Ամերիկահայերը կը պնդեն «մէկընդմիշտ պարցաբանել» Նիւ Յորք Լայֆ եւ ֆրանսական AXA ապահովագրութեան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու 37.5 միլիոն տոլարի հատուցման ֆոնդի «բացայայտ հափշտակութիւնը».

Posted on September. 10. 2023

Գրեց՝ Աբօ Չափարեան

Օգոստոսի սկզբին Law360.com-էն Ճինա Քիմը յօդուած մը գրած էր հետեւեալ խորագիրով «LA Times-ը յաղթանակեց Կիրակոսի զրպարտութեան հայցին՝ Ցեղասպանութեան հատուցման ֆոնդի առնչութեամբ»:
Ճինա Քիմ յայտնած է, որ «Քալիֆոռնիոյ նահանգային դատաւորը որպէս ՛՛անհիմն՛՛ յայտարարած է փաստաբան Մարք Կիրակոսի զրպարտութեան հայցն ընդդէմ Los Angeles Times-ի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու համար 37 միլիոն տոլար արժողութեամբ փոխհատուցման լուսաբանման համար, որ դրդած է նահանգային իրաւաբանական գերտեսչութեան պետական վարչութեան հետաքննութեան՝ Երեքշաբթի օրը հրապարակուած հրամանի մէջ նշելով, որ լրագրողները երբէք չեն մեղադրած Կիրակոսին իւրացման, գողութեան կամ թալանի մէջ»:
Քիմը շարունակեց․ «Օգոստոսի 3-ին Լոս Անճելոսի Գերագոյն ատեանի դատաւոր Ուինտի Չանկը գրաւոր հրաման արձակեց, որ, ըստ երեւոյթին, հիմնականին մէջ կը կառչէր իր նախնական վճիռին, որ ան բանաւոր արձակած էր Յունիսին տեղի ունեցած լսումներու ժամանակ, որ բաւարարեց Լոս Անճելոս Թայմսի յատուկ միջնորդութիւնը՝ հարուածելու Կիրակոսի հակա-SLAPP – հակականոնադրային բողոքին՝ օրէնքներու համաձայն, որ ուղղուած է դատավարութիւններուն, որոնք կը փորձեն հարուածել խօսքի ազատութիւնը, որ յաճախ կը կոչուի ՛՛ռազմավարական դատավարութիւն ընդդէմ հանրային մասնակցութեան՛՛»:
Այս եւ այլ գրողներ ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ լրատուական կազմակերպութեան հետ միասին զեկուցած են 2022 թուականին Լոս Անճելոս Թայմսի հետազօտական յօդուածաշարի հետ զարգացումներու մասին՝ կապուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու 37,5 միլիոն տոլարի վճարման հետ, որ դրդած է փաստաբաններ Մարք Կիրակոսի եւ Պրայըն Քապաթեքի դէմ հետաքննութիւն սկսիլ Նահանգային փաստաբաններու վերահսկողութեան պետական վարչութեան կողմէ:
2022 թուականի Սեպտեմբերի 27-ին CBS-ի հաղորդավար Թոմ Ուեյթը հեռուստատեսային տեղեկագրութիւն ներկայացուցած էր որով կը լուսաբանէ New York Life եւ ֆրանսական AXA ապահովագրական ընկերութիւններու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու հատուցման ֆոնդի ենթադրեալ չարաշահման, վատ կառավարման կամ ուղղակի թալանի մասին, եւ անոր յաջորդած Քալիֆոռնիոյ նահանգի պետական վարչութեան հետաքննութիւնը փաստաբաններ Մարք Կիրակոսի եւ Պրայըն Քապաթեքի պահուածքի եւ վարքագծի մասին: Այս թղթակիցը եւ պարոն Կիրակոսը ի թիվս այլոց էին, որոնց մեկնաբանութիւնները հեռարձակուեցան պարոն Ուեյթի կողմէ: Տես երեք րոպէանոց հատուածի բովանդակութեան հղումը.
https://www.youtube.com/watch?v=CvSfOaJmznw
CBS-ի Թոմ Ուեյթը կը հաղորդէ, որ «Քալիֆոռնիոյ նահանգային փաստաբաններու գերտեսչութիւնը յայտարարած է, որ կ՛ուսումնասիրէ, թէ ինչպէս ծախսուած են 17,5 միլիոն տոլար Հայոց Ցեղասպանութեան ապահովագրութեան փոխհատուցման գումարները: Այն բանէն յետոյ, երբ LA Times-ը հաղորդեց, որ Կիրակոսը եւ մէկ այլ բարձրաստիճան փաստաբան Պրայըն Քապաթեքը, ի թիւս այլոց, չարաշահած եւ սխալ նպատակներու համար ծախսած են՝ խաբելով Ցեղասպանութեան արժանի՝ ժառանգներուն իրենց հատուցման բողերէն, որ հրապարակուած է Փաստաբաններու Վերահսկողութեան Քալիֆոռնիոյ Պետական Վարչութեան յայտարարութեան մէջ: Անոնց հետաքննիչը մասամբ կ՛ըսէ, որ փաստաբաններու կարգավիճակը կամ անոնց իրաւաբանական ընկերութեան չափը չեն կրնար եւ չեն ազդեր սխալ վարքագիծը հետաքննելու մեր որոշումներու վրայ: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ այս յայտարարութիւնն ինքնին վկայութիւն չէ հետաքննուող փաստաբաններու կողմէ կատարուած ոչ պատշաճ վարքագծի մասին»։
CBS-ի լրագրողներէն մէկը յայտարարեց, որ «Կիրակոսը եւ Քապաթեքը կը հերքեն որեւէ ապօրինութիւն: Կիրակոս ըսած է. «Ոչ մի լաւ գործ անպատիժ չի մնար։ Մենք հայցը ներկայացուցած ենք։ Մենք բացայայտած ենք խարդախութիւնը: Մենք վերադարձուցինք գումարը։ Ասիկա երեք անգամ անընդմէջ հետաքննուած է, եւ մենք երեք անգամ ալ մաքուր դուրս եկած ենք»: … Այնուամենայնիւ, այս հետաքննութիւնը ցոյց կու տայ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հետնորդները մնացած են իրաւազրկուած եւ հարց կուտան, թէ արդէօք անոնք երբեւէ կը տեսնե՞ն խոստացուած գումարը»:
CBS-ն այնուհետ մէջբերեց հետաքննող լրագրող Աբօ Չափարեանի –այսինքն ձեր խոնարհ ծառային խօսքերը. «Ասիկա կրկնակի հարուած է բազմաթիւ ամերիկահայերու համար»:
CBS-ի լրագրողներէն մէկը նշած է. «Աբօ Չափարեան ամերիկահայ լրագրող է այստեղ՝ Հարաւային Քալիֆոռնիոյ մէջ, որ լայնօրէն զեկուցած է այս խնդրի մասին»: Այնուհետեւ շարունակեց մէջբերելով Չափարեանէն, որ յայտարարեց. «Ոչ միայն զոհերէն խլուած են անոնց իրաւունքները, այլեւ հետնորդներէն ալ խլուած են իրաւունքները, եւ հատուցման գումարները պատշաճ կերպով չեն բաշխուած իրական զոհերուն»:
Ի թիւս այլ հարցերու, այս թղթակիցը նաեւ լուսաբանած է ՛՛կոռուպցիայի՛՛նեխուածութեան եւ «նեպոտիզմի» –ԽԾԲ-ութեան խնդիրները շարք մը ամերիկահայ կրօնական եւ համայնքային կազմակերպութիւններու մէջ, ներառեալ Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմը:
Մինչ այս դեպքերու լուսաբանումը, դեռեւս 2016-ին, այս գրողը նաեւ անդրադարձած էր Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի կողմէն Սան Տիէկոյի մէջ գտնւող հայկական եկեղեցական ծխական կազմակերպութեան մէջ տեղի ունեցած լուրջ սխալ վարքագծին։ (Տե՛ս «Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան հոգեւոր առաջնորդ է, թէ՞ օսմանեան տիրակալ» վերնագրով յօդուածը հղումով):
http://www.armenianlife.com/2019/03/03/is-archbishop-derderian-a-spiritual-leader-or-ostoman-despot/
Ժամանակի ընթացքին արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի վատ վարքագիծը առաւել վատթարացաւ շարք մը անլուրջ եւ հալածանքային դատավարութիւններու նախաձեռնող ըլլալուն համար:
Պարոն Քաpաթեք, որ Քալիֆոռնիոյ Նահանգի Փաստաբաններու Պետական Վարչութեան կողմէն շարունակուող հետաքննութեան առարկան է՝ կապուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու միլիոնաւոր տոլարներու ապահովագրական ֆոնդերու հնարաւոր չարաշահումներու, վատ կառավարման կամ ուղղակի իւրացման հետ, կը ծառայէ որպէս Արեւմտեան Թեմի փաստաբանը:
Այս գրողը եւ միւս գործընկերները պարբերաբար կը տեղեկացնեն իրենց ընթերցողներուն եւ հեռուստադիտողներուն 2018 թուականէն սկսուած Արեւմտեան Թեմի հետ կապուած շարք մը դատական պայքարներու վերաբերեալ զարգացումներու մասին (Գործեր No. B321087, B321605 [Los Angeles County Super. Ct. No. 21STCV38713]):
Պարոն Շանթ Գառնիկեան պարոն Քաpաթեքի կրտսեր գործընկերն է, որ կը մասնակցի անոր հետ այդ դատական գործերու մէջ: Այդպիսի դէպքերէն մէկն ալ շարունակւող թիւ 19stcv38577 գործն է, որ կը ներառէ — ՀԱՅՑԱՒՈՐՆԵՐ, ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄ ԵՒ ՍԲ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵԿԵՂԵՑԻ; ՊԱՏԱՍԽԱՆՈՂ՝ ՊԵՏՐՈՍ ՏԱՂԼԵԱՆ:
Հայցւորները եւ անոնց իարաւաբանները պարտուած են պատասխանող Պետրոս Տաղլեանի դէմ՝ դատական գործերու մէջ։ (Տե՛ս «ԱՄՆ ԵՕԹ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԵՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՈՐՊԷՍ «ՍՏԱԽՕՍՆԵՐ» ԵՒ ԽԱԲԷՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՊԵՏՆԵՐ վերնագրով յօդուածը։ Օգտագործեցէ՛ք այս հղումը։
http://www.armenianlife.com/2023/07/08/seven-u-s-court-judges-confirm-western-dioceses-leaders-as-liars-and-masters-of-deception/
Որպէս մրցանակակիր հետաքննող թղթակից եւ լրատուական կազմակերպութիւն, եւ՛ այս գրողը, եւ՛ ԱՄՆ-ի ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ը ջանասիրաբար կը կատարեն իրենց լրագրողական պարտականութիւնը՝ որպէս «Ազատ մամուլի» լիիրաւ անդամներ:
Բառացիօրէն՝ տասնեակ հազարաւոր ամերիկահայեր Հարաւային Քալիֆոռնիոյ եւ ողջ Ամերիկայի մէջ եւ աշխարհի միւս հայերը մեծ հետաքրքրութեամբ եւ մտահոգութեամբ կը հետեւին այս զարգացումներուն: Այդ անհատներէն շատերը կը պնդեն, որ խարդախութեան զոհ դարձած են իրաւաբաններու կողմէ, ներառեալ Կիրակոսը եւ Քապաթեքը, ինչպէս նաեւ այլ անձինք, որոնք պատասխանատու էին իրական զոհերուն հատուցման գումարներու վճարման համար: Րոպէ առ րոպէ՝ ժամանակի ընթացքին տեղեկացուած ըլլալու համար շատերը յաճախականօրէն կը դիմեն USA Armenian Life Magazine-ի տպագիր եւ առցանց հրատարակութիւններուն։
Այս գրողը քանի մը առիթներով մամլոյ հարցարաններ ներկայացուցած է Արեւմտեան Թեմին եւ անոր առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին։ Անկեղծ, պարզ պատասխան առաջարկելու փոխարէն՝ անոնց փաստաբան Քապաթեքը սկսած էանհիմն մեղադրանքներ նետել այս լրագրողին դէմ՝ օրինախառն բառակոյտներու խայտառակութեամբ լեցուած նամակներու միջոցով, այս լրագրողին – ձեր խոնարհ ծառային վախեցնելու եւ լռեցնելու համար:
Վերջերս՝ 2023 թուականի Յունիսի 28-ին, Քալիֆոռնիոյ վերաքննիչ դատարանի դատաւորներ Ճէյ. Պենտիքսը, Փի. Ճէյ. Ռոթշայլտը, Ճէյ. Չէյնի, Արեւմտեան Թեմին եւ Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ դէմ հայցւոր Պետրոս Տաղլեանին շնորհեցին որպէս վնասուց հատուցում՝ փաստաբանական բոլոր ծախսերու վերադարձ Արեւմտեան Թեմի եւ Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ կողմէ: (Տեսենլ դատական գործեր No. B321087, B321605 [Los Angeles County Super. Ct. No. 21STCV38713]
Երբ այս գրողը եւ USA Armenian Life-ը պարզապէս յայտնեցին այդ լուրը, պարոն Քապաթեքի կրտսեր գործակիցը եւ հովանաւորեալը՝ նորելուկ փաստաբան Շանթ Գառնիկեան այս գրողին – ձեր խոնարհ ծառային դէմ– նամակ գրեց՝ գերազանցելով իր ղեկավարին եւ հովանաւորին Քապաթեքին, ինծի եւ USA Armenian Life-ին դատի տալու սպառնալիքներ տեղացնելու առումով:
2023թ.-ի Յուլիսի 26-ին, ի յաւելումն ամեն ինչի եւ չափն ու սահմանը անցնելով, Քապաթեքը եւ ընկերները այս գրողին անարդար եւ անիմաստ Deposition Subpoena պահանջագիր ուղարկեցին՝ անձնապէս ներկայանալու եւ հարցապնդման ենթարկուելու համար այնպիսի գործով մը, որոնց կարգին՝ այս հետաքննող լրագրողը նախնական վկայ չէ: Այս գրողի հաղորդումները հիմնուած եղած են դատական փաստաթուղթերով ապահովուած տեղեկատւութեան վրայ։
Որպէս առաքելութեան մաս՝ այս գրողը չի կրնար եւ չպէտք է լքէ բազմաթիւ ընթերցողներուն եւ հեռուստադիտողներուն՝ պարզապէս տեղի տալով Պրայըն Քապաթեքի եւ անոր գործընկերներու կողմէն դատական ծխածակոյթի տակ ապօրինի ոտնձգութիւններուն եւ ահաբեկման մարտավարութեան: Պարոն Քապաթեքն ապացուցած է, որ վրեժխնդիր է միայն այն պատճառով, որ, ան «ուրախ» չէ այս եւ այլ ամերիկահայ եւ համաամերիկեան լրատուամիջոցներու հետաքննող լրագրողներու կողմէն իր արարքներուն մերկացման առթիւ:
Ինչ ալ որ ըլլայ, խիստ անհրաժեշտ լրագրողական առաքելութիւնը պէտք է շարունակուի՝ ի շահ աւելի լայն հասարակութեան որտեղ մենք կ՛ապրինք։ Ամերիկահայ համայնքի բազմաթիւ անդամներ կը պայքարին Նիւ Յորք Լայֆ-ի եւ ֆրանսական AXA ապահովագրութեան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու հատուցման ֆոնդի «բացայայտ չարաշահման, սխալ օգտագործման կամ ենթադրեալ իւրացման բացայայտման» վերջնակէտին հասնելու համար:
Անոնք խոր երախտագիտութիւն կը յայտնեն Քալիֆոռնիոյ Նահանգային Իրաւաբաններու Կառավարման Պետական Վարչութեան Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նախագահ Ռուպըն Տիւրանի 2022 թուականի Սեպտեմբերին ըրած յայտարարութեան համար, որու մէջ կ՛ըսուի, որ «Նահանգային դատախազ փաստաբանը կը հետաքննէ փաստաբաններ Մարք Ճոն Կիրակոսին (նահանգային փաստաբանական արտօնագիր թիւ 108325) եւ Պրայըն Սթիվըն Քաբաթեքին (Նահանգային փաստաբանական արտօնագիր թիւ 152054) Հայոց Ցեղասպանութեան ապահովագրական հատուցման ֆոնդի հետ կապուած, որոնցմէ ցրումներ կատարուած են Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի մէջ»:
Այս նորագոյն խարդախութեան հայ զոհերը արժանի են արդարութեան։ Անոնք փոխհատուցման իրաւունք ունին։ Բազմաթիւ ամերիկահայեր խորապէս կը հաւատան, որ զանգուածային ապօրինի իւրացումներու մեղաւորները պէտք է անձամբ պատասխանատւութեան ենթարկուին։ Անոնք «ի վերջոյ պէտք է կանգնին արդարադատութեան առջեւ»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *