ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. Նորին Սրբութիւ՞ն թէ՝ Սրբապղծութիւն

Posted on January. 7. 2024

Նախեւառաջ յստակեցնեմ թէ այս յօդուածագիրը ոչ իշխանամետ է եւ ոչ ալ հին գողապետական դաւաճան նախագահներու կողմնակից: Ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ միլիոնաւոր հայերն ու Հայաստանի ոչ հայ բարեկամները, այս հեղինակը նոյնպէս զօրակից է հայկական պետութեան Ինքնիշխանութեանն ու Պաշտպանութեանը։ 

Հիմա անցնինք նիւթին: 

Ըստ jայտնի մեկնաբան, հետաքննող լրագրող և բլոգեր Ռոման Բաղդասարյանին, 31 Դեկտեմբերին, «Գարեգին Բ-ն ուլտիմատում է դրել հեռուստաալիքների առաջ, որ իր ելոյթը պէտք է անպայման ժամը 12-ին հեռարձակուի, հակառակ դէպքում պէտք չէ հեռարձակել։ Բնականաբար, այս ուլտիմատումը աւելորդ կրքեր է բորբոքել շատերի մօտ, հեռուստաալիքներից շատերին ոչինչ չի մնում, բացի Գարեգին Բ-ի տեսաուղերձը չհեռարձակելուց»: 

Վերջին մի քանի օրերուն, կարգ մը հին ռեժիմականներ գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ ստեղծելու մոլուձքէ տարուած՝ համացանցը իրար անցնել փորձեցին իրենց նիզակները ուղղելով դէպի ներկայ իշխանութիւնները: Մարդ չի գիտեր թէ ինչն էր որ իրենց համոզեց որ հայրենի եւ աշխարհասփիւռ հայ հասարասկութիւնը հաւատք պիտի ընծայէ անհիմն ամբաստանութիւններուն եւ ոչ համոզիչ «դատապարտումներուն»: 

ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ գիտակից է, որ հայրենի եւ սփիւռքեան լայն շրջանակներ չեն ընդունիր այսօրուան Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Սուրբ Աթոռը բռնազաւթած Գարեգին բըը-ին օրինականութիւնը եւ կը պահանջեն անոր հեռացումը: Անոր հրաժարական կը պահանջեն բազմաթիւ հայրենի եւ Սփիւռքի հայեր. «Երբ ան գահընկեց ըլլայ, ան պիտի դառնայ 16-րդ խայտառակ հայրապետը Քրիստոնեայ Հայաստանի հազար եօթ տարուայ քրիստոնեութեան պատմութեան մէջ»,- ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ին ըսաւ հայ բարձրաստիճան հոգևոր առաջնորդ մը։ Հայաստանը առաջին ժողովուրդն է, որ ընդունած է քրիստոնեութիւնը 301 թուականին։ Բազմաթիւ հայեր Գարեգին բըը-ին կ՛որակեն «սրբապիղծ եւ դաւաճան» եւ անոր «կեղծ պատգամը» կը դասեն որպէս «սրբապղծութիւն»: 

Խօսքն ուղղելով Հ1-ի տնօրէնութեան, Գարեգին բըը-ի կցորդներէն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու և Արխիւի տնօրէն այսպէս կոչուած «աբեղա» Ասողիկ Կարապետեան գրած է «Դուք աւեր էք գործում Քրիստոնեայ Հայաստանի կեանքում»։ 

Միթէ Ասողիկ «աբեղա»ն տեղեակ չէ՞ որ արդեն աւելի քան երկու տասնամեակներ Գարեգին բ-ըըը կոչեցեալ չկաթողիկոսը աւերներ չէ՞ր «գործում» Քրիստոնեայ Հայաստանի, Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ազգի կեանքէն ներս։ Ապա ո՞վ էր այն անձը որ 2023-ի Սեպտեմբերի 19 Արցախի հայաթափումի օրերուն Ռուսաստանի Նախագահ Վլադիմիր Փութինէն շքանշան ստացողը Ռուսիոյ համար իր կատարած «ծառայութիւններուն» համար: Ո՞ր ծառայութիւններուն համար: 

Ինչպէ՞ս կարելի արդարացնել հին գողապետականներու կեցուածքը ի նպաստ Գարեգին բըը-ին: Արդեո՞ք սովետա-օսմանեան KGB-ի գործակալ Գարեգին բըըը-ի պաշտպանութիւնը նոյնպէս դաւաճանական ընթացք չէ։ 

Ըստ երեւոյթին, այս տարրերու իշխանատենչ «պայքարը» իրենց պատճառած ուղեկորուսութիւն։ 

Բայց բարեբախտաբար հայրենի եւ աշխարհասփիւռ հայ հասրակութեան լայն շրջանակներ ողջախոհութեամբ կը մօտենան այսօրուան իրականութեան: Թէկուզ անոնք այդքան ալ գոհ չըլլան այսօրուան իշխանութենէն բայց կտրականապթս կը մերժեն վերադառնալ հին գողապետական նախագահներուն – Ռոբերտ Քոչարյանին եւ Սերժ Սարգսյանին որոնց օրով ե՛ւ Հայաստան-Արցախը ե՛ւ Սփիւռքը թալանուեցան: Իրենց վարչաշրջանին չէ՞ր որ պաշտպանութեան պիւտճէն թալանուեցաւ եւ իրենց մեղսակցութեամբ չ՞էր որ 2020-ի աշնան 44 օրեայ հակահայ հարձակման ընթացքին Հայաստան-Արցախին թիկունքէն դաշունահարեցին ներքին դաւաճանները: 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *