Posted on October. 14. 2022
Անցեալ շաբաթ հետաքննող լրագրողներ Աբօ Չափարեանը եւ Ոսկան Մխիթարեանը հեռուստատեսային զրոյց ունեցած են USA Armenian Life TV-ով, որ հեռարձակուած է AMGA ալիքով։
Իր բացման խօսքին մէջ, USA Armenian Life TV-ի գործադիր արտադրիչ եւ հաղորդավար Աբօ Չափարեան հարցուց. «Ինչպէ՞ս է, որ կոռուպցիան բացասաբար ազդած է հայ կեանքի վրայ 2020 թուականի աշնանային 44-օրեայ պատերազմէն առաջ, պատերազմի ընթացքին եւ պատերազմէն յետոյ»։
USA Armenian Life զանգուածային արձագանք ստացած է ընթերցողներու եւ հեռուստադիտողներու կողմէ՝ մեծ զօրակցութիւն յայտնելով ԱՄՆ-ի, Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ նուիրուալ լրագրողներու ջոկատի հետաքննական լրատուութեան շարունակմանը:
Չափարեան յայտարարեց. «44-օրեայ պատերազմի աղիտալի արդիւնքի լոյսի ներքոյ, բազմաթիւ սփիւռքահայեր եւ հայրենի հայութիւնը կը նշեն որ իրենց հաբերութիւնը հատած է նախկին սովետական/օսմանեան մտածելակերպով որոշ հայ տղամարդ-շովինիստ, տգէտ, եսակեդրոն, ապազգային տարրերէ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ»։
Չափարեան շարունակեց. «Շատերն այժմ համոզուած են, որ նախկին ռեժիմի երեք գողապետականները՝ նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, Ռոբերտ Քոչարեանը եւ Սերժ Սարգսեանը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հետ, ինչպէս նաեւ անոր կլանակիցները, ինչպիսիք են Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ արք. Յովնան Տէրտէրեան, Մոսկուայի արք. Եզրաս, դաւաճանութիւն գործած են հայ ազգի դէմ: Անոնց դաւաճանական գործողութիւնները սկսած՝ առաջնագծի թիկունքէն, Հայաստան/Արցախի մարտական գործողութիւններու դիվերսիոն գործողութիւններէն, բանակի կաշառուած գեներալ սպաներու կողմէն ռազմական մատակարարումներու դադարեցումէն. կոռումպացուած բանակի գեներալ սպաներու՝ հայկական բանակի ստորաբաժանումներու անհիմն դուրսբերումը ռազմավարական դիրքերէ: Հին ռեժիմի կեղծ քարոզչութիւնը՝ ուղղուած հայ առաջնագծի զինուորներուն բարոյալքելուն, երկու հայկական հանրապետութիւններու տնտեսական զարգացման եւ մարդասիրական առաքելութեան համար նախատեսուած Սփիւռքէն ստացւող գումարներու զանգուածային իւրացմանը»։
Ան նաեւ ըսաւ. «Հետեւաբար, արդար է ըսել, որ այս աւերիչ տարրերը թիկունքէն դաշունահարած են սեփական ժողովրդին, 2020 թուականի աշնան Ատրպէյճան-Թուրքիա-ԻՊ-ի կողմէն իրականացուած 44-օրեայ հակահայկական ագրեսիայի ընթացքին՝ անձնական հարստացման համար: Ես հիմա համոզուած եմ, որ հայերը պարտուած են ոչ թէ արտաքին թշնամու դէմ պատերազմին, այլ դաւաճանութեան առթիւ»։
Ան ընդգծեց. «44-էն յետոյ ես անձամբ զօրակոչուած եմ Հայոց Ազգային Վերակառուցման Բանակ (այս բանակը թուղթի վրայ չի կայ, բայց փաստացի գոյութիւն ունի ամբողջ աշխարհի մէջ)։ Որպէս հազարաւոր նուիրեալ հայ զինուորներ՝ տեղակայուած ի Հայաստան/Արցախ եւ Սփիւռք, ես կողմնակից եմ՝ օրէնքի ճանապարհով մեր հայ ազգի (Հայրենիքի եւ Սփիւռքի) դաւաճաններու ազատազրկմանը: Եթէ դրանք չզսպուին, մենք կը կորսնցնենք մեր բոլոր ապագաա պատերազմները, եւ, ի վերջոյ, Հայաստանը կը կորսնցնո իր ինքնիշխանութիւնը: Երթը կը շարունակուի»:
Ինչու մենք պարբերաբար կը կեդրոնանք արք. Յովնան Տէրտէրեանի վրայ:
Որովհետեւ արք. Տէրտէրեան անմինջականօրէն առնչուած է դրամներու ապօրինի իւրացման բազմաթիւ արարքներուն հետ, ինչպէս:450,000 ԱՄՆ դոլարի ՍԿԱՆԴԱԼը New York Life/AXA-ի գլխաւոր փաստաբան Մարկ Կիրակոսը պնդած էր, որ «փոխանցած» է Սուրբ Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսարան՝ Արեւմտեան թեմի Յովնան Տէրտէրեան արքեպիսկոպոսի միջոցով։ Սակայն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան պաշտօնեաները հերքեցին նման գումարներ ստանալը:
ՉԵՔԻ ԽԱԲԵԲԱՅՈՒԹԻՒՆ՝ New York Life/AXA ապահովագրութեան Ցեղասպանութեան Զոհերու Հատուցման գումարներու իւրացում: Ինչպէս կ՛երեւի, Los Angeles Times-ի կողմէն հրապարակուած չեքերու լուսանկարի մէջ, գումար գանձուած կեղծ անուններով, եւ վճարւողները նոյնիսկ տեղեակ չեն եղած, որ իրենց անուան տակ գումար գրուած է։
Չեքերէն մէկը վճարուած է «Աշօտ Մխիթարեան» 51,750.00 ԱՄՆ տոլարի շինծու անուամբ։ Իսկական Աշօտ Մխիթարեանը պնդած է, որ տեղեակ չէ իր անունով չեքի մասին:
«Զաւէն Հալէպեանի» անունով եւս մէկ խարդախ թեք գրուած է՝ 41,400.00 ԱՄՆ տոլարի չափով։ Իսկական Զաւէն Հալէպեանը յայտարարեց, որ ինքը նման գումարներ չէ ստացած։
Իսկ ո՞վ էր այս խարդախութեան մեղսակիցը։
Խարդախ չեքերու գանձման նպաստող նախկին փաստաբան Պերճ Պօյաճեանը, որն այժմ զրկուած է փաստաբանական արտօնութենէ, Pacific Western Bank-ի կոռումպացուած պաշտօնեայ՝ Աւօ Աւետիս Մարգարեանի աջակցությամբ: Աւօ Աւետիս Մարգարեանը երկար ժամանակ եղած է արք. Հովնան Տէրտէրեանի զինակիցը, որ Pacific Western Bank-ի պաշտօնատար էր.ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԷՋ ՄԱՀԱՑԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՐԻՆԵՐՈՒ ԵՎ ՈՐԲԵՐՈՒ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԹԱԼԱՆԸ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ. Տէրտէրեան հազարաւոր տոլարներ իւրացուցած է այդ հիմնադրամէն։
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԼԱՎՋԵԱՆ ՔԵԹԵՐԻՆԳԻ ՍԿԱՆԴԱԼԸ.
Արեւմտեան թեմի եւ Ալավճեան ՔԵԹԵՐԻՆԳ-ի ներդրողներու միջեւ կնքուած երկարաժամկէտ վարձակալութեան պայմանագրի բացայայտ խախտմամբ՝ 2004 թուականի կէսերուն Ուրբաթ օր մը արք. Տէրտէրեանը փոխեց դռներու կողպանքները եւ պահանջեց սեփականատէրերուն՝ պարոն Յարութ Աղա-Սարգիսեանին եւ Յարութ Հալլաջեանին չմտնել սրահ: Իրենց ըսուեցաւ որ, «այլապէս» արք. Տէրտէրեան «Ձեր վրայ ոստիկանութիւն պիտի կանչէ եւ ձեզի ձերբակալել տայ»։
Աղա Սարգիսեանն ու Հալլաճեանը դատական գործ հարուցեցին ընդդէմ արք. Տէրտէրեանի եւ Արեւմտեան թեմի։
Երբ մէկ այլ բարերար մը զգուշացուց Տէրտէրեանին, որ դատարան դիմելով Տէրտէրեան պարտութեան մատնուելու է մեծ ամօթանք պատճառելով Հայ Եկեղեցւոյն:
Արք. Տէրտէրեան անտեսեց նման մտահոգութիւնները՝ ըսելով, որ վնաս չունի եւ մեծ գումարներու տէր պիտի ըլլայ:
Արք. Տէրտէրեանը եւ Արեւմտեան թեմը կորսնցուցին դատական գործը վնասուց հատուցում վճարելով։
ՏԱՍՆԵԱԿ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐՆԵՐէ ԲԱՐԵՐԱՐԻՆ ԽԱԲԵԼՈՒ ՓՈՐՁ. Բարերարին տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ խաբելու հերթական սկանդալային փորձ կատարեց չարք. Տէրտէրեան: …. Բայց ի վերջոյ իսկապէս խատառակ եղաւ, երբ ամերիկացի դատաւորը չարք. Յովնան Տէրտէրեանին, Մանուկ քահ. Մարգարեանին եւ անոր որդւոյն՝ Արեւմտեան թեմի Վարիչ Տնօրէն Յարութ Մարգարեանին ՍՏԱԽՕՍ հռչակեց:
ԱՐՔ. ՏԵՐՏԵՐԵԱՆ ՎՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ՝ ՄԵԾՆ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵՆԷՆ ԻՐ ԿՈՒՍԱԿՐՕՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒԽՏԸ ԽԱԽՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ. ԱՆՈՐ ԲՌՆԱԾ ԵՆ ԱՊՕՐԻՆԻ ՍԵՌԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱՌՔԻ ԱԿՏԻ ՎՐԱՅ.
1970-ականներուն, որպէս երիտասարդ տղայ, երբ կը խաղար իր թաղի հասակակիցներու հետ, երիտասարդ Տէրտէրեանի մայրը բողոքներ կը ստանայ այլ մայրերէ, որովհետեւ իր որդին՝ Վահրամը (հետագային վերանուանեցաւ Հովնան) սեռային առաջարկութիւններ ըրած է այլ տղաներու նկատմամբ: Յովնանի մայրը կ՛որոշէ քողարկել անոր սեռական հակումները՝ նրան որպէս երիտասարդ ուսանող-քահանայ ներգրաւելով կուսակրօն քահանայութեան համար: Բայց ան կը բռնուի անօրինական սեռական ակտի մէջ։ Ան վանգէն կը վտարուի: Մայրը զայն կը տանի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Այն ժամանակ Հայաստանն ու Սուրբ Էջմիածինը կը գտնուէին խորհրդային բռնատիրութեան տակ եւ քահանայութեան համար ուսանողներու խիստ պակաս ունէին։ Այսպիսով, անոնք զինք ուրախութեամբ ընդունեցին: Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն, Սուրբ Էջմիածինը հեղեղուած էր որոշ եպիսկոպոսներու կողմէ, որոնք, ըստ տեղեկութիւններու, բռնաբարած են բազմաթիւ երիտասարդ ուսանողներու: Այսպիսով, «այս եպիսկոպոսները գրկաբաց ընդունեցին Տէրտէրեանին»։
Ի լրումն այս ամենի, ըստ տեղեկութիւններու, արք. Տէրտէրեանը մեղադրուած է նաեւ մանկապղծութեան մէջ. Տես լրատուամիջոցներու հարցումը այս էջին վերեւը:
ԱՄՆ-ի գոնկրէսականներ Ճէքի Սփիրը (D-Hillsborough) եւ Աննա Աշուն (D-Menlo Park), միակ ամերիկահայերը Գոնգրսէն ներս, ինչպէս նաեւ գոնկրէսական Ատամ Շիֆը (D-Burbank) եւ նահանգի սենատոր Էնթոնի Փօրթանթինոն (D-La Canada Flintridge) Սենատի հատկացումներու յանձնաժողովի նախագահն ըսաւ, որ իրենք զզուած են սխալ վարքագիծէ, որը մանրամասնած է The Times-ը վերջերս հրապարակած զեկոյցի մէջ:
Բազմաթիւ ամերիկահայերու պահանջն է որ ամերիկացի գոնկրէսականներու առաջադրանքը միագամայն կատարուի եւ FBI եւ Ամերիկեան արդարադատութեան բաժանմունքը աւելի ընդլայնուած հետաքննութիւն կատարեն եւ բոլոր այն վարագոյրներու ետին մեղսակցութիւն իրագործած մարդիկ ինչպիսին է ՅՈՎՆԱՆ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆը հարկաւոր արդարութեան բերուին որպէսզի նման խաՅովնան Տէրտէրեանառակութիւն հետագային չկրկնուի:
Պատահական չէ, որ Բարսեղ Քարթալեան, Աւօ Աւետիս Մարգարեանը եւ հիմա արդէն փաստաբանական լիսընսը արտօնազրկուած նախկին փաստաբան Պերճ Պօյաճեան սերտ կապեր եւ համագործակցութիւն ունեցած են ՅՈՎՆԱՆ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆի հետ:
Մէկ այլ հանրայայտ փաստաբան Պրայըն Քապաթեք նոյնպէս սերտ կապեր ունի ՅՈՎՆԱՆ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆի հետ:
Պրայըն Քապաթեք եւ Մարք Կիրակոս investigation-ի տակ են Քալիֆոռնիոյ նահանգային Փաստաբանական Վերհսկէն Վարչութեան կողմէ: Անցեալին՝ բազմաթիւ փաստաբաններ արտօնազրկուած են օրինախախտումներու պատճառով:
Տեսէք Պրայըն Քապաթեքի եւ ՅՈՎՆԱՆ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆի լուսանկարը:
Հետզօտող լրագրող Ոսկան Մխիթարեան հաստատեց. «Բաւական լայն մեկնաբանութենէ ետք, ինծի յիշեցուցիք Աւետարանի խօսքը « Չի կայ ծածուկ բան մը որ պիտի չյայտնուի»: Ահաւասիկ՝ դուք մանրամասնօրէն ներկայացուցիք այն ինչ որ երեւան ելած է: Անշուշտ՝ այս բոլորը պիտի շարունակուին, մինչեւ որ հասարակութիւնը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան լայն հասարակութիւնը, իմանայ թէ ի՞նչ պատահեցաւ: Քիչ առաջ ակնարկեցիք 450 հազար Տոլարի մասին, գումար մը որ ըստ Յովնան արքեպիսկոպոսին փոխանձուած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին: Ցաւալին հոն է՝ որ ասկէ առաջ մի քանի անգամ անդրարձանք, բայց դժբախտաբար Մայր Աթոռը ո’չ հերքեց եւ ո’չ ալ յայտարարեց որ ընդունած է այդ գումարը: Սա կը նշանակէ որ Կոռուպցիա (ինչպէս մեր արեւելահայ եղբայրները կ’ըսեն – Corruption – կաշառակերութիւն, անբարոյականութիւն, նեխում-հմշ.) այդ բառը գոյութիւն ունի մեր եկեղեցիէն ներս եւ Ճիշդ անոր համար յաճախ կը շեշտենք որ մեր եկեղեցին պէտք է մաքրուի, Հայ Եկեղեցին պէտք է զարթօնք ապրի, Հայ Եկեղեցին վերածնունդի պէտք ունի, որպէսզի այս ապօրինի գործողութիւնները դուրս լքուին եւ եկեղեցին մաքրուած՝ անգամ մը եւս իր առաքելութեան նուիրուի, իսկական հոգեւոր առաքելութեան»:
Մխիթարեան շարունակեց. «Յաճախ կը կրկնենք որ Հայ Եկեղեցին մեծ դեր ունեցած է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, որովհետեւ՝ թագաւորութիւն, իշխանութիւն վաղուց կորսնցուցած ենք եւ եկեղեցին է որ տէր կանգնած իր ժողովուրդին ամէն ձեւով. դարձած է պետութիւն եւ հոգեւոր իշխանութիւն: Այսօր սակայն, եկեղեցւոյ պատկերը այնքան նսեմացած է, որ մենք ամօթով կ’արտայայտուինք այդ բոլորի մասին»:
Մխիթարեան ըսաւ. «Քիչ առաջ ակնարկեցիք նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի մասին:Շա՜տ հետաքրքրական է որ մինչեւ այսօր լուռ էր Գարեգին Բ. Կաթողիկոս, յանկարծ թնբիրէն առթնցաւ եւ իր մօտ հրաւիրեց երեք նախագահները. Ի՞նչ ընելու արդեօք…: Ո՞ւր էիր մինչեւ հիմայ վեհափառ հայրապետ… Լուռ էիր մինչեւ այսօր: Բոլոր ոճրագործութիւններու դիմաց ձայն չհանեցիր: Փողոցներու մէջ արիւն հոսեցաւ, ո՞ւր էիր: Գէթ անգամ մը բողոք ներկայացնէիր: Առնուազն հոգեւոր խարախուսանք մը տայիր ժողովուրդին, մխիթարէիր զիրենք…չկայիր…: Յանկարծ՝ նախագահները կը հրաւիրես, յանուն ինչի…՞: Նոր դաւաճանութիւ՞ն կը պատրաստէք հայրենիքի դէմ: Կրկին մէջբերեմ Աւետարանի խօսքը «Չի կայ ծածուկ բան մը որ պիտի չյայտնուի». Ի վերջոյ յայտնի պիտի ըլլայ թէ ի՞նչ կը պատրաստէք հայրենիքի համար: Նախորդ հաղորդումին ըսի, եթէ զուլալ, չինչ եւ մաքուր աղբիւրէ կուգայ այս բոլորը, ժողովուրդը իրաւունք ունի լսելու եւ իմանալու թէ ի՞նչ կընէք, ապա թէ ոչ մի’ մեղադրէք ժողովուրդը երբ ըսէ որ դուք դաւաճանութիւն կը պատրաստէք հայրենիքի դէմ: Չըրիք բան մը մինչեւ այսօր որ ուրախանանք: Չըրիք բան մը որ ըսենք մեր հայրապետը կը կարեկցի եւ կը ցաւի իր ժողովուրդին հետ: Եռաբլուր երթալով, դուք միայն հայութեան աչքին փոշի կը ցանէք: Այդ լացող մայրերուն դուք կարեկցող չէք, ծաղկեպսակին պէտք չունին անոնք: Դուք ձեր հոգեւորականներով պիտի մտնէք հայու տունը, ջամբելու համար հոգեւոր մխիթարութիւն: Պապակ ունի մեր ժողովուրդը այդ հոգեւոր առաքելութեան: Ո՞ւր էք վեհափառ հայրապետ, ո՞ւր է ձեր եկեղեցականութիւնը: Դուրս եկէք այլեւս ձեր հանգստաւէտ պայմաններէն, եկէք ժողովուրդին մէջ, ժողովուրդով ապրեցէք, ժողովուրդին հետ տառապեցէք, որպէսզի իմանաք իսկական տառապանքին ինչ ըլլալը: Այքա՜ն երկար լռութենէ ետք հրապարակ ելած էք»:
Մխիթարեան նաեւ ըսաւ. «Վերադառնանք մեր արքեպիսկոպոսին: Յովնան սրբազան, ձեր անցեալը ամէն մարդ կը ճանչնայ, կրկնելու պէտք չկայ: Եթէ՞ արդար էք, այդ հարցադրումները որ ձեզի կըլլան եւ կամ եղած են, հրապարակաւ յայտարարեցէք որ այդ բոլորը սուտ են: Եթէ՞ չխօսիք, ժողովուրդը իրաւունք ունի ըսելու որ այդ բոլորը ճշմարիտ են: Հաշիւ չտուիք ո’չ Ղեւոնդեանց տաճարի շինութեան ատեն, ուր կորզուեցան մի քանի միլիոն տոլարներ- այս յայտարարութիւնները ժամանակին կատարուեցան անոնց կողմէ որոնք շինարարական յանձնախումբի մէջ էին- Մանրամասնութիւններու մէջ չմտնենք, եթէ՞ արդար էք՝ հաշիւ տուէք ձեր ժողովուրդին. Չմոռնաք որ եկեղեցին կը պատկանի ժողովուրդին եւ դուք սպասաւորներն էք այդ եկեղեցւոյ: Հետեւաբար պարտաւոր էք հաշիւ տալու. Ելէք հարպարակ. ի՞նչն է որ կը ծածկէք… »:
Մխիթարեան աւելցուց. «Յովնան սրբազան, եթէ արդար է ձեր գործունէութիւնը, հաշուետու եղէք եւ արդարամտօրէն յայտարարեցէք «այսքան գումար ստացանք բարերարներէն եւ այսքան ծախսեցինք ու այս բոլորը մանրամասնօրէն»: Հաշուետու էք Յովնան սրբազան. Մ’ի ծածկուիք վարագոյրի ետին, չկայ ծածուկ բան մը որ պիտի չյայտնուի: Ուշ կամ կանուխ պիտի երթաք այս թեմէն եւ յաջորդ առաջնորդը հաւանաբար բացայայտէ հանրութեան բոլոր կատարուածները եւ դուք կրկնակի ամօթով պիտի մնաք: Հիմայ ժամանակն է, եթէ կրնաք դուք ձեզի պաշտպանել, հրապարակաւ յայտարարեցէք ամէն ճշմարտութիւն»:
Մխիթարեան ընդգծեց. «Մեծագոյն դժբախտութիւնը ա’յն է որ մեծէն փոքր, հայրապետէն սկսած մինչեւ թեմակալ առաջնորդները յղփացաղ կեանք մըն է որ կ’ապրին: Արժանաւորներ կան եւ մենք անոնց արժանիքներու առջեւ կը խոնարհինք, որովհետեւ գիտեն յարգել իրենց անձը, սքեմը եւ կարգը: Դժբախտաբար եւ ցաւ ի սիրտ, մեծամասնութիւնը յղփացած կեանք մը կ’ապրի, ըլլայ Պէնթլիով եւ կամ Մերսետէսով: Նախորդ Հաղորդումներէն մէկու ընթացքին յիշեցուցի Ոսկան Արք. Գալփագեանի յայտարարութիւնը «Ժողովուրդը մեզ չյարգեր եթէ մեզ Մերսետեսով չտեսնէ»: Կրնա՞ք երեւակայել նման սոփեստութիւն մը եւ այս առիթվ մեր խօսքը ուղղելով Ոսկան սրբազանին յիշեցուցինք որ իրենք աղքատութեան ուխտ կատարած են եւ իրենց մեծութիւնը պիտի ըլլայ իրենց համեստութեան մէջ»:
Մխիթարեան եզրափակեց. «Կրնակի ցաւ է տեսնել պարարտ եզներու նմանող եկեղեցականութիւն մը երբ անդին ժողովուրդը տնտեսական տագնապի մէջ է եւ յաճախ ուտելիք չունի: Ժամանակն է որ ապաշխարհէք. Բոլոր այդ դաւերը որ սարքեցիք եկեղեցւոյ ճամբով ժողովուրդի դիամց եւ հարստացաք, անոր համար պատրաստ եղէք ապաշխարհանքի: Եթէ իսկապէս կը հաւատաք Աւետարանի ուսուցումներուն, հաշիւ պիտի տաք վերը եթէ հոս չտաք: Չկայ ծածուկ բան մը որ երեւան պիտի չյայտնուի, հետեւաբար ապաշխարհեցէք, որպէսզի ժողովուրդը իր հաւատքը վերանորոգէ հանդէպ մեր սուրբ եկեղեցւոյ»: