ԽԵՂԿԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Posted on June. 2. 2022

Գրեց՝ ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ

«Դիմադրութեան» Շարժում. «Փաշինեան Սեփական Աթոռին Համար Հայաստանն ու Արցախը Հանած Է Աշխարհաքաղաքական Աճուրդի»


«ԱԶԴԱԿ» Օրաթերթ
Մայիս 24, 2022


Շատ ճիշդ գնահատական մըն է, որ կը տրուի «Դիմադրութեան» Շարժում կոչուած փողոցայիններուն կողմէ։
Չէք կարծէ՞ր, որ այսքան սրիակայութիւն քիչ մը շատ եղաւ։
Այո՛, Հայաստանի մէջ աճուրդի հանուելու շատ բաներ կան, բաներ, որոնք կը պատկանին «Դիմադրութեան» Շարժման առաջին շարքերուն վրայ գտնուող գող աւազակներու դղեակները, պանդոկները, այլ խօսքով ապօռինի գոյքերը, եւ ոչ թէ՛ Արցախը։
Պահ մը միամտօրէն ենթադրենք, որ եթէ յանկարծ, «Դիմադրութեան» Շարժման ճնշումներուն ներքոյ, ՀՀ Վսեմաշուք Վարչապետ՝ Տիար Փաշինեան հրաժարեցաւ, ու նաեւ ենթադրենք, որ ՀՀ ԱԺ-ի մեծամասնութիւնը որոշեց երկրի վարչապետի թեկնածու առաջարկել Սաղաթելեանին եւ Վանեցեանին, չէք կարծէ՞ր, որ Քոչարեան ու Սարգսեան զիրար պիտի յոշոտեն, տրուած ըլլալով, որ ամէն մէկը իրը պիտի նախընտրէ։ Աստուծոյ սիրոյն, այս օրերուն Հայաստանի մէջ խելքը գլուխը մարդ չմնա՞ց, որ այս երկու խամաճիկներէն մէկուն յանձնուելու է Հայրենիքի ճակատագիրը։ Ողբա՜մ զքեզ Հայոց աշխարհ։
Հարկ կայ անգամ մը եւս յիշեցնելու «Դիմադրութեան» Շարժման կողմ-նակիցներուն, թէ եղած կատակերգութիւնը որեւէ կապ չունի ոչ՛ Արցախի հետ, եւ ոչ՛ ալ Հայաստանի բնակչութեան բարօրութեան հետ։ Եկէք զիրար չխաբենք, ամօթ է, պահն է զգաստանալու։
«Դիմադրութեան» Շարժման կողմնակիցները արժանապատիւ կեցուածք մը որդեգրելով, թող դադրին ողջ ժողովուրդ մը ապուշի տեղ դնելէ։ Դիմակները ինկած են, վարագոյրները՝ պատռուած։ Հայ ժողովուրդի զաւակները որ ի Հայաստան եւ Սփիւռս աշխարհի, հակառակ մեր յորդորներուն թքած ունին այդ շարժման ղեկավարներու երեսին։ Որովհետեւ, թուքը որ բեռնի լորցունքէն կը յառաջանայ, ունի բուժիչ յատկութիւն, հետեւաբար անոնց դէմքին թքելով, անբուժելին պիտի չկարողանան բուժել։
Մի գուցէ արալեզ շնաձեւ ոգիները, որոնք ըստ աւանդութեան լզած եւ վերակենդանացուցած էին Արա Գեղեցիկին, ժամանակն է, որ զիրենք հրա-ւիրենք, «վէրքերով լի» Իշխանիկի, Գեղամիկի, Արծուիկի, Աղուանիկի ու Արմենակի մարմինները լզեն ու բուժման ենթարկեն։
Այս առիթով թող թոյլ տրուի մեզ, դիմելով ՀՅԴ Բիւրոյին, հետեւեալ հարցումը ուղղենք։ Յարգելի պարոնայք, 2018-ին, ՀՀ ԱԺ-ի ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի անունով առանձին ցուցակով ասպարէզ իջած թեկնածուները քուէարկողներու քանի՞ տակոսին արժանացան, երեք տոկո՞ս։ Իսկ 2021թ. ընտրութիւններու նախօրէին, չի վստահելով իրենց ուժերուն քծնեցան երկիրը թալանողին ու ձեռք բերին հինգ պատգամաւոր։ Իսկ եթէ, վաղը դարձեալ տեղի ունենայ ԱԺ-ի ընտրութիւններ, վստահ ենք, որ դարձեալ դուրս պիտի մնան խորհրդարանէն։
Այս իմաստով, ցաւալի է վիճակը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ օր ըստ օրէ գետին կը կորսնցնէ ոչ թէ միայն Հայաստանի մէջ, այլ եւ նաեւ Սփիւռքի մէջ։
Ցաւալի է մանաւանդ երբ իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Իշխանիկ Սախաթեանին, որ դիմելով Քոչառեանին ըսած է. «Պրն. նախագահ, քո թալանած միլիարդների համար ես ատակ եմ ամէն զոհողութիւն յանձն առնել, իմ կողքին ունենալով քո ‘աննման որդին՝ Լեւոնիկը, քեզ վստահեցնում եմ»։ Ահաւասիկ այսպիսի (ան)բարոյականի տէր «շարքային»ի մը ետեւէն կը քալէ ՀՅԴ Բիւրոն, ցաւօք սրտի։


ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ

Յ.Գ.
Խորապէս կը ցաւինք, որ Դաշնակցական մամուլը տեղ կու տայ նման խայ-տառակութիւններու, նամանաւանդ իրենց շուրջ մէկ դարու վաստակ ունեցող աւագ եղբայրը՝ «ԱԶԴԱԿ» Օրաթերթ, փոխանակ առաւել եւս անդրադառնալու ու լուծումներ առաջարկելու վասն փրկութեան ազգիս Հայոց որ ի Սուրիա եւ Լիբանան, ի տես այնտեղ ապրող մեր ազգակիցներու տնտեսական ահաւոր պայմաններուն։ Յիշեցնենք նաեւ, որ Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ ապրող հայորդիներու մնացորդացը չբաղդատել Յակոբ Բագրատունիին ու անոր ունեցուածքին հետ։ Այդ երկիրներուն մէջ ապրող մեր քոյր-եղբայրները մնացած են անտուն ու անտէր, թող քիչ մըն ալ մտածուի անոնց մասին։
ՆՈՅՆ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *