մամոնայի: Տարիներու իմ քրտնաջան աշխատանքովս ինծի եւ ընտանիքիս ապահոված եմ բարեկեցիկ կեանք առանց ակնկալելու… որ ազգային հաստատութիւններ ինծի գործ հայթայթեն:
Կամովին եւ խոր համոզումով հեռացած եմ եկեղեցական ասպարէզէն: դժբախտաբար՝ Ազատեան փերեզակը իմ հեռացումս կը տեսնէ որպէս նկարագրի անկայունութիւն: Համոզուած եմ որ ես ներսէն չէի կրնար բան մը բարեփոխել, եւ անոր համար առաջին օրէն իսկ ջատագովը եղած եմ Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան եւ հատորներ նուիրած եմ այդ նպատակին: Հայ եկեղեցին պատանդ է երէկ եւ այսօր Ազատեանի նման ամիրաներուն ձեռքը, որոնք կը կեղեքեն եկեղեցին իրենց անհատական եւ կուսակցական շահերուն համար: Մի՛ ճառէք եկեղեցւոյ միութեան մասին, երբ մեղսակից էք անոր այսօրուան անփառունակ, տխուր վիճակին:
Եթէ Ազատեան կը կարծէ որ մեր հեռուստատեսային հեռարձակումներու մէջ մեր կատարած յայտարարութիւնները կամ բացայայտումները անհիմն են, թող քաջութիւնը ունենայ հակառակը փաստելու: Իմ անձիս հանդէպ կատարուած ցեխարձակումները սուրճի գաւաթ մըն ալ չեն կրնար լեցնել: Եթէ շատ հետաքրքրուած է իմ ամերիկայի հոգեւոր ծառայութեանս պատմութեամբ եւ իմ կատարած եւ յաջողցուցած խիզախ գործունէութեամբ, առ ի զարգացումն իրեն եւ իրեն նման զառածելոց կը թելադրեմ որ կարդան «Վարդապետի մը Ոդիսականը» www. Vanagan.com կայքէջին վրայ:
Ոսկան Մխիթարեան իր ձեռնադրութեան (1966) առաջին օրէն իսկ կը պայքարի եւ պիտի շարունակէ պայքարիլ յանուն ճշմարտութեան եւ ուշ կամ կանուխ պիտի յաջողի իր խոշոր բաժինը բերելու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան աշխատանքին մէջ, ժողովրդային մեծ մասնակցութեամբ: Ազատեանի նման զառամածներուն ժամանակը վաղուց անցած է՝ ինչպէս կը վկայեն ի՛ր իսկ բարեկամները: Լաւ կ՚ըլլայ որ հեռանայ հրապարակէն, կաթողիկոսէն ստացած իր շքանշաններն ալ հետը տանելով:
Կարծէք ժամանակը հասած է որ ես իմ իրաւաբանական աշխատանքներս թողում եւ սպեղանի գտնեմ Երուանդ Ազատեանի յետոյքի մնայուն ցաւին:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
20 Յուլիս, 2021