Այսօր՝ Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Մասին Բանակցութիւն, Վա՞ղը …

Posted on January. 20. 2022

ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝

ՙՀԱՅ ԿԵԱՆՔ՚-ի եւ USA Armenian Life-ի

ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ | USA Armenian Life Magazine | Issue #1817

Հայաստանի և Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւն-ներու կարգաւորման շուրջ ընթացող բանակցու-թիւնները կ՛ընթանան խաւարի քողի տակ։

Վերջերս քաղաքագէտ եւ պատմաբան Լեւոն Շիրինեան իր ֆեյսպուքեան էջի վրայ հետեւեալ հարցադրումը կատարեց. «Հայտնի է, որ Թուրքիայի հետ հարաբերութիւնների կարգաւորման առումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը պնդել է հարաբերութիւններիառանց նախապայմանների հաստատման վրայ: Վերջին հաղորդագրութիւններում յայտնւում է,որ Թուրքիան հրաժարուել է նախապայման առաջադրելուց, եւ առաջին հանդիպումը անցել է առանց նախապայմանների: Ստացւում է, որ Թուրքիան ի վերջոյ ընդունել է Հայաստանի պնդումը: Հիմա հարցս. «Ո՞վ է ում նախապայմանն ընդունել ՀՀ-ն Թուրքիայի՞նը, թէ՞ հակառակը»:

Ըստ իս, ամենակարեւորը այն շարք մը ազգային եւ պետական շահերու պաշտպանման եւ զարգացման սկզբունքի կիրառումն է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի* ներկայ եւ ապագայի բոլոր ղեկավարներու կողմէ։ (* = Ներկայ դրութեամբ, դեռեւս լայնատարած Սփիւռքը չէ կայացուցած հանրաքուէ՝ ընտրելու իր ներկայացուցիչները:

Անշուշտ իւրաքաչիւր հարեւան երկրի հանդեպ հայկական պետականութիւնը եւ Հայ Ազգը պէտք է մշակէ երկարահաս եւ կարճաժամկէտ քաղաքականութիւն եւ նաւարկէ ըստ օրուան կարիքներուն եւ նպատակներունառանց ոտնահարելու անձեռնմխելի ազգային-պետական իրաւունքները։ Այսօրուայ Հայաստանը (29,000 քառ. քմ.) կը կազմէ կէսէն պակասը 1918-1920 թուականներու Հայաստանի Դեմոկրատական Հանրապետութեան (60,000 քառ. քմ.) եւ փոքր մասըպատմական Հայաստանի (300,000 քառ. քմ.): Հետևաբար, այսօրուայ, այսպէս կոչուած, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հանդէպ Հայաստանն ու Հայ Ազգը ունին ե՛ւ Արեւմտեան, ե՛ւ Արեւելեան Հայաստանի մէջ բռնազաւթուած հայկական հողերու, 1915-1923ի Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու արեան գնի եւ ապօրինի բռնագրաւուած անձնական եւ անշարժ կալուածներու վերադարձի պահանջատիրութիւն։ Խորապէս կը հաւատամ, որ հայրենի եւ աշխարհասփիւռ հայ ժո-ղովուրդը ամեն բանէ վե՛ր կը գերադասէ վերեւ նշուած արդարապա-հանջութեան անսակարկելիութիւնը։ Այնքան ատեն, որ Թուրքիա չէ ենթարկուած արդարադատութեան, ապա ան սխալ կերպով քաջալերուած կը զգայ կատարելու «երկրորդ եւ վերջին ցեղասպանութիւնը» պատմական Հայաստանի վերջին մնացորդ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի հայութեան դէմ։ Դեռեւս շատերուս յիշողութեան մէջ թարմ է այն փաստը, երբ՝ 2020-ի աշնան հակահայ ցեղասպանական լայնածաւալ եւ աննախընթաց յարձակումէն մի քանի ամիս առաջ Թուրքիոյ նախագահ Էրտօղան բացայայտօրէն կը սպառնար «վերջնականապէս վերացնել եւ բնաջնջել հայ ժողովուրդը»։ Առանց տատամսելու, ան բացէիբաց կը հոխորտար, որ Անգարան եւ Պաքուն «հնարաւոր բոլոր միջոցները» ունին «յաջողութեամբ» գործադրելու «երկրորդ եւ վերջնական ցեղասպանութիւնը» Հայաստանի եւ Արցախի դէմ։ Ինչո՞ւ այսքան բացայայտ եւ անարգել պետական քրէամիտ քաղաքականու-թիւն կը վարէ Թուրքիան։ Որովհետեւ Անգարան դեռեւս անպատիժ կը մնայ 1915-1923 Հայոց Ցեղա-սպանութեան եւ մասսայական հափշտակման եւ զրկուածութեան առնչութեամբ։ Անգարան ու Պաքուն 2020-ի աշնան հակահայ յարձակումին ընթացքին, Արցախի հայութեան դէմ նոյնիսկ օգտագործման դրին «տաիշ»-«ISIS» իսլամական պետութեան ահաբեկիչներու խոշոր բանակ մը։ 1915-ի քրէագործ «բաշի-պոզուկները» օգտագործման դրուած էին թրքական բանտերէն մասսայաբար ազատ արձակուելով: Օրուան եւ գալիք բոլոր ՀՀ իշխանութիւնները եւ Սփիւռքի ղեկավարութիւնը վերեւ նշուածները պէտք է ընդունին որպէս անսակարկելի ազգային իրաւունք։

Մինչ ոչ ոք չի գիտեր ընթացող բանակցություններու վերջնական արդիւնքը, աշխարհիկ հայութիւնը պէտք է կենտրոնանայ շարք մը հրատապ ազգային խնդիրներու լուծումներ փնտրելու վրայ: Ստորեւ ներկայացուած են նման ազգային առաջնահերթութիւններու ութնեակը:

1) ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ ԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ։
Եթէ նոյնիսկ Թուրքիան ընդունի «առանց նախապայմաններու» բնականոնացնել պետական յարաբերութիւնները, Հայաստան եւ Հայ Ազգը աչալուրջ պէտք ըլլայ թոյլ չտալու թրքական ապրանքներու ներխուժումը Հայաստան-Արցախ, որով Թուրքիան կրնայ սիստեմատիկօրէն ոչնչացնել արդեն իսկ թոյլ համարուող հայկական արդիւնաբերութիւնը։
Ընդհակառակը՝ Թուրքիան պէտք առանց նախապայմանի Հայաստանին թոյլ տայ Անգարայի կողմէ բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի վրայով ազատ եւ անկաշկանդ ելք դէպի Սեւ Ծով։

2) ԱՍՅՊԷՍ ԿՈՉՈՒԱԾ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀՈՂԱՅԻՆ «ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»:
Հայաստանն ու Հայ Ազգը երբէք պէտք չէ ճանչնան այսօր, այսպէս կոչուած, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հողային «ամբողջականութիւնը» այնքան ատեն որ արհեստականօրէն ստեղծուած թուրքական հանրապետութիւնները կը շարունակեն բռնագրաւած պահել հայկական, յունական, ասորական, քրդական և սիրիական արաբական հողերը։

3) ԱՐԴԱՐԱՊԱՀԱՆՋՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԱՏՈՒՑՈՒՄ։
Հայաստանը եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը կարիք ունի ամբողջ աշխարհին տեւապէս յիշեցնելու Արեւմտեան «Ուիլսընեան» եւ Արեւելեան Հայաստանի բռնազաւթուած հայկական պապենական հողերու մասինի շարս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ՝ այլ ապօրինի իւրացումներու։

4) ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ-ԲԱՆԱԿ։ Հայաստան եւ Արցախի իրարայաջորդ կառավարութիւնները կարիք ունին մշակելու եւ գործադրելու ժողովուրդը մինչեւ ատամները զինելու մշտական քաղաքականութիւն որպէս ինքնապաշտպանութեան ծնեալ-աստուատուր իրաւունք: Բ Համաշխարհային Պատերազմին Հիտլեր չի հանդգնեցաւ ներխուժել Զուիցերիա, որովհետեւ ամբողջ զուիցերիացի ժողովուրդը մինչեւ ատամները զինուած էին եւ են ցայսօր: ՈՄԱ-Ողջ Մնալու Արուեստ համաժողովրդական զինեալ պատրաստուածութեան շարժումը առաւել զարկ տալ պետական մակարդակի վրայ: Իրո՞ք «Մենք ենք մեր սարերը»: Միայն խօսքով փիլաւ չ’եփուիր: Հարկաւոր է օրինապաշտ քաղաքացիները մինչեւ ատամները զինել եւ նախապատրաստել:

5) ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՋՈԿԱՏՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՍ ԱՇԽԱՐՀԻ։ Հիմա խաղաղութեան համար տարածքաշրջանային երկխօսութիւն կ՛ընթանայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Բայց մարդ չի գիտեր վաղը ինչ կրնայ պատահիլ եւ ոչ ոք թող չի փորձէ «հաւաստիացնել», թէ այլեւս Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը պիտի չի յարձակին Հայաստան եւ/կամ Արցախի վրայ: Հարկաւոր է, որ ժամ առաջ գործադրութեան անցնինք եւ սատար հանդիսանանք մարդասիրական ջոկատներու կազմումի աշխատանքներուն: «Ամերիկեան Հայկական Պետական Անվտանգութեան Հիմնարկութիւնը» -- ԱՀՊԱՀ- The American Armenian Institute for National Security of America (AANSI) եւ անոր հիմնադիր ամերիկահայ եւ ամերիկացի զօրակիցները ղեկավարութեամբ Ամերիկեան Բանակի Գեներալ Մայոր /հանգստեան կոչուած/ Մարք ՄաքՔարլի, անձնուիրաբար նախաձեռնած են ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՋՈԿԱՏՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄի աշխատանքներուն:
Ըստ Գեն. Մայոր ՄաքՔարլիի, ԱՀՊԱՀ- (AANSI) հինգ հարիւր հոգինոց առաջին մարդասիրական ջոկատի կազմումի աշխատանքները արդեն սկսած են: ԱՀՊԱՀ-AANSI (www.aansi.org/) մարդասիրական ջոկատը — ապագային ջոկատները, ազգային աղէտի կամ պետական արտակարգ դրութեան ժամանակ ընդամէնը 96 ժամուայ մէջ զօրաշարժի պիտի ենթարկուին գործուղուելու Հայաստան, եւ ամեն տեսակի շտապ օգնութիւն իրականացնելու կամաւոր մարդասիրական ջոկատներու միջոցով: Հարկաւոր է, որ ամենուրեք՝ աշխարհի հայութիւնը եւ հայասէր ոչ-հայերը միասնաբար հետապնդեն այս բարձր նպատակի իրագործումը:

6) ԱՇԽԱՐՀԱՍՓԻՒՌ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՍԱՅԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒ-ԹԻՒՆ ԵՒ ՈՐԱԿԱՒՈՐՈՒԱԾ ՈՉ-ՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀՈՒՄ։
Հայաստանը դարձնել տարածաշրջանի «Հոնգ Քոնկը»։
Հայաստան եւ Հայ Ազգը բոլոր նախադրեալները ունի Հայաստան-Արցախը դարձնելու տարածաշրջանի տնտեսառազմական, բազմակողմանի եւ բազմաշերտ արդիւնաբերութեան «վագրը», գործող եւ հզօր օրինապաշտ եւ սոցիալապէս աւելի արդար պետութիւն եւ օրինակելի ժողովրդավար համակարգ։

7) ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՐՑԱԽ-ՍՓԻՒՌՔ(Demographic growth) ԺՈՂՈՎՐԴԱԳՐԱԿԱՆ ԱՃԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ։ Վերջին 1000 (հազար), եւ յատկապէս վերջին 30 տարիներուն, Հայաստանն ու Արցախը դարձած են թիրախ հայաթափման, որպէսզի հայ ժողովուրդի արտաքին եւ ներքին թշնամիները իրականացնեն «Հայաստան առանց հայի» հայադաւ ծրագիրը: Մասսայական Հայկական ներկայութիւնը մայր հողի վրայ կենսական է Հայոց պետականութեան առողջացման, կենսագործման, հզօրացման եւ գոյատեւման համար: Առաջադրուած միջոցները. Տնտեսական զարգացում եւ բազմազաւակ ընտանիքներու բազմացում՝ աշխատատեղերու ստեղծումով եւ ֆինանսական աջակցութեան միջոցով:

8) ԱԶԳԱՅԻՆ-ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴԱՒԱՃԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏԺԵԼԻՈՒԹԻՒՆ Հայաստան-Արցախն ու Սփիւռքը ունին ազգային-պետական անվտանգութեան լուրջ խնդիրներ: Արտաքին թշնամիներ եւ ներքին «թուրք-հայի» տեսակները գործի վրայ են: Եթէ երբեւիցէ հայը պիտի կարենայ դիմակայել արտաքին վտանգները, ապա ան նախեւառաջ իր վերահսկողութեան ներքոյ պէտք է բերէ ներքին դաւաճաններուն զանոնք ենթարկելով արդադատու-թեան եւ հաշուետւութեան:

Այն ժամանակ ապագայ կ՛ունենայ Հայաստանն ու հայութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *