«ԽՍՏԱԳՈՅՆ ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ, ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ԵՒ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՈՉՆՉԱՑՄԱՆ ԶԷՆՔ՝ ԱՀԱ՛ ԵՐԵՔ ՀԻՄՆԱՍԻՒՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ Կ’ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐԱՏԵՒՈՒՄԸ ԻՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ». ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ԽՄԲԱԳԻՐ ՈՒ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

Posted on September. 21. 2021


Խմբագիր ու պատմաբան Գէորգ Եազըճեան արեւ-մտահայ այն սակաւ մտաւորականներէն է, որ հաս-տատուած է Հայաստան, մարդկային ու մտաւոր տարբեր աշխարհահայեացքով։ Հայաստանի անկա-խութեան 30-րդ տարեդարձին առթիւ, ու զեցինք իմանալ իր մօտեցումները հայկական պետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ անորգո յատեւման պայքարին նկատմամբ։
Հարցում ֊ Դուք «հայրենադարձած» մըն էք, ինչպէս կը կոչեն վերջին տասը տարիներուն: Բայց քառասուն տարի շարունակ դուք գործու-նէութիւն ծաւալած էք որպէս Հայ դատի գործիչ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Արդեօք Հայաստան հաստատուելու ընտրութիւնը ձեր յանձնառութեան բնական եւ տրամաբանական արդի՞ւնքն է։

Գէորգ Եազըճեան – Ճշդեմ՝ հայրենադարձած եմ 1993֊ի Դեկտեմբերի վերջէն: Մինչ այդ, 1980֊1988֊ին ու սանած եմ Երեւանի Փոլիթեքնիք հիմնարկին, ապա Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ: 1988֊ի Հոկտեմբերէն 1993֊ի Դեկտեմբեր գտնուած եմ պարտադրուած աքսորի մէջ՝ քաղաքացիութեան երկրիս մէջ՝ Լիբանան. Արցախեան շարժումին գործուն մասնակցութեանս համար խորհրդային գաղտնի սպասարկութիւնները զիս առեւանգեցին 8 Հոկտեմբեր 1988֊ի առաւօտեան եւ չորս ժամ ետք արտաքսեցին դէպի Հալէպ:
Հայրենադարձութեան ընտրութիւնս եղած է լիուլի գիտակցուած եւ ազատ կամքով՝ գաղափարական հիման վրայ, որովհետեւ համոզուած եմ, թէ հայօրէն յարատեւելու միակ երաշխաւորուած վայրը աշխարհի մէջ՝ հայրենական պետու-թիւնն է (Արցախի Հանրապետութիւնը ՀՀ֊ի մարզ կը նկատեմ):

Հ.֊ Ինչո՞ւ ընտրեցիք հայրենադարձութիւ նը։

Գ.Ե. – Հայը կրնայ հոգեպէս հանգիստ զգալ մի միայն իր հայրենիքին մէջ:
Պէտք է վերջ տայի հօրենական եւ մօրենական կողմի նախնիներուս գաղթա-կանի թափառաշրջութեան: Միշտ ինքզինքս օտար զգացած եմ Հայաստանէն դուրս: Զիս անհանգստացնող այդ մշտական զգացումներուն վերջ դնելու համար՝ վերա-դարձայ հարազատ տունս, որմէ նախնիներս հեռացեր էին դարերառաջ: Թափա-ռական խաշնարած ցեղերը նստակեաց դարձան մերհայրե նական հողերուն վրայ, մինչդեռ մե՛նք դարձանք աշխարհով մէկ թափառական: Այս փաստը ամօթալի չէ՞: Ես չուզեցի այլեւս ապրիլ այդ ամօթիզգացումով:

Հ.֊ Որո՞նք եղան ձեր ամենամեծ դժուարութիւնները համարկման առումով։

Գ.Ե. – Նկատի ունենալով, որ 8 տարի ու սանած էի Խորհրդային Հայաստանի մէջ՝ 1993֊ին ՀՀ֊ի մէջ հաստատուելէս ետք համարկման լուրջ դժուարութիւններու չհանդիպեցայ: Այլ խօսք, որ ուսանողութեան սկզբնական շրջանին այդպիսի բազմաթիւ հարցեր ունեցայ, յատկապէս որոշ անընդունելի սովորութիւններու դէմ դիմաց գալու առումով: Բայց եւ այնպէս, մինչեւ այսօր ունիմ համարկուելու մանր խնդիրներ. օրինակ՝ չեմ կրնար հասկնալ հայրենաբնակ ազգակիցներուս մեծ մասին վատնելու հակումը, շէնքերու մուտքերուն եւ աստճաններուն աղտոտ տեսքն ու գարշահոտութիւնը, երթուղային միքրօպիւսներու մէջ իրարու վրայ դիզուած երթեւեկելու անմարդկային փաստը եւ այլն:

֊ Հայաստանի ակադեմական աշխարհին մէջ ինչպէ՞ս կ՚ընկալուին արեւմտա հայ մտաւորականները, որոնց մաս կը կազմէք դուք եւս։

Գ.Ե. – Առանձնապես խտրականութիւն չեմ նկատեր, որոշ պարագաներու կայ նոյնիսկ դրական իմաստով խտրականու-թիւն: Սակայն ոչ քիչ պարագաներու, զուտ անձնական մղումներով (նախանձ, պաշտօնին փարելու հիւանդագին ձգտում եւ այլն) արհեստական խոչընդոտներու կամ անտարբերութեան կը հանդիպիմ, սակայն այդ, շեշտեմ, չեմ ընկալեր իբրեւ հայրենա-հայ֊սփիւռքահայ հակադրութեան դրսեւորում:

Հ.֊ Հայաստան այս տարի կը նշէ անկախութեան 30 տարիները շատ իւրայա-տուկ համածիրի մէջ, մինչ պետութիւնը կը շարունակէ մնալ ծայրաստիճան խոցելի: Ի՞նչ կը մտածէք։

Գ.Ե. – Նախորդ 30 տարիներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանա-ւորները, հազուադէպ բացառութեամբ, «փայլեցան» բացասական կողմերով՝ պետական եւ հանրային ունեցուածքի գողութիւն, մսխումներ, ցուցամոլու թիւն, լկտիութիւն եւ այլն: Մինչեւ որ երկրին ղեկը չստանձնեն մարդկային ու ազգային առաքինութիւններով օժտուած, իրենց ղեկավարելիք ոլորտներուն մէջ մասնագի-տական կրթութիւն ստացած, ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ սրտցաւան ձեր՝ յառաջդիութիւն չենք կրնար ունենալ: Ցաւօք, այդպիսի իշխանութիւն այսօր եւս չունինք եւ դեռ չի նշմարուիր հորիզոնին վրայ:

Հ.֊ Ըստ ձեր ըսածին Հայաստան ունի ընդամէնը երկու տարբերակ՝դառնալ Ռուսաստանի ինքնավար մարզ, կամ «սփիւռք»֊անալ…

Գ.Ե. – Նախորդ հարցումի պատասխանիս մէջ յայտնած ղեկավար քատրերու պարագային՝ ՀՀ֊ը թռիչքաձեւ կը զօրանայ: Այս նպատակին հասնելու համար առաւելագոյնս պէտք է օգտագործուի սփիւռքի ներուժը՝ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ: Ռուսաստանի ինքնավար մարզ կամ նման բան մը դառնալու ամէն փորձի պէտք է ընդդիմանալ ամէն գնով, ընդհուպ համաժողովրդային ազատագրա ան զինեալ պայքար մղելով Խորհրդային Միութիւնը վերականգնել երազող Փու թինի նոր գաղութատիրութեան դէմ: Եթէ Թուրքը կ’ու զէ Հայը մարմնապէս վերացնել, Ռուսը կը ձգտի Հայը իբրեւ տեսակ վերացնել՝ պահպանելով հանդերձանոր գոյութիւնը իբրեւ մարդ, բայց ոչ իբրեւ Հայ, այսինքն՝ ան կը ձգտի Հայերը ձուլել իր մէջ: Ռուսաստանի այսօրուան 2֊2,5 միլիոն սփիւռքին առնուազն 90 տոկոսը պէտք է վերջնականապէս կորսուած նկատել հայ ազգին համար՝ եթէ հրաշք մը չպատահի:

Հ.֊ Դուք չէ՞ք հաւատար սփիւռքին եւ անոր ներուժին կազմակերպուելու կարողութեան… ուրեմն, այժմ ի՞նչ կրնայ ըլ լալ անոր դերը։

Գ.Ե. – Սփիւռքը շատ խայտաբղէտ իրականութիւն է: Իրանի Հայը էապէս կը տարբերի, օրինակ, Արժանթինի Հայէն: Երբեմն՝ նոյնիսկ մէկ երկրի հայկական տար բեր գաղութները շատ տեսակէտներէ կը տարբերին իրար մէ. օրինակ՝ Գամիշլիի Հայը՝ Դամասկոսի Հայէն: Զանազան տուեալներու հիման վրայ եկած եմ եզրա-կացութեան, թէ Սփիւռքը զինք ներկայացնող ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ կառոյց պիտի չունենայ, ուստի ՀՀ֊ը պէտք է գործակցի իւրաքանչիւր երկրի, նոյնիսկ իւրաքանչիւր քաղաքի հայկական գաղութներուն հետ՝ օգտուելու համար անոնց ներուժէն, եւ, փոխադար-ձաբար, ամէն կերպ օգնելով անոնց ինքնութեան պահպանումին: Սփիւռքի գլխաւոր դերը պէտք է ըլլայ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ՝ եթէ անկեղծ է իր հայրենասիրական զգացումներուն մէջ: Հայրենասիրութեան ժամանակները անցած են, եկած է հայրենատիրութեա՛ն ժամանա կը: Եթէ Հայրենիքը բոլորիս տունն է, անոր տիրութիւն ընելն ու անոր բարգաւաճման նպաստելը բոլորի՛ պարտաւորութիւնն է:

Հ.֊ Դուք Հայ դատի նախկին գործիչ էք, եւ դուք կը պատկանիք այն սերունդին, որ մասնակցեցաւ զինեալ պայքարին եւ ականատես եղաւ 1988֊ի Շարժումին: Կը կարծէ՞ք, որ նոր սերունդը կը յաջողի ջահը յանձն առնել։

Գ.Ե. – Հայկական ազատագրական պայքարը երբեք ընդհատում չէ ունեցած, թէեւ վերիվարումներ ունեցած է: Հայը անկանխատեսելի (irrationnel) ժողովուրդ է. ճակատագրական պահերուն երբեմն կը տեսնենք, թէ անպէտ կարծուած հայ ան հատներ անօրինակ հերոսութիւններ կը գործեն, մինչդեռ ամէն օր պայքարէ ճառողներ յանկարծ կը չքանան մէջտեղէն: Հետեւաբար, միշտ լաւատես եմ գալիք սերունդին նկատմամբ: Երիտասարդներուն յաճախ կ’ըսեմ՝ ձեզմէ տարիքով մեծերը միշտ լսեցէ՛ք, բայց անոնց ըսածները մի՛ կատարէք անպայման:

Հ.֊ Դադիվանքի մերձակայքը գտնուող Քարվաճառի շրջանին մէջ կամաւոր մասնակցած էք Արցախեան վերջին պատերազմին, ու նշած էք կարգապահու թեան բացակայութիւնը… Դուք ինչպէ՞ս գացիք հոն։

Գ.Ե. – Շեշտեմ՝ կարգապահութեան գոյութիւնը կամ բացակայութիւնը կախուած էր կամաւորներու գիտակցութնէն եւ հրամանատարներու անձնական որակներէն: Երբ 44֊օրեայ պատերազմը սկսաւ, ուխտաւորներու խումբով կը գտնուէի Գանձա-սարի վանքին ստորոտը՝ Վանք գիւղը: Այդօր Կորիւն վարդապետ Առաքելեանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցէր Հատրութի շրջանի Գտչավանքին մէջ: Սակայն ուխտաւորներով հազիւ ճամբայ ելած՝ պատերազ մը սկսաւ եւ ուխտաւորներուն հետ վերադարձայ Երեւան:


Շատ զղջացի վերադառնալուս համար, սակայն ուխտաւոր սիրելիներս չէի կրնար լքել այդ ծանրագոյն պահին: Յաջորդ օրերուն բազմիցս ձգտեցայ երթալ իբրեւ կամաւոր: Տարիքս պատճառաբանելով՝ զիս չէին ընդուներ մինչեւ որ կամաւորական դասակի փոխհրամանատար ընկերս Երեւան եկաւ որոշ առաքե-լութեամբ, ու երբ ընկերական շրջապատի մէջ հարցուց, թէ ո՞վ կը փափաքի իրեն հետ իբրեւ կամաւոր երթալ Քարվաճառի շրջան՝ անմիջապէս համաձայնեցայ: Զարմացած՝ երեսիս նայեցաւ եւ … ընդունեց զիս: Ուրախութեանս չափ ու սահման չկար: Հոկտեմբեր 16֊ին կամաւորներու փոքր խումբով մեկնեցայ նշուած շրջանը: Շատ բախտաւոր էի, որ իմ գտնուած կամաւորներու դասակին հրամանատարը կարգապահութեան առու մով շատ խիստ, բայց միեւ նոյն ժամանակ շատ հոգատար էր՝ հօր նման: Դժբախտաբար, նոյնը չեմ կրնար ըսել մեզմէ քանի մը տասնեակ մեթր անդին կեդրոնացած կամաւորներու ջոկատին մասին, ուր կարգապահու թեան պակասն ու անփութութիւնը մեծ չափերու հասած էին, եւ այդ պարզ կ’երեւէր: Այդ պատճառներով, անոնք զգալի կորուստներ ունեցան:

Հ.֊ Ձեր կարծիքով, ինչպէ՞ս այդ երեւոյթը հասաւ այդ սահմանին եւ ի՞նչ դասեր դեռ չեն քաղուած։

Գ.Ե. – Մեր պարտութիւնը ոչ մէկ օրուան կամ մէկ տարուան, ոչ ալ մէկ կամ քանի մը հոգիի անպատասխանատւութեան կամ, հասարակ դարձած եզրոյթով՝ դաւաճանութեան, հետեւանք է: Մենք մեր պարտութիւնը կերտեցինք ԱԶԳՈՎԻՆ՝ ՀՀ֊ի մէջ հանդուրժելով ամենաթողութիւնն ու անարդարութիւնը, կեղծ ընտրութիւննե րը, քիլոներով շքանշան-մետալներու բաժանումները, պարապ ձգելով ազատագրուած տարածքները եւ այլն եւ այլն: Մին չեւ որ իւրաքանչիւրս չգիտակցինք մեր սեփական մեղքը պատահած աղէտին մէջ, ամօթ չզգանք, չզղջանք, չապաշխարենք եւ կամք չդրսեւորենք չկրկնելու մեր մեղքերը մեր Սուրբ Հայրենիքի հանդէպ՝ պարտութիւնները կրնան նոյնիսկ շարունակուիլ: Ոեւէ մէ կը կը կասկածի՞, որ եթէ Արցախի տարածքին փոխանակ 120֊140 հազարի, շուրջ կէս միլիոն Հայ ապրէր, պատերազմը այս արդիւնքը կ’ունենար: Անշուշտ ո՛չ:

Ինքնամաքրուիլ. ահա՛ այսօրուան առաջին հրամայականը ըստ ինծի:

Երկրորդ հրամայականն է՝ աշխատիլ, աւելի՛ աշխատիլ, շա՛տ աւելի աշխատիլ՝ պարտութեան հետեւանքները հնարաւորին չափ շուտ վերացնելու եւ նոր յաղթանակներ կերտելու համար: 27 տարուան ընթացքին երկու համաշխարհային պատերազմներու մէջ պարտուած Գերմանիան եւ երկու աթոմական ռումբով հարուածուած Ճափոնը իրենց անձնատւութենէն ընդամէնը մէկ տասնամեակ ետք ոչ միայն շտկած էին իրենց մէջքը, այլեւ թափով սկսած էին յառաջընթաց արձանագրել:

Հ.֊ Որո՞նք են հայկական պետութեան ազգային ինքնութեան կայունութիւնը երաշխաւորելու պայմանները։

Գ.Ե.- Ազգը, հայրենիքն ու ազգային մշակոյթը եռամիասնութիւն են՝ քրիստո-նէական աստուածաբանութեան «Աստուած» հասկացութեան նման՝ երեք անձ, բայց մէկ էու թիւն: Առանց ազգի՝ չկայ ազգային պետութիւն, առանց ազգային մշակոյթի՝ չկայ ազգային պետութիւն, առանց հայրենիքի՝ չկայ ազգ եւ այլն: Հետեւաբար, իբրեւ Հայոց ազգային պետութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան գոյատեւման գլխաւոր երաշխիքներն են ԱԶԳԻ ՀԱՄԱՀԱՒԱՔԸ հայրենական պետութեան տարածքին մէջ, եւ հոն ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՅԹի ծաղկումը: Իսկ մեր ազգային մշակոյթին առանցքը մեր լեզուն է՝ իր մեսրոպեան այբուբենով: Ասոնց պէտք է աւելցնել ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՈՉՆՉԱՑՄԱՆ զէնքի տիրացումը՝ գեր գաղտնի պայմաններու մէջ: ՀՀ֊ի ազգային անվտանգութեան հայեցակար գին մէջ պէտք է ունենանք «Սամսոնի տարբերակը»՝ «եթէ ես պիտի կործանիմ, իմ նկատմամբ անբարեացակամ պետութիւններն ու հաւաքականութիւնները հետս պէտք է կործանեմ»:

Խստագոյն կարգապահութիւն, նուիրեալ աշխատանք եւ զանգուածային ոչնչացման զէնք՝ ահա՛ երեք հիմնասիւնե րը, որոնք կ’երաշխաւորեն Հայութեան յարատեւումը իր հայրենական պետութեան մէջ:

Հարցազրոյցը վարեց `ՏԻԳՐԱՆ ԵԿԱՒԵԱՆ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *