ԿՐԿԻՆ ԱՊՐԻԼ 24

Posted on April. 24. 2022

Համասփիւռ հայութիւնը անգամ մը եւս պիտի ոգեկոչէ եւ խոնարհի իր մէկուկէս միլիոն սրբացած նահատակներու յիշատակին առջեւ: Քայլարշաւներ, թափօրներ տեղի պիտի ունենան ամէնուրեք,պատարագներ, դասախօսութիւններ ու հսկումներ, ճառեր եւ շռնդալից յայտարարութիւններ: Բայց յետոյ ի՞նչ եւ ինչո՞ւ…:Դժբախտաբար եւ դառնօրէն կ’անդրադռնամ ա՛յն իրողութեան, որ ցեղասպանութեան մասին բոլոր յուշագրութիւններն ու վկայագրութիւնները կը մնան գրադարաններու փոշոտած դարակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ամէն Ապրիլ 24-ին յայտնուող հայ եւ օտար քաղաքական դէմքերու «պերճ» ճառախօսութեանց մէջ: Դժբախտաբար յաջորդաբար պիտի անցնին ա՛յլ Ապրիլ 24-ներ, միօրեայ կամ երկօրեայ յուզումներ յառաջացնելով: Որքա՜ն միամիտ ենք որ տակաւին կը սպասենք, եւ չենք ալ գիտեր թէ որո՞ւ կը սպասենք եւ կամ ի՞նչ կ’ակնկալենք: Ցեղասպանութեան 107-րդ տարեդարձին առիթով անգամ մը եւս ծանծաղամտութեամբ պիտի ակնկալենք որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտեն ցեղասպանութիւն բառը գործածէ, որ պատահեցաւ անցեալ տարի, եւ վերջ….: Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու շահերը կը համընկնին Թուրքիոյ լարախաղաց քաղաքականութեան, եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան բարոյական արժէքներն ու սկզբունքները ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն: Ցեղասպանութիւն բառը գոծածուեցաւ եւ նոյնքան արագ օդին մէջ ցնդեցաւ: Այս բոլոր յայտարարութիւններէն ետք տակաւին կը հրճուի՜նք այս կամ այն օտար քաղաքին կողմէ Հայ դատի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումով, միւս կողմէ մոռնալով մեր արդար պահանջը ո՛չ միայն ոճիրի սրբագրութեան, այլեւ Արեւմտահայաստանի մեր կորսնցուցած հողերուն վերաբերեալ: Հայոց ցեղասպանութեան փաստը վաղո՜ւց ապացուցուած է միջազգային ցեղասպանագէտներու կողմէ: Մինչեւ այսօր կուտակուած փաստերը այնքան հարուստ են իրենց բազմազանութեամբ, որ այլեւս անհրաժեշտ պէտք է նկատենք մեր աշխատանքները կեդրոնացնել ոճիրի սրբագրութեան եւ հողային պահանջին վրայ: Հետեւաբար պարտաւոր ենք մշակել ազգապահպանման նոր ծրագիր եւ գործի լծուիլ, որովհետեւ խօսքը առանց գործի օդին մէջ շուտով կը ցնդի: Հետեւաբար մեր գործնական աննահանջ պահանջքը պիտի ըլլայ.- 1. Նիւթական կորուստներու հատուցում (շարժուն եւ անշարժ գոյքեր): 2. Մէկուկէս միլիոն նահատակներու կեանքի հատուցում: 3. Մշակութային կորուստներու հատուցում: (դժբախտաբար կը շարունակուի տակաւին) 4. Հայրենիքի կորուստ: 5. Անխոնջ պայքար ահաւոր սպիտակ ջարդին դէմ: 6. Ազգը պահել հողին համար: Առանց հողի ազգ եւ պետականութիւն չկայ: Ժամանակն է որ խօսքէն անցնինք գործի եւ դարձեալ աղաղակենք բարձրաձայն ՀՈՂԵՐԸ-ՀՈՂԵՐԸ …: Հայ ժողովուրդին համար ընդունելի չէ երբեք թուրք պետութեան եւ անոր նախագահին«ցաւակցութիւնը՝» իր բացատրութեամբ՝ 1915-ին պատերազմական պայմաններու մէջ մահացած հայերունհամար։ 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ոճիրը ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ Էեւ վերջ…: Այս բացայայտ իրողութիւնը ո՛չ քննութեան, ո՛չ ալ վիճաբանութեան եւ կամ բանակցութեան նիւթ կրնայ ըլլալ հայ ժողովուրդին համար նամանաւանդ այս օրերուն երբ հայրենի պետութիւնը «աւագ եղբօր» թելադրութեամբ, չըսելու համար պարտադրութեամբ՝ բանակցութեան մէջ է Թուրքիոյ հետ դրացիական «առողջ» յարաբերութիւններ ստեղծելու համար: Պահանջատիրութիւնը կ’ենթադրէ լուրջ նախաձեռնութիւն եւ յստակ ծրա գիր: Պէտք չէ բաւականանանք հայրենասիրական եւ ազգապահպանման ճառերով եւ կամ լոկ ճանաչում հայցելով գերպետութիւններէն, որոնք անկասկած իրենց պատասխանատուութեան բաժինը ունին հայոց ցեղասպանութեան մէջ: Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին համար քաղաքական խորք ունի, որովհետեւ մագնիսի պէս կրնայ համախմբել նոյնիսկ իր արմատները մոռցած հայութիւնը: Գերազանց է անոր ոյժը՝ համախմբելու հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերն ու հոսանքները: Հայրենի պետականութիւնը իր ուրոյն քաղաքականութիւնը ունի, երբ հարցը կը վերաբերի Արեւմտահայաստանի: Ի վերջոյ, որպէս մէկ անդամը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, անիկա ենթակայ է միջազգային օրէնքի, եւ ատոր համաձայն որոշ պարտաւորութիւններ ունի որպէս պետութիւն եւ երբեք հրապարակաւ պիտի չպահանջէ Արեւմտահայաստանի յափշտակուած հողատարածքները, ինչպէս տեսանք մինչեւ այսօր: Պէտք չէ մոռնանք որ Թուրքիան, Ատլանտեան Ուխտի անդամ է: Անկէ հող պահանջել՝ կը նշանակէ հակադրուիլ Ատլանտեան Ուխտի կորիզին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, Անգլիոյ, Գերմանիոյ ու Ֆրանսայի: Այստեղ պէտք է յիշեցնել բոլոր անոնց, որոնք ելլելով իրենց հայրենասիրական զգացումներէն կը շեփորեն արեւմտահայութեան վերաբնակեցման գաղափարը Արեւելահայաստանի մէջ՝ նամանաւանդ հայրենամերձ հիւրընկալ երկիրներէն, թէ նման մակերեսային մտածողութիւն մը, որքան ալ բխի ջինջ հայրենասիրական զգացումներէ, անուղղակիօրէն ահաւոր հարուած մը կ’ըլլայ մեր հողային պահանջատիրութեան, որովհետեւ կը դադրինք այնուհետեւ մտածելէ եւ զգալէ թէ հայրենազուրկ ենք: Անվիճելի է այն իրողութիւնը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը միջազգային իրաւունքի հարց է այսօր, եւ անհիմն են բոլոր այն պնդումները թէ թուրք կառավարութեան գործած անմարդկային, ոճրագործական արարքները բացառապէս Թուրքիոյ ներքին գործն են: Գերպետութիւններ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր, մեկնելով իրենց քաղաքական շահերէն կը խուսափին պատասխանատուութիւն ստանձնելէ, մոռնալով մարդկային բարոյականութեան բոլոր սկզբունքները, եթէ անշուշտ մնացած է մարդկային բարոյականութիւն մը այս նիւթականացած աշխարհին մէջ: Հետեւաբար ի՞նչ պէտք է ընենք մեր ձայնը աւելի լսելի եւ ընդունելի դարձնելու համար ՄԱԿ-ի ընհանուր ժողովին մէջ: Ի վերջոյ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը կը տնօրինուի այդ ժողովին մասնակցող եւ ձայն ունեցող պետութիւններու կողմէ: նախ պէտք է դաս առնենք պատմութենէն եւ քաջատեղեակ ըլլանք թէ Արեւելեան Հարցը, որուն մէջ կը մտնեն հայերը, քիւրտերն ու պաղեստինցիները, ամենաբարդ ձեւով տակաւին կը մնայ համաշխարհային քաղաքականութեան սեղանին վրայ ու տակաւին երկար ալ պիտի մնայ այնքան ատեն որ գերպետութեանց շահերը չեն համընկնիր Արեւելեան Հարցի հետ: Պատմութիւնը մեզի սորվեցուց որ Հայկական հարցը կարելի է լուծել աստիճանաբար, երբ գերպետութեանց հաշիւները կը համընկնին հայկական շահերուն: Թուրքիան փորձեց իրեն իւրայատուկ ոճով, այլ խօսքով իր բնածին բարբարոսութեամբ լուծել Հայկական հարցը: Նախ Արեւմտահայաստանի վարչական տարածքներու սահմանները փոփոխելով կապեց համաթուրքական միջոցառումներու, եւ այդ ձեւով փորձեց թաղել հարցը: Տարածքային փոփոխութիւններով փորձեց անհետացնել հայ բնակչութեան ոյժը հայկական գաւառներու մէջ, եւ երբ ձախողեցաւ իր ծրագրին մէջ՝ դիմեց ցեղասպանութեան միջոցին, օգտուելով Համաշխարհային Ա. պատերազմի քաղաքական պայմաններէն եւ այսօր ալ կը փորձէ նոյն քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանի արիւնաթաթախ ձեռքով: Անկասկած որ իւրաքանչիւր արեւմտահայ յոյս ունի եւ կ’երազէ վերադառնալ իր դարաւոր հայրենիքը, նուիրուելու համար հայրենաշինութեան սրբազան գործին: Բայց ինչպէ՞ս իրականացնել երազանքը: Ամէն բանէ առաջ պէտք է նուիրուինք ինքնաճանաչման եւ մեծ աշխատանք տանինք ինքնամաքրման: Մէկդի պէտք է դնենք մեր հատուածական, կուսակցական, յարանուանական, միութենական, հայրենակցական եւ այլ կազմակերպութիւններու բաժանարար գործելաոճը, եւ նուիրուինք ու խթանենք նոր սերունդի ներդրումը պահանջատիրութեան սրբազան աշխատանքին մէջ: ԱՌԱՆՑ ՀՈՂԻ ԱԶԳ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ:

Այսուհետեւ ո՛չ խանդավառուինք, եւ ո՛չ ալ մխիթարուինք թէ այսինչ կամ այնինչ երկրի մէկ աննշան քաղաքը ճանչցեր է հայոց ցեղասպանութիւնը:Ամէն տարի նո՛յն յուսախաբութիւնը կ’ապրինք առանց դաս մը քաղելու մեր նախորդ տարիներու փորձառութենէն, մոռնալով որ նախագահ Ռեկըն 1981 Ապրիլ 22-ին իր նախագահական թիւ 4838 հռչակագրով արդէն ճանչցած էր հայոց ցեղասպանութիւնը: Բայց յետոյ ի՞նչ… ատկէ ասդին բան մը փոխուեցա՞ւ Թուրքիոյ հանդէպ ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ… Անշո՛ւշտ ոչ: Ընդհակառակն՝ Թուրքը իր աշխարհագրական դիրքը օգտագործելով կը փորձէ միշտ «ջերմ» պահել իր յարաբերութիւնները թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ՛ Ռուսաստանի հետ՝ ելլելով իր երկրի շահերէն: Անոր նորագոյն ցայտուն օրինակը կը տեսնենք այսօր՝ Ռուս Ուքրանիական պատերազմի ընթացքին: Դժբախտաբար Սփիւռքն ալ, հակառակ իր բովանդակ կարողականութեան, ինքնութեան կորուստի տխուր ընթացքի մը մէջ կը գտնուի այսօր: Օտարութեան ճիրաններուն մէջ, իրենց հայրենիքէն արմատախիլ եղած այլ ժողովուրդներու նման, մենք ալ ենթակայ ենք կամաւոր ստրկութեան եւ ուծացման՝ յանուն խաբուսիկ «բարօր» կեանքի մը: Սփիւռքը, որպէսզի կարողանայ տոկալ եւ շարունակել իր գոյութիւնը, պարտաւոր է պահել ու պահպանել իր ինքնութիւնը, նամանաւանդ իր լեզուն, որ անզգալաբար մաշումի եւ կորստեան ճանապարհի մէջ է: Սփիւռքահայը իր հայեացքը դէպի հայրենիք ուղղելով հանդերձ, առանց շփոթելու հայրենասիրութիւնը՝ բարեսիրական օգնութեան եւ հայրենասիրական զբօսաշրջութեան հետ, պարտաւոր է ասոնցմէ անդին իր ամբողջ կարողականութիւնը կեդրոնացնելու բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի հողերը վերաշահելու հիմնախնդրին վրայ: Տխուր իրականութիւններէն մէկն է, անշուշտ, որ Արեւմտահայաստանի ազատագրութիւնը դադրած է այլեւս մեր ազգային քաղաքականութեան մարտավարութեան գլխաւոր օրակարգերէն մէկը ըլլալէ, որուն մէջ իր տխուր բաժինը ունի հայրենի կառավարութիւնը, որ երբեք մշակուած քաղաքականութիւն մը չունի հայկական հարցը միջազգայնացնելու, եւ վաղուց յայտարարած է, թէ Թուրքիայէն հողային պահանջ չունի, եւ որմէ ետք, ուրեմն, Սփիւռքի ճիտին պարտքը կը մնայ իր գլխուն ճարին նայիլ ու այդ ռազմավարական քաղաքականութինը միջազգային ատեաններու մէջ հետապնդել մինչեւ արդար հատուցում: Այլ խօսքով, չբաւարարուինք միայն ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքով եւ գտնենք մեր ապահով յենարանները արագօրէն զարգացող աշխարհի քաղաքական բեմին վրայ՝ պատրաստելով գիտակից մասնագէտներ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ գիտական ոլորտներէն ներս, այն երկիրներու մէջ ուր ստուար հայութիւն կայ: Համասփիւռ հայութեան պահանջատիրութեան հիմքը բռնագրաւեալ Արեւմտահայստանի ազատագրումն է, իր ամբողջական հասկացողութեամբ: Ներկայ փոքրիկ հայրենիքի հզօրութեան պատուանդանը սփիւռքի կարողականութեան հարստութիւնն է, եւ եթէ չկարենանք պահել զայն յառաջիկայ յիսունամեակի ընթացքին՝ պէտք է մեղադրենք մենք զմեզ մեր ամլութեան, ողջմտութեան բացակայութեան ու քաղաքական անհեռատեսութեան համար: Հեռու ինքնախաբէութենէ, իրատեսութեամբ մօտենանք հարցին եւ արժանապատիւ լուծումներ որոնենք երբ տակաւին ուշ չէ: Կ’արժէ շեշտել այստեղ, որ առանց երիտասարդութեան մասնակցութեան՝ իրենց նոր երազներով, թարմ յոյսերով եւ թարմ ստեղծագործ ոգիով՝ չկայ գիտակից պահանջատիրութիւն մեզմէ յափշտակուած ինչքերուն եւ իրաւունքներուն: Տխուր պատկեր կը ներկայացնէ երիտասարդութիւնը այսօր, որովհետեւ չկարողացանք ազդու միջոցներով վերատեսութեան ենթարկել աւանդական մեր ճահճացած ըմբռնումներն ու հասկացողութիւնները, եւ դարձանք արհամարհական եւ վանողական՝ մեր բոլոր մօտեցումներուն մէջ: Չկան այսօր մեր երիտասարդները զանգուածային կերպով՝ մեր հանրային հասարակական կեանքին մէջ…Չմոռնանք որ մեր պապենական հողերը գրաւուած եւ պարպուած են այսօր: Չէ՞ որ ուխտեցինք այսուհետեւ չողբալ եւ չսգալ, այլ պահանջել եւ վերականգնել մեր հազարամեայ իրաւունքները, որոնք այլեւս երազներ չեն մեզի համար, այլ սրբազան կոչ մեր ոտնահարուած պատիւը վերականգնելու: Այսուհետեւ, մեր անիրաւուած իրաւունքներու ազգային վերականգնումի ճանապարհին, պիտի չբաւարարուինք ո՛չ արտաքին եւ ո՛չ ալ ներքին շրթնային ծառայութիւններով, որովհետեւ խօսքը կը ցնդի՝ գո՛րծն է մնայուն: Աշխարհ այլեւս գիտէ՛ թէ ցեղասպանութիւն գործուած է մեր հազարամեայ սեփական հողին վրայ. այսուհետեւ «բարեկամ» պետութիւններ իրենց ճանաչումի մխիթարական խօսքերէն անդին պարտին զօրավիգ կանգնիլ մեզի՝ մեր իրաւատէրի պահանջատիրութեան մէջ: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը բազմիցս փաստած է անվիճելի, անկոտրում ճշմարտութիւն մը. հակառակ այն իրողութեան որ դարերու ընթացքին աշխարհակալներ եկան ու անցան՝ մեր հազարամեայ երկիրը նուաճելով, կոտորելով, կործանելով ու թալանելով (որոնց վերջին արիւնարբու դաժան ոճրագործները եղան Սուլթան Համիտներն ու Երիտ-Թուրքերը), մարդու տեսակի (species) այդ վիժուկները սակայն չկարողացան սպաննել հայուն ապրելու կամքը, ստեղծագործելու կենսախայտ տենչը եւ գոյատեւելու աննահանջ եւ աննկուն խիզախութիւնը: Հետեւաբար մեր գլխաւոր նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է որ լրացնենք կարգ մը նախապայմաններ: Անոնցմէ կարեւոր կը նկատենք Սփիւռքի վերապրող հայութեան ազգային ծրագիրներուն եւ նպատակներու գործադրութեան բիւրեղացումը, նամանաւանդ քաղաքական գործելակերպին մէջ, ստեղծելով ճիգերու ամբողջական սերտ միութիւն մը: Ձեւական միութենէն անդին անցնինք, կերտելու իրակա՛ն, եւ ո՛չ թէ մակերեսային միասնութիւն մը: Հաւատարիմ մնալ եւ ուխտել, որ հայ ժողովուրդի անկապտելի իրաւունքն է, եւ իր նահատակներուն արիւնաթաթախ պատգամը՝ որ մեր ազգային վերականգնումը հետապնդենք ու իրագործենք պատմական Հայաստանի ազատագրուած միացեալ հողերուն վրայ: Չխանդավառուինք պատահական խոստումներէ, եւ ո՛չ ալ յուսահատինք վաղանցուկ ժխտումներէ, ուրացումներէ: Չյուսալքուինք ժամանակաւոր ձախողութիւններէ, անկեղծ հաւատքով եւ տեսիլքով զրահաւորուած առաջ տանինք մեր պահանջատիրութեան արդար դատը, միշտ մնալով պատնէշի վրայ արթուն եւ շրջահայեաց:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

24 Ապրիլ 2022

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *