ԵՐԿՈՒ ԲՈՎԱՆԴԱԿԱՅԻՆ «ԳՈՀԱՐ»ՆԵՐ

Posted on April. 12. 2022

Անդրադառնամ այս թիւի ընդամէնը երկու բովանդակային «գոհար»ներու: Դոկտ. Զաւէն աւագ քահանայ Արզումանեանը արդա՛ր ընդվզումով գրած է Հ. Բ. Ը. Մ.ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի փակման մասին: Կ՛երկրորդեմ արժանապատիւ տէր հօր ընդվըզումը: Հայկական դպրոցական համաշխարհային ցանց ստեղծած միութեան ղեկավարութիւնը վերջին տասնամեակներուն վատ համբաւ ձեռք բերաւ իրարու ետեւէ փակելով միութեան դպրոցները, որոնք նախկին ղեկավարներու, մասնաւորաբար արժանայիշատակ Ալեք Մանուկեանի աչքի լոյսն էին եւ հոգին: Սակայն, բարոյական ո՞ր իրաւունքվ այս մասին գրութիւն լոյս կը տեսնէ թերթի մը մէջ, որու պատասխանատու խմբագիրը եւ խմբագրական կազմի քանի մը անդամները ՈՒՂՂԱԿԻ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՆ ԵՆ մէկ ուրիշ հայկական դպրոցի՝ Թ. Մ. Մ.ի Արշակ Տիգրան վարժարանի փակման եւ շէնքի վաճառման: Ո՞ւր է խոստացուած նոր դպրոցը, որ մեր ազնիւ ժողովուրդը էշացնելու ծառայող մեծ սուտ մըն էր եւ դեռ է: Տարինե՜ր անցան Տիգրանեան դպրոցի վաճառքէն եւ նոր դպրոցը չկայ ու չկայ, եւ, իմ համոզումով՝ պիտի չըլլայ երբեւէ, քանի որ գաճաճն կոտալազեանները եւ այդ Ալի Պապային մեղսակիցները շէնքի վաճառքէն ստացուած միլիոնաւոր տոլարները առատօրէն կը մսխեն՝ ԱՌԱՆՑ ԴՈՅԶՆ ԻՍԿ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՅ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ: Ա՞յս է կոտալազեաններու հասկցած հայապահպանումն ու ժողովրդավարութիւնը: Երկրորդ դիտողութիւնս կը վերաբերի առաջին էջին վարի աջ անկիւնը առօքփառօք բազմած մահազդին. <Մահացաւ Ռուսաստանի խորհրդարանի խօսնակ, հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ եւ մեր անժամանցելի Դատին հաւատացող քաղաքական դէմքը՝ Վլատիմիր Ժիրինովսքի>: Այս նախադասութեան մէջ կան ընդամէնը երկու ՃԻՇԴ իրողութիւններ՝ Ժիրինովսքիի մահը եւ մեր ազգային դատին անժամանցելիութիւնը: Մնացեալները սխալ եւ սխալ են: Թուարկեմ. 1. Ամենէն թեթեւ վրիպակը պետութեան անունն է՝ Ռուսաստան: Պաշտօնական անունն է Ռուսաստանի Դաշնութիւն: 2. Ռուսաստանի խորհրդարանը բաղկացած է երկու պալատներէ՝ Պետական Տումա եւ Դաշնային Խորհուրդ, ինչպէս Ա Մ. Ն.ի Քոնկրէսը բաղկացած է Ներկայացուցիչներու Տունէն եւ Ծերակոյտէն: Ժիրինովսքի անդամ եղած է ՄԻԱՅՆ Պետական Տումային: Ուստի, <խորհրդարանի> բառը պէտք է ըլլար <Պետական Տումայի>: 3. <Խօսնակ> բառը ԿՐԿՆԱԿԻ սխալ է: Հայկական միջավայրին մէջ, կատարեալ անգրագիտութեան պատճառով, կը շփոթուին անգլերէնի SPOKESMAN եւ SPEAKER բառերը: Առաջինին հայերէն համարժէքն է ԽՕՍՆԱԿ-ը, երկրորդինին՝ ՆԱԽԱԳԱՀ-ը: Ժիրինովսքի երբեք չէ եղած Պետական Տումայի խօսնակ: Աւելին, այդպիսի պաշտօն ընդհանրապէս գոյութիւն չէ ունեցած եւ չունի: Երկրորդ կոպիտ սխալը՝ Ժիրինովսքի երբեք չէ եղած Պետական Տումայի նախագահ: Ան որոշ տարիներ եղած է Տումայի նախագահի տեղակալներէն մէկը: 4. Ժիրինովսէի ԵՐԲԵՔ չէ եղած հայ ժողովուրդի ՄՆԱՅՈՒՆ բարեկամ, ինչպէս կը կարդանք: Թուրքերու հասցէին այդ քաղաքական հտպիտին եւ լարախաղացին երբեմն հնչեցուցած արտայայտութիւնները ԲՆԱՒ հիմք չեն կրնար ըլլալ անոր իբրեւ թէ հայոց բարեկամ, այն ալ՝ մնայո՜ւն, ըլլալուն: Ընդհակառակը, ան բազմիցս հանդէս եկած է մեր՝ հայոց ազգային արժանապատուութիւնը վիրաւորող արտայայտութիւններով: Գուցէ խմբագրութեանդ անդամներուն ԵՐԿՈՒ ԲՈՎԱՆԴԱԿԱՅԻՆ «ԳՈՀԱՐ»ՆԵՐ խելապատիկով՝ ընդունուած բան է, որ բարեկամներ վիրաւորեն իրարու արժանապատուութիւնը: ՌԱԿ-ի այսօրուան պառակտուած վիճակը ապացոյց մըն է իմ ենթադրութեան, երբ Սեւակ Յակոբեան եւ ուրիշներ տարիներո՜վ կը խծբծեն Ազատեանը, Աւետիքեանը եւ ուրիշներ, իսկ վերջիններս ՝ Սեւակը, ընդհուպ դատարաններ քարշ տալով զիրար, ապա, յանկարծ, իրարու կողքկողքի կը կանգնին իբրեւ թէ կուսակցութեան միասնութիւնը վերականգնելու ազնի՜ւ մղումով… Օ՜ դարք, օ՜ բարք… 5. Ժիրինովսքի երբեք հաւատացող մը չեղաւ հայոց դատին, աւելի ճիշդ՝ <հաւատաց> միայն այն պահերուն, երբ մեր դատի որոշ կողմեր կը համընկնէին ՌԴ-ի օրուան քաղաքական շահերուն: Որքան գիտեմ՝ <հաւատք> բառը կը նշանակէ աներեր համոզում, մինչդեռ Ժիրինովսքի, իր խառնուածքով իսկ, լպրծուն արարած մըն էր, լարախաղաց մը, աւելի ստոյգ՝ խենթանոց դրուելիք յիմար մը, որ այդքան գուրգուրանքվ կը պահուէր՝ Ռուսիոյ նոր բռնակալ Փութինի պատգամները անոր բերանով տեղ հասցնելու համար: Այսքան սխալ ընդամէնը մէկ նախադասութեան մէջ՝ արժանի է արձանագրուելու Կինեսի մրցանիշներու գիրքին մէջ: Յամենայն դէպս, ՊԱՅՔԱՐ-ի այս սխալները, որոնք յաճախ ձեզի մէկ առ մէկ կը մատնանշեմ, կը կուտակուին, օր մը սփիւռքահայ արդի մամուլի պատմութիւնը հեղինակելու ատեն գործածուելու համար: Գէորգ Եազըճեան Երեւան, 11 ապրիլ 2022, առաւօտ ՅԳ. Տոքթոր Արմենակ Եղիայեանի հոգին դուրս ելաւ բազմիցս նշելէ, թէ հայերէնին մէջ թուականը կը գրուի օր-ամիս-տարի յաջորդականութեամբ, մինչդեռ ՊԱՅՔԱՐ-ը եւ կարգ մը սփիւռքահայ թերթեր կը յամառին շարունակել ամիս-օր-տարի յաջորդականութեամբ նշելը:
 Սխալը շարունակելու ձեր յամառութեամբ, իսկապէս կրնաք մրցիլ այն ընտանի ու բարի անասունին հետ, որու վրայ նստած, մեր տէրը յաղթական մուտք գործեց Երուսաղէմ… 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *