Posted on June. 18. 2023
Կապանի դատարանին մէջ, 9 Յունիսին մեկնարկեց ատրպէյճանցի զինուոր Հուսէյն Ախունտովի դատավարութիւնը:
Ապրիլի սկիզբը, Նախիջեւանէն Սիւնիք ներթափանցած զինուորը կը մեղադրուի Զանգեզուրի մետաղագործութեան գործարանի պահակը սպաննելու, Հայաստանի սահմանը ապօրինաբար հատելու եւ հրազէն ու ռազմամթերք տեղափոխելու մէջ:
Դատախազութիւնը աւելի կանուխ տեղեկացուցած էր, որ Հայաստան ներթափանցած ատրպէյճանցի զինուորը ուզած է ապօրինի կերպով հատել Հայաստանի սահմանը եւ անցնիլ Իրան: Այդ նպատակով է, որ ան յափշտակած էր պահակին բջիջային հեռաձայնը եւ փորձած աշխատցնել տարածքին մէջ գտնուող ինքնաշարժին շարժիչը, սակայն չկարենալովդիմած էր փախուստի: Ախունտովը եւ անոր ծառայակիցը
Ագշին Պապիրովը յայտնաբերեցին Սիւնիքի բնակիչներ եւ զանոնք յանձնեցին իրաւապահներուն:
Պապիրով արդէն դատապարտուեցաւ 11.5 տարուան բանտարկութեան՝ պետական սահմանը ապօրինի հատելուն եւ ռազմամթերք տեղափոխելուն համար:
Դատական նիստէն ետք, տուժող կողմի փաստաբան Կարէն Ալաւերդեան ըսաւ, որ Ախունտով ընդունեց իր յանցանքը: «Մեղադրեալը, այո՛, յայտարարեց, որ ամբողջութեամբ ընդունում է իր մեղքը, զղջած կատարուածի համար: Խափանման միջոցի հետ կապուած` մեղադրեալին կալանքի տակ պահելու ժամկէտը երկարաձգուեց երեք ամսով», ըսաւ ան
Յաջորդ դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ 21 Յունիսին. փաստաբանը կ՛ենթադրէ, որ հաւանաբար այդ օրն ալ վճիռը կը հրապարակուի:
Հայաստանի մէջ կը քննարկուի այս երկու ատրպէյճանցի զինուորները Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն հետ փոխանակելու հարցը: Մինչեւ այս պահը, դատախազը եւ վարչապետը ըսած են, որ դատաքննութեան փուլին այդ մէկը կարելի չէ. դատախազը փոխանակումը չբացառեց դատական գործընթացներէն ետք:
Պաքու կը շարունակէ պնդել, որ իր երկու զինուորները գերի տարուած են, ու զանոնք ազատ արձակելու պահանջով դիմեց միջազգային կառոյցներու: Մինչդեռ, աւելի կանուխ, վարչապետը խորհրդարանին մէջ ըսաւ, որ ատրպէյճանցի զինուորները Նախիջեւանի իրենց զօրամասէն փախուստի դիմած են՝ նուաստացումներու պատճառով: