Posted on March. 7. 2022
Ծնած է 1925 թուականի Փետրուարի 23-ին Դամասկոսի մէջ, Սուրիա։ Անոր ծնողներն էին Կարապետ եւ Աշխեն Գիզիրեանները: Ան ունէր մէկ աւագ եղբայր՝ Պօղոսը։ Անոր ընտանիքը Սուրիայէն տեղափոխուած է Զահլէ, Լիբանան, երբ Աւագ դեռ նորածին էր:
Ան հասակ առած է Զահլէի մէջ եւ իր կեանքի առաջին կէսն ապրած՝ այնտեղ։ Ան յաճախած է դպրոց եւ գերազանցած՝ իր բոլոր դասերուն մէջ, բայց ստիպուած եղած է կրճատել կրթութիւնը, որպէսզի աշխատէր եւ օգնէր իր ծնողներուն իր ընտանիքը պահելու առաքելութեան մէջ։
Ան դեռահաս տարիքին սկսած է աշխատիլ որպէս դերձակ եւ արագօրէն սորված՝ այդ մասնագիտութիւնը։ Ի վերջոյ, Ան հիմնած է իր սեփական դերձակի խանութը, որտեղ Ան պատրաստեց պատուէրով՝ տղամարդկանց պաշտօնազգեստներ ՙկոստիւմներ՚: Ան ազնիւ գործարար էր եւ մեծ յարգանք կը վայելէր իր հասակակիցներու եւ յաճախորդներու կողմէ:Ան հանդիպած եւ ամուսնացած է իր կեանքի սիրոյ՝ Մարիի հետ, 1957 թուականին: Անոնք ունեցած են երեք զաւակներ՝ Կարոն, Սալփին եւ Արփին: Անոր ծնողներու հետ համեստ ու երջանիկ կեանքով կ՛ապր էին։ Ան սիրող, յարգալից եւ նուիրուած ամուսին էր, ինչպէս նաեւ նուիրուած ու պաշտպանող հայր իր երեխաներու համար: Ան ընտանիքի մարդ էր՝ բառիս բուն իմաստով։ Անոր հպարտութիւնն ու ուրախութիւնն էր անոր ընտանիքը եւ ընկերները որոնց հետ կը սիրէր ժամանակ անցնել:
1976 թուականին, Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի պատճառով, Աւագը եւ Մարին որոշեցին շատ դժուար եւ խիզախ քայլ առնել՝ ընտանիքը երեք դեռահասներու հետ տեղափոխելով Միացեալ Նահանգներ, մասնաւորապէս Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆոռնիա, որտեղ անոնք միացան Մարիի երկու եղբայրներուն։ Ամեն ինչ նոր էր եւ տարբեր, քան ան գիտէր՝ լեզուն, մշակոյթը, ապրելակերպը:
Բայց ոչինչ անոր չէր յուսա-հատեցներ կամ դանդաղեցներ։ Ան աշխատանքի ընդունուեցաւ ու ան-միջապէս սկսեցաւ դերձակ աշխատիլ։ Իր սիրող կնոջ օգնութեամբ ան կրցաւ յարմարուիլ այս նոր երկրի մէջ՝ նոր կեանքին։ Չորս տարի Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ մնալէ յետոյ ընտանիքը կրկին, այս անգամ մշտա-պէս, տեղափոխուեցաւ Լոս Անճելըսի շրջան:
Աւագը իր կեանքի ընթացքին հան-դիպեցաւ բազմաթիւ մարտահրաւէր-ներու, բայց ան զանոնք յաղթահարեց հանգիստ վստահութեամբ, որ իւրա-հատուկ էր իրեն: Ան կը վարէր օրինակելի ապրելակերպ։ Անոր խօս-քերն ու արարքները եւ անոր դրա-կան վերաբերմունքը լաւ օրինակ էին միւսներուն, յատկապէս իր երեխաներուն եւ թոռներուն: Կեանքի մէջ անոր կարգախօսն էր՝ «ըրէ ամեն ինչ, բայց ըրէ չափաւոր»:
Ան կը սիրէր եւ կը պաշտէր իր ընտանիքը. Կը յարգէր հարազատ-ներուն ու ընկերներուն։ Եւ ատոր դիմաց ան սիրուած ու յարգուած էր բոլորի կողմէ, որոնք հանդիպեցան իրեն: Ան ունէր նուրբ ու քաղցր ժպիտ մը, որ կը ջորմացնէր շատերու սրտերը: Ան հիմնականին մէջ լուռ մարդ էր, բայց երբ կը խօսէր, կը լսուէր։
Ան արտասուոր մարդ էր, ով կեանքի մէջ ամեն ինչ կը դիտէր որպէս սորվելու փորձ: Ան բարձրագոյն կրթութիւն չունէր, բայց խելացի էր։ Ան շատ կը կարդար եւ ինքնակրթութեան կարեւորութիւն կ՛ընծայէր։ Ան քաջատեղեակ էր աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն։ Ան շատ բան գիտէր քաղաքականութեան եւ կրօնի մասին, բայց երբէք չէր ցուցադրեր իր գիտելիքները:
Աւագը ընդհանուր առմամբ առողջ կեանքով կ՛ապրէր։ .Առողջական խնդիրներ չուներ իր ապրած մօտ 97 տարիներու ընթացքին: Ան օրհնուեցաւ հինգ թոռներով եւ երկու ծոռներով, որոնք կը սիրէին եւ կը պաշտէին զինք եւ կը նայէին անոր որպէս օրինակելի եւ որպէս հերոս: Ան գերերջանիկ էր, երբ շրջապատուած էր իր թոռներով ու ծոռներով։ Անոր դէմքը կը փայլէր ամեն անգամ, երբ կը տեսնէր անոնցմէ որեւէ մէկին։
Աւագը իր մահկանացուն կնքեց 2022 թուականի Յունուարի 27-ին՝ առաւօտեան ժամը 9:12-ին եւ միացաւ 63 տարուայ կնոջը։ Անոր կարոտը ունի իր ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ, բայց անոնք կը մխիթարուին՝ իմանալով, որ Աւագն ու Մարին միասին հավերժօրէն կը հանգստանան եւ կը հսկեն իրենց սիրելիներուն վրայ: Թող անոր հոգին հանգչի երկնային եւ յաւիտենական խաղաղութեան մէջ։