Posted on April. 1. 2022
(Լուսանկարը` Los Angeles Times-ի: Պատկերները ներկայացուած են AXA հատուցման գործով դիմողներու կողմէն ներկայացուած փաստաթուղթերէն):
ԳՐԵՑԻՆ՝ ՀԱՐԻԵԹ ՌԱՅԸՆ ԵՒ ՄԵԹ ՀԱՄԻԼԹԸՆ
2022 թուականի Մարտի 23 | Los Angeles Times
Անոնց տուներուն մէջ սվիանահար եղած են։ Խեղդուած՝ Սեւ ծովու մէջ: Գնդակահարուած: Խոշտանգուած՝ ամբոխի աչքի առջեւ: Բռնի կրօնաթոխ եղած: Բռնի՝ մարմնավաճառութեան մղուած: Ողջ՝ հրկիզուած: Թունաւորուած: Քշուած՝ դէպի անապատ՝ ծարաւէն մեռնելու համար: Անոնց մարմինները նետուած են փոսերու մէջ, հրկիզուած, շուներու կողմէ կերուած եւ գիշատիչներու կողմէ՝ հափշտակուած:
Բազմաթիւ գնահատականներով, 1915-էն 1920 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ մէկ միլիոն Հայ զոհուած է, որ դարի առաջին ցեղասպանութիւններէն մէկն է, որ կը բնութագրուի զանգուածային սպանութիւններով: Աշխարհի մեծ մասի կողմէն անտեսուած եւ թուրքական կառավարութեան կողմէն ժխտուած հայերու սպանդը սերունդներու համար համարուէր «կատարեալ ցեղասպանութիւն», անոր զոհերը մոռացուած, մեղաւորները՝ անպատիժ:
Յետոյ, 2000-ականներու կէսերուն, Լոս Անճելոսի դատական գործերը, որտեղ կը գտնուի Հայաստանէն դուրս գտնուող ամենամեծ հայկական համայնքներէն մէկը, արդարադատութիւն իրականացուցին, որ պատմութիւնը երկար ժամաան կ ժխտած էր: Երեք ամերիկահայ փաստաբաններ դատի տուին ցեղասպանութեան զոհերու կեանքի ապահովագրութեան դրամները գանձելու համար եւ ապահոուած են 37,5 միլիոն տոլար ընդհանուր գումարով հատուցում ցեղասպանութեան զոհերու օգտին: Վերջապէս, ամերիկեան դատարանի մէջ ցեղասպանութիւնը դիտարկուեցաւ որպէս փաստ։
Այնուամենայնիւ, յաջորդ տասնամեակի մէջ շատ սպասուած փոխհատուցումները վերածուեցան կոռումպացուած գործընթացի, որ նշանաւորուեցաւ ֆինանսական գումարներու շեղումներով եւ սխալ վարքագծով, որ նոյնիսկ ներգրաւուած փաստաբանները որակեցին որպէս խարդախութիւն, The Times-ը պարզեց հետաքննութեան ընթացքին մէջ, որ հիմնուած էր բացայայտուած դատական փաստատթուղթերու վրայ, այլ դատական փաստաթուղթերու, պաշտօնական գրառումներու եւ հարցազրոյցներու վրայ:
Աւելի քան 1,1 միլիոն տոլար ֆրանսական ապահովագրութեան ընկերութեան կողմէ վճարուած հատուցման ֆոնտէն ուղղուած է կեղծ պահանջատէրերու եւ դրամատնային հաշիւներու, որոնք տրամադրութեան տակն էին Պեվերլի Հիլզի փաստաբանի մը, որ այդ գործի մէջ պաշտօնական դեր չունէր, ըստ դատական փաստաթուղթերու եւ ֆինանսական արձանագրութիւններու: Ֆրանսական հատուցման հիմնադրամը, որ պէտք է միլիոնաւոր հաշուարկային գումարներ բաշխեր բարեգործութեան համար, երբեք չէ ստեղծուած, եւ այդ գումարէն մօտ 1 միլիոն տոլար ինկած է Լոյոլայի իրաւաբանական դպրոցին, ուր ուսում ստացած են երկու փաստաբանները, ըստ հաշուապահական հաշուառման, որ տրամադրուած է համալսարանի հաշուապահութեան կողմէ:
Բացի այդ, քրիստոնէական եկեղեցիներ, որոնք պէտք է հարիւր հազարաւոր տոլարներ ստանային որպէս հատուցումային գումարներ, The Times-ին ըսած են, որ իրենք չեն ստացած այդ գումարը:
Հայերը, որոնք խումբի մէջ ներկայացուցած են գանձելու իրենց բաժին ինկած նախնիներու ապահովագրութեան գումարները ֆրանսական ապահովագրութեան ընկերութեան հատուցման գումարներէն, անոնց դիմումնագիրները մերժուած են ապշեցուցիչ՝ 92%-ով, ըստ դատական արձանագրութիւններու: Դիմորդներուն մերժած են՝ Հակառակ համոզիչ ապացոյցներ առաջարկելուն, ինչպիսիք են հարիւրամեայ ապահովագրական գրառումները, ծննդեան վկայականները, նաւային մանիֆեստները, ձեռքով գծագրուած տոհմածառերը եւ տոհմային Աստուածաշունչէ պատճէնները:
«Ատիկա մեզի համար արեան փող էր՝ ցեղասպանութեան ժամանակ սպանուած մարդկանց արիւնը», – ըսաւ թոշակի անցած ֆրանսացի գործարար Սամուէլ Շնորհոքեան, որ աշխատած է դատարանի կողմէն հաստատուած հատուցման խորհուրդի կազմի մէջ եւ տարիներ շարունակ փորձած է համոզել FBI -ին եւ այլ գործակալութիւններուն հետաքննել: «Մենք երբեք չենք մտածած, որ հատուցման գումարներու իւրացում կ՛ըլլայ».
(Ընտանեկան լուսանկարը AXA հատուցման գործով դիմողի կողմէն ներկայացուած փաստաթուղթ մը):
Ապահովագրական հաշուարկներն իրենց ծագումն ունին Կլենտէյլի մէջ Վարդգէս Եղիայեան անունով մէկ փաստաբանի քնելէ առաջ ընթերցանութեան ժամանակ: 1986 թուականն էր, եւ բազմաթիւ ամերիկահայեր մտահոգուած էին ցեղասպանութեան յիշատակը վառ պահելու համար: Ամերիկացիներէն քիչերն էին որ լսած էին կոտորածներու մասին, եւ այն ժամանակուայ նախագահ Ռեյկընը մերժեց նոյնիսկ աջակցիլ յիշատակի օրուան՝ վախնալով, որ զայրացնէ սառը պատերազմի դաշնակից՝ Թուրքիոյ:
Ցեղասպանութիւնը վերապրածի որդի՝ Եղիայեան, մէկ գիշեր կը զննէր Օսմանեան կայսրութեան մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպանի յուշերը, երբ պատահաբար հանդիպեցաւ զոհերու կեանքի ապահովագրութեան բաժանորդագրութեանց հատուածին:
Դեսպան Հենրի Մորկընթաու աւագ գրած էր, որ սպանդի կէսին Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարարը պահանջած է ամերիկեան կեանքի ապահովագրութիւն ունեցող հայերու ցուցակը՝ ըսելով. «Գործնականին մէջ բոլոր մեռած են… Հիմա շահառուն կառավարութիւնն է»։
Կլենտէյլի տան մէջ Եղիայեան վեր թռաւ, ինչպէս յետագային ան յիշեց իր ելոյթներու եւ հարցազրոյցներու մէջ՝ բացականչելով. «Ցուցակ կայ։ Մենք պէտք է գտնենք այս ցուցակը»:
Յաջորդ 13 տարիներու մեծ մասը ան ծախսեց ապահովագրութեան բաժանորդագրութեանց ուսումնասիրութեան վրայ: Ան տեղադրեց հայկական թերթերու մէջ՝ փնտրելով նախնիներու ապահովագրութեան փաստաթուղթերը պահպանող ընտանիքներ, եւ մաղէ անցուց արխիւները Ուաշինկթընի, Ժնեւի, Հալէպ, Սիրիոյ մէջ եւ այլուր։ Ան գտաւ 1919 թուականի նամակ մը, որտեղ «Նիւ Եորք Լայֆ»-ի իրաւաբանը Հայ յաճախորդներու զանգուածային սպանութիւններու ծախսը կը գնահատէր՝ 7 միլիոն տոլար, որ համազոր է աւելի քան 100 միլիոն տոլար այսօրուայ տոլարով: Եղիայեան կը խորհէր, որ ապահովագրութեան ընկերութիւնը չէր վճարած տուժողներու ժառանգներուն։
Ան հասկցաւ, որ այդ բաժանորդագրութիւնները հաւաքելը ոչ միայն ընտանիքներուն փոխհատուցելու, այլեւ ցեղասպանութիւնը անվիճելի համարելու միջոց է: Այդ տարիներուն անոր արդարութեան ձգտումը միայնակ էր ու տկար ֆինանսներով։ Մէկ պահ Եղիայեան օգտագործեց Կլենտէյլի հանրային գրադարանը՝ 594 էջ միկրոֆիշային գրառումներ տպելու համար՝ սենթ-սենթի ետեւէն դնելով պատճենահանման մեքենայի մէջ: Անոր արդեն համեստ փաստաբանական գործունէութիւնը տուժեց։ Ան ետ ինկաւ իր հարկերուն մէջ եւ սնանկութեան մատնուեցաւ:
Ի վերջոյ, 1999 թուականին Եղիայեան բաւարար ապացոյցներ ունէր «Նիւ Եորք Լայֆ»-ի դէմ դատական հայց ներկայացնելու համար: Երեք տարի անց ան դատի տուաւ ֆրանսական AXA ապահովագրական հսկային։
Ճակատելով համաշխարհային գերընկերութիւններու՝ լաւ վարձատրուող փաստաբաններու ջոկատներու դէմ՝ Եղիայեան հասկացաւ, որ հարկաւոր է իրաւական զէնք:
Մարք Կիրակոս այն ժամանակ Լոս Անճելոսի իրաւապաշտպան բարձրացող աստղ էր: Ան հիմնականին մէջ կը զբաղուէր քրէական պաշտպանութեամբ իր ընտանիքի պատկանող քաղաքի կեդրոնին մէջ գտնուող ընկերութեան մէջ, եւ ան ուշադրութեան արարկան էր համապետական մամուլին, երբ ան կը ներկայացնէր Քլինթոնի ընտանիքի գործընկեր Սիւզան Մակտուկըլին Ուայթուաթըրի հետաքննութեան ընթացքին: Յետագայ տարիներուն ան հաւաքեց յաճախորդներ, որոնք զինք պահեցին ուշադրութեան կեդրոնին մէջ, ներառեալ Վայնոնա Ռայտըրը, Մայքլ Ճեքսընը եւ մարդասպան Սքաթ Փիթըրսընը:
Եղիայեանի հրաւէրով Կիրակոս մասնակցեցաւ ապահովագրական դատավարութեան 2001-ին: Թիմի մէջ արդեն ընդգրկուած էր նորաստեղծ խմբակային փաստաբան Պրայըն Քապաթեք, որ յետագայյին կը դառնար յայտնի հայցւորի փաստաբան եւ Լոս Անճելոսի շրջանային փաստաբաններու պալատի նախագահը:
Երեք փաստաբանները ամերիկահայեր էին, Լ.Ա.-ի աւելի քան 200,000-էն բաղկացած հպարտ եւ ակտիւ էթնիկ խումբի մաս, եւ ցեղասպանութեան դէպքերը անոնց ներկայացուցին համայնքային ծառայութեան եւ ֆինանսական շահի գրաւիչ համադրութիւն: Երբ ապահովագրողները համաձայնեցան վճարել New York Life, 20 միլիոն տոլար 2004 թուականին; եւ AXA-ն՝ 17,5 միլիոն տոլար մէկ տարի անց. աւելի քան 7 միլիոն տոլար ուղղուած է իրաւական վճարներին եւ հարակից ծախսերուն, ինչպէս ցոյց կուտան դատական արձանագրութիւնները:
Երկու հատուցումերն ալ պարտադրած էին, որ գումարի առիւծի բաժինը հասնի այն անձանց, որոնք կրնան ապացոյցներ ներկայացնել, որ հայ ապահովագրեալներու ժառանգներն են: Անոնցմէ բացի, Հայ համայնքին սպասարկող բարեգործական կազմակերպութիւնները պէտք է ստանան 3 միլիոն տոլար՝ ժառանգներուն վճարելէն յետոյ մնացած գումարի հետ միասին:
«Նիւ Եորք Լայֆ»-ի գործը հարթ ընթացաւ Լոս Անճելոսի յայտնի հայերէն կազմուած յանձնաժողովի հետ, որ նշանակուած էր պետական ապահովագրութեան յանձնակատարի կողմէ , ներառեալ ներկայիս քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Գրեգորեան, ստուգելու համար դիմումները: Մարդիկ ներկայացուցած են պետական գրառումներ եւ հաշուետւութիւններ այն մասին, թէ ինչպէս զոհուած են հարազատները եւ ինչպէս վերապրածները վերակառուցած են իրենց կեանքը Ֆրեզնոյի մէջ: Երեւան, Հայաստան, Մարսեյլ, Ֆրանսա, Պէյրութ եւ այլուր։ Մէկ ընտանիք գործուածքի կտոր ուղարկեց վրանէն, որտեղ իրենց մեծմայրը քնացած էր դէպի անապատ՝ մահացու բռգաղթէն առաջ: Մէկ այլ ուրիշ մը կիսուած է իր նահապետի լուսանկարով, որ կանգնած է Օսմանեան կայսրութեան, ժամանակակից Թուրքիայի տարածաշրջանի Խարբերդի մէջ գտնուող իր կարի մեքենաներու խանութի դիմաց:
Ի վերջոյ, յանձնախումբը հաստատած է պահանջներու 44%-ը, կ՛ըսուի լրատուական հաղորդագրութեան մէջ:
Փաստաբաններ Մարք Կիրակոս՝ ձախ, եւ Պրայըն Քապաթեք 2004թ.-ին: Վարդգէս Եղիայեան՝ դատավարութիւնը նախաձեռնող փաստաբանը, հասկցաւ, որ օգնութեան կարիք ունի՝ ընդդէմ New York Life-ի եւ ֆրանսական ապահովագրական հսկայ՝ AXA-ի դէմ, եւ ան դիմեց Կիրակոսին եւ Քապաթեքին: Ամերիկահայ երեք փաստաբանները շահեցան 37,5 միլիոն տոլար ընդհանուր գումարի վճարումներ: Բայց որտեղ այդ գումարներու մէկ մասն ի վերջոյ հանգեցրեց ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներու եւ միւսներու զայրոյթին:
(Nick Ut / Associated Press)
Երկրորդ դէպքի մէջ էր, որ կասկածանքի կարմիր դրօշներ յայտնուեցան։ Փարիզի մէջ գործող AXA ապահովագրական ընկերութեան հետ այդ հաշուարկը կը նախատեսէր մինչեւ 11,35 միլիոն տոլար ժառանգներու համար: Դիմումներու օրինական լինել-չլինելու վերաբերեալ որոշումները պէտք է կայացներ երեք նշանաւոր ֆրանսահայերէն կազմուած խորհուրդը` համաձայն հատուցման պայմաններու եւ դատական փաստաթուղթերու:
Ֆրանսական խորհուրդի նշանակումէն ամիսներ առաջ փաստաբանները՝ Քապաթեք, Եղիայեան եւ Կիրակոս, հաստատեցին Լոս Անճելոսի մէջ վաւերացման գործընթացի կարեւոր մասերը, ըստ դատարանի արձանագրութիւններու եւ փաստաբաններու էլեկտրոնային նամակներիու, որոնք յետագային յանձնուեցան իշխանութիւններուն:
Անոնք որպէս հատուցման տնօրէն՝ հայցերու գործընթացի համակարգող նծանակեցին Կլենտէյլէն դատարանի թարգմանիչ մը, որ օգնած էր «Նիւ Եորք Լայֆ»-ի հատուցման մէջ: Անոնք անոր յանձնարարեցին աշխատակազմ վարձէ եւ գործընթաց կազմակերպէ Լոս Անճելոսի կեդրոնին մէջ, նոյն Ուիլշիր պողոտայի գրասենեակին մէջ, որ կ՛օգտագործուէր «Նիւ Եորք Լայֆ»-ի գործի համար:
Կարգադրութիւնը ընթացքի մէջ կը դնէր որոշելու, թէ ով է որ գումար կրնար ստանալ Փարիզէն 6000 մղոն հեռաւորութեան վրայ, որ կը դժուար կը դարձնէր ֆրանսական խորհուրդի համար որեւէ նշանակալից վերահսկողութիւն ապահոուած:
«Այն փաստը, որ մենք Ֆրանսայի մէջ էինք, մենք չէինք գիտեր, թէ ինչպէս անոնք կ՛աշխատէին եւ ինչ կ՛ընեն», – ըսաւ Շնորհոքեան՝ խորհուրդի անդամ եւ փարիզեան հանգստեան կոչուած գործադիրը:
«Ատիկա գործնականին մէջ անհնար էր», – ըսաւ Մարսելի մէջ վիրաբոյժ Ժան-Շառլ Զաւեն Գաբրիէլեան: Վարչութիւնը չէ առարկած գործընթացին կամ հատուցման կառավարիչի ընտրութեան, քանի որ, ինչպէս պարզաբնաեց Գաբրիելեան. «Ես վստահեցայ անոնց»:
2008-ին Քապաթեք երկու այլ իրաւաբնաներուն գրած նամակի մէջ, որ անոնք առանձնայատուկ օգուտ տեսած են այդ վստահութեան պահպանման մէջ. յետոյ աւելի հեշտ կ՛ըլլայ անոնց համոզել պահպանողական ըլլալ իրենց պահանջներու վերաբերեալ որոշումներու հարցին մէջ»:
Ինչպէս պարզուեցաւ, Լոս Անճելոսի մէջ հաստատուած գործընթացը յանգեցուց անոր, որ դիմորդներու մէկ փոքր մասը ստացաւ գումար եւ մեծ գումարները աւելցան:
The Times-ը պահանջած է հարցազրոյցներ Կիրակոսի եւ Քապաթեքի հետ դատավարութեան վերաբերեալ: Եղիայեան մահացած է 2017 թուականին։ Փաստաբաններէն ոչ մէկը չի համաձայնեցաւ խօսիլ լրագրողներու հետ, բայց իւրաքանչիւրը գրաւոր պատասխան տուաւ։
Քապաթեքի իրաւաբանական գործընկերը Շանթ Գառնիկեան The Times-ին ուղղուած նամակի մէջ ըսած է, որ խարդախութեան դէպքերը, որոնք յետագային ի յայտ եկած են փողի հետ աշխատած ժամանակ, այլ մարդկանց գործողութիւններու արդիւնք են, այդ թւին՝ հատուցման տնօրէնի եւ մէկ այլ փաստաբանի:
Պատասխանելով նամակի մասին, որ ky վկայակոչէր խորհwuրդի «պահպանողական» ըլլալու անհրաժեշտութիւնը, Գառնիկեանն ըսաւ, որ փաստաբանները կը ցանկային ապահովեցնել, որ հայցերը «անուէրապահօրէն-կուրօրէն չվաւերացուէին» վճարման համար:
«Այս Դասի փաստաբանը անհանգստացած էր չհիմնաւորուած (եւ հաւանաբար կեղծ) պահանջներու առատօրէն վաւերացուելու մէջ, այդպիսով նուազեցնելով օրինական հիմնաւորուած հայցերու համար մնացած ընդհանուր գումարը», – գրած է Գառնիկեան:
Կարգ մը դատական հայցեր պարզ են: Իրաւաբանները կը շահին մեծ գումար մէկ խումբի համար, որ վնասուած է ընկերութեան կամ կազմակերպութեան կողմէն: Սպառողները փոստով ծանուցում կը ստանան այն մասին, որ անոնք իրաւասու են վճարումներ ստանալու: Անոնք կը ստորագրեն ձեւաթուղթ մը եւ կը ստանան չեք մը։
Աւելի բարդ էր որոշել, թէ ով գումար ստացած է ցեղասպանութեան դէպքերէն։ Կոտորածներէն փախած հայերը յաճախ թողած են ամեն ինչ, անոր շարքին՝ ապահովագրական փաստաթուղթերը: Ընտանիքները ցրուած են մայրցամաքներու մէջ, անոնց անունները փոխուած են ներգաղթի իշխանութիւններու կողմէ կամ իրենց նոր երկրին այբուբենին պատճառով: Պատմութիւնները փոխանցուած էին, բայց իւրաքանչիւր սերունդի հետ առաջին կարգի տեղեկութիւններ ունեցող մարդիկ աւելի քիչ էին:
Ակնյայտորէն ընդունելով անսովոր հանգամանքները՝ AXA-ի հատուցումը ցածր նշաձող սահմանած է պահանջներու հաստատման համար: Թէեւ վերջնական որոշումը կը պատկանէր խորհուրդին, պայմանները կը նշէին, որ եթէ դիմումատուն ներկայացնէ նոյնքան քիչ ապացոյցներ, որքան երդվեալ յայտարարագիրը, որտեղ նշուի, թէ ինչպէս է որ ան եղած է ցուցակուած ապահովագրեալի օրինական ժառանգորդը, ատիկա կրնայ համարուիլ բաւարար ապացոյց վճարման համար:
Բայց երբ ֆրանսական խորհուրդի անդամները 2008թ. Մարտին կարճատեւ այցելութիւն կատարեցին Լոս Անճելոս՝ իրենց կողմէն իբր վերահսկուող պահանջներու գործընթացի վերաբերեալ ճեպազրոյց ստանալու համար, անոնց ըսին, որ նախնական որոշումներու համար արդեն կը կիրառին շատ աւելի խիստ չափանիշներ: Դիմորդները պէտք է ճիշտ նոյնացնէին իրենց բնակութեան քաղաքը, որ իրենց շատոնց մահացած հարազատները նշուած էին ապահովագրական գրառումներուն մէջ, որոնք պէտք է դիտարկուէին հաստատման համար: Եթէ անոնք սխալ էին քաղաքի անուան նշումին մէջ, դիմումը կը մերժուէր՝ անկախ ներկայացուած միւս ապացոյցներէն:
Ֆրանսացի թոշակի անցած գործարար Սամուէլ Շնորհոքեան եղած է դատարանի կողմէն հաստատուած խորհուրդի կազմին մէջ, որ կ՛օգնէր որոշել, թէ արդէօք ժառանգներու հատուցման դիմումները օրինական են, թէ ոչ: Ան եւ խորհուրդի միւս անդամները իրենց անմասն կը զգային գործընթացէն եւ կ՛անհանգստանային անոր արդարացիութեան եւ ֆինանսական գումարներու իւրացման վերաբերեալ: Շնորհոքեան տարիներ շարունակ փորձած է համոզել FBI-ին եւ այլ գործակալութիւններուն՝ հետաքննել:
Շնորհոքեան՝ ֆրանսացի խորհուրդի անդամը, ըսաւ, որ փաստաբաններն իրեն եւ իր գործընկերներուն ըսած են, որ ատիկա նոյն չափանիշն է, որ կ՛օգտագործւի «Նիւ Եորք Լայֆ»-ի գնահատումներու ժամանակ: Ատիկա ճիշտ չէր, ըստ New York Life-ի խորհուրդի անդամներու: Անոնք հարցազրոյցներու մէջ ըսին, որ գնահատողները կիրառած են ամբողջական մօտեցում՝ հիմնուած ներկայացուած գրառումներու վրայ եւ չեն որակազրկած դիմորդներուն բացառապէս բնակութեան քաղաքը սխալ նոյնականացնելու համար:
Բնակութեան քաղաքի պահանջի մասին հարցին՝ Քապաթեքի իրաւաբան գործընկերը Գառնիկեանն ըսաւ. «Որեւէ նման չափանիշ նման դասի գործի փաստաբանի կողմէ չէ դրուած եւ չէր կրնար դրուիլ»:
Նոր չափանիշը, ըստ երեւոյթին, խոր ազդեցութիւն ունեցած է. դատական ակտերու հաշուառումները ցոյց կուտան, որ AXA-ի պահանջներու յայտերու 8%-էն պակասը հաստատուած է վճարման համար: Հաւանութեան ցածր տոկոսադրոյքի հետեւանքներէն մէկն այն էր, որ հաշուարկային հաշիւներու մէջ միլիոնաւոր տոլարներ կրնայ ին օգտագործուիլ, համաձայն հատուցման ձեւակերպման, բարեգործական նպատակներով:
Անոնք, որոնք մերժուած են բնակութեան քաղաքի հիման վրայ, կը ներառէին մարդիկ, որոնք ներկայացուցած էին, կարծես, ճնշող ապացոյցներ, որ անոնք օրինական ժառանգորդներ են, արխիւացուած արխիւերու համաձայն, որոնք ուսումնասիրուած են The Times-ի վերջին ամիսներուն: Ոմանք, որոնք մերժուած էին, ուղարկած էին իրենց նախնիներու ապահովագրական վկայագիրներու պատճէնները, ինչը հնարաւոր ամենաուժեղ ապացոյցներէն էր, որ անոնք վաւեր պահանջներ ունէին: Արխիվացուած արխիւերը կ՛ենթադրեն, որ գնահատողները մերժած են դիմումները՝ առանց ապացոյցները վերանայելու՝ գրելով. «քաղաքները չեն համընկնիր»։
Նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ գնահատողները ժամանակ հատկացուցած են փաստաթուղթերը ուսումնասիրելու համար, բնակութեան քաղաքը գերազանցած է այլ ապացոյցները: Բրիտանացի թոշակառու Սիլվիա Պերկինը հայց ներկայացուցած է իր պապի ապահովագրական վկայականի համար՝ ծննդեան վկայականներու, ոստիկանութեան գրառումներու եւ անձնագրերու պատճէններով: Լոս Անճելոսի կեդրոնի մէջ գտնուող գնահատողը Պերկինի դիմումը համոզիչ համարած է՝ իր գործի մէջ գրելով «ակնյայտ է», որ ան ապահովագրեալի թոռնուհին է։
«Սակայն ապահովագրուածի բնակութեան վայրը… եւ հայցադիմումի բնակութեան վայրը (Ռոդոստո, Թուրքիա) չեն համընկնիր», – գրած է գնահատողը: Անոր հայցը մերժուած է։
Պատմելով The Times-ի գնահատման մասին՝ Պերկինը վիճարկած է, որ ինքը սխալած է բնակութեան քաղաքը նշելու մէջ՝ ըսելով, որ ինքը եւ իր ծնողները 1970-ականներուն այցելած են իր պապերու նախկին տուն Ռոդոստոյի մէջ:
«Ատիկա ինծի կը հիւանդացէ», – ըսաւ Պերկին: «Անոնք հայեր են, որոնք իբր հանդես կուգան հայերու անունէն, եւ գործերը ճիշտ չեն կատարեր»:
Հատուցումի տնօրէն Բարսեղ Քարթալեան մերժեց պատասխանել հարցերուն՝ ըսելով, որ ուղեղի վիրահատութենէն յետոյ հիշողութեան կորուստ ունեցած է եւ այլ բժշկական խնդիրներ:
Քանի որ գնահատման գործընթացը կը մօտենար իր աւարտին 2009 թուականին, Լոս Անճելոսի գրասենեակը ֆրանսական խորհուրդին ուղարկեց հայցերու մօտ մէկ քառորդը վերանայման համար: Թէեւ հատուցման ձեւակերպումը խորհուրդի անդամներուն վերապահուած էր պահանջները հաստատելու եւ հերքելու իրաւասութիւն, անոնք գրեթէ ոչ մէկ դեր չեն խաղցած մինչ այդ դիմումները գնահատելու հարցի մէջ: Երբ անոնք կարդացին Լ.Ա.-ի արխիւերու նմուշառումը, խորհուրդի անդամները եզրակացուցին, որ մերժման համար նշուածներէն շատերը պէտք է հաստատուին:
Երբ Անոնք փորձեցին ուղղել այն սխալները որ անոնք նկատեցին, Կիրակոս միջամտեց եւ նամակով զգուշացուց ֆրանսական խորհուրդի անդամներուն, որ անոնց կրնան դատի կանչուիլ: Ան գրած է. «Մեր առաջարկութիւնն է, որ հատուցման խորհուրդը անմիջապէս վերագնահատէ հայցերու ենթադրեալ հաստատումը»:
Խորհուրդ ետ կանգնեցաւ։
AXA-ի գործով որոշումներու նամակները սկսեցան ուղարկուիլ աշխարհասփիւռ հայերուն 2010 թուականի սկիզբին: ճնշող մեծամասնութեան համար վատ լուր կար. 13,856 դիմումներէն 12,795-ը մերժուած էր:
Ցասումը սրընթաց էր։
«Ո՞վ է ստացած իմ պապիկի ապահովագրական գումարը իմ փոխարէն, եթէ ես ուղարկէի բոլոր անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, որոնք կ՛ապացուց էին, որ ես ապահովագրուածի ժառանգն եմ», – վրդովուած դիմումատուն գրած է փաստաբաններուն ԱՄՆ շրջանային դատաւոր Քրիստինա Սնայդերին ներկայացուած բազմաթիւ բողոք-նամակներէն մէկու մէջ:
Մէկ այլ մերժուած դիմումատու գրած է, որ ան ուղարկած է 23 արձանագրութիւն՝ ապացուցելու, որ ինքը ժառանգ է եւ յոյսը դրած է գումարի վրայ՝ սրտի վիրահատութեան համար:
«Իմ պապիկներուն ու տատիկներուն գլխատած են հորս ներկայութեամբ»,- գրած է ան ։ «Անկեղծ ըսած, ես այնքան հիասթափուած եմ»:
Շատերը դժգոհի մէջ էին, որ մերժում ստացած, մինչ մերձաւոր ազգականները չեքեր կը ստանային։ Մէկ այլ նամակի համաձայն՝ Հայաստանի մէջ երկւորեակ քոյրերն ու անոնց եղբայրը նոյն օրը նոյն փոստէն գրեթէ նման դիմումներ ուղարկած են ։ Միայն մէկ քոյրը հաստատուած է։
«Մեր քոյրը չուզեր կիսել իր փողը մեզ հետ: Ան կը կարծ է, որ ատիկա ոչ թէ իր, այլ ձեր խնդիրն է»։ տղամարդը գրած է:
Վեց զարմիկներ, որոնք փորձած էին գանձել իրենց պապիկի ապահովագրութիւնը, ըսին, որ օգտագործած են նմանատիպ ապացոյցներ, սակայն միայն երեքն է որ չեքեր ստացած են: Կիպրոսի մէջ զարմիկներէն մէկը բարկացաւ. «Կա՞յ որեւէ իրաւական բացատրութիւն… որովհետեւ մենք բոլորս զարմացած ենք»:
Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը, որ օգնած էր հայցողներուն պատրաստել իրենց դիմումները, նոյնպէս 2010 թուականի Յունիսին գրեց Լոս Անճելոսի մէջ գտնուող դատաւորին՝ ըսելով, որ պաշտօնեաները «չափազանց դժգոհ են» եւ կը ցանկան դատարանի միջամտութիւնը:
«Հակառակ դէպքի մէջ պարզ չէ, թէ որն է այս գործընթացի նպատակը»,- գրած են նախարարութենէն։
Պրանտ պողոտայի վրայ գտնուող իր փաստաբանական գրասենեակի մէջ Եղիայեան՝ այն մարդը, որ պատկերացուցած էր դատավարութիւնը, աւելի ու աւելի կը վրդովուէր: Ան ողողուած էր զանգերով, էլեկտրոնային նամակներով եւ նամակներով: Կատաղած հայերը անոր եւ միւս փաստաբաններուն դատապարտեցին որպէս «թուրքերէն վատը», ան էլեկտրոնային փոստով ուղարկեց Քապաթեքին եւ Կիրակոսին: Հերոսական գործը, որ անոր կեանքի առաքելութիւնն էր, կը քանդուէր:
Եղիայեան իր հիասթափութիւնը թափած էր միւս փաստաբաններուն վրայ։ Ան շտապ միջնորդութիւն հայցեց՝ խնդրելով դատաւորէն կարգադրել հատուցման անկախ ստուգում՝ պնդելով, որ Կիրակոս եւ Քապաթեք մսխում կատարած են առաջին կարգի ճանապարհորդութիւններով եւ հետնորդներու փողերը համարելով որպէս սեփական «կանխիկ գումարի արկղ»:
Մեղադրանքները կարծես զայրացուցին Կիրակոսին, որ էլ-նամակի մէջ խիստ քննադատեց Եղիայեանին. «Այս զրպարտիչ եւ գիտակցաբար կեղծ յայտարարութիւնները ընելու ձեր դրդապատճառը պայմանաւորուած է բացառապէս ձեր յուսահատ ֆինանսական վիճակով»:
Կիրակոս եւ Քապաթեք երկարատեւ դիմումնագրի մը մէջ դատաւորին ըսին, որ Եղիայեան «ցայտուն փաստ չունի» եւ, անկախ անորմէ, հատուցումը թոյլ չէ տուած վերանայիլ հայցերու վերաբերեալ որոշումները: Անոնք հանգստացուցին դատաւորին, որ իրենց համար ասիկա «աւելին էր, քան պարզապէս դատական գործողութիւն»։
«Սուրբ գործ է, որ Պրայըն Քապաթեքին եւ Մարք Կիրակոսին պատիւ է հետապնդել Հայ ժողովուրդի անունէն»,- գրած են անոնք։
Դատաւոր Սնայդեր մերժեց անկախ ստուգում կատարելու խնդրանքը: Ան հրաժարեցաւ դատավարութեան վերաբերեալ հարցերուն պատասխանելուց՝ պատգամաւորի միջոցով ըսելով, որ դատական վարքականոնն իրեն կ՛արգիլէ մէկնաբանութիւն տալ։
(Ընտանեկան լուսանկարը փաստաթուղթ է որ դիմողի կողմէն ներկայացուած է AXA հատուցման գործով:)
2011-ի Փետրուարին, Ֆրանսական Խորհուրդը նամակ ստացաւ Լոս Աճելոսէն, որ իրենց սարեցուց: Քապաթեք եւ Կիրակոս կը ցանկանային լուծարել հատուցման խորհուրդը եւ ոչնչացնել պահանջուած փաստաթուղթերը, ստացած ամբողջ աշխարհէն՝ այն նիւթերու մէկ մասը, որոնք իրենց կողմէ որակուած էին որպէս «հերթական եւ ոչ պատմական փաստաթուղթեր»:
Այդ նոյն փաստաթուղթերը Նիւ Եորք Լայֆի հատուցման մէջ շատ թանկ համարուած էին իրաւաբաններու նկարագրութեամբ՝ «բազմաթիւ պատմական տուեալներ, վկայող Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը», որոնք USC-ի Շոա հիմնադրամի կողմէ իւրացուեցան յետագային գիտական հետազօտութեան ենթարկուելու։
Բացի մշակութային արժեքէն, խորհուրդը կը կարծէր, որ գրառումներն ունին կարեւորագոյն նշանակութիւն սխալները կանխելու համար: Թէեւ հայցերու գրասենեակը այն ժամանակ փակ էր, խորհուրդը տակաւին կ՛ուսումնասիրէր բողոքները եւ խնդրած էր վերանայիլ այն գրառումները, որոնք կը նշէին, թէ որ դիմորդներուն է վճարուած, որին՝ ոչ:
Մտահոգուած խորհուրդը մերժած է ստորագրել փաստաթուղթերու ոչնչացման պահանջը։ Փոխարէնը անդամները որոշած են մեկնիլ Լոս Անճելոս հետաքննութիւն կատարելու նպատակով:
Քապաթեքի պատասխանն աւելի անհանգստացուցած է անոնց. Ան էլեկտրոնային փոստով գրած է, որ շատ զբաղուած է հանդիպելու համար, եւ որ Կիրակոս ստանձնած է պատասխանատւութիւնը՝ գրելով. «Իմ փաստաթուղթը փակած եմ»:
«Առնետը փախուստի մէջ է խորտակուող նաւէն», նկատում կատարած է Եղիայեան ֆրանսական խորհրուդի անդամի մը էլեկտրոնային նամակով, որ յետագային փոխանցուած են իշխանութիւններուն:
Քապաթեքի գործընկեր Գառնիկեան բացատրութիւն չէ տուած ֆրանսական խորհուրդին էլեկտրոնային նամակով փաստաթուղթերը ոչնչացնելու խնդրանքին մասին: Ըստ Գառնիկեանի, փաստաթուղթերը ոչնչացնելու թոյլտվութեան համար դատաւորին յաջորդած դիմումը «թիւրիմացութիւն» էր, որու գրութիւնը, հաւանաբար, պատրաստուած էր կրտսեր փաստաբաններու կողմէ: Ան օնդած է, որ դիմումը «մի քանի ժամուայ ընթացքին հետս կոչուած է»։ Գործի ուսումնասիրութիւնը ցոյց կուտայ, որ հայցը երբեք չեղեալ չէ համարուած, չէ քննարկուած դատական նիստերու մէջ եւ նշուած այլ դատական փաստաթուղթերու մէջ՝ երկար տարիներ ետք:
Հատուցման գործընթացը փակելու եւ գրառումներէն ազատուելու գործընթացէն անհանգստացած՝ ֆրանսական խորհուրդը անմիջապէս դիմեց դատաւորին՝ նամակով խնդրելով, որ արխիւները «ապահով պահվեն», մինչեւ որ անդամները կարողանան մեկնիլ Հարաւային Քալիֆոռնիա: 2011 թուականի Ապրիլին կայացած լսումներու ժամանակ խորհուրդը անձամբ ներկայացուցած է իր բողոքները: Դատաւոր Սնայտըր համաձայնեցաւ, որ խորհուրդը պէտք է կարենայ վերանայիլ գրառումները:
Իսկոյն յայտնաբերուեցան լուրջ խախտումներ:
XA հիմնադրամէն փոխհատուցում ստացած հարիւրաւոր հայերէն աչքի ինկած է Սուրիացի Զաւէն Հալէպլեան։ Անոր շնորհրուած է 574,425 ԱՄՆ տոլար, աւելի շատ, քան որեւէ այլ անձ, հատուցման տուեալներու արխիւի համաձայն, զոր յետագային յանձնած են իշխանութիւններուն, դատական արձանագրութիւններուն եւ Քալիֆոռնիայի Նահանգի Փաստաբաններու Վարչութեան:
Այնուհանդերձ, ինչպէս շուտով իմացաւ ֆրանսական վարչութիւնը, Հալէպլեան երբեք չէր լսած AXA-ի հատուցման մասին, առաւել եւս չէր դիմած անոր համար:
Փաստաթուղթերով եւ դրամատնային գրառումներով ֆրանսական վարչութիւնը եւ Եղիայեան սկսեցան միասին պարզել, թէ ուր գացած են AXA-ի հաշիւի գումարները: Կլենտէյլէն փաստաբանը Հալէպի մէջ հետապնդած է Հալէպլեանին եւ կազմակերպած հարցաքննում՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ երդման տակ: Քննութեան ժամանակ ան զարմանք յայտնեց, թէ իր անունով չեքեր գրուած են։ Ան ըսաւ, որ երբեք չէ լսած ենթադրեալ Ֆունդուկլեաններու նախնիներու մասին, որոնք իր համար նշուած են հատուցման տուեալներու արխիւի մէջ:
Մէկ այլ երեւոյթ, որ Եղիայեանի եւ ֆրանսական խորհուրդի կողմէն հետաքննուած է, գաղտնի դրամատնային հաշիւն էր: Քապաթեք եւ Կիրակոս ֆրանսական խորհուրդին եւ, աւելի ուշ դատաւորին, տրամադրած էին Pacific Western Bank-ի հաշուեցոյցն էր, որ ցոյց կուտար, որ հայցերու հատուցման եւ վարչական ծախսերու վճարման համար տրամադրուած 11 միլիոն տոլարէն, մնացած էր ընդամենը 346,050,62 տոլար:
Բայց անորմէ յետոյ, երբ ֆրանսական իշխանութեան հասանելի դարձրեց հատուցման ֆինանսական գրառումները, Կիրակոս եւ Քապաթեք դատաւորին խոստվանեցան Comerica Bank-ի երկրորդ հաշիւը, որ կը պարունակէր լրացուցիչ 2,5 միլիոն տոլար:
AXA-ի գործով հատուցման ֆոնտի տնօրէնն էր Բարսեղ Քարթալեան։ Ան աւելի քան 300.000 տոլարի չափով չեքեր տուած է իր հարազատներուն, այդ կարգին՝ կնոջն ու սկեսուրին։ Քարթալեան մերժեց հարցերուն պատասխանել՝ պատճառաբանելով, որ ուղեղի վիրահատութենէն յետոյ հիշողութեան կորուստ եւ առողջական այլ խնդիրներ ունեցած է:
(Արամ Արկուն / Armenian Mirror-Spectator)
Փաստաբաններն այնուհետ յատարարեցին, որ իրենք նոյնպէս ոչինչ չէին գիտեր անոր գոյութեան մասին, եւ մատնացոյց ընելով հատուցման ֆոնտի տնօրէն Քարթալեանին։ Իր անունէն իրենց ներկայացուցած յատարարութեան մէջ, Քարթալեան ըսած է, որ ինքը գումարը տեղափոխած է աւելի լաւ տոկոսադրոյք ապահովելու համար եւ չէր ըսած իր փաստաբաններուն:
Յետագայ հետաքննութիւնը բացայայտեց աւելի շատ կասկածելի հասցէատէրեր, որոնց տրուած էր հարիւր հազարաւոր տոլարներ:
Դատարանի եւ ֆինանսական փաստաթուղթերու համաձայն՝ 400,000 տոլարէն աւելի ընդհանուր հինգ չեք գրուած է Պաղտատ բնակող քրիստոնեայ հայ Աշոտ Մխիթարեանին։ Եղիայեանի եւ անոր համախոհներու հետ կապ հաստատելով՝ Հայաստանի եւ Իրաքի կառավարութիւնները չկրցան հաստատել անոր գոյութիւնը, եւ մարդ մը, որ ուղարկուած էր արխիւի մէջ նշուած հասցէով, գտաւ սուննի մահմեդական թաղամաս մը, որտեղ ոչ ոք չէր լսած Մխիթարեանի մասին, ըստ դատարանի արձանագրութիւններու, լսումներու եւ հետաքննութեան արձանագրութեանց որոնք յանձնուած էին իշխանութիւններուն։ Դրամատնային արձանագրութիւնները ցոյց տուած են, որ Մխիթարեանի որոշ չեքեր Հարաւային Քալիֆոռնիոյ մէջ վերածուած են դրամական կանխիկ չեքերու:
Բացի այդ, հատուցման տնօրէն Քարթալեան աւելի քան 300,000 ԱՄՆ տոլարի չեքեր տրամադրած էր իր հարազատներուն, այդ թւում՝ կնոջն ու զոքանչին։
ԱՇՈՏ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ԶԱՒԷՆ ՀԱԼԷՊԼԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՇՒԱՐԿԱՅԻՆ ՍՏՈՒԳՈՒՄՆԵՐ.
Մխիթարեանի անունով կազմուած է աւելի քան 400 հազար տոլար ընդհանուր գումարի հինգ չեք, որոնց գոյութիւնը հաստատուած չէ։ Դրամատնային գրառումները ցոյց տուած են, որ Մխիթարեանի անունով որոշ չեքեր Հարաւային Քալիֆոռնիայի մէջ վերածուած են դրամատնային չեքերու: Հալէպլեանի շնորհուած է 574,425 տոլար, բայց ան երբեք չէ լսած AXA հատուցման մասին, ալ ուր մնաց դիմել անոր համար:
(Լոս Անճելոս Թայմսի լուսանկարչական նկարազարդում)
Երբ խորհուրդը եւ Եղիայեան փորձած են վերանայիլ Քարթալեանի հարազատներու հիմնական գրառումները՝ համոզուելու համար, որ անոնք իրաւասու են վճարումներու, այդ արխիւերը կը բացակայէին: Չկար նաեւ սուրիացիի, իրաքցիի կամ տասնեակ այլ անձանց վերաբերեալ արխիւը, որոնց մեծ չեքեր ուղարկուած են: Դատարան ներկայացուած վերլուծութեան համաձայն՝ բացակայող գործերը կը ներկայացնէին մօտ 2 միլիոն տոլարի պարգեւ։ Արխիւները երբեք չեն գտնուած:
Երդման տակ այն հարցին, թէ բացակայող արխիւներու համար բացատրութիւն ունի՞, Քարթալեան պատասխանեց. «Ես չեմ», – կ՛ըսուի հարցապնդման արձանագրութեան մէջ: Ան չէ հարցաքննուած իր հարազատներու՝ վճարման իրաւունքի մասին։
Լոյոլայի իրաւաբանական դպրոցի գրադարանի աւելի քան 50 բնակիրներու արկղերու մէջ արխիւացուած AXA արխիւերու վերջին վերանայման ժամանակ The Times-ը բացայայտեց լրացուցիչ խախտումներ: Այն հայտերը, որոնք գնահատողներու կողմէ հաստատուած է վաւեր, անոնց վրայ դրօմուած է «ՄԵՐԺՈՒԱԾ», իսկ միւս դիմումները, որոնք անոնք համարած են անհիմն՝ դրմուած՝ «ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ»:
Աթլանթայի արուարձանի բնակչուհի Ճուն Հաըրտ դիմած է վճարման 17 տարբեր ապահովագրութիւններու համաար, որոնք ան պնդած էր, որ կը պատկանէին իր հայ պապի հարազատներուն, որոնք ներգաղթած են ԱՄՆ մինչեւ ցեղասպանութիւնը:
Գնահատողները կասկածամիտ էին, քանի որ ան կը դիմէր գրելով Պետրոս Պօզեան անունով մարդու մըապահովագրութեան համար. «Պահանջատէրը բազմաթիվ տարբեր փաստաթուղթեր ներկայացուցած էր, սակայն փաստաթուղթերէն եւ ոչ մէկին մէջ որեւէ կապ չէր նշուիր ապահովագրողի եւ պահանջատիրոջ միջեւ»:
Այնուամենայնիւ, այդ հայցը հաստատուած էր վճարման համար, Հաըրտի եւ ընտանիքի այլ անդամներու 26 այլ պահանջներու հետ միասին: Ընդհանուր, ընտանիքը ստացած է մօտ 100,000 տոլար։
Հաըրտ մահացած է 2019-ին: Ընտանիքի անդամները սկզիբը համաձայնած են հարցազրոյց վերցնելու, սակայն հարցերու ցանկը ստանալէ յետոյ դադրած են նամակներուն պատասխանել:
Կիրակոս եւ Քապաթեք ըսին, որ իրենք մեղաւոր չեն հայցերու գործընթացին մէջ առկայ խնդիրներու մէջ: Անոնք դատաւորին ըսին, որ գործը կը ղեկավարէ Ֆրանսայի խորհուրդը եւ «իրենց հիմնադրամի կառավարիչը»։
«Մենք ընդհանրապէս կապ չունէինք այդ գործընթացի հետ», – ըսած է Քապաթեք 2011-ին լսումներու ժամանակ:
(Ընտանեկան լուսանկարը AXA հատուցման գործով դիմողի կողմէն ներկայացուած փաստաթուղթը մըն է):
Այս անկանոնութիւններէն շատերու հասարակաց կէտը՝ Պեւերլի Հիլզի իրաւաբան Պերճ Պօյաճեանի մասնակցութիւնն էր:
Դրամատնային գրառումներն ուսումնասիրածɴժամանակ խորհուրդը եւ Եղիայեան կրկին ու կրկին տեսած են Պօյաճեանի ստորագրութիւնը այլ անձանց տրուած AXA չեքերու հետեւի էջին վրայ: 312,000 տոլար ընդհանուր գումարի չեքերը յայտնուած են անոր փաստաբանական գրասենեակի դրամատնային հաշիւներու մէջ, ցոյց կուտան դատական փաստաթուղթերը եւ գանձուած չեքերը:
Պօյաճեան ծանօթ էր Հայոց ցեղասպանութեան դատավարութեան։ Ան կը ծառայէր New York Life-ի հայցերու հատուցման խորհուրդի մէջ, ունէր փաստաբանական փորձառութիւն նոյն շէնքի մէջ, ուր AXA-ի հայցերու հատուցման բաժին կար, եւ կը ճանչնար մի քանի գնահատողներու, այդ կարգին՝ զարմուհին եւ մտերիմ ընկերներու հարազատներուն:
Բայց ան ոչ մէկ պաշտօնական դեր չէ ունեցած AXA-ի գործին մէջ, եւ թէ ինչպէս եւ ինչու ներգրաւուած է դրամական հայցերու մէջ, վիճելիութեան առարկայ կրնայ ըլլալ:
Երդման տակ հարցապնդուելով, այն մարդը, որ պէտք էր անմինջապէս տեղեակ ըլլար, թէ Պօյաճեան ինչ կ՛ընէր, հատուցման կառավարիչ Քարթալեան էր եւ որ ան նկարագրեց Պօյաճեանին որպէս խորհուրդատու, որ ոչ մէկ դեր չունէր հայցերու որոշման մէջ։
Ան չկրցաւ բացատրել, թէ ինչպէս Պօյաճեան ձեռք բերած է չեքերը կամ դիմորդներու գլխաւոր ցուցակը, գաղտնի տուեալներու ելեկտրոնային արխիւը, որ նոյնիսկ Եղիայեան չէ կրցած ձեռք բերել՝ համաձայն Եղիայեաի երդուեալ ցուցմունքի եւ դատարանի մէջ տուած վկայութեան։
Պօյաճեան ստորագրած էր մօտ 90,000 ԱՄՆ տոլարի չեքերու ետեւին որպէս գանձող, որոնք տրուած էին Քարթալեանի կնոջն ու սկեսուրին, ինչպէս նաեւ 23,805 տոլար չեքը, որ տրուած էր իր լաւագոյն ընկերներէն մէկի՝ նահանգի նախկին օրէնսդիր Ուոլթեր Քարապեանի քրոջ, ըստ դատարանի փաստաթուղթերու:
Սուրիացի Հալէպլեանի դէպքին մէջ, որ չէր դիմած հատուցման գումարի համար, պարզուեցաւ, որ Պօյաճեանի մանկութեան ընկերն է, եւ կէս միլիոն տոլարի չեքերը յայտնուած են Լոս Անճելոսի դրամատնային հաշուեհամարին մէջ, որ Պօյաճեան բացած էր Հալէպլեանի անունով առանց անոր իմացութեան, ըստ Հալէպլեանի վկայութեան:
Դատարանի մէջ հարցեր ծագելէ յետոյ Պօյաճեան քրէական պաշտպանութեան փաստաբան վարձած է: Երդման տակ ցուցմունք տալու համար կանչուելով՝ ան օգտւոեցաւ սահմանադրական 5-րդ փոփոխութեան իրաւունքէն՝ ընդդէմ ինքնամեղադրանքի եւ մերժեց պատասխանել փաստաբաններու հարցումներուն:
Ան աւելի ուշ նահանգային փաստաբանին ըսաւ, որ կը կարծէ, որ ինքը իրաւունք ունի որոշակի հաշուարկային գումարներ ստանալու, քանի որ կողմնակի գործարք կնքած Կիրակոսի եւ Քապաթեքի հետ՝ օգնելու համաձայնեցնել AXA-ի պահանջները: Փոխարէնը, իր ըսելով, իրենք համաձայնած են իրեն թոյլ տալ բարեգործական հիմնադրամի գումարի 25%-ը ուղղել իր ընտրած նպատակներուն: Իրաւապահ մարմիններու հետ կիսուած նամակներու մէջ յստակ է, որ փաստաբանները կը քննարկեն գործարքը: Քապաթեքի գործընկերն ըսած է, որ ինքը երբեք չէ համաձայնուած դրան:
Պօյաճեան Նահանգային Փաստաբաններու Վարչութեան ըսաւ, որ ինքը փոստով մի քանի չեքեր հանած է, որոնք վերադարձուած են հայցերու բաժին եւ անոնք մուտքագրած՝ իր փաստաբանական գրասենեակի հաշիւին, որպէսզի անոնք չդառնան «հնացած» եւ «անգանձելի»:
Անցեալ տարի Trousdale Estates-ի իր առանձնատան մէջ տուած հարցազրոյցին մէջ, Պօյաճեան ըսաւ, որ որեւէ դրդապատճառ չունի հատուցման ֆոնտէն իւրացումներ ընելու: Ժեստով ցոյց տալով իր ճոխ տունն ու լողաւազանը, ան ըսաւ. «Ես աղքատ մարդ չեմ եւ ինծի 100,000 կամ ուրիշի 200,000 տոլարը պէտք չէ»:
Ան չկրցաւ անդարացնել Սուրիացիի չեքերը, բայց ընդունեց մէկ սխալ՝ 150,000 տոլար հաշուարկային գումարներ փոխանցելով քաղաքի կեդրոնի մէջ բարձրակարգ ոսկերիչին: Ըստ Պօյաճեանի՝ ոսկերիչ ընկերոջը ժամանակաւոր վարկ անհրաժեշտ էր՝ մատանիի համար ադամանդ գնելու համար, որի յաճախորդը՝ Լոս Անճելոսի փաստաբան Թոմ Ժիրարտին, կը ցանկար նուիրել իր կնոջ՝ Էրիքային: Պօյաճեանն ըսաւ, որ գումարն ի վերջոյ վերադարձուած է:
Քապաթեքի իրաւաբնաը մեղադրած է Պօյաճեանին հատուցման բազմաթիւ խնդիրներու համար, ներառեալ անյայտ կորած արխիւերը, որոնք, ըստ իրեն, «Պօյաճեան, հաւանաբար, հեռացուցած է … փորձելով թաքցնել իր խարդախութիւնը»: Պօյաճեան հերքած է այդ՝ վերջերս տուած հարցազրոյցի մէջ ըսելով, որ Քապաթեք կը փորձէր վերաշարադրել պատմութիւնը եւ «խորապէս սուտ կը խօսի»:
Պօյաճեան իր իսկ պահուածքը «հիմարութիւն» որակեց։ Ան չկրցաւ յստակ նկարագրել այն դերը, որ պէտք է խաղար հատուցման մէջ, մէկ պահ նշելով. «Ես իսկապէս չեմ գիտեր, թէ որն է իմ պարտականութիւնը»:
Բացայայտ է, որ ան երկար յարաբերութիւններ ունեցած է կամակատար դրամատնային պաշտօնեայի մը հետ։
Աւետիս «Աւօ» Մարգարեան տասնամեակներ շարունակ եղած է Պօյաճեանի անձնական դրամատնային մատակարարը շարք մը հաստատութիւններու մէջ եւ ան կ՛աշխատէր Լոս Անճելոսի կեդրոնին մէջ գտնուող Pacific Western-ի մէջ, AXA-ի հատուցման ժամանակ:
Փասատինայի իր տան մօտ հարցազրոյց տալով՝ դրամատան պաշտօնեան ըսաւ, որ Պօյաճեան իրեն չեքերու կոյտեր բերած է գանձման համար, եւ որ անոնց երկարատեւ յարաբերութիւններու պատճառով ան ուշադիր չէ վերանայած զանոնք՝ նախքան այդ Սանտա Ֆե Սփրինգսի մէջ գտնուող չեքերու մշակման հաստատութիւն ուղարկելը:
Մարգարեան լքած է դրամատունը նախքան Pacific Western-ի դերակատարումը AXA-ի խախտումներուն մէջ ուշադրութեան կեդրոնը յայտնուիլը: Ան ըսաւ, որ իրեն կանած են գործի հետ կապ չունեցող պատճառներով, բայց խոստովանեցաւ, որ փոխած է գործառոյթ վարելու ոճը: «Ես աւելի զգոյշ եմ», – ըսաւ ան։
(Լուսանկարը` Los Angeles Times-ի: Տոհմածառը AXA-ի հատուցման գործով դիմողի կողմէն ներկայացուած փաստաթուղթը մըն է):
Կիրակոս եւ Քապաթեք ի սկզբանէ մերժած էին հայցերը ստուգելու գաղափարը: Բայց անորմէ յետոյ, երբ ֆրանսական խորհուրդը դիմեց դատաւորին, փաստաբաններն ըսին, որ իրենք նոյնպէս կը ցանկան լուծել խնդիրները։
Յաջորդ տարի Կիրակոս դատաւորին ըսաւ, որ Պօյաճեանի փաստաբանը դիմած է եւ ըսած, որ իր պաշտպանեալը պատրաստ է վերադարձնել գումարի մէկ մասը: Մօտ 700 հազար տոլար ի վերջոյ վերադարձուած է։ Պօյաճեանն ըսաւ, որ մնացած գումարը փոխանցած է օրինական պահանջատէրերուն:
Կլենտէյլի իր գրասենեակի մէջ, Եղիայեան բացասաբար արձագանքած է Պօյաճեանի վճարումներուն։
«Հանցագործութիւն կատարուած է: Հիմա մենք յոյս կը տածենք գործա՞րք կնքել, որ կը քողարկէ գողութիւնը» Եղիայեան գրած է իր փաստաբանին ղրկած նամակին մէջ:
Այդ պահին այն մարդը, որ սկսած էր ամբողջ իրաւական գործունէութիւնը, ինքը ենթարկուած էր հսկողութեան: Կիրակոս եւ Քապաթեք դատի տուած էին Եղիայեանին եւ անոր կնոջ, որ նոյնպէս փաստաբան է։
Անոնք զոյգին մեղադրած են ցեղասպանութեան հատուցումերէն բարեգործական գումարները «անձնապէս թալանելու ամօթալի խարդախաղի մէջ»։ Գրեթէ 300,000 ԱՄՆ տոլարը, որ բաշխուած է անոնց ցեղասպանութեան կրթութեան ոչ շահոյթային կազմակերպութեան, վերայղուած է անոնց դստերը՝ անձամբ Եղիայեանին կամ իրենց փաստաբանական գրասենեակին: Այդ գումարը կը ներառէր 11 000 տոլար, որ ուղղուած էր իր երեխաներու իրաւաբանական դպրոցի ուսման վարձին:
Եղիայեան եւ անոր կինը հայցը դիտարկած են որպէս վրեժխնդրութիւն իր բարձրաձայնելուն համար, ինչպէս կինը քիչ ժամանակ ետք ցուցմունք տուած էր: Զոյգը կը պաշտպանէր վճարումները՝ ըսելով, որ բարեգործութիւնը կարեւոր աշխատանք կատարած է, եւ որ շահոյթ չհետապնդող խորհուրդի կողմէն հաստատուած վճարումները տեղին են, քանի որ անոնց ընտանիքը տարիներ շարունակ անվճար աշխատած է մինչեւ AXA-ի համաձայնագրով հետադարձ փոխհատուցում տրամադրելը:
Աւելի ուշ Նահանգի Փաստաբաններու Վարչութեան դատաւորները որոշակի աջակցութիւն առաջարկեցին այդ պահանջին, գտնելով ապացոյցներ, որ բարեգործական կազմակերպութիւնը «շատ օրինական գործունէութիւն» ունեցած է: Նահանգային փաստաբաններու խորհուրդը վճռեց, որ «անվիճարկելի» է, որ Եղիայեան պարտքով տուած է շահոյթ չհետապնդող գումարը, եւ որ անոր կինն ու երեխաները «զգալի աշխատանք կատարած են … եւ ծախսեր ըրած»:
Եղիայեան վերադարձուցած է 31000 ԱՄՆ տոլարը եւ հայցը լուծած՝ 2013-ին ։ Ան զգացած է, որ մեղադրանքները արատաւորած են իր հեղինակութիւնը հայ համայնքին մէջ։ Եղիայեանի այրին՝ Ռիթա Մահտեսեան, մէկնաբանութիւններ պահանջող հաղորդագրութիւններուն չէ պատասխանած։
Հատուցման պայմանները սահմանափակէին այն, ինչ Եղիայեան կրնար ըսել եւ ընել AXA հատուցումի մէջ առկայ խնդիրներու վերաբերեալ։ Լայնածաւալ ընդարձակ դրոյթը կ՛արգելէր Կիրակոսի, Քապաթեքի եւ անոնց աշխատակիցներու մասին հրապարակային յայտարարութիւնները:
Բայց Եղիայեան անըկճելի էր: Կլենտէյլի իր գրասենեակի մէջ, մի քանի երիտասարդ օգանականներու հետ ան հաւաքեց էլեկտրոանային նամակներու, դրամային փաստաթուղթերու եւ դատական փաստաթուղթերու մէկ թղթածրար մը եւ պատրաստեց 20 էջնոց յուշագիր մը Կիրակոսի, Քապաթեքի, Պօյաճեանի եւ այլոց դէմ ուղղուած իր մեղադրանքներու մասին, որոնք ան վերնագրած էր «AXA խարդախութիւն. Ժամանակագրական Պատմութիւն» ըստ նիւթերու պատճէնին, որոնք յանձնուած են իրաւապահ մարմիններուն եւ վերանայուած՝ The Times-ի կողմէն:
Էլեկտրոնային նամակները պահպանած են այն, որ Եղիայեան շարք մը մօտեցումներ ցուցաբերած է ԱՄՆ դատախազութեան ու Էֆ.Պի.Այ.-ին՝ սկսած 2012-էն: Երկու գերատեսչութիւններու խօսնակները մերժեցին մէկնաբնանել՝ նշելով հետաքննութիւնները չհաստատելու կամ հերքելու քաղաքականութիւնը:
Ինչպէս Քապաթեքի, այնպէս էլ Կիրակոսի ներկայացուցիչները նշած են, որ իրենց դէմ քրէական մեղադրանքներ կամ ապօրինութիւններու բացայայտումներ չեն եղած:
Geragos & Geragos իրաւաբանական ընկերութեան գործընկեր Պեն Մեյսեյլաս թերթի հարցերը անուանած է «ամբողջը զրպարտչական, սխալ, տարօրինակ»:
«Այս վերամշակուած դաւադրութեան տեսութիւնները բազմիցս մերժուած են ինչպէս ներքին, այնպէս էլ արտաքին փաստաբաններու, ե՛ւ տեղական ե՛ւ նահանգային իշխանութիւններու եւ նախագահող դաշնային դատաւորի կողմէն», – գրցած է Մեյսեյլաս էլեկտրոնային նամակի մը մէջ:
Անհասկանալի է, թէ արդէօ՞ք դաշնային իշխանութիւնները նոյնիսկ հաշիւի առած են Եղիայեանի մեղադրանքները:
Եղիայեան 2013-ին իր փաստաբանին յայտնած է, որ Էֆ.Պի.Այ. իրեն պատասխանած է հիասթափեցնող լուրերով: Գործակալը ըսած է, որ «ոչ մէկ հետաքննութիւն չէ իրականացուելու», քանի դեռ դատաւորն ինքը պաշտօնապէս հարցը չէ ուղարկած ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութեան:
(Ընտանեկան լուսանկարը AXA հատուցման գործով դիմողի կողմէն ներկայացուած փաստաթուղթը մըն է):
Դատաւոր Սնայտըր վերահսկած էր ցեղասպանութեան դատավարութիւնը 2000 թուականէն ի վեր, եւ ան վրդովուած էր, երբ 2011-ին ֆրանսական խորհուրդը մտահոգութիւններ յայտնած է իրեն՝ ըսելով, որ «խնդիրները պէտք է ինձ աւելի շուտ յայտնի ըլլային»:
«Թոյլ տուէք կոպտել», – ըսաւ ան, խորհուրդի առաջարկէն յետոյ, որ մինչեւ 5 միլիոն տոլար կրնայ պակաս ըլլալ, եւ որ դատաւոր պէտք է լուծէ զայն: «Ես ունիմ 350 այլ գործ, եւ չեմ պատրաստուիր ընդհանուր ստուգում կատարել պատահածի վերաբերեալ»։
Ասիկա առնուազն հինգ դեպքերէն մէկն էր, երբ Եղիայեան, Ֆրանսայի հատուցման խորհուրդը կամ ապահովագրուածի ժառանգները Սնայտըր ին խնդրեցին կարգադրած հատուցման համաձայնագրի ամբողջական վերանայումը:
Ան հակադարձեց՝ նշելով, որ ստուգման այս հարցումներէն մի քանին շեղուած են պատշաճ ընթացակարգէն եւ պատճառաբանելով մտահոգութիւնները, որ մանրակրկիտ հետաքննութեան ծախսերը կը խլեն հայ ժառանգներու կամ բարեգործական կազմակերպութիւններու համար նախատեսուած գումարներէն: Ատոր մէջ անոնք աջակցած են Քապաթեք եւ Կիրակոս։
«Անոնք կը ցանկային վերադառնալ եւ կեղվել այդ սոխը: Մենք չենք գիտեր, թէ որքան հեռուն կնանք երթալ», – ըսաւ Քապաթեք 2011-ին լսումներու ժամանակ անոր խօսքերուն մէջ, որտեղ ան դէմ էր յետագայ հետաքննութեան եւ յորդորեց դատաւորին «լուծել այս գործընթացը, որպէսզի մենք կարողանանք զայն փակել այս հայցային դիմումի գործընթացը»։
Սնայտըր կանաչ լոյս որոշ որոշ յետաքնչական ջանքերու համար՝ դրամատնային պաշտօնեային հրամայելով հրապարակած գրառումները եւ ստորագրած աւանդները հաշուարկային տնօրէնէն եւ այլքէն: Պահ մը ան թոյլ տուաւ հաշուապահական ընկերութեան վերանայիլ մօտ 200 հաստատուած պահանջներ: Վերանայումը սահմանափակ էր: Ան չէր նայեր, թէ արդէօք մարդիկ պէտք է հաստատվեն: Բայց բացայայտեց լուրջ խնդիրներ: Հաշուապահի Համաձայն` դատարան ներկայացուած հաշուետւութեան, 1,4 միլիոն տոլարէն աւելի չեքեր տրուած են, բայց երբեք չեն գանձցուած, իսկ պահանջատէրերուն 500,000 ԱՄՆ տոլար ընդհանուր գումարի չեքեր չեն տրուած:
Սնայտըր կը մտածէր իրաւապահներուն ներգրաւելու մասին, սակայն իր լսումներէն մէկուն մէջ բացատրեց. «Ես անլուրջ չեմ վերաբերուիր փեփեւի առնելով գործերուն դատախազութիւն տեղափոխելուն»:
ԱՄՆ-ի շրջանային դատաւոր Քրիստինա Սնայտըր կը վերահսկէր ցեղասպանութեան դատավարութիւնը: Անոր խստօրէն առաջարկուած է պատուիրել AXA հատուցման համապարփակ վերանայում: Սնայդեր կը մտածէր իրաւապահներուն բերելու մասին, սակայն իր լսումներէն մէկուն մէջ բացատրեց. «Ես անլուրջ չեմ վերաբերուիր գործերուն դատախազութիւն տեղափոխելուն».
(ԱՄՆ շրջանային դատարան Քալիֆոռնիայի կեդրոնական շրջանի համար)
Ան նաեւ զգուշությամբ կը վերաբերուէր Պօյաճեանին պետական փաստաբանին պաշտպանութեան համար պատասխանատու կառավարական գործակալութեան զեկուցելու հարցի մէջ, հակառակ ապացոյցներու առկայութեան, որ ան հարիւր հազարաւոր տոլարներ իւրացած է՝ ըստ արձանագրութիւններու եւ դատական փաստաթուղթերու:
Գործակալութեան պաշտօնեաները պատրաստ էին հետաքննելու, եթէ Սնայտըր պաշտօնական ուղեգիր կատարէր, 2013ին Քապաթեքի, Կիրակոսի եւ Եղիայեանի համատեղ դիմումին համաձայն: Անոնք ըսին, որ որպէս խումբ՝ աջակցած են անոր, ատիկա ընելու համար: Բայց Սնայտըր լսումներու ժամանակ յայտարարեց, որ ինքը «բաւականաչափ փաստեր չի գիտեր, որպէսզի այս փուլի մէջ ձեզմէ որեւէ մէկին ըսէի, որ ես պատրաստ եմ երեւէ բան ընելու»:
Երբ հարցը ի յայտ եկաւ մի քանի ամիս ետք, Սնայտըր փաստաբաններուն հրամայեց գրաւոր գնահատականներ տալ Պօյաճեանի անօրինական վարքագծի վերաբերեալ՝ անոր Պետական Վարչութիւն ուղարկելու նպատակով՝ դատական փաստաթուղթերու եւ արձանագրութիւններու համաձայն: Դատաւորը փակեց փաստաբաններու առաջարկութիւնները, ինչպէս նաեւ գործով տասնեակ այլ գաղտնի փաստաթուղթեր։
The Times-ը յաջողութեամբ դիմեց Սնայդերին անցեալ տարի՝ ձայնագրութիւններուն հասանելիութիւն ստանալու համար: Կիրակոս միայնակ փաստաբանն էր, որ դէմ էր փաստաթուղթերու հրապարակմանը:
Նոր չկնքուած փաստաթուղթերը ցոյց կուտան, որ Կիրակոս վիճած է Պօյաճեանին Պետական փաստաբանական վարչութեան ուղարկելու դէմ՝ գրելով, որ «այս պահին հետաքննութիւնը հաստատելը» կրնայ խոչընդոտած անօրէն գումար վերադարձնելու ջանքերուն: Դատաւոր համոզուեցաւ՝ որոշելով, որ «այս պահին գարծակալուեան յանձնում պէտք չէ կատարուի»։
Քանի որ դատավարութիւնը կը ձգձգուէր, Պօյաճեանի համար AXA-ի փողերու հետ կապուած մեղադրանքներ ներկայացնելու վերջնաժամկէտը մօտեցաւ: Մինչ Լոս Անճելոսի շրջանային դատախազութիւնը 2016 թուականին կը քննէր մեղադրանքները, խարդախութեան եւ այլ լուրջ մեղադրանքներու վաղեմութեան ժամկէտն արդեն անցած էր, ըստ Պօյաճեանի փաստաբանի: Պօյաճեան չէ ներկայացուցած յանցագործութեան եւ զանցանքի մեղադրանք՝ կապուած Փաստաբաններու նահանգային վարչութեան հետ սուտ ցուցմունքներ տալու հետ եւ, ի վերջոյ, չէ կրած ազատազրկման պատիժ:
«Մենք կը կարծէինք, որ [իւրացման մեղադրանքները] պէտք է յանձնած ԱՄՆ դատախազին՝ հետաքննութեան համար», – կը յիշէ Լի պոյտ՝ Փեփըրտայնի իրաւաբանական դպրոցի նախկին պրոֆեսոր, որ ֆրանսական խորհուրդի փաստաբան էր: «Մէկ անգամ դատաւորը ըսաւ՝ ոչ, ու ամեն ինչ վերջացաւ: Եւ ես ստիպուած էի ընդունիլ անիկա»:
2014 թուականի գարնան, երբ Քապաթեք եւ Կիրակոս դրդեցին աւարտին հասած հատուցման գործընթացը, Անոնք խնդրեցին Ֆրանսայի խորհուրդին ստորագրած լիազօրագիր, որ կը խոչընդոտէր խորհուրդի կողմէն փաստաբաններուն դատի տալը: Վարչութեան անդամները, ի զայրոյթ Կիրակոսի, մերժցին: ինչպէս ցոյց կուտա ձայնագրութիւնը։
«Հատուցման խորհուրդը, մինչ անոնք շարունակեցին ընել այս ամբողջ ընթացքին, աւելի շատ խնդիրներ յառաջացուցած է, եւ այս պահին պոչը գլուխին կը հարուածէ», – բողոքեց Կիրակոս դատաւորին: Ան առաջարկեց, որ իրենց մերժման պարագային դատաւորը կրճատէ իրենց ճանապարհածախսի, իրաւաբանական եւ վարչական ծախսերու համար նախատեսուած 30.000 տոլարի փոխհատուցումը։
Սնայտըր անոնց տուած է 3000 տոլար՝ նշելով, որ ան «կը փորձէ խուսափել բողոքարկումներէն եւ կարճել գործերը»։
Միեւնոյն ժամանակ, դատաւորը փաստաբաններուն շնորհեց լրացուցիչ 1 միլիոն տոլար դատական ծախսերու եւ այն ծախսերու համար, որ ան անուանեց լրացուցիչ աշխատանք՝ ապահովելու «պատշաճ հաշուառում եւ չուղղորդուած հաշուարկային գումարներու վերականգնում»: Միայն ԿԻրակոսի ընկերութիւնը ստացած է 450 000 տոլար։
Սնայտըր պաշտօնապէս փակած է գործը 2016ին: Երկու տարի ետք Քապաթեք անոր մրցանակ յանձնեց Իրաւաբաններու հայկական կազմակերպութեան անունէն։
«Իւրաքանչիւր դատաւոր պէտք է դասեր քաղի յարգարժան Քրիստինա Սնայտըրէն։ Ան համբերատար է բոլորի հետ, բայց տակաւին կը վերահսկէ իր դատարանի դահլիճը եւ գիտէ օրէնքը բոլոր կողմերով», – ըսած է Քապաթեք 2018 թուականին ընթրիքի ժամանակ:
Ծափահարութիւններէն յետոյ Սնայտըր ցեղասպանութեան դատավարութեանն իր նախագահութիւնն որակեց «հրաշալի փորձառութիւն»:
Ոչ մէկ համայնք այնքան ոգեւորուած չէր AXA հատուցումով, որքան Ֆրանսաի մէջ բնակող մօտաւորապէս 600,000 էթնիկ հայեր: Հարցազրոյցներու եւ հրապարակուած զեկոյցներու համաձայն, համաձայնագրի ստորագրումէն յետոյ Փարիզ կատարած յաղթական շրջագայութեան ժամանակ Կիրակոս, Եղիայեան եւ Քապաթեք ֆրանսահայ բարեգործական կազմակերպութիւններուն ըսած են, որ հատուցման համաձայնագրի շրջանակներու մէջ անոնք ստանալու են առնուազն 3 միլիոն տոլար։
«Ես իսկապէս կարծի մէջ էի, որ Անոնք հերոսներ են», – ասի մէջ է Ֆրանկո-հայկական հասարակական կազմկերպութիւններու համադրման խորհուրդի ղեկավար Արա Թորանեան:
Լոս Անճելոսի իրաւաբանները խնդրեցին շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւններուն առաջարկութիւններ ներկայացնել, թէ ինչպէս կրնան ծախսել սպասուելիք եկամուտը, եւ ի վերջոյ ստացան աւելի քան 100 փաունտ թղթային դիմումներ, կը յիշէ ֆրանսական խորհուրդի անդամ՝ Շնորհոքեան:
Լոս Անճելոսի փաստաբաններուն տուած խոստումները համահունչ էին հատուցման պայմաններուն։ Ատոր մէջ կը նշուէր, որ հատուցման բարեգործական մասը՝ սկզբնական 3 միլիոն տոլար գումարած այն, ինչ մնացած է ժառանգներուն տրուող փոխհատուցումէն , կ՛ուղարկուի Ֆրանսայի մէջ ստեղծուած հիմնադրամին՝ «առաջ մղելու հայ համայնքի շահերը»: AXA-ն կանոնադրութիւն կը գրէ այս նոր բարեգործական կազմակերպութեան համար, եւ Լոս Անճելոսի իրաւաբանները կը նշանակեն վերահսկիչ խորհուրդ՝ գումարը բաշխելու համար:
Բայց ֆրանսական հիմնադրամը այդպէս էլ չստեղծուեցաւ։ Փոխարէնը, Լոս Անճելոսի իրաւաբանները ընտրեցին բարեգործական կազմակերպութիւններ՝ հիմնադրամի համար նախատեսուած գումարները ստանալու համար՝ ըստ դատական արձանագրութիւններու եւ իրաւաբաններու նամակներու, որոնք փոխանցուած են իշխանութիւններուն:
Հատուցման համաձայնագրի մէջ փոփոխութիւններ չեն կատարուած: Այդ պահի դրութեամբ, երեք փաստաբանները հայցադիմումում ընդունած են, որ իրենք կը շեղուին հատուցման պայմաններէն՝ բացատրելով, որ կան «դժուարութիւններ» եւ «շփոթութիւն» ֆրանսական շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութեան ստեղծման հարցի մէջ, ինչը այն կը դարձնէ «չափազանց ծախսալի» այդ հետապնդելու համար:
Բայց անոնք արագ հետս կոչեցին դիմումը եւ հրապարակաւ չանդրադարձան այս հարցին։
Kabatek-ի իրաւաբանական գործընկեր Գառնիկեան կը պնդէր, որ հետս կոչուած միջնորդութիւնը դատաւորին «միանշանակ ծանուցած է» փաստաբաններու որոշումը՝ հետ կանգնելու հատուցումէն եւ դատաւորը «չառարկեց այս հրապարակայնօրէն ներկայացուած ծրագրին», քանի որ ան արգելք չունէր: Ան յաւելեց. «Ոչ դատարանը, ոչ AXA-ն, ոչ լայն հասարակութիւնը, ոչ որեւէ կազմակերպութիւն, ոչ ալ որեւէ մէկը երբեւէ չէ վիճարկած այս որոշումը»:
Աւելի քան 1 միլիոն տոլար նուիրաբերուած է ֆրանսական բարեգործական կազմակերպութիւններուն, այդ կարգին՝ հարիւր հազարաւոր տոլարներ նշանաւոր շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւններուն, ինչպիսիք են Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Փարիզի մասնաճիւղը կամ ՀԲԸՄ-ն, ինչպէս նաեւ փոքր դրամաշնորհներ մշակութային խմբերուն եւ դպրոցներուն:
Քապաթեք 25,000 ԱՄՆ տոլար ուղարկած է Լոս Անճելոսի Շրջանի Իրաւաբանական Ծառայութեան, որ շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն մըն է, որուն ան ծառայած է, ըստ 2010 թուականի հաշուառման, որ յետագային ներկայացուած է իշխանութիւններուն: Այս նուէրը չէ ներառուած փաստաբաններու կողմէ դատաւորին ներկայացուած բարեգործական նուիրատւութիւններու ցանկին մէջ։
Քապաթեքի գործընկեր Գառնիկեան հաստատած է, որ նուիրատւութիւնը կատարած է առանց դատաւորին ծանուցելու եւ ըսած է, որ իրմէ չէ որ կը պահանջուի հաշուետւութիւն ներկայացնել համաձայնագրի պայմաններու համաձայն: Այս պայմանները կը նախատեսուէին, որ ամբողջ գումարը կ՛ուղարկուի ֆրանսական հիմնադրամ՝ բաշխման համար: Գառնիկեանն ըսաւ, որ Թաղամասի Իրաւաբանական Ծառայութիւններու կողմէ սպասարկուողներու կարգին կայ «ցածր եկամուտ ունեցող հայ համայնք»:
AXA-ի գումարներու մէկ այլ հիմնական ստացողը Լոյոլա իրաւաբանական դպրոցն էր՝ կրթական հաստատութիւն Լոս Անճելոսի կեդրոնի մէջ, որ քիչ կապեր ունի Ֆրանսայի հետ, բայց սերտ կապեր ունի ներգրաւուած իրաւաբաններու հետ: Կիրակոս եւ Քապաթեք շրջանաւարտներ էին, որոնք յաճախ կը յայտնուէին համալսարանի միջոցառումներուն եւ որոնց ընկերութիւնները ուսանողներուն կը վարձէին որպէս գործավարներ, իսկ շրջանաւարտներուն՝ որպէս աշխատակիցներ: Քապաթեք երկար տարիներ աշխատած է որպէս իրաւաբանական դպրոցի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ եւ կը հանդիսանայ անոր մայր համալսարանի՝ Լոյոլա Մերիմաունթի հոգաբարձուն: Կիրակոսի եւ Եղիայեանի երեխաները նոյնպէս այնտեղ ստացած են իրաւաբանական կրթութիւն։
Իրաւաբանական դպրոցը յայտնած է, որ ստացած է մօտ 1,4 միլիոն տոլարի հաշուարկներ New York Life-ի եւ AXA-ի հետ՝ աւելի շատ, քան ցանկացած այլ հաստատութիւն: Սակայն դատաւորին ներկայացուած ցուցակներու մէջ փաստաբանները նշած են Լոյոլային 400 000 տոլար նուիրատւութիւն:
Նուիրատւութիւնները հասած են դպրոց եւ ունին ինը տարուայ ընթացք, տատանումը՝ $10,634.68-էն մինչեւ $350,000:
Մէկ դէպքի մէջ Լոյոլայի մէջ յստակեցուաւ 350,000 ԱՄՆ տոլարի նուիրատւութիւնը, որ դատարանի փաստաթուղթերու մէջ նշուած էր, որ այն գնէր յայտնի հայկական բարեգործական AGBU կազմակերպութեան: Քապաթեքի իրաւաբանական գործընկերն ըսաւ, որ ՀԲԸՄ-ն «անկախաբար որոշած գումարը նուիրաբերել Լոյոլային «գումարները ստանալէ յետոյ»:
Նուիրատւութիւններու ցանկը, որոնք փաստաբաններ Պրայըն Քապաթեք, Վարդգէս Եղիայեան եւ Մարք Կիրակոս ներկայացուցած են դատարանին: 2010-ին Եկեղեցւոյ խումբերը The Times-ին ըսած են, որ չեն ստացած այն հարիւր հազարաւոր տոլարները, որոնք պէտք է ստանային:
Նամակները, որոնք յետագային տրամադրուած են իրաւապահ մարմիններուն, ցոյց կուտան, որ փաստաբանները նախապէս հաշուարկած են, որ այն գումարը, որին անոնք ըսած են դատաւորին, որ կ՛երթան ՀԲԸՄ-ին, արագ կուղարկուի դպրոց: ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեան The Times-ին ըսած է, որ գումարները ուղարկուած են Լոյոլային փաստաբաններու «առաջնորդութեամբ»: Բարեգործական կազմակերպութիւնը «չէր գիտեր, թէ ինչպէս է այս վճարումը հաղորդուած դատարանին», – թերթին ըսած է անոր ֆինանսական տնօրէն Մարք Գիթլեն՝ յաւելելով. «Մենք մտահոգուած չէինք, քանի որ կը կարծէինք, որ այս ներդրումը արժանի գործի կը ծառայէ»:
Լոյոլայի ծրագիրը յայտնի դարձաւ որպէս Իրաւունքի Եւ Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութեան Կեդրոն, սակայն անոր տնօրէնն ըսաւ, որ այն սկսուած է աւելի քիչ հաւակնութիւններով: Քրէական իրաւունքի պրոֆեսոր Սթենլի Կոլտմանը, որ կը դասաւանէր եւ՛ Կիրակոսին, եւ՛ Քապաթեքին, կ՛ըսէ, որ ինքը տարիներ ծախսած է՝ փորձելով հաւաքել համեստ գումար Հոլոքոստի, ցեղասպանութեան եւ օրէնքի դասընթացի համար:
Երբ ան գաղափարը փոխանցեց Քապաթեքին մօտ 2002 թուականին, փաստաբանը պատասխանեց, որ գուցէ ան կրնայ կազմակերպել բարեգործական նուիրատւութիւն «մինչեւ 50,000 տոլարի չափով, որ մնացած է» ցեղասպանութեան ակնկալուող հատուցումէն : Կոլտմանը ըսաւ, որ զարմացած է, երբ այդ գումարի բազմապատիկ ներդրումները շարունակած են մուտք գործել:
Աւելի քան մէկ տասնամեակ ետք Կոլտման դեռ կ՛օգտագործէ այդ գումարը կեդրոնը ղեկավարելու համար: Ան կ՛աջակցի նոր շրջանաւարտներուն, որոնք կ՛աշխատին մարդու իրաւունքներու ոլորտի մէջեւ կը ղեկավարէ իրաւաբանական ուսումնակեդրոն, ուր ուսանողները կ՛օգնեն միջազգային իրաւունքի գործերու վերաբերեալ համառօտ ամփոփագրեր կազմելու:
Քապաթեքի գործընկեր Գառնիկեան կը պնդէր, որ նուիրատւութիւնները Loyola-ին եւ այլ ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններուն, որոնք կապուած չեն Ֆրանսայի հետ, կը թոյլատրեն AXA-ի գումարի որոշակի «հատուածի» դիմաց: The Times-ը չկրցաւ գտնել նման դրոյթ համաձայնագրի մէջ, եւ Գառնիկեան չհիմնաւորեց պահանջը:
Թէ ինչ կատարուած է այլ բարեգործական կազմակերպութիւններու հետ, կը մնայ անհասկնալի: The Times-ը չկրցաւ բացատրել աւելի քան 750,000 տոլարը, որ փաստաբանները դատաւորին ըսին որ ան գացած է յօգուտ որոշ կրօնական կազմակերպութիւններու:
Այս գումարը կը ներառէ 100,000 տոլարը, որ փաստաբաններն ըսած են դատաւորին, որ անոնք բաժնած են հայ կաթոլիկ եւ հայ բողոքական եկեղեցիներու միջեւ։ Երկուսի պաշտօնեաներն ալ The Times-ին ըսին, որ նման նուիրատւութեան մասին գրառում չունին:
Քապաթեքի գործընկերը հաստատած է, որ «գումարը երբեք դուրս չէ եկած հաշիւէն» եւ ըսած է, որ ան «յետագային բաժնուած է այլ բարեգործական կազմակերպութիւններուն»:
Եղած է նաեւ 450,000 ԱՄՆ տոլարի նուիրատւութիւն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ արտասահմանեան կազմակերպութեան, որ Կիրակոս թուարկած է 2010ի դատական հայցի մէջ:
Կրօնական համայնքի Փարիզի գրասենեակի եւ անոր հայաստանեան կեդրոնակայանի պաշտօնեաները հաստատած են, որ իրենք ստացած են AXA-ի այլ գումարներ, որոնք թուարկուած են դատական փաստաթուղթերում, 300,000 ԱՄՆ տոլար ընդհանուր գումարի չեքեր՝ ստորագրուած Kabatek-ի կողմէ 2008 թուականին եւ 50,000 ԱՄՆ տոլարի չեք՝ ստորագրուած Կիրակոսի կողմէ 2010 թուականին:
Սակայն ֆրանսայի եկեղեցին եւ հայկական կեդրոնական գրասենեակը 450,000 տոլարի նուիրատւութեան մասին ոչ մէկ գրառում չեն գտած՝ համաձայն The Times-ին տրուած նամակներու եւ առանձին նամակագրութեան, որոնք նախկին ժամանակ տրամադրուած էին իրաւապահներուն:
Կիրակոս The Times-ին ուղղուած էլեկտրոնային նամակին մէջ պնդած է, որ չեքերը գրած է չեքային հաշուեհամարի մէջ եւ տուած անոնք Պըրպանքի տեղական եկեղեցւոյ թեմին, որն այնուհետեւ գումարը փոխանցած է Հայաստան՝ գրելով, որ «յատկացուած ամբողջ գումարը հաշուառուած է աւելի քան 10 տարի առաջ: «Որպէս ապացոյց՝ ան ներկայացուցած է երկու սրբագրուած յատարարութիւն, որոնք ցոյց կուտան 450,000 ԱՄՆ տոլարի փոխանցումներ թեմի Pacific Western Bank դրամատան հաշիւէն, որ մակագրուած է «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս», որ անգլերէն տերմին է Հայաստանի մէջ բնակող եկեղեցւոյ առաջնորդի համար:
Յայտարարութիւններու մէջ չէ նշուած փոխանցում ստացողը, ինչպէս նաեւ AXA-ն՝ որպէս գումարներու աղբիւր, եւ Կիրակոս չէ պատասխանած այն հարցին, թէ ինչու Հայաստանի մէջ եկեղեցին ըսաւ, որ երբեք չէ ստացած այդ գումարը:
Պըրպանքի թեմի գործադիր տնօրէնը մերժեց տեղեկատվութիւն տրամադրել իր ստացած կամ տնօրինած հաշուարկային գումարներու մասին՝ ըսելով միայն. «Բոլոր գումարները պատշաճ կերպով նպատակաուղղուեցան»:
Կիրակոս երկարաժամկէտ յարաբերութիւններ ունեցած է Պըրպանքի թեմի հետ եւ երկու տասնամեակ ծառայած է որպէս անոր գլխաւոր իրաւաբան։ Մօտաւորապէս այս ժամանակաշրջանին Փասատինայի մէջ Թեմական եկեղեցւոյ հանդիսութիւններու սրահը վերանուանուեցաւ ի պատիւ Կիրակոսի ծնողներու, եւ տեղական թերթը տեղեկացուց, որ պատիւը անոր նուիրատւութեան արդիւնքն է:
Եղիայեան մտահոգուած էր, որ Կիրակոս օգտագործած է հատուցման գումարները դահլիճի անունը ապահովելու համար եւ այդ մտահոգութիւնները յայտնած է ֆրանսական վարչութեան մէկ նամակին մէջ, որ յետագային փոխանցուած է իշխանութիւններուն՝ գրելով. «Հիմա ան կ՛ուզէ գնե՞լ իր ծնողներուն համար AXA բարեգործական գումարով»:
Pacific Western-ի դրամատան նախկին պաշտօնեայ Մարգարեան, որ եւ՛ հատուցման, եւ՛ Պըրպանքի թեմի հաշուապահ էր, հարցազրոյցի մէջ ըսած է, որ իմաստ չունի թեմի միջոցով հաշուարկային չեքեր ուղարկել: Գումարը, անոր խօսքով, կրնային փոխանցուիլ մէկ փոխանցումով անմիջապէս AXA-ի հաշիւէն մայր եկեղեցի:
Անցեալ տարի, տասնամեակներու ճնշումներէն յետոյ, ԱՄՆ-ը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ 1915 թուականին հայ մտաւորականներու եւ հասարակական գործիչներու ձերբակալութեան տարելիցի օրը՝ Ապրիլի 24-ին, նախագահ Պայտընը բարձր գնահատած է վերապրածներու եւ անոնց ժառանգներու «ուժն ու տոկունութիւնը»:
«Անոնք երբեք չեն մոռցած ողբերգական պատմութիւնը, որ մեր ափերը բերած է իրենց նախնիներէն շատերուն», – ըսաւ ան:
Մի քանի օր ետք իր ամենշաբաթեայ հեռուստայայտագրի մէջ Կիրակոս ըսաւ, որ Պայտընի քայլը աւելին է, քան քաղաքական խորհրդանիշ: Ան ըսաւ, որ անիկա հաւանական կը բանայ իր համար նոր հայցեր ներկայացնելու թրքական կառավարութեան կամ դրամատնային պաշտօնեայի դէմ:
«Ատիկա հետաքրքրական իրավիճակ է, որուն մենք պիտի հասնինք», – ըսաւ ան :
Ապահովագրութեան վճարման գումարներու վերաբերեալ հարցերը դեռ կը մնան անլուծ։ Ֆրանսական խորհուրդը եւ մի քանի ժառանգներ իրենց հիասթափութիւնները տարին Նահանգի Փաստաբանական Վարչութիւն: Վարչութիւնը Պօյաճեանին կասեցուցած է փաստաբանական գործունէութիւնը 2018 թուականին, իսկ աւելի ուշ ան հրաժարեցաւ արտօնագիրէն:
Նահանգի Փաստաբանական Վարչութիւնը կարգապահական գործ յարուցած է Եղիայեանի դէմ եւ անյաջող փորձ ըրած է կնոջը զրկելու փաստաբանի կարգավիճակէն ։ Ան ոչ մէկ քայլ չէ ձեռնարկած Քապաթեքի եւ Կիրակոսի դէմ, իսկ վարչութեան ղեկավարը ենթադրեալ տուժողներէն մեկին ըսած է, որ «կասկածը հետաքննութեան հիմք չէ»։
Ֆրանսական խորհուրդի անդամ Շնորհոքեան շարունակեց ուղարկել Նահանգի Փաստաբանական Վարչութեան եւ իրաւապահ մարմիններուն այն, ինչը, իր կարծիքով, կը վկայէ այն մասին, որ Կիրակոս եւ Քապաթեք սխալ կերպով օգտագործած են հատուցման գումարները:
«Ես ուղղակի արդարութիւն կ՛ուզեմ»,- ըսաւ Շնորհոքեան։ «Ես պայքարելու եմ մինչեւ վերջ»:
Եղիայեան հնարաւորութիւն չէ ստացած պաշտպանուելու փաստաբանական դատարանի մեղադրանքէն: Ցեղասպանութեան գործերու ճարտարապետը մահացած է 2017 թուականի Սեպտեմբերի 29-ին, 81 տարեկան հասակին։
Իր մահուան տարին YouTube-ի մէջ հրապարակուած հարցազրոյցի մէջ Եղիայեան փորձած է համախմբել Հայ համայնքին` հետաքննելու հատուցումը:
«Տիպիկ հայկական հասկացութիւն է, որ մենք պէտք չէ ուրիշներուն պատմենք մեր կեղտոտ լաթերու մասին»,- ըսաւ ան։ «Որքան շուտ մենք ցոյց տանք մեր կեղտոտ լաթերը յաջորդ սերնդը, այլ մարդիկ չեն համարձակիր փորձել գումար գողնալ հայկական կազմակերպութիւններէն».
Times-ի յատուկ թղթակից Աստրիկ Յակոբեան Փարիզի մէջ եւ Երեւանի մէջ իր ներդրումը ունեցած է այս զեկոյցի մէջ:
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ