Posted on January. 7. 2024
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց Հայաստանի 2023-ի լաւագոյն ֆութպոլիստներու քուէարկութեան արդիւնքները:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի Իտալիոյ Ինթեր Միլան ակումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան 81 կէտ հաւաքելով ընտրուած է լաւագոյն ֆութպոլիստ:
Երկրորդ դիրքը գրաւած է Ռուսիոյ Կրասնոտար ակումբի միջնապահ Էդուարդ Սփերձեան` 48 կէտ հաւաքելով:
21 կէտով երրորդ դիրքը գրաւեց Սէուտական Արաբիոյ Ֆաթեհ ակումբի յառաջապահ Լուքաս Զելարացեան: Նշենք, որ ֆետերասիոնը աւելի կանուխ յայտարարած էր, թէ քուէարկութեան պիտի մասնակցին Հայաստանի առա- ջին դասակարգի բոլոր ակումբները եւ մարզական լրագրողները:
Առաջին դիրքը գրաւող մարզիկը պիտի ստանայ ոսկի գնդակ մրցանակ մը, ինչպէս նաեւ 4 միլիոն դրամ, 2-րդ դիրքը գրաւող մարզիկը պիտի ստանայ արծաթէ գնդակ մրցանակ մը եւ 3 միլիոն դրամ, մինչ 3-րդ դիրքը գրաւող մարզիկը պիտի ստանայ պրոնզէ գնդակ մրցանակ մը եւ 2 միլիոն դրամ: