Posted on September. 21. 2024
Հայաստանը ներկայացնող 72 քլկ. կշիռքով ըմբիշ Աշոտ Խաչատրեան դարձաւ աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր:
Խաչատրեան, որ Փոնթեվետրայի (Սպանիա) մէջ տեղի ունեցած 20 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութեան աւարտականին հասած էր, 6-5 արդիւնքով դժուար պարտութիւն մը կրեց իր ռուս մրցակից Զաուր Պեսլեքոյեւէն:
Խաչատրեան կիսաւարտականին 4-1 արդիւնքով դուրս ձգած էր ատրպէյճանցի Ռուսլան Նուրուլլայեւը։
Նաեւ, Եուրեկ Յովէեան 63 քլկ. դասակարգին մէջ պրոնզ մետալ շահեցաւ, սակայն, Ռուբէն Գէորգեան (87 քլկ.) եւ Արամայիս Յարութիւնեան (130 քլկ.) իրենց պրոնզ մետալի մրցումները պարտութեամբ աւարտեցին:
60 քլկ. տղոց պրոնզ մետալի մրցումին, Ռուսիան ներկայացնող Փափիկ Ճաւատեան 2-0 արդիւնքով յաղթեց ատրպէյճանցի Թուրալ Ահմատովին, շահելով պրոնզ մետալը:
67 քլկ. կշիռքի մրցումներուն այլ ռուսահայ մը` Հրայր Յովհաննէսեան, 9-0 արդիւնքով յաղթեց վրացի Ռաթի Խոզրեւանիծէին եւ շահեցաւ պրոնզ մետալը: Նոյն դասակարգին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գասպար Տէրտէրեան քառորդ աւարտականին պարտութիւն մը կրած էր ճափոնցի Քոճիրօ Հասեկաուայէն: