AANSI ՀՈՒՄԱՆԻՏԱՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՋՈԿԱՏԸ (ԲՐԻԳԱԴԸ) ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԳՈՐԾՈՒՂՂՈՒԵԼՈՒ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՎԱՐԺՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ (2023թ. Oգոստոսի 5-12)

Posted on May. 23. 2023

ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

Աշխարհի հայութիւնը բազմիցս ապացուցած է, որ Հայաստանն ու Արցախը լքուած չեն իրենց ճակատագրին: Հայկական դարաւոր յանձնառութիւն նորոգուեցաւ Հայաստանի Առաջին Դէմոկրատական Հանրապետութեան (1918-1920) արշալոյսին հայ լեգեոնական տպաւորիչ շարժման վահանի ներքոյ։ Այդպէ՛ս ձեռք բերուեցաւ 1918-ի Մայիսի 28-ի Սարդարապատի յաղթանակը։

Այժմ, 2020 -ի աշնան Ատրպէյճան-Թուրքիա-Իսլամական Պետութիւն-ի կողմէն գործադրուած 44-օրեայ հակահայկական յարձակման (ագրեսիայի) հետեւանքով, բազմաթիւ սփիւռքահայեր կրկին ոտքի կանգնած են՝ օգնելու բարձրացնել իրենց պապենական Հայրենիքը: Յանձնառու սփիւռքահայերը կուգան Ամերիկայէն եւ այլ գաղթօճախներէ։

Խումբ մը ամերիկահայեր համախմբվուած են գործընթաց (մեխանիզմ) մը ստեղծելու մեծ առաքելութեան շուրջ, որwu միջոցով ամերիկահայ սփիւռքէն եւ աշխարհի բոլոր անկիւններէն աշխատունակ եւ պատրաստակամ անհատներ կrnan մարդասիրական նպատակներով տեղակայուիլ Հայաստան: Ջանքերը կը գլխաւորէ AANSI-ի Հիմնադիր Նախագահ՝ Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Ինստիտուտի Մարկ ՄաքՔարլին: Պարոն ՄաքՔարլին ԱՄՆ բանակի թոշակի անցած Գեներալ-Մայոր է:

Այս վեհ գաղափարի շարժիչ ուժը ողջ Սփիւռքի մէջ եւ Հայրենիքի տարածքին մշակոյթ ստեղծելն է՝ պատրաստ ըլլալու ֆիզիկական տեղակայման Հայաստանի մէջ՝ Սփիւռքի բոլոր անկիւններէն «Հայաստանի պաշտօնեաներու ծանուցումէն յետոյ՝ 96 ժամուայ ընթացքին, երբ բնական աղէտ, ինչպիսին է երկրաշարժը, ջրհեղեղը, զանգուածային ահռելի հրդեհներ Հայաստանի մէջ. կամ մարդագործ աղէտ, ինչպիսին է պատերազմը՝ հարեւան Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի անպաշտպան խաղաղ բնակչութեան դէմ»,- կ՛ընդգծէ պարոն ՄաքՔարլին։

Կարեւոր չէ, թէ ինչ տարիքի էք: Դուք կրնաք օգնել եւ հսկայական ներդրում կատարել Հայաստանի մէջ ազգային արտակարգ Իրավիճակներու ժամանակ տեղւոյն վրայ գործնական մասնակցութեան միջոցով:

Ըստ ձեր փորձուռութեան՝ դուք կրնաք օգնութեան ձեռք մեկնել աղէտներու արձագանքման ոլորտներէն ներս՝ մարդագործ կամ բնական՝ նպատակ ունենալով օգնել յաղթահարելու եւ մեղմացնելու նման աղէտներու սարսափելի հետեւանքները խաղաղ բնակիչների վրայ: Դուք կնրաք նաեւ արագընքացօրէն արձագանքել օգնութիւն տրամադրելով՝ մեղմացնելու Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան դէմ ռազմական յարձակումի (ագրեսիայի) սարսափելի հետեւանքները:

Եթէ դուք վերապատրաստուած չէք եւ վերապատրաստման կարիք ունիք, մի անհանգստացէք, AANSI-ի փորձագէտ մարզիչներու թիմը ձեզի կը տրամադրէ նորագոյն՞ամենարդիական ուսուցում Հայաստանի մէջ 2023 -ի Օգոստոսի 5-էն մինչեւ 12-ի ժամանակահատուածին մէջ ձեր ընտրած որեւէ բնագաւառէ ներս, որ չափազանց կարեւոր է Հայաստանի մէջ՝ արտակարգ Իրավիճակներու ժամանակ:

Հարցում. Ինչո՞ւ պէտք է մինչեւ Հայաստան երթանք միայն ատիկա ընելու համար: Հայաստանն արդեն չունի՞ նման արհեստավարժ (պրոֆեսիոնալ) կադրեր։

Պատասխանը պարզ է. Իհարկէ, Հայաստանն ունի լաւ պատրաստուած հոյակապ մասնագէտներ, որոնք արդեն իսկ հրաշալի աշխատանք կը կատարեն՝ ծառայելով Հայաստանի քաղաքացիական բնակչութեան։ Բայց երբ, Աստուած մի արասցէ, մեծ երկրաշարժ, հսկայածաւալ անտառային հրդեհ, ջրհեղեղ կամ նոյնիսկ պատերազմ սկսի, ամեն մէկ օգնութիւն կարեւոր է: Իւրաքանչիւր վայրկյան կարեւոր է կեանքեր փրկելու տեսանկիւնէն: Ցանկացած յաւելեալ մարդկային ռեսուրս ողջունելի է: Որեւէ տեսակի ազգային արտակարգ Իրավիճակներու ժամանակ իւրաքանչիւր երկրի մարդկային ռեսուրսները կրնան գերծանրաբեռնուիլ, նաեւ՝ Հայաստանի։ Ուրեմն, ահա թէ ինչքան կարեւոր եւ ոգեւորիչ իւրաքանչիւր սփիւռքահայու եւ հայրենի հայու մասնակցութիւնը:

Բացի այդ, ազդարարութենէն յետոյ՝ 96 ժամուայ ընթացքին Սփիւռքի մէջ ձեր գտնուած վայրէն դէպի Հայաստան շարժելով՝ դուք կրնաք համարձակ յայտարարութիւն ընել աշխարհին, որ Հայաստանը լքուած չէ իր ճակատագրին: Որպէս Հայաստանի հսկայական եւ հնարամիտ Սփիւռքի անբաժանելի մաս՝ դուք կրնաք առանցքային դեր խաղալ Հայաստանի Ինքնիշխանութեան, Անկախութեան Եւ Պաշտպանութեան հետագա ամրապնդման գործին մէջ։

Գրանցուեցէք որպէս կամաւոր՝ միանալով Հայաստանի մէջ AANSI ՀՈՒՄԱՆԻՏԱՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲՐԻԳԱԴԻ առաջին դասընթացներուն: Լրացուցիչ տեղեկութիւններու եւ դիմումի PDF ֆայլ ստանալու եւ լրացնելու համար ուղարկեցէք ձեր դիմում/խնդրանքը info@aansi.org ե-հասցէին կամ հեռաձայնեցէք 818-241-5800: Կրնաք նաեւ գրել՝ AANSI, C/O MacCarley & Rosen, PLC, 330 N. Brand Blvd., Ste. 1250, Glendale, California 91203. Այցելեցէք www. aansi.org; and AANSI YouTube channel — AANSI — American Armenian National Security Inst.

https://youtube.com/@aansi–americanarmeniannat4721

AANSI ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ (ՀՈՒՄԱՆԻՏԱՐ) ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՋՈԿԱՏԸ (ԲՐԻԳԱԴԸ) վարժանքներու ցուցակը կը ներառէ 1) Վարժանքներ՝ Մարդագործ Կամ Բնական Աղէտներուն Արձագանքելու համար; 2) Հայաստանի մէջ խաղաղ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանական ռազմական յարձակումին (ագրեսիային) հետեւանքներուն հակազդելու համար: 3) Առաջին բուժօգնութեան ուսուցում – CPR եւ AED: 4) Համացանցային (Կիբեր)/Տեղեկատվական Անվտանգութեան ուսուցում; 5) Դասընթաց՝ Կապի/Ցանցային Գործառնութիւններու Ոլորտի մէջ Ազգային Արտակարգ Իրավիճակներու Ժամանակ: AANSI-ն տուրքերէ զերծ ոչ-եկամտաբեր բարեսիրական կազմակերպութիւն է՝ համաձայն ԱՄՆ-ի Եկամտահարկերու Վարչութեան եկամուտներու մասին օրենսգրքի 501(c)(3) բաժնի:

AANSI-ն չի ֆինանսաւորուիր ԱՄՆ կառավարութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կամ որեւէ այլ կառավարութեան կողմէ: Ան կը ֆինանսաւորուի ամերիկահայ համայնքի եւ Հայաստանի/ Արցախի եւ Հայկական ժառանգութեան հանդեպ սէր ունեցող ամերիկացիներու առատաձեռն աջակիցներու նուիրատւութիւններու միջոցով: AANSI-ն անկուսակցական կազմակերպութիւն է:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *