ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑ

Posted on March. 7. 2022

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ , որ համասփիւռ հայութիւնը շատ լուրջ խնդիրներ ունի, զորս կարելի չէ լուծել համաժողովներով, տօնախմբութիւններով, շնորհահանդէսներով եւ շքանշաններու տեղի-անտեղի առատ բաշխումով: Մէկդի պէտք է թողունք մեր ճառերը, քարոզախօսութիւնները եւ խորհրդաժողովները, որոնք լօզունգի սահմաններէն անդին չեն անցնիր: Որովհետեւ՝ Հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացող անլոյծ մնացած գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ: (Identity)

Մեզ ամենաշատ մտահոգողը ներկայիս ա՛յն ահաւոր, սարսափելի իրողութիւնն է որ շեղած ենք մեր ազգային արմատներէն – լեզու, աւանդութիւն, ընտանեկան բարքեր, արուեստ, հոգեւոր մշակոյթ եւ ընկերային կենցաղ: Այս բոլորը համաշխարհայնացման յորձանուտին, չըսելու համար լաբիւրինթոսին, ճնշման տակ բոլորովին աղաւաղած ու կործանման անդունդի եզրին հասցուցած են մեր ինքնութիւնը:

Բացարձակ ճշմարտութիւն է որ լեզուն գործիք է, միջոց է մարդկային հաղորդակցութեան, ինչպէս նաեւ ազգային ինքնութեան. այլ խօսքով լաւագոյն եւ հզօրագոյն միջոցը ազգապահպանման՝ բոլոր ժողովուրդներուն համար: Եթէ կան ժողովուրդներ որոնք կը գոյատեւեն այսօր, պարզապէս իրենց լեզուի շնորհիւ է որ կը գոյատեւեն: Մէկ խօսքով՝ առանց լեզուի չկայ ազգային ինքնութիւն:

Հայոց պատմութեան ընթացքին մեսրոպաշունչ հայոց լեզուն բացառիկ դերակատարութիւն ունեցած է ո՛չ միայն մշակոյթ ստեղծելու մէջ, այլեւ մեր գոյութիւնը պաշտպանող ամենամեծ զէնքը եղած է: Ամէն ինչ կոսնցուցինք դարերու ընթացքին – թագաւորութիւն, իշխանութիւն, հոգեմտաւոր ժառանգութիւն, եւ մեծագոյնը՝ հայրենի հող ու երկիր, եւ սակայն այս բոլոր կորուստներէն ետք պահպանեցինք մեր լեզուն, որովհետեւ անո՛ր մէջ գտանք գաղտնիքը մեր ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ – ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ:

Յաճախ կը կրկնենք որ Մայրենի լեզուն խարիսխն է ազգի մը գոյութեան, ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման: Լեզուի կորուստը պատճառ կը դառնայ նաեւ մշակոյթի կորուստին, այլ խօսքով՝ մարդկային պատմութեան թատերաբեմէն անհետ կորստեան: Լեզուն է որ իր մէջ կ’ամփոփէ եւ կը խտացնէ մշակոյթի մը բոլոր արժէքներն ու գանձերը:

Դժբախտաբար այսօր, մեր բազմապիսի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական հիմնահարցերու ճգնաժամին մէջ՝ լեզուն դարձած է լուսանցքային հարց, եւ մտահոգ իսկ չենք թէ ո՞ւր կ’երթանք, ըլլա՛յ հայրենիքին մէջ, եւ մանաւանդ ի սփիւռս աշխարհի ուր հայութեան մեծամասնութիւնը կ’ապրի:

Եթէ կը հաւատանք որ լեզուն բանալին է մեր ինքնութեան, ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է արմատացնել լեզուի սէրը մեր նորահաս սերունդին մօտ, առանց պարտադրանքի: Այլեւս գաղտնիք չէ որ սփիւռքը կը մաշի լեզուի կորուստով, խառն ամուսնութիւններով, ինքնութեան աստիճանական ո՛չ յուսալից եւ երբեմն ալ ամբողջական անհետացումով: Իրաւունք չունինք այլեւս մխիթարուելու մեր ներկայի տխուր վիճակով, որովհետեւ մինչեւ օրս չկարողացանք պահել մեր նորահաս

սերունդը մեսրոպեանի աւազանին մէջ, ուր կը նուազի նաեւ հայրենադարձութեան բաղձանքը որպէս «փրկութեան» վերջին կայան:

Հայ ժողովուրդի ղեկավարութեան մօտ, ըլլայ հայրենիքէն ներս կամ սփիւռքի մէջ, չկայ յստակ ծրագիր մը թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ հայութեան ապագան գալիք հարիւրամեակին: Ինչպէ՞ս պիտի պահպանենք մեր ինքնութիւնը սփիւռքի մէջ, ուր մեր ոտքերուն տակ չենք զգար հայ հողին ջերմութիւնն ու զօրութիւնը: Ա՛յն ալ ուրիշ հարց՝ որ հայրենի հողին վրայ ապրողներէն շատեր արտագաղթի սրտամորմոք ճանապարհը բռնած են եւ տակաւին կը շարունակուի ինքնասպանութիւնը յանուն բարօր կեանքի:

Դժբախտաբար համահայկական յորջորջուած ժողովներէն ոչինչ ծնաւ մինչեւ այսօր: Դժբախտաբար նոյն ինք հայրենիքի մէջ հայերէն լեզուն աղաւաղուած է օտարամուտ բառերու կուտակումով եւ փոխ առնուած շարահիւսութիւններով, հետեւաբար՝ Արեւելահայերէնը նահանջի մէջ է իր բոլոր այլանդակութիւններով: Ա՛լ չխօսինք Մեսրոպեան ոսկեղինիկ լեզուին դաւաճանող «աբեղեանական» ուղղագրութեան մասին. չարիք մը, զոր ջնջելու համար ո՛չ մէկ դրական քայլ կ’առնուի, ո՛չ մէկ նախաձախնդրութիւն կը ցուցաբերուի նոյնինքն հայրենի պետութեան կողմէ: Այդ մեղաւորութեան մէջ իր կարեւոր բաժինը ունի նաեւ Մայր Աթոռը, որ տակաւին կը հրատարակէ նոր գրքեր աբեղեանական խեղագրութեամբ:

Այս տխուր իրողութեան պատճառներէն մէկը մեր ներազգային պայքարներն են, որոնք ջլատած են մեր ոյժերը: Միասնականութեան թերացումին գլխաւոր պատճառներէն պէտք է նկատել Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին պայքարները, որոնք դժբախտաբար կը շարունակուին մինչեւ այսօր մեր անհանդուրժողութեամբ եւ մերժողական հոգեբանութեամբ: Նոյնքան եւ առաւել եւս մտահոգիչ եւ ազգակործան են մեր քաղաքական, միջ-կուսակցական պայքարները, որոնք տխուր անդրադարձ ունեցած են եւ ունին տակաւին մեր սփիւռքեան հաւաքական կեանքին մէջ, նամանաւանդ հայկական վարժարաններէն ներս, ուր չկրցանք արմատաւորել եւ շեշտել մշակոյթով մէկութիւն ստեղծելու կարեւորութիւնը եւ սիրցնել Հայոց Լեզուն առանց պարտադրանքի:

Յաճախ պէտք է յիշեցնել թէ կը փորձենք ուրանալ ա՛յն իրողութիւնը, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին տապալած ենք մեր էութեան մէջ հայութեան ինքնութեան գերագոյն զէնքը՝ մայրենի լեզուն, որուն բացակայութիւնը կը մաշեցնէ եւ կը յանձնէ մեզ բախտի յորձանուտի քմայքին:

Ինչպէ՞ս մոռնալ անխորտակելի կամքը Տէր Զօրի անապատներուն մէջ խլեակ դարձած մեր մայրերուն, որոնք իրենց թշուառութեան մէջ, կմախքացած մատներով ու պապակած շրթներով, անապատի կիզիչ աւազներուն վրայ գրեցին եւ արտասանեցին մեսրոպաշունչ այբուբենի տառերը, որպէսզի եաթաղանէն ազատուած իրենց երախաները չմոռնան մայրենի լեզուն: Իսկ մենք՝ ներկայ դարու հանգստաւէտ պայմաններու մէջ ապրողներս՝ կը դաւաճանենք մեր ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ, մոռնալով մայրենի լեզուն. Ե’կ վարդապետ եւ մ’ի խենդանար…

Մեր առջեւ պարզուած այս տխուր իրականութիւնը մեծագոյն ազդարարութիւնը պէտք է ըլայ միութեան, արթնութեան եւ զգաստութեան: Հայ լեզուի նկատմամբ մեր

անտարբերութիւնը կրնայ խորտակել մեր ազգային ոգին, եւ ժամանակի ընթացքին պիտի զգանք ու ճաշակենք անոր աւերիչ եւ դառն հետեւանքները:

Ակներեւ է եւ չափազանցած չենք ըլլար եթէ յայտարարենք, թէ հայոց լեզուն կը նահանջէ, որովհետեւ կորսնցուցած ենք մեր բծախնդրութիւնը հայ լեզուի նկատմամբ: Չի՛ բաւեր որ խօսակցական լեզուն դարձած է խառնարան մը, ըլլայ ընտանեկան եւ կամ դպրոցական յարկերէն ներս, այժմ գրաւոր հայերէնն ալ դարձաւ ուրիշ ողբերգութիւն մը, որուն ակներեւ օրինակները կը տեսնենք մեր նօսրացող մամուլին մէջ նոյնիսկ: Այսուհետեւ ո՛չ արեւմտահայերէնը եւ ո՛չ ալ արեւելահայերէնը հպարտութեան ազդակներ են հանապազօրեայ:

Ցաւալի իրողութիւն է որ նամանաւանդ հայրենիքէն դուրս մեր ժողովուրդը նորաձեւութեան երկրպագու ըլլալով հայերէնը կը նկատէ երկրորդական լեզու: Գաղթականի մեր հոգեբանութիւնը մղած է մեզ հաւատալու որ եթէ չկարենանք տիրապետել մեր ապրած երկիրներու լեզուին՝ չենք կրնար յաջողիլ կեանքի մէջ: Ահաւասիկ այս սխալ հասկացողութիւնը պատճառ դարձած է որ նոր սերունդը տակաւ առ տակաւ հեռանայ իր մայրենի լեզուէն, ինքզինք դատապարտելով մշակութային անկման եւ կորստեան:

Այս դժբախտ կացութեան քաջատեղեակ ըլլալէ ետք ինչպէ՞ս մտածել ապագայի մասին, նամանաւանդ երազային Արեւմտահայաստանի մասին, ուր կ’ապրին մեր թրքացած եւ քրտացած եղբայրները, որոնք անհամբեր կը սպասեն մեր օգնութեան: Եթէ լեզուն չէ որ մեզ պիտի միաւորէ, հապա ի՞նչն է որ մեզ իրարու պիտի շաղկապէ: Ինչպէ՞ս պիտի վերադառնան անոնք իրենց պապենական հազարամեայ մշակոյթին՝ առանց լեզուի, այլ խօսքով՝ եթէ հայերէն չգրեն ու չխօսին:

Անտարակուսելի է եւ ճիշդ է այն իրողութիւնը, որ կը պայքարինք հոսանքն ի վեր, որովհետեւ նոր սերունդին համար ամենէն գործնական լեզուն անգլերէնն է եւ կամ իր ապրած երկրի լեզուն, սակայն եւ այնպէս հաւաքական մեր կեանքին մէջ զգալի է մեծամասնութեան անտարբերութիւնը եւ նախաձեռնութեան բացակայութիւնը: Ժամանակը հասած է որ ազգովին զարթօնք մը ապրինք, ոտքի ելլենք մեր ամբողջ իմացական կարողութեամբ, եթէ կ’ուզենք պահպանել մեր հազարամեայ գանձը՝ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ Շար. Դ.

13 Մարտ 2022

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *