Posted on August. 26. 2022
Գրեց՝ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Անհուն բերկրանքով կ’արձանագրեմ այս տողերը որովհետեւ երազ մը իրականացաւ: Արարք մը որ ողջունելի ըլլալով հանդերձ պէտք է օրինակ ըլլայ մեր ազգային բոլոր վարժարաններուն ի սփիւռս աշխարհի: Կրնա՞ք երեւակայել որ ազգային դպրոց մը բանայ իր դռները անվճար կրթաթոշակով: կասկած չկայ իմ մտքիս մէջ որ շատեր անմիջապէս պիտի յիշեցնեն մեզի որ Թէքէեան մշակութային Միութիւնը շատ մօտիկ անցեալին փակեց Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը Լոս Անճէլըսի մէջ, յայտարարելով որ աւելի հայահոծ շրջանի մը մէջ նոր դպրոց մը պիտի կառուցէ, ինչ որ մնաց միայն բաղձանքի ծիրին մէջ: Դժբախտաբար այդ տասնըչորս ու կէս միլիոն Տոլարը պահ դրուած է դրամատան մէջ, որմէ կ’օգտուին Թէքէեան Միութեան «ղեկավարները» երբեմն ալ փոքրիկ գումար մը տրամադրելով Պէյրութի Թէքէեան Վարժարանին եւ երբեմն ալ Հայասատանի…:
Յայտարարութեան ոգին չնսեմացնելու համար չենք փափաքիր շեղիլ նիւթէն եւ հետեւաբար մեր հայացքն ու միտքը կը կեդրոնացնենք այս բացառիկ երեւոյթին վրայ: Որքա՜ն ցանկալի պիտի ըլլար տեսնել նման յայտարարութիւն մեր բոլոր վարժարաններուն համար: Անկարելի՞ է… բացարձակապէս ո’չ, անհրաժեշտ է ունենալ տեսիլքն ու կամքը մեր վարժարաններէն ներս կրթաթոշակը անվճար դարձնելու, զօրաշարժի դնելով սփիւռքի նիւթական կարողականութիւնը:
Որքան ալ շեշտենք հայ դպրոցի դերն ու կարեւորութիւնը, եթէ մեր խօսքին չենք միացներ մեր գործօն մասնակցութիւնն ու աշխատանքը զայն կենդանի ոյժ պահելու համար մեր հասարակական կեանքի մէջ՝ ան կը մնայ լոկ բաղձանքի սահմաններուն մէջ, մինչեւ որ սփիւռքեան հայախօս հին սերունդը անհետանայ:
Արտասաhմանեան պայմաններուն մէջ այդքան ալ դիւրին չէ հայկական դպրոց պահել, երբ ամէն քայլափոխի՝ կան պետական հանրային ձրի դպրոցներ: Եւրոպական եւ Ամերիկեան «բարձր» քաղաքակրթութեան ազդեցութեան ներքեւ շա՜տ դիւրութեամբ պիտի ձուլուին, ե՛ւ կը ձուլուին, մեր նորահաս սերունդի զաւակները, որովհետեւ պատմութիւնը բազմիցս փաստած է, որ այդ մեծ հալոցին մէջ ոչ մէկ ազգութիւն կրնայ դիմանալ եւ գոյատեւել:
Նկատի ունենալով ձուլումի վտանգը, մասնաւորաբար ներքին եւ արտաքին սփիւռքի մէջ, ի գին ամէն զոհողութեան պարտաւոր ենք բանալ հայեցի դաստիարակութեան ձրի օճախներ, եւ եղածներուն վրայ ալ գուրգուրալ ու պահել զանոնք՝ ինչպէս կը պահենք մեր եկեղեցիները, որովհետեւ հայ դպրոցը տաճարն է մեսրոպաշունչ հայ լեզուին:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը շատոնց անցաւ, սակայն ճերմակ ջարդը կը շարունակուի մեզ ամէն օր հիւծելով այս դառն իրականութեան դիմաց: Մենք պէտք էր նոր դպրոցներ բանայինք ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք՝ մեր վրէժը լուծելու համար մեր թշնամիէն, որ փորձեց մեզ արմատախիլ ընել մեր հազարամեայ հայրենիքէն բայց՝ չկրցաւ կործանել մեր ապրելու եւ ստեղծելու անկորնչելի կամքն ու կորովը:
Ի՛նչ ալ ըլլլան մեր սփիւռքեան պայմանները, ո՛չ մէկ ձեւով տխուր եւ ժխտական անդրադարձ պէտք է ունենան գաղութի գոյութենական պայքարի առաքելութեան վրայ: Եթէ հարցը նիւթական է, կարելի է համազգային հանգանակութիւն կազմակերպել եւ ապահովել նոր բարերարներ, ինչպէս անցեալին: Պէտք է զոհել անձնական շահերն ու հաշիւները՝ յանուն հաւաքականին, այսինք ժողովուրդին: Այլ խօսքով՝ անկարելի բան չկայ այս պարագային, եթէ իսկապէս կը հաւատանք հայ դպրոցի կարեւորութեան եւ առաքելութեան:
Պէտք կայ՞ յիշեցնելու որ ամէն անգամ որ դպրոց մը կը փակենք, կ’ուրախացնենք մեր թշնամին եւ կը պղծենք մեր նահատակներու արիւնաթաթախ կտակը: Մեր գերագոյն նպատակը պիտի ըլլայ՝ գոյատեւել եւ ապրիլ հայօրէն եւ մեր գոյութիւնը խարսխել հայ լեզուի վրայ, որովհետեւ առանց հայ լեզուի չկայ ինքնութիւն: Սփիւռքի մէջ հայօրէն գոյատեւելու արմատը, նոր սերունդներ պատրաստելու հիմնական վայրը հայկական դպրոցն է:
Հաւանաբար շատեր առարկեն, թէ դիւրին է խօսիլ քան գործել եւ մանաւանդ դպրոց պահել, թէ ատիկա այդքա՜ն նիւթական զոհողութիւններու կարիքն ունի: Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ մեր դպրոցներուն տնտեսական վիճակը լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնէ մեզ ամէնուրեք: Նոյն ատեն ո՛չ մէկ կասկած կայ նաեւ, որ դժուար է ընդհանրապէս հայ ծնողքին տնտեսական վիճակը, նամանաւանդ ներկայիս Միջին Արեւէլքի մէջ, երբ շատ մը պարագաներու բերումով ան ի վիճակի չէ տուեալ տարեշրջանի կրթաթոշակի ծանր բեռան ենթարկուիլ:
Սփիւռքի հայ դպրոցներու պարագային, կաթողիկոսութիւն, պատրիարքութիւն, առաջնորդարաններ, համայնքային ղեկավարութիւն, կրթական մշակներ եւ ծնողներ, որքան կարելի է ի գին ամէն տեսակի զոհողութեան՝ բարոյական պարտաւորութիւն ունին այս ծանր բայց «քաղցր լուծը» իրենց ուսերուն վրայ վերցնելու, երբ հարցը կը վերաբերի մեր նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, անդաստան մը՝ ուր պիտի դարբնուին մեր ապագայ ջահակիրները Հայ Դատի պահանջատիրութեան:
Հայ դպրոցը ո՛չ զինք հովանաւորող եւ կամ անոր ֆիզիքական կառոյցին տէրը հանդիսացող հաստատութեան խնամակալներուն, հոգաբարձուներուն կը պատկանի, ո՛չ ալ թեմակալ առաջնորդին, համայնքապետին, կուսակցապետին կամ միութեան մը ատենապետին ու վարչականներուն: Հայ դպրոցը սեփականութիւնն է ժողովուրդին եւ տունն է իւրաքանչիւր հայու:
Որպէսզի մեր հողային պահանջատիրութեան պայքարը շարունակենք, սփիւռքի մէջ պէտք ունինք նոր, երիտասարդ ոյժերու, որոնք հայրենասիրական շունչով կը դաստիարակուին հայ վարժարաններու մէջ: Հայ դպրոցը՝ մե՛նք ենք մեր ամբողջ կարողականութեամբ, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ըլլայ անոր տէրը ու ճանչնայ զայն որպէս ինքնութեան եւ հպարտութեան անսպառ աղբիւր: Ահաւասիկ հո՛ս է որ կը դրսեւորուի մեր դասալքութիւնը՝ երբ կը փակենք դպրոց մը՝ խուսափելու համար յանձնառութենէ եւ ծանր պարտականութենէ:
Եկեղեցիներ, կոթողներ եւ յուշարձաններ կառուցանելով չէ՛ որ հայութիւնը կը պահպանուի, նամանաւանդ մեզ հիւրընկալող երկիրներուն մէջ: Քարեղէն կառոյցներէն աւելի՝ հայու նկարագիրն է որ պիտի կերտենք հայ պատանիին մէջ, որպէսզի մեր գոյութենական պայքարը իր յաղթանակի ուղիղ ճանապարհին վրայ դրուած ըլլայ:
Չարաչար կը սխալին բոլոր անոնք՝ որոնք դպրոցը կը ղեկավարեն որպէս շահութաբեր հաստատութիւն: Նոր մարտավարութեամբ պէտք է պայքարիլ նման հոգեբանութեան տէր ղեկավարներու դէմ եւ տէր կանգնիլ արժանավայել կերպով մեր դպրոցներուն, եթէ իսկապէս կը հաւատանք որ Մայրենի լեզուն խարիսխն է ազգի մը գոյութեան, ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման: Լեզուի կորուստը պատճառ կը դառնայ նաեւ մշակոյթի կորուստին, այլ խօսքով՝ մարդկային պատմութեան թատերաբեմէն անհետ կորստեան: Լեզուն է որ իր մէջ կ’ամփոփէ եւ կը խտացնէ մշակոյթի մը բոլոր արժէքներն ու գանձերը: Ահաւասի՛կ սփիւռքահայութեան մեծագոյն մարտահրաւէրը եւ հետեւաբար չենք վարանիր յայտարարելու թէ՝
Հայ դպրոցը սոսկ ուսումնարան չէ,
Հայ դպրոցը սոսկ քարաշէն կառոյց չէ,
Հայ դպրոցը հայակերտման ու
Հայապահպանման սրբավայր է:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
20 Օգոստոս 2022
Լոս Անճելըս