Հաշմանդամներու Բազկամարտի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Ոսկի, Արծաթ Եւ Պրոնզ Մետալներ Շահեցաւ

Posted on August. 31. 2024

Հայաստանի բազկամարտի հաւաքականը մասնակցեցաւ Մոլտովայի մէջ տեղի ունեցած հաշմանդամներու բազկամարտի աշխարհի 26-րդ ախոյեանութեան` ձեռք ձգելով պատուաբեր արդիւնքներ: 

Հայաստանի ներկայացուցիչները տարբեր դասակարգերու կշիռի մրցումներուն մասնակցեցան թէ՛ աջ եւ թէ՛ ձախ ձեռքով: 

Մրցումներու առաջին օրը ձախ ձեռքով պայքարին աշխարհի ախոյեան դարձան Վալթըր Յարութիւնեան, Սարգիս Խաչատրեան, Գէորգ Համբարձումեան, Անահիտ Բաբաջանեան եւ Նայիրա Մեսրոպեան: 

Արծաթէ մետալակիր դարձան Գուրգէն Անտոնեան, Սարգիս Յարութիւ- նեան, Շահեն Բաբայեան, իսկ պրոնզէ մետալակիր` Արմէն Ենոքեան: 

Երկրորդ օրը, աջ ձեռքով մրցումներուն, աշխարհի ախոյեան դարձան Գուրգէն Անտոնեան, Վալթըր Յարութիւնեան, Շահեն Բաբայեան եւ Նայիրա Մեսրոպեան: 

Արծաթէ մետալ շահեցան Սարգիս Խաչատրեան եւ Վոլոտիա Բազէեան, իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Սարգիս Յարութիւնեան: 

Խմբային մրցումներուն Հայաստանի հաւաքականը 61 երկիրներու մէջ գրաւեց 4-րդ դիրքը: 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *