Posted on September. 15. 2024
Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի Օգոստոս 30-ի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը. «ՀՅԴ ղեկավարները ԻՇԽԱՆԱՏԵ՞ՆՉ թէ՝ ԴԱՒԱՃԱՆՆԵՐ ԵՆ ինչպէս գարեգին բ.ը, բագրատիկ, իշխանիկ, ռոբիկ եւ սերժիկ»
Բացայայտումներ՝ հետազօտող լրագրողներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ:
Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխանցեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն:
Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամէն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան կամ գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն:
YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ .- Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ Անունս Աբօ Չափարեան, իմ զրուցակիցն է յայտնի հրապարակախօս Ոսկան Մխիթարեանը։
Ըստ երեւոյթին այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հայկական պետականութիւնը կը դիմակալէ կարծէք նոյն մթնոլորտը, ինչպէս որ էր 1920-ականներուն, երբ սովետական բռնատիրական կարգերը ներխուժում կազմակերպած էին, ու ամէնէն առաջատար իրենց «մարտիկները», այսինքն այդ օրուան դաւաճանները, այնքան մեծ ոգեւորուածութեամբ սովետական ուժերուն՝ կարմիր բանակին ճանապարհ կը բանային որպէս փրկարարներ։
Ըստ երեւոյթին այդ օրերուն այդ սխալ ուղղութեամբ առաջնորդուող հայախօսներուն անկեղծութեանը որոշ չափով կարելի է հաւատալ, իսկ ներկայ օրերուն նոյն այդ սրիկայ պարտականութիւնը, առաքելութիւնը իրականացնողները, դժուար թէ իրենց անկեղծութեան կրնանք հաւատալ։ Եթէ մարդ իսկապէս կը հաւատար այն ժամանակ՝ 1920ականներուն սովետական նոր կարգերու փրկարար ներկայութեան, հիմա դժուար թէ հայ անհատ մը կամ հայախօս մը գտնես, որ իսկապէս անկեղծօրէն ատոր կը հաւատայ, յատկապէս 2020ի 44օրեայի հայկական այն մեծ աղէտալի, հակահայ թեռորիստական շարժումի լոյսին տակ, երբ Ատրպէյճան-Թուրքիա-ISIS եւ ատոր գումարած Ռուսաստանը՝ փութինեան Ռուսաստանը, որ այսօր ամէն ինչի կը նմանի, բացի իսկական Ռուսաստանէ, ձեռք-ձեռքի տուած հարուածեցին Հայաստանը։
Պէտք է ըսել, որ նոյնիսկ սելճուքեան Ռուսաստանը (օսմանեանը չի բաւեր), սելճուքա-սովետական Ռուսաստանը ամէն կերպ կը մեղսակցի ոխերիմ թշնամոյն հետ, որ հայկական ներկայութիւնը ընդհանրապէս վերացուի։
Ուրեմն այս զարգացումներու լոյսին տակ մէյ մըն ալ կը տեսնենք, որ ջուրին երես կ՛ելլէ դասական կուսակցութիւններէն մէկը, որ սփիւռքի տարածքին մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր Դաշնակցութեան անունով։ Եթէ 1991ին Հայաստանի անկախութեան հռչակման ժամանակներուն, երբ բազմաթիւ սփիւռքահայեր զարմանալով զարմացած էին, որ Դաշնակցութեան այն ժամանակուայ կեդրոնական գրասենեակի, որ կը կոչուի Բիւրօ, որ այսօր դժբախտաբար իր հմայքը կորսնցուցած է ե՛ւ հայրենի, ե՛ւ արտերկրի լայն շրջանակներու մէջ, եթէ 91ին Հրայր Մարուխեան կ҆ըսէր «անկախութեան հռչակման մոմենտը մենք մեզի կը վերագրենք», իսկ այսօր նոյն այդ դաշնակցութեան ղեկավարութեան խելակորոյս, ուղեկորոյս, ինչ որ կ҆ուզէք ըսէք (որովհետեւ այս բառերը արդէն սկսած են լայն շրջանակներու կողմէ գործածուիլ նաեւ սփիւռքի մէջ) ընթացքը դարձեալ ջուրի երես կու գայ։
Եթէ 91 թուին անկախութեան հռչակման «մոմենտը» օրուան Բիւրոյի ղեկավարութիւնը իրեն կը վերապահէր այդ իրաւունքը, հիմա արդէն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շրջաբերականի արտայայտած մտքերուն, կամ պիտի ըսէի ես ձաբրտուքներուն, ըստ այդ ձաբրտուքներուն Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կամ հայկական պետականութիւնը ապագայ չունի, քանի որ իրենք չեն ղեկավարը եւ ապագայ չունի, քանի իրենք այդպէս որոշած են ներկայ հայկական պետականութիւնը մտցնելու կամ սովետական կարգերու նման միութենական նոր պետութեան մը մէջ, կամ ալ ռուսական դաշնութեան մէջ։ Միասին դիտենք այս տեսանիւթը եւ շարունակենք մեր զրոյցը։
ՏԵՍԱՆԻՒԹ .-
ՎԱՀԱԳՆ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ․ – Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ «Հայաստան» խմբակցութիւնը որպէս այդպիսին ունեն մի նպատակ, դա է Հայաստանը մտցնել միութենական պետութեան կազմի մէջ կամ մտցնել Ռուսաստանի «ֆետերացիայի» կազմի մէջ։ Ու էս ուղղութեամբ են նրանց բոլոր քաղաքական կամ կիսաքաղաքական, համարեայ քաղաքական պայքարները, շարժումները ու Հայաստանի անկախութիւնը զիջելուն պարտադրելուն միտուած նրանց շարժումները ամենատարատեսակ անուանումներն են ունեցել։
Մասնաւորապէս «դիմադրութեան շարժում», որտեղ իրենք դիմադրում էին Հայաստանի անկախութեանը, Հայաստանի ինքնիշխանութեանը, էս օրերին աւելի հետաքրքիր առումով ինչ որ շարժում կայ, որի վերջնանպատակը, դատելով առնուազն դրանում դաշնակցականների ներկայութիւնից, կարելի է ենթադրել որ նորից նոյնն է, որտեւ դժուար է պատկերացնել, որ իրենց կուսակցութեան ներսում Հայաստանի անկախութիւնը զիջելուն միտուած տեքստեր գրողները գալիս են էնտեղ ու պայքարում են յանուն Հայաստանի անկախութեան։ Դա աբսուրդ է ուղղակի։
Հարց .- Այ հենց ձեր նշածի համատեքստում մի քանի օր առաջ Բագրատ Գալստանեանը մի յայտարարութիւն է արել, որ Հայաստանը չպէտք է գնայ ոչ հիւսիս, ոչ հարաւ, ոչ արեւելք, ոչ արեւմուտք, այնուհետեւ դրանից մէկ օր յետոյ նա յայտարարում է, որ պէտք է վերականգնել դաշնակցային գործընկերային յարաբերութիւնները, ենթադրւում է նկատի ունենալով Ռուսաստանի դաշնութեանը։ Եւ չմոռանանք, որ նրա թիկունքում կանգնած են դաշնակցական գործիչներ։
Վահագն Ալեքսանեան․ -Թոյլ տուէք ձեր նշած անձին այլեւս չմեկնաբանել։ Ես կարծում եմ նա արդէն վաղուց ժամանակավրէպ է եւ ոչ «աքթուալ»։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- Ուրեմն մենք դիտեցինք Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեանի ելոյթի մէկ կարեւոր հատուածը, որ կայացաւ civic.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին։ Հարցումս իմ զրուցակիցին՝ պարոն Մխիթարեանին. արդեօ՞ք այս խաչմերուկին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան այդ ռուսամոլ, ռուսամէտ բիւրոյական ղեկավարութիւնը առանձին էր այս իր ընթացքին մէջ։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ .- Ռուսամէտութիւնը մեր ալ ողնածուծին մէջ մտեր է։ Չենք կրնար ըսել այս կուսակցութիւնը, այդ կուսակցութիւնը։ Մեր ժողովուրդը 70 տարի հիւծած է համայնավարական ռեժիմի տակ եւ ստրկութիւնը ձեւով մը մեր ինքնութեան մէկ բաժինը դարձած է, դժբախտաբար։ Հիմա այստեղ հարցը քիչ մը լայն բռնենք, կարկինը քիչ մը լայն բռնենք։ Նախ միշտ կը խօսինք, ինչպէս որ հեռուստատեսիլէն դիտողներ նկատեցին, խօսնակը ըսաւ, որ Հայաստանի անկախութիւն։
Ես 30 տարի է կը կրկնեմ. անկախութիւն կ҆ունենայ այն երկիրը, որ կրնայ իր սահմանները ինք պաշտպանել։ Հիմա այստեղ քանի մենք չենք մեր սահմանները պաշտպանողը, ըլլայ ատիկա Թուրքիոյ կողմ, ըլլայ ատիկա Պարսկաստանի կողմ եւ այլուր, երբ որ ռուսական բանակն է, որ հայրենիքը կը պաշտպանէ եւ ամէն անգամ մեզի կը յիշեցնէ, որ եթէ ես հոս չըլլամ, թուրքը քեզ պիտի յոշոտէ։ Հետեւաբար այս ստրկութեան մէջ մնացած ենք եւ ասկէ դուրս տակաւին չենք ելած։ Հետեւաբար, դաշնակցութեան յայտարարութիւնը նորութիւն մը չէ։ Համատարած հիւանդութիւն մըն է ասիկա։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- Գիտէք՝ այս ստրկութիւնը չարաշահողները շատ յստակ հին ռեժիմականներն են։ Եւ ըստ երեւոյթին նոյնիսկ իրենք այնպիսի դաւաճանական ընթացք բռնած են, որ նոյնիսկ եթէ Հայաստանը իր արտաքին դաշինքը զարգացնելու, դաշինքները զարգացնելու եւ հայկական բանակի բարձր մակարդակի պաշտպանունակութիւնը իրականացնելու ճանապարհին գտնուի, ես այլեւս կասկած չունիմ, որ այս բիւրոյական, ռուսամոլ դաշնակցական այն հատուածը ի մեղսակցութեամբ նախկին ռեժիմականներուն եւ Գարեգին բ.ին ամէն ինչ պիտի ընեն, որ «սապոթաժի» ենթարկեն հայկական պաշտպանութեան աշխատանքները։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Սա կը նշանակէ, որ մեր մէջ պակաս է ազգայնականը, ազգայնական ոգին, յենուելու մեր անձնական ուժերուն վրայ, որպէսզի կարենանք ազնիւօրէն դիմաւորել թէ ձախին, թէ աջին եւ մեր արժանապատուութիւնը բարձր պահենք։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- Միասին դիտենք յաջորդ տեսանիւթը, ուր նոյնպէս կ՛արտայայտուի քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան պատգամաւորներէն Վահագն Ալեքսանեան։
ՏԵՍԱՆԻՒԹ .-
Հարց .- Եւ ամփոփելով, ընդիմութիւնը Սեպտեմբերի 4ին հրաւիրել է հանրահաւաք։ Ի՞նչ ակնկալիքներ ունէք այդ հանրահաւաքից։ Ի՞նչ է սպասւում։
ՎԱՀԱԳՆ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ.- Ես չգիտեմ ինչ է սպասւում, բայց այդ հանրահաւաքը եւս այդ շրջաբերականի մեկնարկած կամ դրանից էլ առաջ գուցէ մեկնարկած, բայց շրջաբերականով փաստաթղթաւորուած գործունէութեան շարունակութիւնն է տրամաբանական, որն է որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կորցնի իր անկախութիւնը եւ դառնայ կամ Ռուսաստանի մաս, կամ միութենական պետութեան մաս։ Թէ դա ի՞նչ ………ով կը փորձեն փաթեթաւորել, դա այլ հարց է։ Բայց ընդիմութեան ցանկացած գործողութիւն, այդ ընդիմութեան ցանկացած գործողութիւն միտուած է Հայաստանը Ռուսաստանի կամ միութենական պետութեան կազմ մտցնելուն։ Ու ես նորից եմ ասում, պէտք է հասկանալ, թէ ինչ մեխանիզմներով, ինչ գործիքակազմով են։ Մենք սա հետաքննելու ենք։ Քաղաքակա՞ն, քաղաքական-իրաւակա՞ն, իրաւական-քաղաքակա՞ն։ Սա պէտք է հասկանալ ու այս ուղղութեամբ պէտք է քայլեր ձեռնարկել։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Ահաւասիկ սիրելի դիտողներ անգամ մը եւս դէմ յանդիման կու գանք խոշոր սուտերու։ Բագրատ սրբազան անգամ մը եւս փողոց պիտի ելլէ սեպտեմբերի սկիզբը, համագործակցութեամբը նախկին նախագահներուն, ընդիմադիրներուն, բոլոր անոնց մէկ խօսքով, որոնք երկիրը կեղեքեցին եւ կողոպտեցին։ Եւ շատ հետաքրքրական, եթէ ձեզմէ շատերը առիթը ունեցան Բագրատ սրբազանի վերջին հարցազրոյցը դիտել Պետրոս Ղազարեանին հետ, հոն պիտի տեսնէք իր ձաբռտուքները ետ ու առաջ. «չէ ես այդ մէկը չըսի, չէ այդ մէկը չըսի, ես նախկիններուն կողմը չեմ, նորերուն կողմը չեմ», ալ ըսելիք չմնաց եւ սկսաւ խօսիլ ճշմարտութեան մասին ճառել։ Ինքը ջատագովն է եղեր ճշմարտութեան մասին։
Եւ նաեւ գովերգեց Գարեգին կաթողիկոսին առիթով մը, երբ իրեն հարցուեցաւ որ ինչպէս կը պատահի որ դուք այսօր, որ կը տառապիք ռուսամէտութենէն, քու շէֆիդ հետ միասին, եւ այսօր ուրիշ բաներ կը փորձէք ըսել եւ համոզել ժողովուրդը, քու շէֆդ նուէր ստացաւ, շքանշան ստացաւ Փութինէն։ Ինչ ծառայութեան համար։ «Օ՜, ատիկա մէկուկէս երկու տարուայ ծրագիր էր, այդպէս պատահեցաւ, որ ուշացած եկաւ այդ շքանշանը»։
Չէ Բագրատ սրբազան, այդ շքանշանը չեկաւ իրեն, ինքը գնաց ռուսական դեսպանատուն, ձեռքովը այդ շքանշանը առնելու, որովհետեւ ինքը ստրուկն է ռուսամէտութեան, այդ խմբակին գլխաւորներէն մէկն է եւ այդ մէկ իրողութիւնը նաեւ կը փաստէ նոր Գարեգին կաթողիկոսի յայտարարութիւնը, երբ կոչ ուղղեց Ուքրանիոյ պատրիարքին, որ այս բոլորին մէջ առիթ չստեղծէ, որ օրթոտոքս եկեղեցիէն ներս բաժանում տեղի ունենայ։
Սիրելիներ, օրթոտոքս եկեղեցիէն ներս արդէն բաժանում կայ։ Եթէ Գարեգին կաթողիկոս կոչ մը պիտի ուղղէր, պէտք էր Կոստանդնուպոլսոյ Աթենակորաս պատրիարքին ուղղէր այդ խօսքը, ըսելու համար, որ եղբայրական խօսքդ ըսէ այս բոլորին մէջ։ Չի բաւեր մենք ուրիշի կը յորդորենք, այս բոլորէն ի՞նչ եղաւ արդեօք, Սուրբ Հոգի՞ն իջաւ Գարեգին կաթողիկոսին վրայ, որ սկսաւ մտահոգուիլ օրթոտոքս եկեղեցիով։ Այն եկեղեցիով, որ մեզ հերետիկոս կը նկատէ։ Սիրելիներ, օրթոտոքս եկեղեցին մեզ հերետիկոս կը նկատէ։
Չմոռնաք տակաւին շատ մօտիկ անցեալին, մեր եկեղեցիները փակեցին, մեզի շատ բան պարտադրուեցաւ, «Պոլոժէնիան» պարտադրուեցաւ, մեր կանոնագրութիւնը մեզմէ խլեցին։ Այսօր մենք կոչ կ҆ուղղենք Ուքրանիոյ պատրիարքին։ Այս Սուրբ Հոգին իջած պէտք է ըլլայ, որ այս եղբայրասիրութիւնը իր մէջ նոր արթնցած ըլլայ։ Հապա ո՞ւր է Գարեգին կաթողիկոս։ Երկու խօսք չունի՞ ըսելու Քիրիլ պատրիարքին կամ Ատրպէյճանի կրօնապետին՝ Ալլահշիւքիւրին, որ եթէ իսկապէս կը հաւատաք Աստուծոյ, մեր բանտարկեալները տուն արձակեցէք։ Նման խօսք մը չենք լսեր։ Ելլէ հրապարակ եւ ըսէ, որ սիրեցէք զիրար, եղբայր։ Բոլորս հայ ենք։ Թշնամին դուրսն է։ Սէր քարոզե՞ց։
Հիմա գացեր ենք ուրիշներուն խրատ կու տանք։ Նախ մենք մեզի խրատ տանք։ Երկիրը լուրջ կացութեան առջեւ կը գտնուի։ Ըլլայ ատիկա Ռուսիոյ կողմէ, ըլլայ ատիկա արեւմուտքի կողմէ։ Որովհետեւ տակաւին մենք զմեզ չենք գտած։ Սիրելիներ, ժամանակը հասած է ոչ միայն սիրենք, զիրար յարգենք, թէկուզ չհամաձայնինք, որովհետեւ թշնամին դուրսն է։ Ժամանակը հասած է, որ մենք ազգ բանակ ստեղծենք, որպէսզի մեզ յարգեն։
Եթէ մենք զիրար չյարգենք, չսպասէք որ ուրիշը մեզ յարգէ։ Նոյն ատեն հետաքրքրական հարցում ըրաւ Պետրոս Ղազարեան Բագրատ սրբազանին։ «Հիմա որ ելած էք եւ բողոք կ҆ընէք եւ իշխանութեան թէրութիւնները կ҆ուզէք ցոյց տալ»։ «Չէ, չէ մենք այդ չենք ուզեր։ Մենք կ҆ուզենք ճշմարտութեան մասին խօսիլ» եւ բացայայտօրէն կը յայտարարէ ինքն ալ, իր կաթողիկոսն ալ, որ իշխանատենչութենէն տառապած, կ҆ուզեն այս մէկը հեռացնել։ Բագրատ սրբազանին երբ հարց տրուեցաւ, թէ ինչու եթէ ձեր նպատակը միայն ճշմարտութիւն է, փողոց կ҆ելլէք։ Ընդհակառակը ելէք ճշմարտութեան մասին քարոզեցէք ժողովուրդին։
Եթէ դուն, Բագրատ սրբազան, եթէ ճշմարտախօս էիր, քու ղեկավարդ՝ Գարեգին կաթողիկոս եթէ ճշմարտախօս էր, ինչո՞ւ չբարձրաձայնեցիք երբ որ նախորդ իշխանութիւններու օրով սպաննութիւններ կատարուեցան, ապօրինի գործեր կատարուեցան։ Եթէ դուք իսկապէս կը հաւատաք ճշմարտութեան, այդ ատեն բարձրաձայնէիք բոլոր այդ դժուարութիւններու դէմ, որոնք ճշմարտութիւնը խախտեցին եւ տապալեցին։ Հիմա այս բոլորէն ետք դիտենք այս նոր տեսանիւթը, որպէսզի կարենանք շարունակել։
ՏԵՍԱՆԻՒԹ.-
Photo No. 4 here
«Բարեւ ժողովուրդ ջան։ Շատ պինդ նստէք ձեր տեղերը։ Յանկարծ չընկնէք։ Շոքային վիտէօ է սպասւում։ Ուշադիր կարդացէք, թէ հայ առաքելական եկեղեցու հոգեւորականը անցեալ վիտէօյիս ի՞նչ քոմենթ է գրել։ Մի հատ ուշադիր կարդացէք էլի, ես չեմ էլ ուզում լրիւ արդէն կարդամ։
Ուրեմն վիրաւորում է թէ իմ հետեւորդներին, թէ քոմենթ գրողներին, թէ ինձ, անուանելով… քոմենթ գրողներին նայէք ինչեր է ասում։ Անուանում է փաշօղլիներ, վիժուածքներ, փալասներ։ Ինձ անուանում է պոռնիկածին։ Հայ առաքելական եկեղեցու հոգեւորականը ինձ ասում է ….. տղայ։ Հասկանո՞ւմ էք։ Այ սատանու ծնունդ, դու ո՞նց ես հայ մայրերին քրֆում։
Արա էս ի՞նչ պարտակ էք սարքել եկեղեցիները։ Գարեգին, էս ի՞նչ պարտակնոց ես սարքել։ Էս փալասներին ո՞նց ես բերել, տարել եկեղեցի հոգեւորական են ծառայում։ Էսի երեխա է կնքում, ժողովուրդ։ Էսի հարսանիք է անում, ժողովուրդ։ Էս ի՞նչ խայտառակութիւն է։
Մեր դարաւոր քրիստոնեայ եկեղեցին հողին են հաւասարեցրել։ Ես գետինը կը մտնեմ, եթէ սա Հայաստանը մի տեղ ներկայացնի։ Էս ի՞նչ բառամթերք է։ Ինձ տեսէք ի՞նչ է ասում։ «Ես անգամ քո նման փալասին չեմ թողնի անգամ եկեղեցու գաւիթին մօտենայ»։ Դու ո՞ւմ դրան փալասն ես, որ Աստծու դուռը իմ դէմ փակես։ Հօրդ կողմի՞ց ես ստացել ժառանգութիւն հայ եկեղեցին, թէ՞ մօրդ կողմից, անասուն։ Ժողովուրդ ջան, անգամ էն նորմալ երկրներում անգամ բանտերում էն սերիական մանեակները որ կան է որ չգիտեմ մի 10 հոգու մորթել են կամ 100 հոգի մարդ են սպանել, անգամ իրենց համար եկեղեցի կայ բանտի մէջ ու դռները միշտ իրենց համար բաց են։ Աստծու դուռը կեանքում ոչ մէկի դէմ չեն փակում։
Թէ էս սատանու ծնունդները որտեղի՞ց են յայտնուել մեր եկեղեցում ես չեմ հասկանում։ Փաշօղլիներ ինչո՞ւ ես մարդկանց ասում։ Թէ իմ անցեալ վիտէօն ի՞նչ կապ ունի Փաշինեանի հետ, մի հատ էլ Փաշինեանին ասում ես փաշօղլու։ Քոմենթ գրողները ի՞նչ կապ ունեն Փաշինեանի հետ կամ ես ի՞նչ կապ ունեմ Փաշինեանի հետ։ Կամ վարչապետը գնացող եկող է, դու մարդկանց որ անուանում ես փաշօղլու, ո՞նց ես արա հայ ժողովուրդիդ աչքերի մէջ նայելու, ո՞նց ես դու էսքան ժամանակ մտել ելել մեր եկեղեցի, կնունք արել, թաղում արել, հարսանիք արել։ Էս ի՞նչ պարտակ է։ Ժողովուրդ ջան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ է ինթըրնէթում ասում, ազգանունը Կարապետեան է, հիմա նկարներ կը յայտնուեն ձեր էքրաններին, դէմքն էլ կը տեսնէք, իրեն էլ կը տեսնէք, ականջ կտրողին էլ կը տեսնէք։
Ականջ կտրելը… Կարելի է անգամ սրան մի հատ ոստիկանութիւն էլ ուղարկել։ Ականջ կտրելը դա արդէն ուղիղ սպառնալիք է։ Ծանօթացէք։ Այ էսպիսի պարտակ վիճակ է։ Մեր քրիստոնեայ դարաւոր եկեղեցին սարքել են պարտականոց, ինչ որ մաֆիայի, կլանի ինչ որ մաս, մարդկանց դէմ իրենք են որոշում դուռ բացեն, փակեն, հայ ժողովուրդին վիրաւորում են։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ .- Սիրելիներ, ահաւասիկ դուք ականատես եւ ականջալուր դարձաք սարկաւագին յայտարարութեան, որ անմիջապէս ինծի ըսել կու տայ, որ «պտուղը ծառէն հեռու չիյնար»։ Այս սարկաւագը Ճեմարան տեսած տղայ է։ Մեծցած է այն մթնոլորտի մէջ, ուր կայ միայն քինախնդրութիւն, հայհոյանք եւ ոչ թէ ճշմարտութիւն։ Բագրատ սրբազան, Ճեմարանէն ներս կայ քինախնդրութիւն, հալածանք։ Չմոռնաք, վկայութիւն կ҆ուզէք այս մասին։
160է աւելի պարկեշտ եկեղեցականներ՝ արքեպիսկոպոս, եպիսկոպոս, քահանայ, վարդապետ վտարուած են, որովհետեւ ճշմարտութեան կը հաւատային։ Մնացած թափթփուկները չեն հաւատար ճշմարտութեան։ Հետեւաբար, մի խօսիք ճշմարտութեան մասին։ Դուք զձեզ մի խաբէք։ Եւ մի փորձէք ժողովուրդն ալ խաբել։ Այսօր Մայր Աթոռի մթնոլորտը նեխած է։ Կաթողիկոսէն մինչեւ վերջին յետին սարկաւագը, որուն մասին լսեցիք հիմա, հայհոյանքներով լեցուն են, բոլորն ալ, որովհետեւ չեն ճանչցած Աւետարանի իսկական լրումը։ Չեն հաւատար Աւետարանին։ Կը հաւատան մամոնային։ Ասոնք վաճառականներ են, հոգեւորական բառն իսկ կարելի չէ գործածել այս ժողովուրդին համար։ Այս սքէմաւորները հայ եկեղեցին արատաւորեցին եւ տակաւին կ҆արատաւորեն։
Մի մեղադրէք ժողովուրդը։ Երեւցող գիւղը հեռադիտակի պէտք չունի։ Ժողովուրդը ամէն օր ձեզի հետ շփման մէջ է։ Կը տեսնեն ձեր կատարածները։ Ձեր կենցաղով չէք կրցած փաստել, դուք իսկական եկեղեցականներ էք։ Դուք վաճառականներ էք եւ հիմա ձեր ներկայացուցիչը՝ Բագրատ սրբազան անգամ մը եւս փողոց պիտի իջնէ։ Վիժած է ձեր արարքը։ Մոռցէք այլեւս։ Կը բաւէ ժողովուրդը փոթորկեցնէք, որովհետեւ մենք պիտի տուժենք, դրսինները պիտի չտուժեն։ Թուրքն ալ, ազերին ալ պիտի խնդան։ Մի տաք ժողովուրդին այդ իրաւունքը ըսելու որ դուք ուրիշներու համար կ҆աշխատիք։
Չէք աշխատիր ոչ ձեր եկեղեցւոյ համար եւ ոչ ալ մեր պետականութեան համար։ Ի վերջոյ, այս պետականութիւնը կայ եւ պիտի մնայ, թէկուզ մեր թշնամիները ամէն վայրկեան պատրաստ են մեզ բնաջնջելու։ 1915ը իրենց համար աւարտած արարողութիւն մը չէ։ Պատրաստ են աւելին ընելու։ Չեն ուզեր Հայաստան տեսնել այդ տեղը։ Եւ մենք իրենց ջաղացքին ջուր չթափենք, սիրելիներ։ Ընդհակառակը այս բոլորին խոր գիտակցութիւնը ունենանք եւ միախմբուինք։ Նոր ուժեր թող գան, ազգայնական ուժեր, որպէսզի հայրենիքը պահենք, մի շփօթէք անհատները հայրենիքի հետ։
Բուն սրբութիւն սրբոցը հայրենիքն է։ Սրբութիւն Սրբոցը Մայր Աթոռն է։ Գահակալները կ҆երթան, բայց երկուքն ալ պիտի մնան, որովհետեւ դարերէ ի վեր կան, կը մնան եւ պիտի շարունակեն։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- Շնորհակալութիւն այս երիտասարդին, որ իր հերթին ականատեսի վկայութիւն կու տայ, թէ ինչպէս, ի՞նչ վիճակի հասած է այսօր հայ հոգեւորականութիւնը ներկայացնելու կոչուած, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին մայր հայրենիքէն ներս եւ նաեւ, դժբախտաբար, արտերկրի մէջ։ Եւ ինչպէս այս երիտասարդը վկայակոչեց, այսօր Գարեգին բ․ եւ իր կցորդները կազմած են մաֆիա։
Մաֆիա հասկացողութեամբ կ҆առաջնորդուին, 5րդ շարասիւնի ամենավատ տարբերակը, որ միակ բառը, որ կրնայ նկարագրել դաւաճանութիւնն է եւ մենք ասկէ ամիսներ առաջ երբ որ Նկար թիւ 1 / փութինեան «express truck»ով՝ բեռնատար կառքով ցոյց տուինք այդ խմբաւորումը, որ աղբի նման հաւաքուած էին Փութինի վարած բեռնատար կառքի մէջը, (էքրանի վրայ կը տեսնենք) եւ ատոր կը յաջորդէ Նկար թիւ 2 / միւս լուսանկարը, որ ձեռքի ծծիչ գործիքը՝ vacume-ը, որ ինչպէս ժամանակը հասած է, որ պետութեան օրուան ղեկավարութիւնը այդ ծծիչ գործիքը իր ամենալաւ իմաստով օգտագործման դնէ, որովհետեւ մենք յոգնած ենք եւ հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին, այն լոզունգներէն, որ դեռեւս գործնականութեան ճանապարհը լիակատար կերպով չեն բռնած։
Այո, ուրախ ենք որ վերջերս Սաշիկի (Ալէքսանդր Սարգսեանի՝ նախկին նախագահ Սէրժ Սարգսեանի եղբօր) բռնագանձման օրէնքի տրամադրութիւններուն ենթարկած են։ Բայց ատիկա դեռ միայն սկիզբը պէտք է ըլլայ։ Ո՞ւր մնաց պարոն Փաշինեանի այն յայտարարութիւնը, որ «օրէնքի տիքթաթուրայի» տակ պէտք է գործէ հայկական պետականութիւնը։ Շատերուս առաջադրանքն է, որ օրուան կառավարութիւնը պէտք չէ տեմոքրասիայի, ժողովրդավարութեան, վիրաւորանք հասցնելու մտահոգութեամբ առաջնորդուին։
Ամէնէն առաջ հայկական պետականութեան ներկան եւ ապագան կառավարող մարմինը, որ այսօրուայ կառավարութիւնն է, կապ չունի թէ որ կուսակցութեան կը պատկանի, պարտաւոր է բռնագանձման օրէնքը կիրառել լիակատար կերպով եւ բոլոր այդ թալանչիները, որոնք այսօր Հայաստանի ոչ միայն քաղաքական դաշտը շարքէ դուրս կը բերեն, այլ նաեւ լրատուական դաշտը։ Պէտք է լրիւ ինքնամաքրման փրոցէսը արագացուի եւ ինչու չէ Նկար թիւ 3 / նաեւ անմիջապէս այս սուտ ընդիմութիւն կոչուածը, կեղծ ընդիմութիւն կոչուածը պաշտօնազրկման օրինական գործընթացը սկսուի։
Ե՞րբ կը սկսուի իրենց պաշտօնազրկման գործընթացը։ Երբ որ արտակարգ նոր ընտրութիւններ կ҆իրականացուին եւ նաեւ նոյն այդ արտակարգ ընտրութիւններու ժամանակ թող նաեւ ժողովուրդը իրաւունք ունենայ որոշելու «եւրօ- ինթեկրացման» գործընթացը, որուն համար բաւականին լաւ աշխատանք կը տարուի առողջ ուժերու կողմէ, որոնք իրականութեան մէջ արժանի են, էին եւ են, որ ըլլան իսկական ընդդիմութիւնը։ Վերջ կեղծ ընդդիմութեան։ Զարկ տալ իրական ընդդիմութեան, հաւատարիմ ընդիմութեան։ Ընդդիմութիւն մը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան, հայկական պետականութեան ամէն բանէ առաջ հաւատարիմ է։ Եւ ոչ թէ հիմակուայ կեղծ ընդդիմութիւնը, որ 5րդ շարասիւն է եւ դաւաճանական ոհմակ է, ուրիշ բանի չի նմանիր։