Posted on August. 23. 2024
Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի Օգոստոս 9-ի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը։
Բացայայտումներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ յայտնի հրապարակախօս եւ հետազօտող Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ:
Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail. com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխա-ցեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն:
Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամեն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան կամ գրա-սենեակի կամ փոստարկղի հասցէն:
YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ Անունս Աբօ Չափարեան։ Զրուցակիցս է յայտնի հրապարակախօս Ոսկան Մխիթարեան։
Այս շաբաթ մինչեւ Հինգշաբթի, Օգոստոս 8ի դրութեամբ, պէտք է ըսել, որ երեք հայ մարզիկներ, փառք եւ պատիւ իրենց`Արթուր Ալեքսանեան, Արթուր Դաւթեան եւ Մալխաս Ամոյեան մեծ յաջողութիւն գրանցեցին, յօգուտ Հայաստանին։ Փարիզի մէջ կայացող 2024 թիւի Ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցին 206 պետութիւններ եւ այդ պետութիւններէն ընդամէնը միայն 80 պետութիւն կարողացած են ողիմպիական մետալ ստացողներու աղիւսակին մէջ յայտնուիլ։ Մինչեւ Օգոստոս 5ը, Երկուշաբթի, Հայաստանը դեռեւս, ինչքան որ կը յիշեմ, այդ աղիւսակի մէջ չէր յայտնուած։ Ի պատիւ ճիմնասթիքի վարպետ Արթուր Դաւթեանին, Հայաստանը առաջին անգամ յայտնուեցաւ այդ աղիւսակի մէջ եւ որուն յաջորդեց աշխարհահռչակ եւ մեծ վաստակ ունեցող Արթուր Ալեքսանեանի՝ «Սպիտակ Արջ»-ի յաջողութիւնը։ Թէկուզ շատերս, ես ալ ներառեալ, կը սպասէինք, որ ոսկէ մետալ կ҆իրականացնէ, բայց արդէն տեսանք թէ ինչ եղաւ։ Իրաւարարները հերթական եւս մէկ անգամ, ըստ երեւոյթին, կողմնակալութիւն իրականա- ցուցին, շատ նախանշաններ այդպէս ցոյց կու տան եւ ես կողմ եմ, որ Արթուր Ալեքսանեանը արծաթէ մետալը իր վիզէն հանեց։ Ինչեւիցէ, այդ մասին հետագային։
Պէտք է ըսել, որ Հայաստանի մարզիկները վիթխարի հերոսութիւն կ҆իրականացնեն, որ այսպիսի պատուաբեր արդիւնք ստեղծեն ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան համար, այլ ամբողջ աշխարհի հայութեան համար եւ հայասէր օտարներուն համար։ Ինչո՞ւ այս խօսքը կ҆ըսեմ։ Որովհետեւ ընդամէնը քանի մը օր առաջ ես դիտեցի տեսանիւթ մը, որ շատ դիպուկ տեսանիւթ մըն էր, որ պատրաստուած էր «Ազատութիւն» հեռուստակայանի կողմէ։ Շնորհակալութիւն կը յայտ- նեմ այս տեսանիւթին համար։ Միասին դիտենք եւ շարունակենք մեր զրոյցը։
Տեսանիւթ։ Այստեղ շատերի համար Արթուր Ալեքսանեանը բառիս բուն իմաստով կուռք է։ Պատանի ըմբշամարտիկներն ուզում են նմանուել նրան, ոմանք էլ`անցնել նրանից։
Ալեքսանեանը դեռ շարունակում է մարզուել այս մարզադպրոցում, եթէ հաւաքների չի լինում։ Ամէն անգամ չեմփիոնական որեւէ տիտղոս նուաճելուց յետոյ օրակարգ էր գալիս մարզադպրոցի նորոգման հարցը, բայց գործն առաջ չէր գնում։ Առաջին անգամ աշխարհի չեմփիոն դառնալուց 10 տարի անց Արթուրի հարազատ մարզադպրոցում շատ բան չի փոխուել։ Դահլիճներից մէկում, որտեղ ֆիզիքական պարապմունքներն են անց կացնում, յատակ չկայ։ Մարզագոյքը հազիւ մի կերպ յարմարեցուած է։ Պարապմունքների ժամանակ էլ փոշու պակաս չկայ։ Մարզադպրոցի փոխ տնօրէն Խաչիկ Պաղտասարեանն ասում է՝ միջազգային չափորոշիչներին մարզադպրոցը չի համապատասխանում։
Խաչիկ Պաղտասարեան.- Եթէ նայենք միջազգային ստանդարտին չի համապատասխանում, բայց մեր երեխեքը այդ պայմաններում էլ են պարապում ու արդիւնքի էլ հասնում են։ Եթէ լաւ պայմաններ լինեն, աւելի լաւ կը պարապենք, բնական է։
Հարց.- Արթուրն այստեղ պարապու՞մ է։
Խաչիկ Պաղտասարեան.- Այո։
Մարզիկ աշակերտ.- Այս դահլիճում ֆիզիքական աշխատանքներ ենք անում։ Փոշին իրօք շատ է։ Գոյքը նորմալ է։ Պատկերացրէք, մի քիչ խանգարում է, բայց մենք նորից կարողանում ենք պարապել ամէն ինչով։
Լրագրող.- Այդուհանդերձ, մարզադպրոց յաճախող երեխաների պակաս չունեն, նոյնիսկ նման պայմաններում։
«Եթէ դպրոցը Արթուրի անունով է, հոսքը միշտ կայ ու կայ։ Մենք աշակերտի փրոպլէմ ոչ մի անգամ չենք ունեցել։ Միայն գալիս են Արթուր Ալեքսա- նեանի դպրոցն ու էլ ուրիշ հարց չկայ։ Մենք ցանկանում ենք պարապել Արթուր Ալեքսանեանի դպրոցում։»
Լրագրող.- Այդուհանդերձ, Արթուր Ալեքսանեանի անուան նոր մարզադպրոցի հեռանկարը կարծես որոշակիանում է։ Երեք տարի առաջ է սկսուել այս շէնքի կառուցումը։ Այն նախատեսւում է շահագործել 2026 թուականին։ Իշխանութիւնները խոստացել են, որ մասնաշէնքը կը համապատասխանի միջազգային չափորոշիչներին։ Ու մինչ կը կառուցուի նորը, Ալեքսանեանն ու միւս մարզիկները կը շարունակեն պարապմունքներն այս անմխիթար պայմաններում, բայց միշտ նորանոր յաղթանակների մղումով։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- Ինչպէս որ տեսանք, երեխաները որպէս հերոս եւ որպէս «role model», այսինքն որպէս օրինակելի քաղաքացի, կը հետեւին Արթուր Ալեքսանեանի օրինակին եւ կը խոստանան, որ իրենք պիտի գերազանցեն Արթուր Ալեքսանեանին, բայց տեսէք սիրելիներ, ինչպիսի կացութեան մէջ, ինչպիսի իրավիճակի մէջ այս երեխաները կը պարապին եւ սա կտրականապէս մերժելի է, անընդունելի է եւ այս բոլորը մենք կը պարտինք նախկին ռեժիմականներէն սկսած մինչեւ այսօր։
Այո, Փաշինեանի կառավարութիւնը իր հերթին իր մասնաբաժինը ունի կոռումփացուած մարդկանց առկայութեամբ վարչակազմէն ներս։ Ուրեմն թաւշեայ յեղափոխութեամբ ամէն ինչ չէ լաւացած։ Դժբախտաբար հին ռեժիմականները եւ ընդհանրապէս սովետական կարգերը կոռումփացուած էին. ի հարկէ, ես երբ որ սովետական կարգերը կը քննադատեմ, ըսել չեմ ուզեր, որ սովետական կարգերը վատ էին։ Քաւ լիցի։ Ես ընդամէնը կը մատնանշեմ պրեժնեւեան մշակոյթը, կոռումփացուածութեան մշակոյթը, երբ Պրեժնեւը ըսաւ. «եթէ կ҆ուզէք լաւ ապրիլ, կողոպտեցէք սեփական պետութիւնը»։
Պատկերացուցէք՝ ինչպիսի մտայնութիւն է։ Եւ այդ մտայնութիւնը մինչեւ այսօր դժբախտաբար կը շարունակուի։ Այդ մշակոյթն է, որ մենք պէտք է վերացնենք։ Որպէսզի մեր ժողովուրդը յառաջդիմէ։ Եւ անշուշտ, ինչպէս որ տեսանիւթին մէջ տեսանք, Փաշինեանի կառավարութիւնը խոստացած է որ այդ մարզահամալիրները, պարապ- մունքի վայրերը աւելի միջազգային չափանիշներու հասցնէ։ Այդ խոստումը շատ լաւ քայլ է, բայց մենք պիտի հետեւինք, սիրելիներ։
Մենք կը խոստանանք, որպէս հետազօտող լրագրողներ, տեսնելու թէ իսկապէս Փաշինեանի վարչակազմը պիտի կարողանա՞յ իր խոստումը գործադրել, պիտի կարողանայ այդ պետական պիւտճէին թալանչիներուն ձեռքը կասեցնել եւ «պողպատէ մանգաղ»ով կեցնէ այդ ձեռքը, չըսելու համար կտրելու ձեռքը, որ կը թալանէ։ Սէուտական Արաբիա եթէ մէկը գողութիւն ընէ, ձեռքը իրօք կը կտրեն։ Եթէ գլուխով սխալ բան ընէ, գլուխը կը կտրեն։ Ալ պատկերացուցէք ինչքան բաներ կը կտրեն մարդու վրայէն, որովհետեւ օրինախախտում կը կատարէ։
Անշուշտ, փառք Աստուծոյ, Հայաստանը այդ մտածելակերպին եւ գործելաձեւին չի հետեւիր։ Թէկուզ կրնայ ըլլալ օր մը գայ եւ ժողովուրդին մեծ մասը ըսէ՝ «մենք ալ կ҆ուզենք Սէուտական Արաբիոյ օրինակին հետեւիլ», եթէ ինքնաուղղում չկատարէ հայ մարդը, հայ քաղաքացին կամ Հայաստանի քաղաքացին Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս։
Ուրեմն այս կոռումփացուած թալանչիներու տողանցքը կամ փառատօնը ըստ երեւոյթին իր աւարտին չէ հասած։ Դեռեւս լեցուն աշխատանք ունինք։
Մի նեղացէք, եթէ մենք մատնանշենք բացասական, ժխտական երեւոյթները։ Մեր նպատակը հոգեպէս ընկճել չէ, այլ օգնել ժողովուրդին, որ ժողովուրդը իր ճանապարհը հարթէ դէպի «վարդահեղեղ արշալոյս»։ Հայ մարդը իրաւունք ունի ուրախանալու սեփական երդիկի տակ, իրաւունք ունի չդառնալու տնտեսական, քաղաքական եւ այլ տեսակի փախստական սեփական երդիկի տակ. Արժանապատիւ քաղաքացի, արժանապատիւ պետութիւն։
Իմիջիայլոց, անցեալ շաբաթ իմ զրուցակիցը եւ աշխատակիցը՝ պարոն Մխիթարեանը շատ կարեւոր հարց բարձրացուցած էր եւ այդ հարցը շատ հետաքրքրական է։ Իմ առաջարկութիւնն է, որ պարոն Մխիթարեան ներկայացնէ, թէ իր առաջադրանքէն ասդին ինչ նորութիւններ արձանագրուեցան. այն առաջադրանքէն, որ կը վերաբէր իտալական «Օպզերվաթոր Ռոմանա» հրատարակութեան կատարած քայլին, այդ խայտառակութեան հետ կապուած, որ սուտ փրոփականտ կ҆ընէ յօգուտ Ատրպէյճանի։ Պարոն Մխիթարեանի առաջադրանքէն ետքը արդեօք ի՞նչ կատարուեցաւ։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Պարոն Չափարեան, անկասկած որ պիտի ուզէի շեշտ դնել թէ գործնական ինչ քայլեր կատարուեցան։ Շաբաթ մը անցաւ, միակ յայտարարութիւնը, որ տեսանք այն է, որ Հայաստանի դեսպանը Վատիկանի մէջ դիմած է թերթի խմբագրութեան։ Մի քանի օր յետոյ կարդացի նաեւ, որ Ղարաբաղի աքսորեալ առաջնորդ արքեպիսկոպոսը իր բողոքի ձայնը բարձրացուցած է։
Սիրելիներ, մենք բաւարարուած չենք։ Եթէ կը պոռթկանք, կը պոռթկանք անոր համար, որ խօսքէն անդին գործնական քայլ մը չենք առներ։ Մենք անցեալ շաբաթ կոչ ուղղեցինք Ամենայն Հայոց Հայրա- պետին, Արամ կաթողիկոսին եւ պատրիարքներուն՝ թէ Պոլսոյ, թէ Երուսաղէմի։ Գործնական ոչ մէկ քայլ։ Ի վերջոյ, ճիշդ է, պետութիւնը իր դեսպանի միջոցաւ ուզած է բան մը ընել, բայց հարցը արմատապէս լուծում պէտք է գտնէ։
Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր ներկայացուցիչը ունի Վատիկանի մէջ, յանձինս Խաժակ Արք. Պարսամեանին։ Ի վերջոյ Հայրապետական նուիրակն է Եւրոպայի եւ Վատիկան կը մնայ։ Ինչո՞ւ մինչեւ հիմա Խաժակ Արք. չգնաց Վատիկան։ Չմոռնաք՝ խմբագրատուն երթալը մեզ չի գոհացներ, սիրելիներ։ Խմբագրատունը կը պատկանի Վատիկանին։ Հետեւաբար, կրնան խմբագիրներ կաշառուած ըլլալ, սայթաքիլ։ Ի վերջոյ այդ թերթը, որ 1861 թուականէն ի վեր կը հրատարակուի, պատ- իւն է Վատիկանի։ Հետեւաբար, մենք կ҆ակնկալէինք որ գործնական քայլ մը առնուէր եւ Խաժակ Արք. յանուն Մայր Աթոռի, երթար իր բո- ղոքը ներկայացնէր ոչ թէ խմբագրատան, այլ Վատիկանի։
Ի վերջոյ, արեւելեան եկեղեցիները Վատիկանէն ներս իրենց բաժինը ունին, որ կը կոչուի «Քոնկրէկացիոնէ Օրիանթալէ»։ Հետեւաբար բոլոր արեւելեան եկեղեցիները որոշ կարտինալական խմբակի մը հովանիին տակ են, ներառեալ մեր կաթողիկէ եղբայրները։ Հիմա այս պարագային, ճիշդ է որ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս շատ փոքրաթիւ են մեր կաթողիկէ եղբայրները, բայց կան, չէ՞։
Հետեւաբար, այն ինչ որ հայութեան կը պատկանի, է՛ նաեւ պատիւը մեր կաթողիկէ եղբայրներուն։ Հետեւաբար, մենք կոչ ուղղեցինք Տէր Ռաֆայէլ Պատրիարք Կաթողիկոսին, որ մօտէն կը ճանչնայ կարտինալ Կուճերոթթիին, որ այդ քոնկրեկացիոնին պատասխանատուն է, որ հարկ եղած քայլերը կատարէ։ Կարտինալը շատ մօտէն շփումներ ունի Տէր Ռաֆայէլի հետ, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան հայրերուն հետ։ Շաբաթ մը անցաւ։
Ոչ Պատրիարք կաթողիկոսէն բան մը լսեցինք, պաշտօնական յայտարարութիւն, ոչ ալ մեր Մխիթարեան Հայրերէն, որոնք Վատիկանի քթին տակ են։ Հիմա անշուշտ մեզի պիտի ըսեն, որ եթէ Առաքելական եկեղեցին գործնական քայլ մը չառաւ, շատ բան մի սպասէք Կաթողիկէ եկեղեցիէն։ Մենք իրենցմէ ալ կը սպասենք։ Բայց մեր կոչը անգամ մը եւս։ Գարեգին կաթողիկոս պարտաւոր է եպիսկոպոսական ժողով հրաւիրել անմիջապէս եւ ոչ թէ դատապարտել, պահանաջել հերքում։ Նոյն բանը պէտք է ընէ Արամ կաթողիկոս իր միաբանութեան հետ` իր եպիսկոպոսներով, որ մօտէն կը ճանչնայ ներկայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Քահանայապետը։ Ուղղակի անոր դիմէ եւ հաշիւ պահանջէ։ Վերջ տանք, սիրելիներ, այս ստրկութեան։ Մենք պայման չէ որ հաճոյանանք ասոր, անոր։ Եթէ կան խախտումներ, մեր արդար իրաւունքն է պահանջելու։ Ահաւասիկ խախտում մը։
Անցեալ շաբաթ բացատրեցի, որ այդ պարբերաթերթի մէջ հրատարակուածը խեղաթիւրումէ անդին, խայտառակութիւն ըլլալէ անդին, վարկաբեկում է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ։ Այդ բոլոր մեր կոթողային ժառանգները հայկական չէ ըսին եւ արձանագրուեցան սեւ ճերմակ։ Ո՞ւր ես Արամ կաթողիկոս։ Դուն որ հռետորական տաղանդ ունիս, երկու տող չգրե՞ս Վատիկանին, որ յետս կոչեն այդ յօդուածը եւ դատապարտեն։ Մենք չդատապարտենք։ Սպասենք բոլոր անոնք, որոնք գործեցին այդ մեղքը, իրենք ապաշխարհեն եւ իրենք յետս կոչեն։
Այդ բոլոր խեղաթիւրումները Վատիկանը շատ լաւ գիտէ։ Կարտինալ Կուճերոթթին շատ լաւ գիտէ որ հայ եկեղեցին ինչ է, եւ ինչ արժանիքներ ունեցած է դարերու ընթացքին։ Այսօր պարտաւոր են յետս կոչելու այդ յօդուածը եւ գրաւոր նոր յայտարարութիւններ հրապարակելու, որպէսզի մենք հոգեպէս հանդարտինք։ Ապա թէ ոչ, մենք անգամ մը եւս բողոքի ձայն պիտի բարձրացնենք։
Չմոռնաք, սիրելիներ, Վատիկանը պետութիւն է, կրօնական պետութիւն է եւ ամէն երկրէն ներս իր դեսպանը ունի։ Այդ դեսպանները ընդհանրապէս կարտինալներ են։ Եթէ պէտք ըլլայ, այդ դեսպան- ներուն պիտի երթանք մեր բողոքը պիտի ներկայացնենք։ Անխտիր ամէն տեղ, հոն ուր որ հայ կայ, ամբողջ սփիւռքի տարածքին։ Մենք ա՛լ յոգնած ենք խնդրելէ, աղաչելէ։ Մեզ իրաւազրկած են այստեղ։ Մենք հիմա պահանջատէր ենք եւ պիտի պահանջենք, մինչեւ արդար հատուցում։ Հետեւաբար, անգամ մը եւս կոչ կ҆ուղղեմ մեր հայրապետներուն, երկու կաթողիկոսներուն, երկու պատրիարքներուն իրենց բողոքի ձայնը անպայման բարձրացնեն եւ յետս կոչել տան այդ բոլոր յերիւրանքները, որոնք տպագրուեցան Վատիկանի պաշտօնաթերթին մէջ։
Այս առիթով կ҆ուզեմ նաեւ յիշեցնել մեր հեռուստադիտողներուն շատ կարեւոր հարց մը, որուն մասին տակաւին մեր մամուլը, դժբախտաբար, ըլլայ հայրենիքէն ներս, ըլլայ ամբողջ սփիւռքի տարածքին չարտայայտուիր։ Եւ որպէսզի այս մեր յայտա- րարութիւնը լոյս ծագեցնէ մեր ընդհանուր մամուլին, կը կրկնեմ Լուիս Օքամփօ Մորենոյի խօսքերը։ Լուիս Օքամփոս Մորենոն Միջազգային Քրէական Դատարանին՝ International Criminal Court-ին նախկին նախագահն էր, գլխաւոր դատաւորն էր այս պարագային։
Այսօր իր յատուկ գրասենեակը ունի Նիւ Եորքի մէջ։ Մեզի ինք կոչ կ҆ուղղէ, կրնա՞ք երեւակայել, օտար մը, Արժանթինէն մէկը՝ մասնագէտ միջազգային իրաւագիտութեան, հայերուս կ҆ըսէ, որ «եթէ չպա- հանջէք, տուող պիտի չըլլայ»։ Ինչի՞ կ҆ակնարկէ։ Նոյեմբեր 29ին համաժողով տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ աշխարհի մէջ օդի վերաբերեալ, թէ ինչպէս այդ օդը կարելի է մաքուր պահել, որպէսզի մարդկութիւնը չապականի։ Ո՞վ է հեղինակը այս բոլորին։ Ատրպէյճանն է։ Հրաւիրողը Ատրպէյճանն է։ Ովքե՞ր կը մասնակցին այս բոլորին։ Գրեթէ մեծ գերպետութիւններ։ Կասկած չունինք, դուք ալ չէք կասկածիր, որ Ատրպէյճան պիտի շռայլէ այս հանդիսութեան եւ այնպիսի բաներ պիտի յայտարարէ, որ ինքը իսկապէս կը հաւատայ ժողովուրդներու ազատութեան, երբ կը կեղեքէ իր ժողովուրդը։
Աշխարհը գիտէ որ ինք մենատէր է։ Հետեւաբար այս առիթով պիտի գովերգէ ինքզինքը։ Եւ պիտի շռայլէ նիւթապէս։ Առողջ երկիր է։ Պիտի շռայլէ սեղանները առատութեամբ, որպէսզի հոն այցելող մեծ պետութիւններու ներկայացուցիչներ տեսնեն, որ Ատրպէյճանը իսկապէս իտէալական երկիր մըն է եւ մտահոգ է մարդկութեամբ։
Օքամփոս մեզի կոչ կ҆ուղղէ, ըսելով որ «սիրելիներ, բոլոր այն երկիրները որոնք հոն պիտի երթան եւ ներկայ պիտի ըլլան այդ մեծ հանդիսութեան, իրենց բերանը չեն բանար հայ գերիներու պարագային»։ Այսօր ունինք այդտեղ գերիներ, որոնց մէջ կայ նաեւ նախկին Արցախի աւագանին։ Այս բոլորը հոն կը մնան եւ տակաւին Կարմիր Խաչին Յունիսէն ի վեր իրաւունք չէ տրուած, որպէսզի հանդիպին այդ բանտարկեալներուն։
Ո՞վ պիտի խնդրէ, որ այդ բանտարկեալները ազատ արձակուին։ Բան մը, որ միջազգային իրաւաբանութեան օրէնքներուն դէմ է։ Առաջին՝ անկասկասծ, որ մեր պետութիւնը, ներկայ հայրենի իշխանութիւնը։ Եթէ ներկայ հայրենի իշխանութիւնը ուրիշ գործերով մտա- հոգուած է, նոյնքան պարտականութիւն կ҆իյնայ այս պարագային Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ վրայ, որովհետեւ փոխանակ փողոց իջնելու, իշխանատենչութեամբ վարակուած արքեպիսկոպոսը հրապարակ նետելու, ահաւասիկ առիթ մը, որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին համամարդկային անկիւնէ դիտած այս բոլորը, կոչ ուղղէ, ըլլայ ատիկա Քիրիլ պատրիարքին՝ Ռուսաստանի մէջ եւ կամ Ատրպէյճանի կրօնապետին՝ Ալլահշիւքիւրին, որուն հետ բազմիցս հանդիպումներ ունեցած է Մոսկուայի մէջ, որպէսզի այդ մարդիկը ազատուին։
Այս բոլորին մասին չեն խօսիր, բայց փողոց կ҆ելլեն իշխանատենչութենէ վարակուած։ Ահաւասիկ եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր ուղիներէն մէկը, որուն համար համայն հայութիւնը կ҆ակնկալէ որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին միաձայնութեամբ իր բողոքի ձայնը բարձրացնէ նախկան այդ մեծ հանդիսութիւնը, Նոյեմբեր 29ին եւ իր պահանջները ներկայացնէ։
Հիմա մենք կը խնդրենք մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր պետերէն, բայց սիրելիներ, մենք ալ ունինք ընելիքներ։ Որուն բանալին մեզի կը յանձնէ Լուիս Օքամփոս Մորենոն. կ҆ըսէ, որ բոլոր այն երկիրները, եւրոպական կամ ամերիկեան, որոնք պիտի մասնակցին եւ այդտեղ կան հայեր, գացէք ձեր երկրէն, ձեր երկրի իշխանութենէն պահանջեցէք, օրինակի համար մենք ամերիկահայերս պահանջենք մեր քանկրէսմեններէն եւ ըսենք, որ Ամերիկա պէտք չէ մասնակցի այդ ժողովին այնքան ատեն, որ մարդկային օրէնքներու խախտումներ կան եւ մեր բանտարկեալները տակաւին այդտեղ կը մնան, որոնց առիթ նոյնիսկ չէ տրուած անհատական փաստաբաններ ունենալու, որպէսզի կարենան իրենց իրաւունքները պաշտպանեն։
Հետեւաբար, եթէ մենք ամերիկահայերս հոս պիտի ընենք՝ դուք ֆրանսահայերդ պիտի ընէք Ֆրանսայի մէջ։ Չմոռնաք, եւրոպական երկիրներ բոլորն ալ պիտի երթան Պաքու, բայց մենք Նոյեմբեր 29էն առաջ մեր ձայնը լսելի պիտի դարձնենք մեր հոգեւոր պետերու կողքին։ Իրենք իրենց բաժինը պիտի ընեն, մենք ալ մեր բաժինը պիտի ընենք։ Որովհետեւ ժամանակը հասած է սիրելիներ, որ այս թմբիրէն, անտար- բերութենէն դուրս ելլենք։ Այսօր երկու տարիէ աւելի հոն են մեր բանտարկեալները։ Եթէ հայրենի իշխանութիւնը իր հարցերը ունի տակաւին անլոյծ մնացած, այս հարցին մէջ մենք ալ մեր բաժինը բերենք եւ ահաւասիկ առիթը մեր առջեւն է։
Հետեւաբար, կոչ ուղղենք մեր քանկրէսմեններուն, Սպիտակ Տան, որ միջամտեն. ասոր մէջ շատ կարեւոր գործ պիտի ունենան մեր կեանքէն ներս գործող կազմակերպութիւնները։ Armenian Assembly-ն շատ բան ունի ընելիք այստեղ։ «Հայ Դատ»ը ունի իր արբանեակներով։ Հայ Բարեգործական Միութիւնը ունի իր արբանեակներով։ Կուսակ- ցութիւններ, հայրենակցական միութիւններ, բոլորս ալ մէկ նպատակի կը ծառայենք։ Այս բոլորը ի սէր հայրենիքի է, որ պիտի ընենք մենք։ Մեր տարակարծութիւնները մէկ կողմ դնենք։
Հիմա ժամանակը հասած է, եւ մեզի դուրսէն խելք տուող կայ։ Ոտքի ելէք, գործի անցէք։ Հիմա ատենն է։ Գործնական քայլ առնենք, որպէսզի մեզ ներկայացնող ներկայացուցիչները այդ ժողովին նախկան երթալը յայտարարեն, որ մենք պիտի չերթանք, եթէ հայ բանտարկեալները ազատ չարձակուին։ Ահաւասիկ մեր ձեռքը զէնք մը։ Զէնք ունի նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին։ Հետեւաբար, միասնաբար, ձեռք ձեռքի մեր տարակարծութիւնները մէկ կողմ դնենք, պահանջենք։ Պիտի պահանջենք Վատիկանէն, որ յետս կոչէ իր խեղաթիւրումները եւ կ҆ուզենք գրաւոր այդ բոլորը։ Երկրորդ՝ պիտի պահանջենք մեզ ներկայացնող բոլոր պետութիւններէն որ նախքան Նոյեմբեր 29ը յայտարարեն որ պիտի չմասնակցին այդ համաժողովին այնքան ատեն որ միջազգային օրէնքներու խախտում կայ եւ հայ բանտարկեալները ազատ չեն արձակուած։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- Շնորհակալութիւն պարոն Մխիթարեան։ Շատ կարեւոր է, կենսական է, որ մենք աչալուրջ կերպով հետեւինք աքթիվիզմի ամէնէն տարրական օրէնքին, որ յետոյ չըսենք՝ «այս բանը կը կարողանայինք ընել, ինչո՞ւ չըրինք»։
Իսկ ինչ կը վերաբերի հայ մարզիկներու յաղթական արշաւին, իրենց բարի յաջողութիւն կը մաղթենք։ 2026ին ֆութպոլի առաջնութիւնը պիտի իրականանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Մեքսիքոյի եւ Քանատայի մէջ։ Կը մաղթենք, որ Հայաստանի հաւաքականը հասնի համաշխարհային այդ մրցոյթին եւ բոլոր աշխարհի հայութիւնը ձեւով մը փառատօն ունենայ հպարտութեան եւ հայկական աթլեթիզմի նոր բարձրունքի, նոր նուաճումներու առթիւ։
Իսկ ինչ կը վերաբերուի 2028ի Օլիմփիք խաղերուն, որ պիտի կայանայ Ամերիկայի մէջ, կը մաղթենք որ այդ ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ամբողջ հայ ազգը, ուժերը լարած, այդ գալիք Ողիմպիական խաղերուն իսկապէս պատիւ բերող հիմակուան արդիւնքը աւելի բազմապատկելով ողիմպիական մետալներու այդ աղիւսակի մէջ Հայաստանը պատկառելի տեղ զբաղցնէ, նուաճելով 30րդ, 40րդ, 20րդ, 25րդ, ինչու չէ առաջին 20ի մէջ իր պատուաբեր տեղը ապահովելով։ Ուրեմն պայքարը եւ տնային աշխատանքը կը շարունակուի։ Բարի յաջողութիւն հայ մարզիկներուն, բարի յաջողութիւն մեր ժողովուրդին։