Posted on April. 25. 2024
Ըստ «Արմէնփրէս»ի, Իտալիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ, «Լեկա» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Փաուլօ Ֆորմենթինի արձագանգեց եւրոատլանտեան հանրութեան Հայաստանի ամբողջական համարկման կարելիութեան մասին իր հարցումին` Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան փոխ- նախարար Ճորճիօ Սիլլիի տուած պատասխանին։
«Կ՛ակնկալենք, որ Իտալիան իր ամբողջական աջակցութիւնը պիտի տրա- մադրէ եւրոատլանտեան համայնքին՝ Հայաստանի համարկման: Եւ անիկա իսկապէս աւելին է, քան զուտ ակնկալութիւն: Մենք մնայուն կերպով պիտի շարունակենք պնդել այդ, որովհետեւ ինչպէս արդէն նշած ենք, Իտալիա առեւ- տըրական եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ ամուր կապեր ունի Ատրպէյճանի հետ, բայց այդ չի նշանակեր եւ պէտք չէ նշանակէ, որ մենք պէտք է ամբողջ ժողովուրդ մը ձգենք ճակատագիրի քմահաճոյքին: Պէտք է մնայուն կերպով յիշել, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը, քանի որ անիկա, ինչ որ պարզապէս, պարզունակ ձեւով կը բնորոշուի իբրեւ այսպէս կոչուած « ատրպէյճանական հողերէն վտարում »` այնտեղ հազարամեակներ ապրած հայերու ցեղային զտում է: Այլ ձեւով չենք կրնար որակել տեղի ունեցածը: Պէտք է գիտակցիլ անոր: Շատ մը լուծումներ կրնան ըլլալ: Սակայն, այդ մէկը նկատի չառնուեցաւ, եւ այսօր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այլեւս հայեր չկան», յայտարարեց Ֆորմենթինի:
Ան յատկապէս շեշտեց, որ իրենք կ՛ակնկալեն, որ պէտք է ապահովուի այդ տարածաշրջանի պատմամշակութային ժառանգութեան, հայկական եկեղեցիներու, վանքերու եւ գերեզմանատուներու պաշտպանութիւնը, որպէսզի անոնք նոյնպէս չվերացուին:
«Եւ այս ամէնը` 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ տարելիցի` Ապրիլ 24ին նախօրէին: Ասիկա իսկապէս յարգանքի տուրք է խաղաղութեան: Հա- մոզուած եմ եւ յոյս ունիմ, որ ըլլայ իսկական խաղաղութիւն, որ պիտի յարգէ պատմական տարածքները, պատմամշակութային ժառանգութիւնը եւ ժողովուրդի իրաւունքները: Մենք այս բոլորը պէտք չէ մոռնանք Ատրպէյճանի հետ մեր ամէնօրեայ յարաբերութիւններուն ընթացքին: Եւ եթէ մենք Հայաստանի պարագային նկատած ենք յառաջընթաց դէպի Եւրոպական Միութիւն եւ նոր երկխօսութիւն (ինչպէս նշեց Սթոլթենպերկ) ՆԱԹՕի հետ, ապա պէտք է ըսենք նաեւ, որ, ըստ որոշ դիտարկումներու, հաւանաբար հակառակը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի հետ սահմանակից երկրին մէջ», եզրափակեց Ֆորմենթինի: