Posted on February. 10. 2023
Ազրպէյճան Հայաստանը կը մեղադրէ «անտառներ հատելու եւ կովկասեան լեռները ապականելու յանցանքով»: Այդ երկիրը Եւրոպայի վայրի բնութեան եւ բնական միջավայրի պահպանութեան մասին Պեռնի հռչակագիրի ծիրին մէջ սկսած է միջպետական իրաւարարական վարոյթի:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները այդ քայլը որակած են «պատմական»: ԱՓԱ կը հաղորդէ. «Ասիկա նպատակ ունի պատասխանատուութեան ենթարկելու Հայաստանը Ազրպէյճանի շրջակայ միջավայրի եւ կենսաբազմազանութեան լայնածաւալ ոչնչացման համար` Ազրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներու ապօրինի բռնագրաւման շուրջ երեսուն տարիներու ընթացքին»:
Ազրպէյճանի կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, «Հայաստանը զանգուածաբար հատած է անտառները եւ պատասխանատու է կովկասեան լեռներու ապականման համար, որուն պատճառով վայրի բնութեան շուրջ 500 տեսակ յայտնուած է վտանգի տակ»: