Posted on April. 27. 2022
Այո՛ Իշխանիկ, Հայ ազգի զաւակները, որ ի Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք իրենց պատրաստակա-մութիւնը արդէն իսկ յայտնած են իջնելու պայքարի դաշտ, սակայն ոչ՛ ձեր՝ «Հայաստան» եւ «Պատիւ չունեմ» խումբակցութեանց պատկանող խամաճիկներու կողքին ըլլալու։ Մեր ազգի պատուական զաւակներու պայքարի դաշտ իջնելու նպատակը այլ է։ Անոնք պիտի պայքարին, որպէսզի վերեւ նշուած երկու խմբակցութեանց անդամ-անդամուհիներուդ առջեւ ոսկոր նետող Ռոպերթ Քոչարեանին ու Սերժ Սարգսեանին կողոպտած միլլիառները վերադարձնեն պետական պիւտճէ։ Իսկ դո՛ւք, հայ ազգի խամաճիկներ, պայքարի դաշտ չէք իջած ու երբեւիցէ չէք իջնելու յանուն ազգի ազատութեան։ Յանուն Հայրենիքի ու Արցախի։ Ձեր նպատակը մէկն է, անձեռմխելի պահել Ռոպերթ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի ու այլ աւազակներու իւրացուցած հսկայական գումարները։ Դուք վաղուց թքած ունիք հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի վրայ, ու այս մէկը գիտէ մեր ողջ ազգը։ Հետեւաբար կը յորդորենք ձեզ. Մի փորձէք թաքնուիլ ձեր մատի ետեւ։
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ