Posted on May. 27. 2023
20 Մայիս, 2023
Երուսաղէմ
Անցած շաբաթներու ընթացքին, բազմաթիւ խաղաղ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Սաղիմահայ գաղութի կողմէն, ընդդէմ Հայոց կալուածներու նենգաւոր վարձակալութեան։ Մասնաւորապէս ի յայտ եկան որոշ հանգամաներներ որոնք
ցոյց կու տան, որ յայտնի «Կովերու Պարտէզ» անունով տարածքը ապօրինաբար 99 տարուայ վարձակալութեամբ տրուեցաւ «XANA GARDENS» կազմակերպութեան եւ անոր վնասաբեր ազդեցութիւնը Հայոց թաղամասի եւ Հայութեան դիրքի եւ վարկին վրայ Սուրբ Քաղաքին մէջ։
Սաղիմահայութիւնը կտրուկ եւ լրիւ կը մերժէ պատմական «Կովերու Պարտէզի» եւ անոր շրջապատի 99 տարուայ ապօրինի վարձակալութիւնը։
Այս անօրինական վարձակալութիւնը մեծ վտանգ կը հանդիսանայ Սուրբ Քաղաքի մնայուն խճանկարին։ Հետեւաբար, կոչ կուղենք Պատրիարքին չեղարկել բոլոր այլ պայմանագրային այլ խոստումները, քանզի Հայոց թաղամասը բնական շարունակութիւնն է եւ կապն է Երուսաղէմի հին քաղաքի այլ թաղամասերուն հետ։
Սաղիմահայ համայնքի մեծ մասը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ այն
գործադրուած ջանքերուն համար որ Նորին Վսեմութիւն, Ապտուլլահ Բ. Թագաւոր, Յորդանանի Հաշիմական թագաւորութեան եւ Վսեմաշուք, Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապասը, որ մէկ անգամ եւս վերահաստատեցին յաձնառու ըլլալ Հայոց թաղամասի ամբողջականութեան եւ Հայոց Քրիստոնեայ ներկայութեան պահպանման համար։
Մենք նաեւ յատուկ կոչ կուղենք, մասնաւորապէս, Հայաստանի Հանրապետութեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.-ին, եւ աշխարհասփիւռ Հայութեան, ձեռք մեկնելու եւ աջակցելու համար Երուսաղէմի Հայ համայնքի պայքարին վասն արդարութեան եւ թափանցիկութեան։
Մենք, Հայերս պէտք է միանանք եւ պայքարինք պաշտպանելու մեր 1600
տարուայ ներկայութեան շարունականութիւնը Սուրբ Երկրին մէջ։ Որպէս միասնական համայնք, մենք կը պահանջենք պատասխաններ եւ թափանցիկութիւն բոլոր ապօրինական պայմանագրերուն, որպէսզի կարողանանք անոնք չեղարկել եւ պաշտպանել Հայոց կալուածները ծրագրուած ապօրինական վաճառքի փորձերէ։
Առաւել՝ կարեւոր է նշել որ Տնօրէն Ժողովը եւ Միաբանական Ընդհանուր ժողովը չէ վաւերացուցած այս վարձակալութեան պայմանագիրը։ Բազմաթիւ յայտարարութիւններ հրապարակուեցան Երուսաղէմի եկեղեցիներու կողմէ, շեշտելով այն փաստը որ Քրիստոնէական ներկայութիւնը վտանգուած է Սուրբ Քաղաքին մէջ
ծայրայեղականներու կողմէ։ Ի վերջոյ՝ այս պայմանագիրը միայն կալուածներու չի վերաբերի, այլ կը հետապնդէ բարձր քաղաքականութիւն մը։ Այս համաձայնութիւնը ծաղրի կու տայ միջազգային օրէնքը որովհետեւ կը խախտէ այն բոլոր որոշումները որոնք նպատակադրուած են պահապնելու այն status quo-ն որ կը կաղապարէ Երուսաղէմի քաղաքը։ Այս միջազգային պայմանագիրները կը պաշտպանէն Հայոց եկեղեցու եւ Հայկական համայնքի իրաւուքները։
Կարեւոր հարցերը, որ պէտք է ուղղուին Նուրհան Պատրիարքին անոնք են թէ ինչու՞ այս հողատարածքը վարձակալութեան տրուեցաւ եւ որու՞
Վերջապէս՝ այս անօրինական պայմանագիրը պէտք է չեղարկուի, ներկայա-ցուի եւ պարզուի հայ հասարակութեան։
Ի դիմաց Երուսաղէմի՝
ՀՄԸՄ-ի Վարչութիւն
ՀԵՄ-ի Վարչութիւն
ԵՀԲՄ-ի Վարչութիւն