ՔԱԼԻՖՈՌՆԻՈՅ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ԳՈՐԾՈՎ «DIVINE FOOD ԸՆԴԴԷՄ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ» ԱՐՔ. ՅՈՎՆԱՆ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԸ ԴԱՏԱԿԱՆ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԿՐԵՑ

Posted on October. 27. 2023

Գրեց՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

Գործադիր Հրատարակիչ և Գլխավոր Խմբագիր «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» – ի և USA «ARMENIAN LIFE» – ի

USA Armenian Life Magazine (English-language print edition)
Hye Kiank Armenian Weekly (Armenian-language print edition)
USA Armenian Life E-Newsletter (Electronic Distribution — e-blast)
USA Armenian Life FACEBOOK | www.armenianlife.com
TV Host, USA Armenian Life TV on AMGA

Մի քանի Օր առաջ պարզուեցաւ, որ Հինգշաբթի՝ Հոկտեմբերի 19-ին, Քալիֆոռնիոյ Գերագոյն Դատարանի Եօթ դատաւորներ միաձայն մերժած են Արք. Յովնան Տէրտէրեանի գլխաւորած Արեւմտեան Թեմի փաստաբաններ Պրայըն Ս. Քապաթեքի եւ Շանթ Գառնիկեանի կողմէ ներկայացուած բողոքարկման գործը։
Դատական պարտութիւններու պատճառով զայրոյթ ապրող փաստաբաններ՝ Պրայըն Ս. Քապաթեք եւ Շանթ Գառնիկեան գլխաւորեցին փաստաբաններու բանակ մը, որ փորձեց բեկանել Քալիֆոռնիոյ Վերաքննիչ Դատարանի աւելի վաղ կայացուած վճիռը իրենց խիստ կոռումպացուած եւ նեպոտիստ-ԽԾԲ-ական յաճախորդներ՝ թեմական Յովնան Տէրտէրեանի Արեւմտեան Թեմին դէմ եւ անոր բանբեր Մանուկ քահանայ Մարգարեանի, Մարգարեանի որդին եւ Թեմի Գործադիր Տնօրէն Յարութ Մարգարեանի դէմ։ Սակայն ցաւ ի սիրտ՝ չարաչար ձախողեցան:

Ըստ հաւաստաի աղբիւրներու, Արեւմտեան թեմի մերձաւորներ եւ լուռ բացայայտողներ մօտէն կը հետեւին Քալիֆոռնիոյ դատաւորներու աճող թիւին, որոնք հետեւողականօրէն դատավճիռներ կայացուցած են Առաջնորդ Արք. Յովնան Տէրտէրեանի գլխաւորած Արեւմտեան թեմին դէմ։ Արեւմտեան թեմի հաւատացյալներէն մէկը, որ կտրականապէս դէմ է Արեւմտեան Թեմի ֆոնդերու վատնման Առաջնորդ Արք. Յովնան Տէրտէրեանի ու իր ոհմակի կողմէ, «USA Armenian Life»-ին ըսին. «Այժմ Քալիֆոռնիոյ դատաւորներու թիւը, որոնք դատական որոշումներ կայացուցած են Արեւմտեան Թեմի կոռումպացուած եւ ստոր ղեկավարութեան դէմ, (7) եօթէն՝ հասած է (14) տասնչորսի:
USA Armenian Life-ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի Խմբագիր Աբօ Չափարեանին եւ այլ հետաքննող լրագրողներուն լռեցնելու համար, որոնք կը հաղորդեն «DIVINE FOOD AND CATERING ընդդէմ ԱՐՔ. ՅՈՎՆԱՆ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄի ընդդէմ DIVINE FOOD AND CATERING-ի դատական գործի զարգացումներու մասին, վերջերս Արք. Հովնան Տէրտէրեանի գլխաւորած Արեւմտեան Թեմի փաստաբաններ Պրայըն Ս. Քապաթեքն ու Շանթ Գառնիկեանը դատական ոտնձգություններու դիմեցին USA Armenian Life-ի դէմ: Ինչու՞: Վախեցնելու եւ լռեցնելու համար:
Հուլիսի 26-ին փաստաբաններ Քապաթեքն ու Գառնիկեանը յանձնեցին USA Armenian Life-ին բոլորովին չհիմնավորուած եւ ոչ արդարացի հարցապնդման պահանջագիր այնպիսի մի գործի համար (թիւ 19STCV38577) — ՀԱՅՑԱՒՈՐՆԵՐ, ԱՐԵՎՄՏԵԱՆ ԹԵՄ ԵՒ Ս. ՀՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵԿԵՂԵՑԻ; Պատասխանող՝ ՊԵՏՐՈՍ ՏԱՂԼԵԱՆ»։ Ինչու՞ այսպէս կոչուած Հարցապնդման Պահանջագիրը: ԱՄՆ Հայ Կեանքին լռեցնելու համար։
Աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ՝ շուտով։ Մնացէք մեր հետ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *