Posted on April. 25. 2024
Ստորեւ ներկայացնում ենք 2024 թուականի Ապրիլի 12-ի ԱՄՆ ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարի տեքստը: Հետազօտող լրագրողներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ Ոսկան Մխիթարեանի հետ:
Եթէ ցանկանում էք ստանալ YouTube-ի հղումը էլեկտրոնային փոստով, խնդրում ենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com հասցէին կամ զանգահարել 818-241-5777:
YouTube-ում դիտելու համար օգտագործեք հետևյալ հղումը
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Բարի երեկոյ սիրելի հեռուստադիտողներ, իմ այսօրուայ զրուցակիցն է պարոն Ոսկան Մխիթարեանը՝ յայտնի հրապարակախօս եւ հետազoտող լրագրող։
Անցնող մի քանի օրերուն բաւականին հետաքրքրական զարգացումներ տեղի ունեցան հայաստանեան ներքաղաքական կեանքէն ներս նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ, որոնք ուղղակի կ՛առնչուին Հայաստանի Հանրապետութեան լինելութեան կամ չլինելութեան: Ես անձնապէս համախոհ եմ ահազանքի կանչին, որ կը հնչեցնէ քաղաքական մեկնաբան եւ գիտութիւնների դոկտորութեան թեկնածու՝ պարոն Գուրգէն Սիմոնեանը, որ կը նկարագրէ այսօրուայ Հայաստանի հետ կապուած իրավիճակը եւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային մակարդակի վրայ օրհասական է։
Ճի՛շտ է որ Եւրոմիութիւնը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը եռակողմ շատ կարեւոր պատմական հանդիպում կայացուցին Ապրիլի 5-ին, բայց չ’ի նշանակեր որ, ինչպէս որ Վարչապետ Փաշինեանը խորհրդարանէն ներս իր ելոյթի ժամանակ բարձրաձայնեց «պէտք չէ, որ մենք ամբողջ Հայաստանի հետ կապուած մեր կատարելիք աշխատանքը ակնկալենք, որ արտաքին ուժերը կամ նոր զինակից պետութիւնները իրականացնեն»։ Մենք պարտաւոր ենք, որ մեր տնային պարտականութիւնները լիովին կատարենք եւ չթողենք, որ այսօրուայ Հայկական Պետութեան Ինքնիշխանութիւնը, Անկախութիւնը եւ Պաշտպանութիւնը որեւէ կերպ սաբոտաժի ենթարկուի։
Իսկ ի բարեբախտութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ամբողջ Հայ Ազգին, ըստ երեւոյթին զգոնութեան եւ պատրաստուածութեան հանդէպ կեցուածքը հայրենի եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդի մօտ սկսած է աւելի լրջանալ, որովհետեւ որեւէ ժամանակ կրնայ վտանգ մը պայթիլ, ըլլայ՝ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններու լայնամաշտաբ պատերազմի ճանապարհով, կամ Հոկտեմբեր 27-ի 1999-ի նման մասսայական պետական ղեկավարութեան սպանութեան ճանապարհով, կամ ըսենք Հայաստանի տնտեսութիւնը ոտնահարելով, կամ խափանելով։
Ուրեմն այս առթիւ պէտք է ըսել, որ ներքին ճակատի վրայ շատ գովելի է, որ Հայաստանի Ազգային Ժողովէն ներս, պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեանը շատ կարեւոր մտահոգութիւններ բարձրաձայնեց եւ, որոնց հերթին Մայր Աթոռի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ոչ յարիր պահուածքը: Այդ առթիւ ոտնձգութիւնները գարեգինապաշտ կղերականներու կողմէ եւ պէտք է ըսել, որ իսկապէս քաջալերական է, որ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքէն ներսը սկսած են բարձրաձայնել այն վտանգը, որ կուգայ դժբախտաբար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն։ Եթէ ազատ աշխարհի մէջ ըլլայինք, այդպիսի վտանգ պիտի չսպառնար հայկական հանրապետութեան։ Ընդհակառակը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին պէտք է ըլլար իսկապէս օգնող կողմ, իսկապէս օգնող հիմնարկութիւն մը, որ Հայոց պետականութիւնը կայունացուի։
Միասին դիտենք ՀՀ Ազգային Ժողովի Անդամ պարոն Ալեքսանեանի ելոյթի Գարեգին Բ չկաթողիկոսի եւ իր դրածոներու մասին եւ շարունակենք մեր զրոյցը։
ՀՀ Ազգային Ժողովի Անդամ ՎԱՀԱԳՆ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ — Արդէն մի քանի օր է, բուռն զարգացումներ ենք տեսնում հոգեւոր դասում, կարելի է ասել։ Որովհետեւ օրերս Մայր Աթոռը կեղծ լուր էր տարածել, թէ իբր Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պատրաստւում են տարածքներ յանձնել Տավուշի մարզից, ինչեւ բացայայտ կեղծ լուր էր ու ակնյայտօրէն իրենց էդ խօսոյթով Մայր Աթոռը խախտել էր Աստուծոյ պատուիրաններից առնուազն մէկը՝ մի ստիրը ու ստել էր։ Բայց էստեղ ի՞նչն ա աւելի էական, երբ որ արձագանքել էի դրան, նշել էի, որ ֆեյք նիւզ ա փաստացի տարածում Մայր Աթոռը, ինչը փաստացի յարիր չէ, ու ես ինձ որպէս հաւատացեալ շատ վատ եմ զգում դրանից։ Ու մենք բոլորս, որպէս հաւատացեալ պէտք է էնպէս անենք, որպէսզի Մայր Աթոռը դադարի էս քաղաքականութիւնը, որը փաստացի ստիպում ա հաւատացեալներին երես թեքել Հայ Առաքելական Եկեղեցուց իրենց շնորհիւ, ինչը իմ համար մեծ ցաւ այ, որպէս հաւատացեալ։
Ես անկեղծ ասեմ, ես իմ գիտակցական կեանքի ընթացքում մշտապէս տեսայ, որ Մայր Աթոռը ինչից ասես խօսաց, բայց եկեղեցական իր հարցերից չխօսաց։ Օրինակ կը լինի՞ մի օր Մայր Աթոռը վեր կենայ էնտեղ չգիտեմ, օրինակ, զուտ տեսական օրինակ կուսակրօնութիւնից խօսայ, զուտ էլի, հետաքրքիր ա։ կը լինի՞ մի օր տենց բաներից խօսայ: Թէ չէ մէկ քաղաքական հարցերից կը խօսայ, մէկ ռազմական հարցերից ա խօսում, մէկ ֆեյք նիւզ ա տարածում։
Մարդ չի իմանում էդ ֆեյք նիւզերով լեցուն ըդդիմադիր օրաթերթ ա, թէ Մայր Աթոռի պաշտօնական կայքն ա։ Ի՞նչ ա նշանակում, ֆեյք նիւզ տարածել, թէ իբր Հայաստանի Հանրապետութիւնը Տավուշի մարզից տարածքներ ա յանձնում։ Էդ Մայր Աթոռին մէկը լինի հարցնի – «Յարգելի, Մայր Աթոռ, Տավուշի մարզի այդ տարածքները, որ դուք նշում էք իբր Խերիմլին, Կիզիլհաջիլին Տավուշի մարզի տարա՞ծք է, էդ տարածքը իրենից ներկայացնում է ինչ-որ վարչատարածքային միաւոր»։ Էդ որտե՞ղ ա դա գրած էդ վարչատարածքային միաւորը։ Էդ գիւղը, օրինակ, գիւղապետ ունեցե՞լ ա։ Կամ կադաստրով ու՞մ ա պատկանում, կադաստրային բալանսում որտե՞ղ ա էդ հողը, յարգելի Մայր Աթոռ։ Բայց նորից վերադառնալով նախորդ ասածիս պէտք ա մէկ անգամ եւս նշեմ, որ կարծում եմ Մայր Աթոռը լաւ կը լինի խօսայ ինչ-որ եկեղեցական հարցերի մատին, զուտ որպէս օրինակ, օրինակ կուսակրօնութեան մասին։
ԼՐԱԳՐՈՂՈՒՀԻ —Եթէ Երկիրը վտանգի մէջ է, Մայր Աթոռը չպէ՞տք է խօսի այդ մասին, պարոն Ալեքսանեան։ Չպէ՞տք է անհանգստութիւն յայտնի Հայաստանի սահմանների հետ կապուած։
ՀՀ Ազգային Ժողովի Անդամ ՎԱՀԱԳՆ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ — Ի հարկէ, ի հարկէ: Ի հարկէ պէտք է խօսայ Մայր Աթոռը, երբ որ երկիրը վտանգի մէջ ա։ Մայր Աթոռը երկիրը վտանգի մէջ լինելու ժամանակ սակայն, երբ որ կեղծ լուրեր ա տարածում, ես կարծում եմ դա ընդհանրապէս երկրի վտանգների չեզոքացմանը չի օգնում, այլ հակառակը՝ նպաստում է այդ վտանգների մեծացման։ Ու ես՝ շատ մեծ ակնածանքը ունեմ Առաքելական եկեղեցու նկատմամբ, բայց ես կարծում եմ Մայր Աթոռը իր էս գործելաոճում առհասարակ փորձում ա հասնել նրան, որ հայ ազգի մօտ կատարեալ վերաբերմունք փոխուի հայ առաքելական եկեղեցու նկատմամբ, ինչը մենք հաւատացեալներս պէտք ա թոյլ չտանք իմ կարծիքով։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Ինչպէս որ տեսանք այս տեսանիւթերու մէջը, որ ինչպիսի ստաբանութիւններ կը տարածեն գարեգինապաշտ կղերական բարձրաստիճան, այսպէս ասած չակերտեալ հոգեւոր ղեկավարներ։ Եւ փաստօրէն կը մասնակցին ապատեղեկատվութեան արշաւին, որուն թելի ծայրը կ՛երթայ մինչեւ Կրեմլին՝ Պուտինեան Ռուսաստանը։ Այս տեղը շատ կարեւոր հարց մը պէտք է բարձրաձայնենք, անշուշտ հարցս կ՛ուղղեմ իմ զրուցակցին՝ պարոն Մխիթարեանին, արդեօք ի՞նչ կարելի է ընել, որպէսզի Հայաստանի մէջ, ինչպէս որ ազատ աշխարհի մէջ հայ հաւատացեալները, որ նաեւ Հայաստանի քաղաքացի են եւ նոյն գործով հայաստանի պետականութիւնը ստիպուած է իրենց իրաւունքը պաշտպանել, արդեօք ի՞նչպիսի ճանապարհային քարտեզ կարելի է առաջադրել, որպէսզի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին փոխանցուի կղերապետութիւնէ, քողապետական զինակից Գարեգին գարեգինապաշտ մաֆիայէն, փոխանցուի իսկական իրաւատիրոջ հայ ժողուրդին։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ — Պարոն Չափարեան, ախտաճանաչումը տեղին էր, երկու խօսք այդ մասին։ Չկայ հայ հասարակութեան մէջ անձ մը, որ չգիտեր թէ ինչ է այսօր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ վիճակը, մասնավորաբար Մայր Աթոռէն ներս։ Որուհետեւ, միշտ կը կրկնենք, անգամ եւս կ՛ըսենք՝ ձուկը գլուխէն հոտած է։ Մենք պատմութիւնէն գիտենք բոլորս, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին որքան կարեւոր դեր ունեցած է մեր ինքնութեան պահպանութեան մէջ եւ պատմութեան ընթացքին դարձեալ, միշտ այդ շրջանին, որ ունեցած ենք պետականութիւն ձեռք ձեռքի տուած է եկեղեցական իշխանութիւնը աշխարհական իշխանութեան հետ պահպանելու համար ժողովուրդը։
Դժբախտաբար վաղուց կորսնցուցած ենք թագաւորութիւնները իշխանութիւնները եւ այդ ղեկը տրուած է եկեղեցւոյ։ Այսօր սակայն, երբ վերջին 34 ամեակի մէջ ունինք անկախ, չակերտներու մէջ անկախ, որովհետեւ անկախ երբ որ կ՛ըսենք, շատ բան կը նշանակէ, եկէք չակերտներու մէջ պահենք «անկախ» եւ այդ մասին խօսինք։ «Անկախ» պետականութեան օրերուն եկեղեցին թերացած է իր առաքելութեան մէջ, մասնաւորաբար 2018-ը թուականի թաւշեան յեղափոխութիւնէն այսդին, եկեղեցին ամբողջութեամբ շուարեցաւ, չըսելու համար աւելի ծանր բառեր։ Այսօր եկեղեցին որ սիրոյ առաքեալը, քարոզիչը պիտի ըլլայ, այսօր միայն ատելութիւն կը սերմանէ ժողովուրդի մէջ ընդդէմ իր պետականութեան, հոս է հարցը։
Մենք շատ լաւ գիտենք, որ կղերապետութիւնը ուր հասած է, բայց ժամանակը հասած է, սիրելիներ, որ ժողովուրդը վերստանձնէ եկեղեցւոյ մէջ իր դերը, ղեկավարութիւնը եւ մեր եկեղեցին անգամ եւս դառնայ ժողովրդավար եկեղեցի։ Բոլորս ալ գիտենք որքան կանոնագրային խախտումներ կան։ Ի վերջոյ այս ձեւով պիտի չմնանք։ Չենք կրնար ըսել՝ ինձի ի՞նչ։ Այսպէս եկեր է՝ այսպէս ալ կ՛երթայ… Սիրելիներ, պէտք է բոլորս ձեռք ձեռքի տանք, աշխատանք տանենք, փրկենք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ ձեւով մը բերենք իր անցեալի վարքին, որպէսզի ձեռք ձեռքի աշխատի իշխանութեան հետ երկիրը ոտքի կանգնեցնեն։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Ի՞նչ է Ձեր պատկերացումը, ի՞նչ են այն քայլերը, պարոն Մխիթարեան, որ ժողովուրդը կրնայ ձեռնարկել եւ, օրինակի համար, Տաւուշի մարզի թեմական առաջնորդարանը, ինչպէս որ ազատ աշխարհի մէջ նոյնպէս եւ ներկայ Հայաստանի մէջ, զանազան թեմերը, ընդհանրապէս բոլոր թեմերը, որ ժողովուրդի ենթակայութեան յանձնուի, այսինքն ժողովուրդը դառնայ, ինչպէս որ ազատ աշխարհի մեջ, աշխարհականները տնօրինելու ընտրութիւններու մասնակցելու իրավունք ունին եւ թեմական առաջնորդին պաշտօնազրկելու իրաւունք ունին։
Իսկ ներկայ Հայաստանի մէջ, քանի որ հին Սովետական ռեժիմի ժամանակներէն կուգան այդ համակարգերը, օրուան կաթողիկոսը, որ այս պարագային դժբախտաբար Գարեգին Բ-ն է, իր քմահաճոյքային ենթակայութեան վերածած է Հայաստանեայց ամբողջ առաքելական եկեղեցին։ Ի՞նչ է այն ճանապարհային քարտեզը, որ մէկը միւսին ետեւէն, Հայաստանի մէջ թեմերը ձերբազատուին գարեգինապաշտ հին քողապետական ղարաբաղեան մաֆիայի հակակշրէն եւ սկսին գործել ինչպէս որ ազատ աշխարհի մեջ, որպէս առողջ թեմեր։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ — Որպէսզի մեր եկեղեցին, Պարոն Չափարեան, ժողուրդավար դառնայ, կը նշանակէ որ մենք պէտք է յարգենք մեր եկեղեցւոյ կանոնագրութիւնը։ Ինչպէս նշեցիք, համայնավարութիւնէն եկած տիրելու մարմաջը տակաւին ոչ միայն աշխարհական դասի մէջը կայ, այլ եւ շեշտուած է մեր եկեղեցւոյ բարձր ղեկավարութեան մօտ։ Այն օրէն, երբ Գարեգին կաթողիկոս այդ աթոռը գրաւեց, երանի գրաւած չըլլար, այդ աթոռին նստելէն ետքը աւելի շեշտւեցաւ կղերապետութիւնը։ Հայաստանէն ներս պարզ օրինակ մը տանք, թեմերէն ներս ոչ մէկ ընտրութիւն կ’ըլլա։ Գարեգին կաթողիկոս ինք կը որոշէ որ եպիսկոպոսը կամ վարդապետը որ թեմին առաջնորդ պիտի ըլլայ։ Կոպիտ կանոնագրային խախտում մը։
Ժողովուրդը ինքը պիտի ընտրէ ով պիտի ըլլայ իր առաջնորդը։ Կարելի չէ ակնկալել, որ կաթողիկոսը ինք որոշէ։ Սա կը նշանակէ, որ յարգանք չունի կաթողիկոսը եկեղեցւոյ կանոնագրութեան նկատմամբ եւ կ՛որոշէ ամէն ինչ, ինչ կը ցանկայ։ Ահաւասիկ, անոր արդիւնքն է, որ Գարեգին կաթողիկոսի դրածոյ՝ Գրումրիի առաջնորդը ինքն զինքին իրաւունք կուտայ, ժողովուրդի կողմէ ընտրուած իշխանութեան հրաժարականը պահանջելու։ Նոյնը կընէ Տաւուշի շրջանին Գալստանեան Եպիսկոպոսը։ Այս բոլորը չեն պատահիր սիրելիներ եթէ ընտրուած ըլլան իրենց ժողովուրդէն։ Այլ խօսքով, ժողուրդավարական կանոնադրութեամբ ընտրուած ըլլան՝ հաշուետու կ՛ըլլան իրենց ժողովուրդին։
Չկայ մէկը, հաշուետու չեն։ Որու՞ հաշուետու են. այն անձին որ աթոռի վրայ դրաւ զիրենք։ Այս կը նշանակէ, որ տէր տիրական չունի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին։ Մենք պէտք է ոտքի ելլենք եւ մեր իրաւունքները պահանջենք, որպէսզի դադրի ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր արբանեակներով ըստ կամս տնօրինելու մեր եկեղեցւոյ ներկայ վիճակը։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Շատ յստակ կերպով կարելի է հաստատել ամենայն պատասխանատւութեամբ, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Հայաստանի եւ նախկին Սովետի տարածքին ստանձնած է 5-րդ շարասիւնի գործընկերի կարգավիճակը։ Այսինքն ներքին այդ դաւաճանական խմբաւորումին մաս կը կազմէ։ Եւ մենք անցեալին յստակ բացայայտումներ կատարած ենք, որ ինչպիսի պայմաններու մէջ բազմապիսի կրօնական քաղաքական եւ հասարակական տարբեր-տարբեր կազմակերպութիւններու ղեկավարներ ազատ աշխարհի մէջ գործող, սփիւռքի մէջ գործող, ինչպէս նաեւ նախկին Սովետի տարածքին դարձած են KGB-ի գործակալներ եւ այդ նոյն KGB-ի ԿԳԲ- ի գործակալները այսօր նորին գործով վերածուած են պուտինեան Ռուսաստանի ՖՍԲ-ի գործակալներ, որոնք ամէն կերպ կը մեղսակցին Հայկական պետականութեան ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ պաշտպանութիւնը տկարացնելու համար։ Ուրեմն այս առթիւ պէտք է մենք բարձրացնենք այն փաստը, որ ինչպէս որ անցեալին բացայայտումներ կատարած էինք, միայն Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան կամ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւններէն ներս KGB-ն թափանցած չէ, այլ նաեւ թափանցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն ներս, դիտենք միասին այս տեսանիւթը եւ շարունակենք մեր զրոյցը։
ՀՀ Ազգային Ժողովի Անդամ ՎԱՀԱԳՆ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ —Ձեր թոյլտուութեամբ մէջբերեմ ԽՍՀՄ ԿԳԲ-էի գլխաւոր վարչութեան արտաքին հետախուզութեան բաժնի նախկին պետ Գեներալ Քալիւկինի Spymaster գրքի մի հետագրգիր հատուած — -«Բայց Հայկական Դաշնակցութիւնը այն խմբաւորումն էր որում ամենաշատ գործակալների ներդրման գործողութիւնը կատարեցինք: Դա ազգայնական խմբաւորում էր որը պայքարում էր Հայաստանի անկախացման համար: Բայց ժամանակի ընթացքում մենք այնքան գործակալներ ներդրեցինք այնտեղ որ նրանցից ոմանք կարողացան հասնել պաշտօնների:
Մեզ յաջողվեց «ներկալացնել» խմբաւորումը եւ արդեն 1980-ականներից սովետական միութեան դէմ էլ չէր պայքարում։ Կազմակերպութիւնը ամբողջութեամբ եւ նրանց մի շարք անդամները հաւաքագրուած էին KGB-ի կողմից: Հիմա հարց սիրելի դաշնակցական ընկերներ «կոնկրետ՝ ովքե՞ր են հաւաքագրուած։ Խնդրում եմ հաւաքագրուածների ցուցակը ներկայացնել, որպէսզի էսպէս անդրադառնալով հաւաքական չանդրադառնամ էլի՛: Կոնկրետ հաւաքագրուածներին անդրադառնամ։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ— Ինչպէս որ իրազեկուեցաք, սիրելի հեռուստադիտողներ, Հայաստանի Ազգային Ժողովի անդամ` Սարգիս Ալեքսանեանը, յստակ կերպով բացայայտումներ ըրաւ, եւ անշուշտ, ասիկա նորութիւն չէր, պարզապէս ասիկա կը վերաբերի ամբողջ հայ ազգին եւ նաեւ կը վերաբերի այն հոծ թուաքանակ կազմող հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համակիր շրջանակներուն եւ անդամ, շարքային անդամ, նախկին շարքային անդամ շրջանակներուն, որոնք ամէն օր սկսած են առանձին զրոյցներու ընթացքին ահազանգ հնչեցնել, թէ ինչու եւ ինչպէս պատահած է, որ Դաշնակցութեան կառոյցէն ներս այսքան կարեւոր ներթափանցումներ կատարուած են:
Ժամանակը եկած է, որ իրերը կոչուին իրենց անուններով, որպէսզի մեր ազգը առողջանա եւ նաեւ մեր քաղաքական կազմակերպութիւնները, հասարակական կազմակերպությիւնները, ինչպէս նաեւ կրօնական կազմակերպութիւնները, ոչ միայն Հայաստանէն ներս, այլ նաեւ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին վերադարձուին իսկական իրաւատիրոջ` Հայ ժողովրդին: Եւ մենք չենք ուզեր, որ որեւէ հասարակական կամ կրօնական կազմակերպութեան ղեկավարներ՝ ըլլան կամ արեւմուտքի, կամ արեւելքի, ըսենք, ՙՙՙագանտուրա ՚՚՚ կ՛ըսեն Սովետահայերէնով, այսինքն գործակալական ցանցի մաս, որովհետեւ Հայ ժողովուրդը, Հայ ազգը, իր հայրենի եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդով ծնեալ իրավունք ունի նախ եւ առաջ հայամետութեամբ առաջնորդուելու:
Այս առթիւ պէտք է ըսել, որ ինքնիշխանութեան համար պայքար տանող երկիրները, նախկին Սովետի տարածքին գտնուող երկիրները, որոնք “buffer zone” այսինքն շղթայ կազմած են պալթեան երկիրներէն մինչեւ Հարաւային Կովկաս, նաեւ պէտք է ընգրկել սկանդինաւեան երկրները` Շվեդիայ, Ֆինլանդիա եւ պալթեան երկիրներ` Ուկրաինայ, Մոլդովայ, Լեհաստան, եւ շղթայի շարքը կը շարունակուի մինչեւ Հարաւային Կովկաս յանձինս Վրաստանի եւ Հայաստանի:
Վերջին օրերու դրական զարգացումները, որ իրականացան, Հայաստանի Հանրապետութիւնը սկսաւ աւելի արագընթաց կերպով բազմազան դարձնել իր արտաքին զինակցութիւնները ոչ միայն ռազմական առումով, այլ նաեւ տնտեսական՝ շատ գովելի է: Նաեւ գովելի է, որ ի հակապատկեր Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ վայրահաչումներուն, երբ ամէն կերպ կը փորձեն արգելք հանդիսանալ Երեւանի եւ Թիֆլիսի Արեւմուտքի հետ ինտեգրացման գործընթացին, պէտք է ըսել, որ շատ գովելի է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը շատ զուսպ կերպով կը մօտենայ եւ չեմ ալ զարմանար, եթէ օր մը բացայայտուի, որ ներքին գոհունակութեամբ կը մօտենայ այն փաստին, որ ի վերջոյ Հայաստանի Եւրոմիութեան հետ ինտեգրացման ճանապարհով Իրանը պիտի դառնայ կարեւոր գործոն մը ի շառս Հնդկաստանին եւ այլ երկիրներուն, որոնք կ՛աշխատին ամէն կերպ հզօրացնելու այն գործըթացը, որ Հայաստանը վարելանիւթով ՞՞՞էներգիայով՞՞՞, տնտեսութեամբ եւ ռազմաքաղաքական առումով իսկապէս դառնայ ինքնիշխան, անկախ, եւ պաշտպանութեան առումով աւելի հզօրացած:
Այսպիսի աշխատանքները շատ կենսական կարեւորութիւն ունին, եթէ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը լուրջ է պահպանելու, զօրակցելու Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան հզօրացման, որովհետեւ, եթէ Հայաստանը իր արտաքին զինակցութիւնը բազմազան դարձնելու ծնեալ իրաւունքը չգործադրէ, ապա ուրեմն, ինչպէս սովետահայերէնով կ՛ըսեն, ՀՀ կը դառնայ «գուբերնիա»:
Եւ այն «գուբերնիա» դառնայ, մենք ականատես պիտի ըլլանք 1920 թուականներու նման նոր «նամեստնիկներու», այսինքն, ռուսական հովանիի տակ գործող հայ կառավարիչներու, որոնց հոգը չէ հայկական ինքնիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը եւ պաշտպանութիւնը պահպանելու կամ զարգացնելու առաջադրանքը: Իրենց համար ամենակարեւորը, յատկապէս, հին գողապետականները, իրենց համար ամենակարեւորը, ամեն կերպ իր՛ենք մնան անպատժելի եւ ամէն կերպ իրենք շարունակեն թալանը:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ — Պարոն Չափարեան, այս առիթով հեռուստադիտողներուն կ՛ուզեմ յիշեցնել շատ խելացի յայտարարութիւն մը, որ մի քանի օրեր առաջ կատարեց դեսպանուհին Երեւանէն ներս, ըսելով, թելադրելով, որ Հայաստանը թէեւ այս օրերուն դէպի Արեւմուտք քայլեր կը նետէ, բայց երբէք չմոռնայ, որ պէտք չէ հեռանայ Ռուսաստանէն, որովհետեւ որքան բազմազան են իր կապերը այլ երկիրներու հետ, այնքան ինքը պիտի դառնայ ժողովրդավար եւ անդքան աւելի պիտի զարգացնէ իր երկիրը, հետեւաբար, չկեդրոնանանք միայն Արեւմուտքի վրայ, այլ ինչպէս Պարոն Չափարեանն ալ նշեց, ըլլանք բարեկամ բոլոր անոնց հետ, որոնք կ՛ուզեն մեզի ձեռք երկարել, բայց այս բոլորին մէջ մէկ բան չմոռնանք, որ մենք առանձին պետութիւն ենք եւ պէտք է մեր պաշտպանողական համակարգը զօրացնենք, որուն անմիջապէս պիտի հետեւի տնտեսական զօրաւոր համակարգը, հետեւաբար խելացի կը գտնուինք կապ հաստատելու բոլոր երկիրներուն հետ: