Posted on August. 31. 2024
Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի Օգոստոս 23-ի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը. Բացայայտումներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ:
Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն:
Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամէն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան կամ գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն:
YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ Անունս Աբօ Չափարեան, իմ զրուցակիցն է յայտնի հրապարակախօս պարոն Ոսկան Մխիթարեանը։
Հայկական պետականութիւն, հայկական կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններ՝ եթէ անոնց անդամակցութիւնը կամ պետականութեան մաս կազմող քաղաքացին “պանանային” անհատ ըլլան, ուրեմն պետութիւնն ալ “պանանային” կ҆ըլլայ։ Եթէ ըսենք Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին կամ որեւէ մշակութային կամ քաղաքական կազմակերպութիւն, որոնց անդամները, կամ անոնց կարեւոր մէկ հատուածը “պանանային” անհատներ ըլլան, ուրեմն այդ կազմակերպութիւնն ալ “պանանային” կ҆ըլլայ։ Այնպէս որ իւրաքանչիւրս պէտք է մեր վեհութեան, քաղաքացիի վեհութեան, կազմակերպական անդամի վեհութեան, ընտանիքի, համայնքի եւ աւելի լայն ընտանիքի՝ ազգի վեհութան նախանձախնդիր ըլլանք։
Միասին դիտենք պարոն Սուրէն Սարգսեանի այս տեսանիւթը եւ շարունակենք մեր զրոյցը։
ՏԵՍԱՆԻՒԹ.- Ասում են, երբ որոտում են թնդանօդները, մուսաները լռում են։ Երբ երկիրդ վտանգուած է, երբ երկրիդ անվտանգութիւնը այսպէս ասած կասկածելի շօշափուկներով փորձում են շօշափել եւ սարդոստայնի պէս իրենց գիրկը գցել, այս դէպքում քաղաքացին, մարդը պիտի ամէն ինչ անի, որ այդ հնարաւոր զարգացումներին ինքը իր պետականութեան եւ պետութեան կողքին լինի։ Երէկ երեկոյեան, մի բարեկամ ունեմ հեռաձայնեց, ասաց Սուրէն, ես գիտես ինչքան եմ վիրաւորուած էդ անգրագէտ պլակատներից, էսից, էնից, բայց ոնց որ թէ կրքերը շիկանում են։ Ի՞նչ ես անելու։ Ասացի էս պահին էլ չեմ ասելու, միեւնոյն է դրա համար պետական չգործող հաստատութիւնների, էսպէս ասած պատժին հետամուտ կը լինեմ։ Բայց այս պահին, այո, կարեւոր են այն զարգացումները, որ տեղի են ունենում եւ շատ կարեւոր է, որ մենք մեր թեւերը քշտենք եւ մեր պետականութեան կողքին լինենք։ Մասնաւորաբար ռուս-թուրքական հերթական ակտիվութեան, տանդէմի ֆոնին։ Տեսէք մենք կարծես թէ թշնամու պակաս չունենք։ Ներքին թշնամին ամենավտանգաւորն է։ Սկսած Քոչարեան Ռոպերթից, Սերժիկ Սարգսեանից, դաշնակցութիւնից, էդ լրատուամիջոցներից, չգիտեմ որ ալիքներն են, էս են, էն են։ Էդ լրագրողներից, ում համար խիստ միեւնոյն է ով իրեն ինչ գումար կը տայ եւ էդ գումարի համար ինչ ասես կ҆անեն։ Պատրաստ են։ Անգամ փողոցի պոռնիկները այդքան պատրաստ չեն։ Ստորացուցիչ սէքսին պատրաստ չեն։ Ասում են փողը տալիս ես, բայց էսքան։ Կան, մաքուր պոռնիկներ էլ կան։ Որքան էլ տարօրինակ հնչի։ Մեր ընդդիմադիր կոչուածները էդպիսին չեն։ Նրանք ամենակեղտոտ պոռնկաբարոյ հոգեբանութեամբ մարդիկ են։ Սա ցաւօք սրտի։ Իսկ մենք իւրաքանչիւր պահի կարող ենք էսպէս ասած թէժանալ կամ թէժ իրաւիճակների առջեւ կանգնել։ Աւելին։ Երբ նայում ես Մոսկուայում ծուարած հայ թափթփուկներին։ Ի նկատի ունեմ Արշակ Կարապետեանի նման թափթփուկին, ԴԱՀԿ-ի Միհրանի նման փալասին։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Պարոն Չափարեան, որքան դիպուկ են այս խօսքերը արտասանուած պարոն Սարգսեանի կողմէն։ Այնպիսի ճգնաժամի մէջ կ҆ապրի հայրենիքը, որ մենք որեւէ ձեւով իրաւունք չունինք տարբեր մտածելու, բացի ազգային ինքնագիտակցութեան մասին, որպէսզի կարենանք վերելք ապրիլ։ Շատ շիտակ է, երբ որ պարոն Սարգսեանը կ҆ըսէ, որ փառք Աստուծոյ պակաս չունինք թշնամիի։ Այո, սիրելիներ, այդ թշնամին աւելի ներսն է, որքան դուրսն է։
Այս բոլորին գիտակ ըլլալով, ինչպէ՞ս մենք չենք արթննար անգամ մը վերլուծելու ներկայ քաղաքական իրավիճակը, թէ ի՞նչ կը պատահի Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ, կամ Եւրոպայի մէջ, կամ Ռուսաստանի մէջ, այս բոլորին գիտակ ըլլալով տակաւին կը փորձենք պետականութիւն տապալել։ Սիրելիներ, այս իշխանութիւնը մենք կրնանք չհաւնիլ։ Ասոնք ժամանակաւոր են։ Վաղը ուրիշները պիտի գան։ Թերեւս անոնց ալ չհաւնինք, ինչպէս նախորդներուն չհաւնեցանք։ Բայց չմոռնանք մեր բոլորին հայեցակէտը պիտի ըլլայ հայրենիքի վերելքը։ Տարակարծութիւններ ունենանք, զիրար լսենք, որպէսզի կարենանք ծրագիր մը մշակել թէ ինչպէս կրնանք հայրենիքը յաջորդ 50 տարիներու ընթացքին մեր աշխատանքով ներքին եւ արտաքին մեր եղբայրներով վերելքի առաջնորդել հայրենիքը։
Այսօր բոլորդ ալ գիտէք, թէ ինչ կը պատահի Ռուսաստանի եւ արեւմտեան երկիրներու խաչմերուկին։ Այդ խաչմերուկը Կովկասն է, սիրելիներ։ Երկուքն ալ Կովկասը կ҆ուզեն։ Ո՞վ է Կովկասի մէջ։ Ես եւ դուն։ Մեր հայրենիքն է խնդրոյ առարկան։ Ի՞նչ պիտի ընենք մենք, որ երկուքին հետ լեզու գտնենք, որպէսզի կարենանք հայրենիքը փրկել։ Հոս է որ ամէն անգամ կը շեշտենք ինքնագիտակցութիւնը ունենանք ազգային վերելքի մասին եւ խորապէս մտածենք ազգ-բանակ ստեղծելու մասին։ Մենք չէզօք պիտի մնանք այդ տեղը։ Մեր բոլոր դրացիներուն հետ պիտի գործենք, առանց ստրուկաբանութեան։ Այսինքն այդ ստրուկ հոգեբանութեան։ Սա կը նշանակէ որ մեր մէջ գիտակցութիւնը պիտի արթննայ եւ պիտի զօրացնենք մեր հայրենասիրութիւնը, հայասիրութիւնը եւ ինքնասիրութիւնը։ Այս բոլորէն պիտի բխի մեր նոր արշալոյսը։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- Շարունակենք իրազեկուիլ պարոն Սարգսեանի յաջորդ մեկնաբանութիւններուն։
ՏԵՍԱՆԻՒԹ.- Աւելին։ Երբ նայում ես Մոսկուայում ծուարած հայ թափթփուկներին, ի նկատի ունեմ Արշակ Կարապետեանի նման թափթփուկին, ԴԱՀԿ-ի Միհրանի նման փալասին, որ գեներալի էսպէս ասած կղմինդրը հագին, ուսադիրները ուսին, չգիտեմ փիլոնը կղմինդրն ա, ինչն ա դրանց համար, կղմինդր է էլի։ Բա ինչ է դրանք քար են, անուղեղ, անհոգի, անսիրտ։ Ովքեր թալանեցին երկիրը։ Ինչ որ մի ԴԱՀԿ-ի պաշտօնեայ, ով 1 միլիարդ տոլարից աւել տարաւ էս ժողովրդից։ Դուք պատկերացնում էք 1 միլիարդ տոլար ունենալու համար, մարդը ծախսելու համար 100 տարին մի մարդուն բաւական չէ եթէ ամիսը 1 միլիոն տոլար ծախսի անգամ։ 100 տարի էդ 1 միլիարդը չի կարող մսխել։ Բա էս տեսակ անասունները հիմա Մոսկուայից էստեղ ինչ որ կուսակցութիւն են բացել ԴԱՀԿ-ի Միհրանը, Կարապետեան Արշակը, էն Կոստանեան փալասը, էն Յարութիւնեան ողորմելին, շտաբի պետը եւ էսպես շարունակ։
Մենք արտաքին թշնամու կարիք կարծես թէ չունենք։ Էս փալասախումբը ամէն ինչ անում է, ոչ թէ որ Հայաստանը լաւ լինի, այլ որ իրենք լաւ լինեն, որ իրենց ժառանգները լաւ լինեն։ Թէ ինչների՞ն է պէտք էդպէս պոռնկաբարոյ լաւը, մէկ Աստծուն է յայտնի, մէկ էլ երեւի իրենց։ Էս խնդիրը ուղղակի ոչ թէ վշտացնում է, այլ սպանում է։ Տեսնես այլ երկիր, ուրիշ երկրներ, ուրիշ պետութիւններո՞ւմ էլ է էդպէս։ Մարդու համար խիստ միեւնո՞յն է իր հողն ու ջուրը, իր ծնողների շիրիմը կամ մի՞թէ այդ ծնողները մի կրամ սէր ու քնքշութիւն չեն տուել էդ մարդկանց, որ երկիրը, հայրենիքը կարեւոր է։ Եթէ ընտրելու լինէք, երկիրը ընտրէք, տունը, տեղը։ Փալասային աստիճանի հոգեբանութեան հասցրեցին Արցախի ժողովրդին իրենց թալանով։ Ու սրանք փալասի պէս թողեցին ու դուրս եկան։ Էն որ մենք Արցախում էինք, ամէն քայլափոխին, ամէն մի ծառի տակ փոքր երեխայից սկսած մեծից շարունակած մարդիկ կային ովքեր մեզ ուղեկցում էին։ Էն տանենք բերդի գլուխը, էն տանենք չգիտեմ… եւ էսպէս շարունակ։ Ուղեկցում էին մեռնեմ ձեզ, մատաղ ըլնեմ ձեզ, իրենք մեզանից, էն որ ասում ա հազարապատիկ, առիւծի պէս կռւում էին, էս դահկի միհրանների, կոստանեանների, կաշառակէր արարատների շնորհիւ եւ երկրի քաղաքական թափթփուկների շնորհիւ մենք կորցրեցինք։ Հիմա սրանց խնդիրը Հայաստանը մնայ առանց ինքնուրոյնութեան։ Ինչի՞ համար։ Ասում եմ ձեզ, ԴԱՀԿ-ի Միհրան, “երեք մատի կոմպինացիա”։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- Սիրելիներ, մենք այս նիւթերը կը շօշափենք ոչ թէ տրամադրութիւնները գցելու, այլ արթնամտութեամբ առաջնորդուելու։ Միջնադարին երբ բանակները իրար դէմ կը պատերազմէին, հետեւակ զօրքի զինուորները ամէն կերպ կ҆աշխատէին հեծեալ զօրքը ամէն կերպ վար բերեն ձիէն, որպէսզի նոր կարողանան պարտութեան մատնեն, ջախջախեն։ Իսկ ներկայ ժամանակներուն ատոր զուգահեռը մեր արդիական ժամանակներու նաեւ հիւանդութիւններն են, որ հայ մարդու մօտ գաղափարախօսութեան, ազգային գաղափարախօսութեան պակասը կը կատարէ նոյն դերը, ինչ որ միջնադարին հեծեալ զինուորին վար կը գցէին։ Ուրեմն մենք պէտք է վերականգնենք մեր ազգային գիտակցութիւնը ազգային գաղափարախօսութեամբ։ Գիտէք բազմաթիւ հայեր կան, որ կը մտածեն, թէ ինչպէս օտար ափերու վրայ իրենց ապագան շարունակեն։ Բայց նաեւ բարեբախտաբար բազմաթիւ, նոյնքան եւ աւելի հայեր կան, ովքեր կը մտածեն հայրենադարձութիւն իրականացնելու մասին։ Այն օրը ընկեր մը զգուշացուց, ըսելով որ թէ ինչ պատահեցաւ, հայրենադարձութեան մասին այլեւս խօսող չկայ։ Իրականութեան մէջ այո այդքան բարձրաձայնող չկայ, սակայն գործնական գետնի վրայ պէտք է ըսել, որ լաւ շօշափելի թիւ կը կազմեն այն արտերկրի հայերը, որոնք սկսած են գործնական կերպով հայրենադարձութիւն իրականացնել։
Հայրենադարձութիւնը պիտի չնմանցնենք 1940ականներու ներգաղթի այն տարբերակին, մարդ վերջնական արտերկրէն կը տեղափոխուի հայրենիք եւ այնտեղ կը մնայ։ Ներկայ ժամանակներուն իրաւունք ունինք մասնակի հայրենադարձութիւն իրականացնելու եւ մեր ուժերը միախառնելու հայրենի մեր ժողովուրդին հետ եւ միասին կերտելու ներկան եւ ապագան։ Իսկ պարոն Սարգսեանի ակնարկած ներքին թափթփուկներու մասին պէտք է ըսել, որ ներկայ կառավարութիւնը իր կարելին սկսած է ընել եւ հետզհետէ սկսած է ինքնուրոյնութեան նախանշաններ տալ։ Եւ ցոյց տայ ամբողջ աշխարհին, նաեւ ներազգային գետնի վրայ, որ ենթակայ չէ որեւէ արտաքին ուժի քմահաճոյքային վարուելակերպին։ Եթէ օրինակի համար Ալիեւը “չիֆթաթէլի” կը պարէ արեւմուտքի եւ արեւելքի միջեւ, ժամանակը եկած է, որ հայկական պետականութիւնն ալ հայկական, հայամէտութեան հիման վրայ ինքզինքը դրսեւորէ։ Իսկ այս ներքին թալանչիներու մասին, որոնք ոչ միայն պետութիւնը թալանած են, այլ նաեւ թալանած են այլ հասարակական եւ կրօնական կազմակերպութիւններ, պիտի առաջարկեմ, որ պարոն Մխիթարեանը այդ մասին իր ըսելիքը ներկայացնէ։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ- Պարոն Չափարեան, այնքան ատեն որ հայրենիքը մեզի համար սրբութիւն չենք նկատեր, եւ մեր բոլոր իտէալներուն վեհութեան գագաթնակէտը, պիտի շարունակուի այն թալանը, որ վերջին 30 տարիներու ընթացքին շարունակուեցաւ։ Ցաւալին հոն է, որ չենք կրնար ըսել, որ այլ երկիրներու մէջ թալան չըլլար։ Կ҆ըլլայ։ Մենք մեզի չխաբենք։ Բայց երբեք չեն մոռնար հայրենիքը։ Արեւելքցիներուն պարզ օրինակը կ҆ուզեմ այստեղ տալ բոլոր անոնք որոնք մեր տարիքին են, երբ նախագահ Շամուն Լիբանանի նախագահն էր, երկիրը կ҆ըսեն որ բաւական իւրացուցած էր։ Բայց մինչեւ այսօր տակաւին իր շինութիւններու մասին կը խօսին։ Հիմա ասիկա միջին արեւելեան հոգեբանութիւն է։ Բան մը որ արեւմտեան երկիրներու մէջ շատ դժուար է ընել։ Բայց եկէք սիրելիներ մտածենք որ երբ պիտի դադրինք հայրենիքը սրբութեան վերածելէ եւ դադրինք այլեւս մտածել ինչպէս որ սովորել էինք կոմունիզմի օրերուն։ Այդ համայնավարութիւնը մեր մէջ մտաւ։ Մոռցէք այլեւս։ Այդ օրերուն էր ապրելու տենչէն կաշառք կար, ձախին աջին բան մը գողնալ, տունը տալ, դերձակը կտորը կը բերէր “ֆապրիք”էն, ուրիշ մը տախտակը կը բերէր ատաղձագործէն։ Այս բոլորը անցած են սիրելիներ։ Հայրենիքը գէշ, աղեկ անկախ օրեր կ҆ապրի։ Այս անկախ օրերուն գործենք միասին, ձեռք ձեռքի տանք, ծրագիր մը պատրաստենք դէպի առաջ երթալու համար, փոխանակ դէպի ետ։ Ճիշդ է կողոպտեցին 30 տարի։ Եւ տակաւին կան։ Չըսենք որ վերջացած է կողոպուտը։ Չէ, սիրելիներ, կան։ Մենք մեզի չխաբենք։ Բայց եկէք մտածենք դէպի առաջ, 50 տարի դէպի առաջ, թէ ի՞նչ պիտի կտակենք մեր այս սերունդին։ Եւ ինչպէս պարոն Չափարեանը ըսաւ, ինչպէս պիտի զարգացնենք, արագացնենք 8 միլիոն սփիւռքի հայութիւնը նայելու դէպի հայրենիք եւ կատարելու ներդրումներ՝ նիւթական, ուղեղի ներդրում, ամէն ձեւի ներդրում։ Հայրենիքը ինծի, քեզի պէտք ունի, սիրելի։ Եւ այդ ուղղութեամբ մենք պէտք է աշխատանք տանինք։ Այո կողոպտեցին։ Ցաւալին հոն է որ ոչ միայն թէ աշխարհականներ կողոպտեցին, նաեւ կողոպտեցին եկեղեցականները։ Հոն է ցաւալին։ Մեր սրբութիւն սրբոց Մայր Աթոռի անարժան գահակալը միլիոնատէր է, սիրելիներ, այսօր։ Անձնապէս միլիոնատէր է։ Չեմ ըսեր, որ Մայր Աթոռը հարուստ է, աղքատ է։ Ինքը՝ Գարեգին կաթողիկոս միլիոններու վրայ նստած է։ Այս բոլորը ճակտի քրտինքո՞վ եկաւ կը կարծէք։ Ոչ, սիրելիներ։ Ինքն ալ այդ համակարգին մէկ բաժինն է։ Համայնավարական օրերէն եկած այս շահագործելու, կողոպտելու այս հոգեբանութեան մէջ մեծցաց սերունդ են ասոնք։ Հիմա այլեւս ես ու դուն մտածենք տարբեր, սիրելիներ։ Հայրենիքը ինծի, քեզի պէտք ունի։ Այո, տխուր է իրականութիւնը։ Կողոպտեցին, ինչպէս պարոն Սարգիսեանը ըսաւ, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ մէկը ունենայ այդքան միլիարդներ, միլիոններ չէ։ Կը հասկնանք այս բոլորը, բայց չնստինք կոտրած բաժակին չլանք։ Պետութիւնը եթէ համակարգը վերականգնէ, օրինական համակարգը, հաւանաբար (հաւանաբար կ҆ըսեմ) կարենայ այդ գողցուածին մէկ բաժինը ետ բերել, որպէսզի երկիրը աւելի վերականգնում ունենայ։ Բայց նոյն ատեն մենք՝ ես ու դուն ի՞նչ պիտի ընենք հայրենիքի համար։ Չի բաւեր միայն ըսել, որ կողոպտեցին եւ տակաւին կը կողոպտեն։ Պիտի այնպիսի համակարգ մը ստեղծենք, որ այդ բոլորը դադրին։ Դադրելու համար գիտակցութիւն պէտք է ստեղծենք նոր սերունդի մօտ, որ հայրենիքը սրբութիւն է, վեհութիւն է, ամէն բանէ վեր է։ Ի վերջոյ, առանց հայրենիքի մենք չկանք սիրելիներ։ Օտար ափերու վրայ մենք խոր արմատներ չենք կրնար նետել։ Նայեցէք Ամերիկան։ Երրորդ, չորորդ սերունդ կայ այսօր Ֆրէզնոյի մէջ, որոնք մէկ բառ հայերէն չեն խօսիր։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ առանց հայ լեզուի չկայ ինքնութիւն։ Ընելիք գործ շատ ունինք։ Միայն քննադատելէ անդին քիչ մը անցնինք գործնական քայլ առնելու, որովհետեւ տակաւին երկիրը լրջօրէն վտանգի տակ է։
Կը տեսնէք գերպետութիւններու ձեռքի մէջ խաղալիք մըն ենք։ Որպէսզի խաղալիք չդառնանք, ինքնագիտակցութեան կատարելութեան հասնինք։ Ինչպէ՞ս։ Ազգ-բանակ ստեղծելով։ Շատ կարեւոր է, որ մենք այս ճգնաժամային օրերուն ունենանք այդ խոր գիտակցութիւնը եւ պարտադրենք մենք զմեզ, ապա մեր շրջակայքին, որ հայրենիքը անպայման պիտի ստեղծէ ազգ բանակ, չէզօք երկիր դառնայ, որպէսզի դրացիները զինք յարգեն։ Եւ ասոր մէջ մենք ընելիք ունինք։ Դուն ընելիք ունիս, ես ընելիք ունիմ։ Եւ որպէսզի կարենանք յաջողցնել, լրջօրէն պիտի նստինք, մեր տարակարծութիւնները մէկ կողմ պիտի դնենք, պիտի ծրագիր մշակենք, որպէսզի յաջորդ քայլին կարենանք փապուղիէն դուրս ելլլել, որպէսզի մեր հայրենիքի ապագան տեսնենք միասին։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- Պարոն Մխիթարեան, Բագրատ սրբազանէն ի՞նչ տեղեկութիւն կայ։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Սիրելիներ, երբ կոչ կ҆ուղղենք համայն հայութեան, որ ձեռք ձեռքի տանք որպէսզի հայրենիքը վերելք մը ապրի, անդին տակաւին Բագրատ սրբազան կոչ կ҆ուղղէ ձախ աջ, կը ցաւինք որ այս օրերուն հիւանդանոցի մէջ է, լսեցինք, որ ապաքինման կ҆ենթարկուի, որմէ ետք տակաւին անդրդուելի կը մնայ, պիտի իջնէ փողոց, ի՞նչ ընելու համար։ Ինքզինք խայտառակելո՞ւ համար, թէ եկեղեցին աւելիով խայտառակելու համար։ Բազմիցս ըսած ենք, որ այդ բոլոր շարժումը որ կատարուեցաւ, ձախողութեան արդէն մատնուած է։ Հարկ չենք տեսներ, որ անգամ մը եւս ինքզինք խայտառակէ, որուն հետեւանք նաեւ խայտառակութիւնը Առաքելական եկեղեցւոյ։ Ո՞ւր ես Գարեգին կաթողիկոս։ Դադրեցուցէք ձեր այս քինախնդրութիւնը։ Դուք հոգեւորականներ էք։ Դուք սէր պէտք է քարոզէք եւ ոչ քինախնդրութիւն։ Հայրենիքը վտանգի առջեւ է։ Կը տեսնէք ինչ կը պատահի։ Քիչ մը սորվեցէք Ատրպէյճանէն։ Մարդիկ ինչ փրոփականտ կ҆ընեն, որպէսզի համայն աշխարհին ցոյց տան, որ իրենք ժողովրդավար երկիր են։ Այս բոլորին մէջ ի՞նչ պիտի ընէք դուք, Գարեգին կաթողիկոս։ Չունի՞ք ընելիք։ Ձեր մօտ է 120էն աւելի գաղթական ժողովուրդ։ Որեւէ ձեւով կը մօտենա՞ք կարեկցութեամբ այս ժողովուրդին։ Չկաք դուք։ Ինչո՞ւ փողոց պիտի ելլէք նորէն, ի՞նչ ընելու համար։ Չկրցաք հասկնալ, որ ձեր 1 ժամը, 2 ժամը, 7 ժամը բոլորն ալ ձախողութեան մատնուեցան։ Ինչո՞ւ փողոց պիտի ելլէք եւ խռովէք ժողովուրդի հոգին անգամ մը եւս։ Շատ հետաքրքրական տեսաերիզ մը տեսայ ֆէյսպուքի վրայ քանի մը օր առաջ․ տարեց մարդ մը հարցում կու տար Բագրատ սրբազանին. ինչո՞ւ նորէն փողոց պիտի ելլլես, սրբազան, կ҆ըսէ։ Դուն ինչո՞վ օգտակար եղեր ես այս ժողովուրդին։ Եւ հարց կու տար (անշուշտ միջամտողներ անմիջապէս հեռացուցին այդ տարեցին). “Բագրատ սրբազան, դուն ձրի մկրտութիւն մը ըրա՞ծ ես”։ Իմ երեսիս լայն ժպիտ մը անմիջապէս երեւցաւ։ Մարդը իր մատը վէրքին վրայ դրաւ։ Դուք հոգեւորականներդ որ միայն մամոնայով կը զբաղիք, ի՞նչ կ҆ընէք ժողովուրդին համար։ Ո՞ւր է ձեր ծառայութիւնը։ Ինչի՞ համար ծունկի եկաք դուք խորանի առջեւ։ Ո՞ւր է ձեր աղքատութեան ուխտը։ Ամէն մէկդ Մերսետէսով կը պտտիք։ Միլիոններ ունիք դրամատուներու մէջ։ Ա՞յս է ձեր հոգեւոր ծառայութեան տիպարը։ Եւ յետոյ կ҆ափսոսաք որ ժողովուրդը ձեզ կ҆այպանէ, կը նախատէ։ Սիրելիներ, դուք համակրանք, սէր կը շահիք միայն ձեր կենցաղով, ձեր վարք ու բարքով։ Չի բաւեր ձեր շրթնային, պարապ խօսքերը։ Ձեր խօսքերը կեանքի վերածեցէք ձեր անձնական օրինակով, որպէսզի ժողովուրդը հաւատայ ձեզի։ Ապա թէ ոչ, դուք ոչնչութիւն մըն էք եւ այդ ոչնչութեան հետ կը ոչնչացնէք մեր սրբութիւն սրբոցը՝ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- Կրկէսի վերածած են եւ կը շարունակեն փորձել այդպէս պահել եւ հաւատքի ժայռ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին եւ հայկական պետականութիւնը, որ “պանանային” վիճակի մէջ պահեն եւ ի վերջոյ Ռուսաստանի կցուի եւ Ռուսաստանի կցումով Հայաստանը ինքնիշխանութիւնը կորսնցնէ, որպէսզի իրենց թալանածը կարողանան հանգիստ պահել։ Ինքնիշխան եւ օրէնքի գերակայութեան ներքեւ գործող հայկական պետականութիւնը իրենց համար ոխերիմ թշնամի է։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ օրէնքի գերակայութեան հզօր հովանիի ներքոյ բոլոր թալանչիները պիտի վերադառնան իրենց տրէխներուն։ Այստեղ կոչ կը փափաքէի ուղղել Հայաստանի կառավարութեան, որ ուշադիր ըլլան, որ յանկարծ այս կեղծ ընդդիամադիր շրջանակները, որոնց համար շատ աւելի կենսական է իրենց թալանածը պահպանելը, որոնց համար շատ աւելի կենսական է իշխանատենչութիւնը, քան հայկական պետականութիւնը, հերթական “անակնկալ” չմատուցեն մեզի։ Անոնք ամէն կերպ ենթակայ են, ամէն կերպ պատրաստ են գործադրելու եւս մէկ “Հոկտեմբեր 27”, 1999ի նոր տարբերակ մը, սպանութիւններ, մասսայական սպանութիւններ, որպէսզի իշխանափոխութիւն իրականացնեն։ Սա արդէն օրուան արեւի նման յստակ է, որ եւս մէկ “Հոկտեմբեր 27”, 1999ի տարբերակ մը կրնայ ներկայ հայկական պետականութիւնը վերջնականապէս ջնջել համաշխարհային քարտէզէն եւ սելճուքեան, թրքական փութինեան Ռուսաստանը հասնի իր նպատակին, մինչ հայ թալանչիները իրենց իշխանիկութիւնը, թագաւորիկութիւնը իրականացնեն ի վնաս մեր ժողովուրդին։ Հետեւաբար, ապօրինի իւրացումներու մասին օրէնքը, բռնագանձման օրէնքը պէտք է շատ աւելի արագացուի եւ ներքին անվտանգութիւնը պէտք է շատ աւելի ուժեղացուի, մանաւանդ պետական կառոյցներէ ներս, օտարերկրեայ ծառայողները պէտք է ամէն կերպ պաշտօնազրկուին։ Որովհետեւ հայկական պետականութիւնը չի թոյլատրեր, բացի հայամէտութիւնը։