Լոս Անճելըս Գաւառին Կողմէ Հովանաւորուած Պատգամ. ՔՈՎԻՏ 19-Ի ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԲԺԻՇԿԻ ՄԸ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Posted on August. 30. 2021


Տոքթ. Էրիքա Ֆլորես Եուրիպ, Լոս Անճելըս շրջանի Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունք

Քովիտ 19ի քննութիւնը ի՞նչպէս ինծի կ՛օգնէ կանխարգիլելու վիրուսին տարածումը:

 Քովիտ19-ի քննութիւն կատարելը կ՛օգնէ ձեզի իմանալու եթէ Քորոնավիրուսը ունիք  եւ կը կանխարգիլէ անոր տարածումը ձեր ընտանիքի, ընկերներու եւ համայնքի շրջանակներուն մէջ: Եթէ քննութեան արդիւնքը դրական է, դուք ձեզ մեկուսացէք, որպէսզի վիրուսը չտարածէք: Ձեր շուրջինները տեղեկացուցէք այդ մասին, որպէսզի իրենք նոյնպէս մեկուսանան եւ քննութիւն կատարեն: Այս ձեւով է որ կրնանք կասեցնել վիրուսին տարածումը եւ կանխարգիլել Քովիտ 19-ի հետագայ մագլցումի ալիքները:

Տարբեր տեսակի «Քովիտ-19»ի քննութիւնները տարբե՞ր են իրենց ճշգրտութեամբ: Եթէ այո, ո՞րն է լաւագոյնը:

Կան հիմնական երկու տեսակի Քովիտ 19-ի քննութիւններ՝ մասնկային (molecular) եւ հակաթոյն (antigen). անոնք հաճախ կ՛անուանուին «PCR. քննութիւններ», որոնք ընդհանրապէս աւելի ճշգրիտ են: Անոնք կը տեղի կունենա տարրալուծարանի մէջ եւ արդիւնքը կը ստանաք քանի մը օրէն: Հակաթոյն քննութիւնները, որոնք հաճախ կ՛անուանուին «արագ քննութիւններ», կրնան տեղի կունենա որեւէ տեղ եւ պատասխանը կրնաք ստանալ շուրջ 20 վայրկեանէն: Ուտելիքի եւ Դեղերու Վարչութիւնը (FDA) կը հանձնարարէ քանի մը օրեր անընդմէջ կատարել բազմապատիկ հակաթոյն քննութիւններ՝ կատարելագործելու համար վստահելիութիւնը վիրուսի գոյութեան հաւանականութեան:

Եւ յիշեցէք, որ կարեւոր չէ, թէ ո՛ր տեսակի Քովիտ 19-ի քննութիւն կ՛ընտրէք, պէտք է շատ լաւ որակի նմոյշ մը տալ, որպէսի արդիւնքը ճշգրիտ ըլլայ: Երբ նմոյշը վերցնողը առողջապահութեան պատրաստուած մասնագէտ մըն է, այդ շատ պիտի օգնէ որ վերցուած նմոյշը բարձր որակի ըլլայ: Եթէ դուք՝ անձամբ պիտի վերցնէք նմոյշը ուշադրութեամբ հետեւեցէք ցուցմունքներուն:

Ինչպէ՞ս կրնամ քննութիւն կատարել, երբ իմ բժիշկին գրասենեակը Քովիտ 19ի քննութիւններ չի տրամադրեր կամ տրամադրելի ժամադրութիւններ չունի:

Եթէ չէք կրնար ժամադրութիւն մը ունենալ կամ չէք կրնար կապ հաստատել ձեր բժիշկին հետ, այցելեցէք covid19.lacounty.gov/testing կայքը՝ գտնելու համար ձեզի մօտիկ անվճար  քննութեան վայր մը: Սակայն, կառավարութեան կողմէ ղեկավարուած քննութեան բազմաթիւ վայրերուն մէջ ժամադրութիւն առնելը պայման չէ. ժամադրութիւն ունենալը պարզապէս կը նուազեցնէ սպասելու ժամանակը:

Եթէ արդէն Քովիտ-19ի պատուաստը ստացած եմ, պէ՞տք է դարձեալ հաճախ քննութիւն կատարեմ, նոյնիսկ երբ ախտանշաններ չունիմ:

Ախտի Հսկողութեան եւ Կանխարգիլման Կեդրոնը (CDC) կը հանձնարարէ, որ անոնք, որոնք Քովիտ19-ի որեւէ նշան կամ ախտանշան ունին քննութեան ենթարկուին՝ անոնք պատուաստուած կամ նախապէս ժահրը ունեցած ըլլա՛ն կամ ոչ: Մի՛ մոռնաք, որ  նոյնիսկ եթէ պատուաստուած էք պէտք է քննութիւն ունենաք, երբ շփում ունեցած էք անձի մը հետ, որ Քովիտ 19-ի վիրուսը ունի կամ հաստատուած է որ ունի:

Պատուաստուելու ժամադրութիւն առնելու համար այցելեցէք Vaccinatelasangeles.com կայքը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *