Posted on September. 21. 2024
ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Այս օրերուն հարաւային Կովկասը, որ իրականութեան մէջ արեւելեան հայկական լեռնաշխարհն է, աննախընթաց աշխարհաքաղաքական եռուզեռ կ҆ապրի; Այդ եռուզեռի մէջ, եթէ Հայաստանը եւ ընդհանրապէս աշխարհի հայութիւնը խաղընկեր չըլլան, ապա ուրեմն կը դառնան խաղալիք։
Կարեւոր է, որ այս ընդհանուր մթնոլորտի մէջ հայերը միշտ յիշեն, իմանան թէ ի՞նչն է իսկական դրդապատճառը, թէ ինչո՞ւ Ռուսաստանը կամ Ռուսական դաշնութիւնը կը փորձէ ամէն կերպ հայկական պետութիւնը վերացնել եւ «կուպերնիա»յի՝ նահանգի, ծայրագաւառի վերածել;
Եթէ 2020ի 44օրեային ցեղասպանմետ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին գաղտնի կերպով միացած էր Ռուսաստանը ապա հիմա՝ արդեն աղաղակող փաստ է Փութինեան Ռուսաստանի հակահայ քաղաքականութիւնը որով՝ Հայաստանն ու աշխարհի հայութիւնը գործ ունին ցեղասպանական եռեակ պետութիւններու հետ,, որ այդ ցեղասպանական եռեակ պետութիւնները կը շարունակեն իրենց հակահայ, հայադաւ եւ հայատեաց քաղաքականութիւնը, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական, ռազմական, քաղաքական, ժողովրդավարական, սոցիալական, ուսումնական եւ արհեստագիտական հզօրացումը իրենց համար մահացու հարուած է իրենց շահերուն։
Այս իրողութեան դիմաց Ռուսաստանը ամէն կերպ կ҆աշխատի Ատրպէյճանի ձեռքով կրակի մէջէն շագանակ վերցնել։ Խափանելով ժողովրդավարական գօտիին մաս կոզմող Սկանդինավեան և Բալթյան երկրները՝ Ուկրաինային, Մոլդովային, Վրաստանին և Հայաստանին ոտնահարելով վերջիններու իրաւունքը՝ միանալու ԵՄ-ին և հաւաքական Արևմուտքին։
Ըստ երեւոյթին, ռուսական քմահաճոյքային շահերուն ամենամեծ ծառայողները Հայաստանէն ներս ռուսական խամաճիկներն են, հայախօս, հայանուն, սակայն էութեամբ հակահայ։ Եւ այդ 5րդ շարասեան մաս կազմողները, սկսած Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Սուրբ Աթոռը բռնազաւթած Գարեգին բ.էն մինչեւ հին ռեժիմի գողապետականները եւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ղեկավարութիւնը եւ իրենց մանկլաւիկները ինչպիսին են բագրատիկը – Բագրատ Գալստանյանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ղեկավարութեան իշխանիկը – Իշխան Սաղաթելյանը եւ ուրիշները:
Ինչպէս հիմա արդեն օրուան լոյսին նման յստակ թէ այս տարրերը միշտ պատրաստ են խլացուցիչ եւ ապակողմնորոշող աղմուկ բարձրացնելու, երբ խնդիրը կը վերաբերի Հայաստանի ներքին կայունութիւնը քանդելուն, ապակայունացում առաջացնելու մէջ։ Եւ այս բոլոր «սցենար»ները ինչո՞ւ համար են։
Այս բոլոր «սցենար»ներու ետեւ կանգնած է ռուսական այդ մեծ երազանքը, որ աշխարհի ամէնէն կարեւոր, ամէնէն արժէքաւոր անշարժ գոյք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւային շրջան Սիւնիքի Մեղրիի շրջանի վրայ վերջնականապէս իր թաթը դնլն է։
Այս բոլոր դերակատարութիւնները, խեղկատակութիւնները կ҆ըլլան Զանգեզուրը բռնազաւթելու համար, ռուսական կայսրութեան շահերուն ծառայեցնելու համար, թէկուզ այդ ռուսական կայսրութեան շահերու իրականացումը ծառայեն միայն Ռուսաստանի եւ ի վնաս ըլլան Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, Հայաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եւրոմիութեան եւ բազմաթիւ տարածաշրջանի այլ պետութիւններու համար։
Հայ քաղաքագէտ Յովսէփ Խուրշուդեանի հետ հեռուստային Սեպտեմբերի 5-ին, զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի «ԱԶԱՏ ԶՐՈՅՑ» հաղորդաշարի հեղինակ՝ Արթուր Կիրակոսեանը հարց տուաւ. «Դա ի՞նչ է նշանակում, այսինքն եթէ պատկերաւոր ասենք, Ռուսաստանը Նոյեմբեր 9ի եռակողմ յայտարարութիւնը ձեռքերին եւ Սիւնիքի ճանապարհը կրծքի տակ փորձում է վերականգնել, վերաթարմացնել ռուսական հարթակը հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւնների եւ այստեղ հասնել որոշակի արդիւնքների էն ձեր ասած ճանապարհի մասով»։
Խուրշուդեան ընդգծեց. «Այո, եւ բաւականին էսպէս կոշտ յայտարարութիւններ են հնչում։ Կոպիտկինը ելաւ յայտարարեց, որ օր առաջ պէտք է վերսկսել եւայլն։ Դու ո՞վ ես որ որոշես ՛՛օր առաջ ա վերսկսելու՛՛, ինչ հրամաններ ես տալիս, յանձնարարականներ ես տալիս։ Այնպէս որ… Զախարովան ասում է ՛՛պէտք է վերադառնայ ՀԱՊԿ Հայաստանը՛՛։ Ասենք էս թոնը, էս կոպտութիւնը ցոյց է տալիս, որ իրենց վերջին յոյսը մնացել է Հայաստանի իշխանութիւնների վախը չափելը, ահաբեկելը եւ էդ ճնշում գործադրելը, որովհետեւ այլ ճնշման լծակներ չունեն։ Ատրպէյճանին փորձեցին «էսքալացիա»յի մղել։ Չգնաց դրան»։
Պէտք է աչալուրջ կերպով հետեւինք, որովհետեւ այս բոլոր զարգացումներու մէջ Քրէմլի հիմնական նպատակը խառնափնթոր կացութիւն ստեղծելն է, ջուրերը պղտորել է, որպէսզի ինքը կարողանայ պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ եւ այդ ներքին ապակայունացման ծայրագոյն դէպքին ապօրինի կերպով տիրանայ Զանգեզուրի տարածաշրջանին։
Այսպէս կոչուած ՛՛Զանգեզուրեան միջանցքի՛՛ ռուսական գաղտնի ծրագրին առթիւ Յովսէփ Խուրշուդեան մատնացոյց ըրաւ այն փաստը թէ՝ ՛՛Իրանը չի ընդունի որեւէ սահմանների փոփոխութիւն տարածաշրջանում։ Եւ աւելի մանրամասն, հանրամատչելի տեղադրուեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան յեղափոխութեան պահապանների կորպուսի թելեկրամեան ալիքում… էս վերջին հրապարակումը ընդհանրապէս շատ բան է բացայայտում։ Ի՞նչ է սա։ Նախ Իսլամական Յեղափոխութեան Պահապանների կորպուսը համարւում է ամենահակաարեւմտեան եւ ինչ որ իմաստով՝ փրո ռուսական ուժը։ Եւ երբ որ ինքն է հրապարակում փառլամենթի անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի մի պատգամաւորի խօսքը այն մասին, որ իրենք արդէն մի սխալ գործել են, երբ որ օգնել են Ռուսաստանին Ուքրաինայի դէմ պատերազմում զէնքով եւայլն՛՛։
՛՛Իրենց շահերի հաշուին,՛՛ մէջբերեց Կիրակոսեան: –
Խուրշուդեան համալրեց. ՛՛Այո։ Միջուկային գործարքի շահերի հաշուին եւ միջուկային գործարքից բխող իրենց օգուտների հաշուին։ Հիմա էդ նախորդ իշխանութիւնները որ արել են՝ զոհուած նախագահի վարչակարգը իրենք նկատի ունեն, նոր իշխանութիւնները նման սխալ պէտք է թոյլ չտան։ Ինքը դա է ասում։ Ինչի՞։ Որովհետեւ ասում է հիմա մենք տեղեակ ենք որ Ռուսաստանը դաւադրութիւն է կազմակերպում (բառացի խօսքերն են՝ դաւադրութիւն է կազմակերպում) հայ-իրանական սահմանը վերացնելու համար ՛՛զանգեզուրեան միջանցքի՛՛ անուան տակ՛՛։
Խուրշուդեան շարունակեց. ՛՛Այսինքն իրանք ասում են որ դուք մեզ ասում էք որ այդտեղ միջանցք չի լինելու, ընդամէնը ճանապարհ, եւայլն, եւայլն, մենք լաւ գիտենք որ դուք էդտեղ միջանցք էք ուզում անէք եւ էդ միջանցքի անուան տակ ուզում էք մեզ զրկէք Հայաստանի հետ կապից։ Եւ դա մենք թոյլ չենք տալու՛՛։
Հետաքրքրական է իմանալ թէ արդեօք բագրատիկը այս մասին ի՞նչ կը մտածէ։ Երբ որ ինքը մեղսակից կը դառնայ եւ իր հետը անշուշտ 5րդ շարասեան ճամբարը, արդեօք իրենք ի՞նչ ըսելիք ունին, երբ Ռուսաստանը Ատրպէյճանի ձեռքով կը փորձէ Հայաստանը կտրել Իրանէն եւ ընդհանրապէս Իրանն ալ ենթարկել իրեն։
Ըստ երեւոյթին, այստեղ պատմական զարգացում մը կայ յօգուտ Հայաստանի, եթէ անշուշտ Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ քաղաքացիները կարողանան այս պատմական առիթէն օգտուին, որպէսզի Հայաստանի դիրքերը առաւել զօրացնեն եւ իրենց հիմնական նպատակներէն ոչ մէկ կէտ չզիջին եւ չշեղուին։
Հիմնական նպատակը, իմ կարծիքով, եւ բարեբախտաբար բազմաթիւ հայերու կարծիքով, Հայաստանի «եւրոինթեկրացում»ն է։
Հայաստանի «եւրոինթեկրացում»ը այնքան կենսական է ինչքան ջուրը՝ ձուկին համար։ Եւ այս պարագային որեւէ ժողովրդավար համակարգէ ներս այսպիսի ճակատագրական որոշում չպէտք է կայացուի օրուան իշխանութեան կողմէ, կապ չունի թէ ո՞ր կուսակցութիւնը իշխանութեան ղոկին է: Այլ՝ քաղաքացին է որ պէտք է որոշէ եւ այսպիսի ճակատագրական որոշում ընդունողը պէտք է ըլլայ քաղաքացին՝ հանրաքուէի ճանապարհով։
Բարձր եւ խիստ գնահատելի է այն նախաձեռնութիւնը, որ Հայաստանի մէջ արտախորհրդարանական առողջ ուժերը համախմբուած են եւ «եւրոինթեկրացման» համար հանրաքուէի առաջադրանք առաջ կը քշեն։ Ինչպէս որ տեղեկացանք, անցեալ շաբաթ այդ ազգանշանը տրուեցաւ, երբ ստորագրահաւաք սկսաւ ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, որպէսզի յաջորդ երկու շաբաթուայ կամ 40 օրուայ ընթացքին առնուազն 50 հազար քաղաքացիներու ստորագրութիւնը հաւաքել յօգուտ «եւրոինթեկրացման» հանրաքուէի։
Շատ ուրախալի է որ կազմակերպիչները կը պնդեն որ նոյնիսկ եթէ յաջորդ տասը օրուայ կամ երկու շաբթուայ ընթացքին 50 հազար ստորագրութիւն հաւաքեն կանգ պիտի չառնեն։
Լաւ կ҆ըլլայ որ մինչեւ 100 հազարի հասցնեն, եթէ կարողանան մինչեւ 150, 200 հազարի հասցնեն։
Սեպտեմբերի 5ին, մի քանի ժամուայ ընթացքին, YouTube-ի վրայ հարցախոյզի մը արդիւնքներու համաձայն, 7200 ընտրողներ իրենց կարծիքը յայտնած են «եւրոինթեկրացման» կողմ ըլլալու կամ հակառակ ըլլալու կամ չէզօք ըլլալու մասին։
87 առ հարիւրը «եւրոինթեկրման» կողմ քուէարկած են: Այդ աշխատանքները պէտք է ամէն կերպ շարունակուին եւ Հայաստանը պէտք չէ սպասէ վաղուան։ Այս նախաձեռնութիւնը արժանի է արագընթաց զօրակցութեան:
Այո, զգոյշ քաղաքականութիւնը լաւ բան է, բայց չափէն աւելի զգուշութիւնը վնաս կը բերէ։
Հայաստան պէտք է ամէն կերպ, յատկապէս 2րդ եւ 3րդ գողապետական նախագահներու օրօք կատարուած բոլոր ապօրինի իւրացումները չեղարկէ եւ բռնագանձման օրէնքին ենթարկէ եւ յատկապէս ապօրինի իւրացումներու ճանապարհով ապօրինի իւրացում իրականացուցած «կոռումփացուած» պետական աշխատողները, «պիւրոքրասիա»յի անդամները կամ ղեկավարները, որ վերցուցած են, իրենց սեփականութիւնը հռչակած են ապօրինի ճանապարհներով այնպիսի ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող «օպյէքթ»ներ, ապօրինաբար փոխանցած են Ռուսաստանին կամ ռուսական ընկերութիւններուն, որոնք ներկայացուցիչներն են Ռուսական Ֆետերացիային։
Այդ ապօրինի իւրացումները եւ Ռուսաստանին կատարուած ապօրինի փոխանցումները, որոնք ոչ արդար ճանապարհներով իրականացուած են, պէտք է չեղարկուին, եւ յատկապէս արագընթաց կերպով ռազմավարական, ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող «օպյէքթ»ները, ինչպիսին են Իրանէն դէպի Հայաստան եւ դէպի Եւրոպա հոսող նաւթամուղը, կազային խողովակները եւ նաեւ Հայաստանի երկաթուղին, ի շարս այլ կարեւոր «օպյէքթ»ներու։
Իսկ թէ ի՞նչ կը վերաբերի Սեպտեմբերի սկզբին, Պաքուի մէջ, ռուսաց պատրիարքի Ատրպէյճանի կողմէ եւ Ռուսաստանի միջոցաւ կատարուող զեղծարարութեան, Ազրպէյճանի հանդէպ ռուսական զօրակցութեան, պէտք է ըսել, որ հրապարակախօս Ոսկան Մխիթարեան ճշգրտօրէն մատնանշեց դատապարտելի քար լռութիւնը Մայր Աթոռի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, եւ ընդհանրապէս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ շրջանակներէն ներս: Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ազգային Առաջնորդարանը, ի տարբերութիւն միւս առաջնորդարաններուն, առաջինն էր որ ահազանգ հնչեցուց Հինգշաբթի Սեպտեմբեր 5-ին: Ատիկա բազմաթիւ հայրենի, սփիւռքի, Ամերիկայի հայերու կողմէ արժանացաւ գնահատանքի։
Այն, ինչ այժմ կը կոչուի Ատրպէյճան, պէտք է անընդհատ յիշեցնել, որ այսօր այսպէս կոչուող Ատրպէյճանը ռուսական արհեստական պետութիւն է, որ նախագծուած է 1918 թուականին Խորհրդային Կրեմլի կողմից, որպէսզի օգտագործուի որպէս «պատնեշ» Ազատ Աշխարհի դէմ: Ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ Coca-Cola-ն աւելի հին է, քան այսպես կոչուած « Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը»: Պաքուն գիտէ, որ ան նստած է ժամային ռումբի վրայ, որ կը սնուցուի շարք մը ներքին և արտաքին հակամարտութիւններով, որոնք կը շարունակեն պայթիւնի վտանգ ներկայացնել Ատրպէյճանի մէջ: (Տես քարտեզ)
Ինչպէ՞ս կրնան ԱՄՆ-ԵՄ-Ֆրանսիա-Հայաստան-Վրաստան հակադարձել Հայաստանի դեմ ռուս- ատրպէյճանա-թրքական համատեղ ահաբեկչութեանը: Անոնք պէտք է քաղաքական հակայարձակում իրականացնեն և լոբբինգ անեն ուժեղ շրջանակներու մէջ և հնարավորութիւն տան Միջազգային Քրէական Դատարանին արդարադատութեան ենթարկել ցեղասպան Ալիևին` արցախցի բնիկ 120,000 հայերի ցեղասպանական տեղահանության համար՝ արմատախիլ ընելով զանոնք հազարամեակների իրենց պապենական հայրենիքէն:
Ալիևը եւ անոր արևելեան, ինչպէս նաև արևմտեան օգնողներն ու մեղսակիցները պէտք է միանգամից կանգնեն արդարադատութեան առաջ։ Ժամանակն էական է: